Խմբագրական
Գացէք Ու Ձեր Աչքերով
Տեսէք Հայաստանը
Հայրենասիրութեան որակին ու էութեան շուրջ յաճախ առիթ եղած է արտայայտուելու մեր մամուլին մէջ: Պայմանական հայրենասիրութեան եւ անխառն հայրենասիրութեան միջեւ խոր տարբերութիւնը շարունակ շեշտուած է մեր կողմէ, ու նախապատուութիւնը միշտ ալ տրուած է երկրորդին, գոնէ յանուն այն հատուածին, զոր կը ներկայացնենք մեր իրականութեան մէջ:
Այսօր նոյն հարցին անդրադառնալու առիթը կու տայ մեզի Արամ Հայկազի «Գացէք ու ձեր աչքերով տեսէք Հայաստանը» յօդուածը, որ լոյս տեսաւ «Ազդակ»-ի 16 յունուարի թիւին մէջ:
Մինչեւ 60-ական թուականները Խորհրդային Հայաստան գոց տուփ մըն էր սփիւռքի զանգուածներուն համար: Խորհուրդներու իսկապէ՛ս խորհրդաւոր երկիր մը, ուրկէ միայն կցկտուր տեղեկութիւններ կը հասնէին: Անցեալ տասնամեակին բացուեցան մեր երկրին դուռերը եւ սփիւռքի գրեթէ բոլոր գաղութներէն եւ հատուածներէն մարդիկ, հայե՛ր, հնարաւորութիւն ունեցան այցելելու իրենց երկիրը. պաշտօնապէս գացին իբրեւ զբօսաշրջիկ, բայց խորքին մէջ` իբրեւ կարօտավառ ուխտաւոր:
Վերադարձին պատմեցին իրենց տեսածներուն, լսածներուն եւ ապրումներուն մասին: Ընդգծեցին` ինչ որ լաւ էր, ինչ որ լաւ ճամբու մէջ էր, ինչ որ հարազատ էր հայ հոգիին, հայութեան հազարամեայ պատմութեան: Բայց լուռ մնացին, գրեթէ երբեք չգրեցին այն բոլորին մասին, որոնք, իրենց մտածումով, կրնային ստուեր մը ձգել Խորհրդային Հայաստանի վրայ, որքան ալ իրականութիւններու ցոլացումը ըլլար այդ ստուերը:
Մամուլը եւս, այդ եւ ուրիշ առիթներով, եւ գրեթէ նոյն մտահոգութեամբ, տեսակ մը անպաշտօն, բայց անողոք «գրաքննութեան» ենթարկեց ինքզինք, իրեն հասած յօդուածներուն եւ նամակներուն մէջէն ջնջելով այն, ինչ որ, իրականութիւն ըլլալով հանդերձ, դոյզն չափով մը կրնար պղտորել սփիւռքի զանգուածներուն հայրենասիրական տրամադրութիւնները:
Կ՛ընդունինք, որ սխալ մըն էր ասիկա, առնուազն վերապահութիւն մը, սփիւռքի մէջ հայ մեծցած, հայ մնացած ու հայ մնալ ուզող բազմութիւններուն հայրենասիրական զգացումներուն հանդէպ: «Մեղք» մը` այս, զոր դեռ եւս կը շարունակենք գործել, պարզամիտ մարդոց մտքին մէջ թիւրիմացութիւններ չստեղծելու մտահոգութեամբ:
Նոյնը կը մտածէ նաեւ անուանի գրագէտ Արամ Հայկազ, երբ կը յայտնէ, որ` «Հայաստանի թերութիւններուն ձեր ծանօթացման մէջ առաւելութիւն մը չկայ, հայրենիքին պատկերը որքան պայծառ ու գրաւիչ ըլլայ ձեր մտքին մէջ, այնքան լաւ է. բաւ է, որ կեղծիք, սուտ ու շպար չըլլայ ձեզի ներկայացուածին մէջ»:
Գրագէտին վերջին վերապահութիւնը պայման է անշուշտ, որովհետեւ կը կարծենք, թէ «կեղծիքը, սուտը եւ շպարը» կրնան ճիշդ հակառակ ազդեցութիւնը ունենալ եւ աւելի աղարտել «հայրենիքին պայծառ ու գրաւիչ» պատկերը, քան` իրականութիւններու առարկայական պատկերացումը:
Սփիւռքի հայը շինարարական երեւոյթներով շլացողը չէ եւ ոչ ալ թերիներուն ի լուր կրնայ ցամքիլ անոր հայրենասիրական ապրումներուն ակը: Հակառակ կարծիք մը անարդար պիտի ըլլար սփիւռքի մարդուն հաշուոյն, որ տասնեակ տարիներով, թէեւ` հայրենազուրկ, իր մէջ անաղարտ պահեց ու կը շարունակէ պահել իր հայրերու երկրին հարազատ պատկերը:
Սփիւռքի հայրենասէր հայը այնքան կապուած է իր հայրենիքին, որ տեւաբար խռովքի մէջ ապրեցաւ, երբ հայրենիքին լրացուցիչ տարրերը շրջան մը բոլորովին անտեսուեցան հոն, պետական կամ կուսակցական հաշիւներով:
Այդպէս եղաւ, երբ վերապահութիւն կար ապրիլեան Եղեռնի նահատակներուն հանդէպ:
