Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Յունուար 1970)

Յունուար 9, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ս. Ծնունդի Տօնը

Լիբանանահայութիւնը այս տարի եւս աւանդական սովորութիւններով եւ ջերմեռանդ հաւատքով տօնեց Աստուածորդւոյն Ս. Ծնունդը:

Երկուշաբթի, 5 յունուար, բոլոր եկեղեցիներու մէջ հաւատացեալներ հոծ բազմութեամբ ներկայ եղան խթումի ս. պատարագին:

Երեկոյեան, պատկերասփիւռի քանալ 11-էն, Հանքաշի յայտագրի ընթացքին, կէս ժամ տեւող հայկական յայտագիր մը ներկայացուեցաւ: Բազմաթիւ ընտանիքներ մինչեւ ուշ գիշեր Ս. Ծնունդի աւետիսը տօնեցին:

***

Երեքշաբթի, 6 յունուար, պայծառ երկինք: Հաւատացեալ հայ ժողովուրդը, բոլոր եկեղեցիներու, յատկապէս կաթողիկոսարանի եւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, խուռներամ բազմութեամբ ներկայ գտնուեցաւ Ս. Ծնունդի հանդիսաւոր ս. պատարագին: Պատարագիչ եպիսկոպոսներ, վարդապետներ եւ քահանայ հայրեր խօսեցան հոգեշունչ քարոզներ:

Կաթողիկոսարանի մայր տաճարին մէջ մատուցուած ս. պատարագը եւ պատարագիչ դրան եպիսկոպոս Գարեգին եպս. Սարգիսեանի ազգայնաշունչ քարոզը ձայնասփռուեցան Պէյրութի ռատիոկայանէն:

Հանդիսաւորապէս տեղի ունեցան նաեւ ջրօրհնէքի կարգն ու ս. մկրտութիւնը: Աւանդական սովորութեամբ, հաւատացեալներ իրենց տուները տարին մկրտութեան օրհնուած ջուրէն: Ուշագրաւ էր նաեւ ս. հաղորդութիւն ստացող հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը:

Հայ աւետարանական եկեղեցիներու մէջ եւս Ս. Ծննդեան հանդիսաւոր պաշտամունք տեղի ունեցաւ: Վերապատուելիներ քարոզեցին Ս. Ծնունդի խորհուրդին մասին:

Վեհափառ հայրապետը կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ եւ առաջնորդ սրբազանը` Առաջնորդարանի մէջ, մինչեւ երեկոյ ընդունեցին շնորհաւորական այցելութիւններ:

***

Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղին կազմակերպած Ս. Ծնունդի աւանդական հանդիպումը միութեան ակումբին մէջ: Ներկայ էին Համազգայինի եւ Ն. Փալանճեան ճեմարանի շրջանակը: Վարչութեան կողմէ խօսք առաւ փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան: Շնորհաւորական բարեմաղթութիւններ ըրաւ ներկաներուն: Ապա խօսքը տուաւ Ճեմարանի տնօրէն Հրաչ Տասնապետեանին:

Հ. Տասնապետեան հակիրճ ակնարկ մը նետեց 1969 տարուան ընթացքին կատարուած ազգային եւ քաղաքական դէպքերուն վրայ: Մարդը նուաճեց լուսինը: Խաղաղութեան համար թափուած ճիգերը մնացին տեղքայլի մէջ: Ազգային տեսակէտով, մշակութային փայլուն տարի մը եղաւ: Հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ միջազգային եւ համազգային հանդիսութիւններով տօնակատարուեցան անմահանուն Կոմիտասի եւ Թումանեանի, ինչպէս նաեւ Շանթի եւ Օտեանի ծննդեան հարիւրամեակները: Ունեցանք կորուստներ ալ, մեծանուն ընկ. Սիմոն Վրացեանը, գրագէտներ` Գուրգէն Մահարին, Կոստան Զարեանը եւ ուրիշներ: Հայրենիք-սփիւռք կապը սերտացաւ: Մաղթեց, որ 1970-ի ընթացքին, Հայ դատի համար թափուած ճիգերը նոր նուաճումներ արձանագրեն եւ մօտիկ, շա՛տ մօտիկ ապագային իրագործուի հայ ժողովուրդի դարաւոր երազը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը:

***

Երեկոյեան պատկերասփիւռի քանալ 5, 9 եւ 11-էն ներկայացուեցաւ մասնաւոր հայկական յայտագիր մը, որ տեւեց երկու ժամ: Առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս տուաւ իր պատգամն ու օրհնութիւնը լիբանանահայութեան: Խմբերգուեցան շարականներ: Տեղի ունեցան նաեւ` մեներգ, նուագ, խմբապար եւ արտասանութիւն:

***

Գիշերը պանդոկ «Պրիսթոլ»-ի շքեղ սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի տարեկան մեծ պարահանդէսը` հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Խաչիկ Պապիկեանի եւ նախագահութեամբ քոլեճի բարերար, պետական երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի:

Ստեղծուած ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ պարահանդէսը նիւթապէս եւ բարոյապէս արձանագրեց մեծ յաջողութիւն:

***

Չորեքշաբթի, 7 յունուար, յիշատակ մեռելոց: Բոլոր եկեղեցիներու մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:

Բազմահազար սգաւորներ իրենց հեռու եւ մօտ ննջեցեալներուն յիշատակը յարգելու համար այցելեցին Ֆըրըն Շըպպեքի եւ Պուրճ Համուտի գերեզմանատուները: Անթերի կարգապահութիւն: Գերեզմանօրհնէքը տեղի ունեցաւ անդաստանի նմանողութեամբ եւ մասնակցութեամբ բոլոր քահանայ հայրերուն:

«Մեթրօ Կոլտուին»-ի
Հայ Առիւծը

Մռնչող առիւծը սկսած էր հիւծիլ, որովհետեւ «Մեթրօ Կոլտուին Մայէր» շարժանկարի ընկերութիւնը յոռի մատակարարութեամբ մը աչքէ իյնալու վրայ էր:

Լաս Վեկասի պանդոկներու հայ թագաւորը` Քըրք Քրքորեան, որ ներկայիս Լաս Վեկասի ամէնէն խոշոր պանդոկը շինած է, եւ որուն նոյն քաղաքին մէջ ունեցած պանդոկներուն սենեակներուն թիւը չորս հազարը կ՛անցնի, այս անգամ տէր դարձած է «Մեթրօ Կոլտուին»-ի առիւծին:

Ամերիկեան շարժանկարի ընկերութիւններէն ամէնէն նշանաւորներէն մէկն է «Մեթրօ Կոլտուին»-ը, որուն բաժնեթուղթերուն հարիւրին քառասունը գնած է հարիւր միլիոն տոլարի: «Թայմ» տպագրական հաստատութիւնը ունի միայն հարիւրէն հինգ շահաբաժին, իսկ աւելի բաժնեթուղթ ունի հրեայ Պրոնֆման, որուն շահաբաժինը հարիւրէն 16 է: Մինչեւ այսօր առաւելապէս հրէական դրամագլուխ ունէր «Մեթրօ Կոլտուին», բայց հիմա որ Քըրք Քրքորեան ձեռք նետած է հաստատութեան, կարճ ժամանակի մէջ իր բաժինը կէսէն աւելիի պիտի բարձրացնէ, ինչպէս կը խորհին բոլոր մասնագէտները:

Քրքորեան առաջին գործ ըլլալով` Պրոնֆմաններուն նշանակած տնօրէնը վտարած է եւ անոր տեղ պաշտօնի կոչած է Ճէյմս Օպրի անուն մէկը, որուն արժանիքներուն վրայ մեծ հաւատք ունի` հակառակ զայն նոր ճանչցած ըլլալուն:

Քըրք Քրքորեան, որ Լաս Վեկասի իր նոր շինած պանդոկին շատ մը յարկերուն վրայ լողալու աւազաններ շինած եւ անկարելին կարելի դարձուցած է, ինչպէս որ այսօր Լաս Վեկասի պանդոկին թագաւորն է, կը կարծուի, թէ շուտով պիտի ըլլայ նաեւ Հոլիվուտի շարժանկարի թագաւորը:

Յանդուգն գործի մարդ մըն է, արհեստով օդանաւորդ, որ հին օդանաւեր մասնավճարով գնելով` փոխադրական գործերու մէջ մտած եւ սկսած է շինել իր հարստութիւնը:

Ի զուր չէ, որ առհասարակ ամբողջ աշխարհի մէջ ընդունուած է հայուն առեւտրական ձիրքը: Մենք յաճախ կը կարծենք, որ հրեան աւելի լաւ առեւտրական է, քան` հայը, բայց ես բազմաթիւ եւրոպացիներէ լսած եմ, որ երկու հրեայ առեւտուրի մէջ մէկ հայ չ՛արժեր:

Ահա Քըրք Քրքորեան, որ իր օրինակով ապացոյցը կու տայ այս խօսքին: Հրէական տիրապետութեան տակ գտնուող Հոլիվուտի շարժանկարի աշխարհը կը նետուի ան` տիրապետելու վճռակամութեամբ եւ առաջին անգամ ձեռքը կը նետէ հրէական «Մեթրօ Կոլտուին Մայէր»-ի` հարիւր միլիոն տոլարով, հրեայ տնօրէնները վտարելով եւ հրեայ բաժնետէրերուն ձեռքէն շահաբաժիններ գնելով:

Քրքորեան ամերիկացի լրագրողի մը հետեւեալը յայտարարած է.

– Ես իմ փոփոխութիւններովս «Մեթրօ Կոլտուին»-ի առիւծին նոր աւիւն եւ կենսունակութիւն պիտի տամ:

Քրքորեան իր նշանակած տնօրէնին կը վճարէ տարեկան երկու հարիւր ութ հազար տոլար: Պայմանագրութիւն չէ կնքած:

– Եթէ չհաւնիս աշխատանքս եւ արդիւնքս, կրնաս զիս ճամբել,- ըսած է տնօրէնը:

«Մեթրօ Կոլտուին», որ «Տոքթ. Ժիվաքօ» ժապաւէնն ալ դարձուցած էր անցեալները, իր բոլոր ժապաւէններէն վնաս ըրած էր:

– Կը թուի, թէ վարիչները մոռցած էին ամերիկացի ժողովուրդին ճաշակը,- ըսած է Քրքորեան,- եւ հիմա պիտի ջանամ այդ ճաշակը գիտցողներուն ձեռքը յանձնել «Մեթրօ Կոլտուին»-ի առիւծին արժանապատուութիւնը:

Մարդ ակամայ կը խորհի, թէ «Մեթրօ Կոլտուին»-ի իրական առիւծը այս պատուական հայն է, որ գիտէ յաղթանակի ճամբան գտնել բոլոր ձեռք առած գործերուն մէջ:

Ա. ԵՐԱԿ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հետաքրքրական. Այսօր Սերկէյ Փարաճանովի Ծննդեան Օրն Է

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?