50 Տարի Առաջ (24 Փետրուար 1970)
Փետրուար 18-ի 49-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւններ ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» Կոմիտէի Կազմակերպած Շքեղ Տօնակատարութիւնը ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէի կազմակերպած տօնակատարութիւնը, փետրուար 18-ի ժողովրդական ապստամբութեան 49-րդ տարեդարձին առիթով, շքեղ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 18 փետրուար, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Մար Մըխայելի ակումբի սրահին մէջ: Կոմիտէին կողմէ բացման խօսքը կատարեց եւ հանդէսը վարեց Պարգեւ Շիրինեան: Արփինէ Փեհլիւանեանի շնորհալի աշակերտուհի Արտա Ռումեան` ապրումով մեներգեց «Կռունկ»-ը: Վահէ Փուչիկեան աշուղական երգերու յատուկ քաղցրութեամբ մեներգեց «Լեռներ հայրենի»-ն եւ «Այնպէս անփոյթ, այնպէս հանգիստ» ժողովրդական երգերը: Միսակ Ապաճեան խոր ապրումով արտասանեց Մ. Իշխանի «Շքերթ»-ը եւ Լուսենցի «Մասիսը պերճ»-ը: Խլեց բուռն ծափեր: Տաղանդաւոր արուեստագիտուհի Արփինէ Փեհլիւանեան մեներգեց «Երգիր, անգին երկիր»-ը: Տեղի տալով...
Կարդալ ԱւելինDetails