Այդպէս, երբ նոյն վերապահութիւնը կը տիրէր Հայաստանը վերակերտած Սարդարապատի հերոսներուն յիշատակին հանդէպ:
Այդպէս, երբ վերապահութիւնը եղերական համեմատութիւններու կը հասնէր մեր մտաւորական երախտաւորներուն հանդէպ:
Անմիջապէս ըսենք, որ այս վերապահութիւնները հայրենի ժողովուրդին տրամադրութիւններուն յայտարար նշանները չէին ու իբրեւ այդպիսին` մատնանշուեցան մեր կողմէ, երբեմն սակայն առիթ տալով այլազան թիւր մեկնաբանութիւններու:
«Հոն գիշեր-ցերեկ կ՛աշխատին հայրենիք կառուցելու, մինչ մենք զրախօսութիւն կ՛ընենք ու իրարու հայրենասիրութեան դասեր կու տանք», կը գրէ Արամ Հայկազ:
Չկայ հայ մը, որ չուրախանայ, թէ «հոն գիշեր-ցերեկ կ՛աշխատին` հայրենիք կառուցելու»: Ուրախացող այդ հայուն հաշուոյն, սփիւռքի բոլոր հայերուն հաշուոյն, որոնք գիտենք, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ հայ մնացած են ու այսօր ալ կը պայքարին հայ մնալու համար, անարդար է ըսել, թէ միայն հայրենասիրութեան դասեր տալով կը զբաղի:
Ինչո՞վ է յանցաւոր սփիւռքահայութիւնը, որ ինք եւս հայրենիք կառուցելու հնարաւորութիւնը չունի:
Արդեօք իր կամքո՞վ լքեց հայրենիքը ու հեռացաւ ու իր կամքո՞վ է, որ կը շարունակէ մնալ արտասահմանի մէջ, երբ հոն այնքան գործ կայ ու իր հայրենասիրութիւնը գործնականապէս ապացուցելու առիթներ կրնան ընծայուիլ իրեն:
Հայրենասիրութիւն չէ` հապա ի՞նչ է այն ջերմ զգացումը, որ սփիւռքի մէջ ծնած ու հասակ նետած երիտասարդը կապուած կը պահէ իր ժողովուրդին ու երբեք չի կրնար հանդուրժել, որ օտար ուժեր եւ հոսանքներ քար դնեն հայութեան սրտին վրայ, ու այս` այն աստիճան, որ յիսուն տարի սպասէ` պուտ մը խունկ ծխելու համար իր նահատակներուն եւ հերոսներուն յիշատակին:
Յանցաւորը մե՞նք ենք` սփիւռքահայե՞րս, որ, Արամ Հայկազի բառով` «քառորդ դար առաջ ահագին վլվլուկ բարձրացուցինք, որովհետեւ Էջմիածնայ օրացոյցին մէջ ապրիլեան Եղեռնի տարելիցը չէր նշանակուած»:
Այդ վլվլուկը, փաստի չի կարօտիր այլեւս, որ լռելեայն կը բարձրանար նաեւ հայրենի ժողովուրդի սրտին մէջ, մինչեւ այն ատեն, երբ վեհաշուք արձան մը եկաւ արտայայտիչը դառնալու իր խոր յարգանքին:
Նո՛յնը եւ Սարդարապատի համար:
Նո՛յնը եւ իր գրողներուն կապակցութեամբ:
Եթէ Սարդարապատի յուշարձանը դեռ նոր կառուցուեցաւ Հայաստանի մէջ, ան շատոնց կառուցուած էր սփիւռքի բազմութիւններուն հոգիին մէջ:
Երբ հայրենի գրողները կը սրածուէին կամ կ՛աքսորուէին, անոնց երգերը մեր բեմերէն կը հնչէին` իբրեւ իրաւ հայրենասիրութեան պատգամներ:
Մենք մեզի իրաւունք չենք տար հայրենասիրութեան դասեր տալու ո՛չ ոքի, մանաւանդ` Հայաստանի ժողովուրդին:
Բայց պիտի ընդունինք, որ յիսնամեայ մեր պայքարին ընթացքին հայրենիքը աւելի մօտեցած է մեր մտածողութեան, արդարութեան մեր ըմբռնումներուն, նոյն չափով հեռանալով նախկին պարտադիր ուղիներէն:
Ասիկա համարձակութիւն կու տայ մեզի բաց ճակատ յայտարարելու, որ չենք ընդունիր նաեւ հայրենասիրութեան որեւէ դաս, ուրկէ ալ եկած ըլլայ ան:
Որովհետեւ հայրենիքը մեզի համար ամբողջական ըմբռնում է, ընդհանրական ապրում է. շէնք չէ, շինարարութիւն չէ միայն, քոնեաք չէ, իշխանաձուկ չէ, այլ` գումարը շօշափելի իրականութիւններու, նաեւ ու մանաւանդ` անշօշափելի իրականութիւններու, աննիւթական տարրերու, որոնց ամբողջին զգացողութենէն կը բխի մեր կարծիքը, մեր ապրումը, մեր դատումը:
Գացէ՛ք ու ձեր աչքերով տեսէք Հայաստանը:
Բայց ամբողջականը, տեսնուածէն անդինը, յաւիտենականը, անփոխարինելի՛ն: