50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (28 Դեկտեմբեր 1969)

Մեր Առօրեայէն  Պայքարը Կեանքի Սղութեան Դէմ Առանց ներքին եւ արտաքին մեծ պատճառներու` Մերձաւոր Արեւելքի այս մէկ քանի երկիրներուն մէջ կեանքը կը սղի, ապրելու պայմանները անտանելի կը դառնան, եւ ամէնօրեայ վերելքը անորոշութեան կը մատնէ բազմահազար ընտանիքներ, որոնք ոչ մէկ միջոց ունին` հասնելու այն վազքին, որ կեանքի սղութիւն կը կոչուի: Սուղ կեանքի մրցանիշը թերեւս Լիբանանն է, որ կը շահի: Այս փոքրիկ երկիրը, որ չի կրնար պարծենալ իր հարստութեամբ, դարձած է չարաշահութեան կեդրոնավայր մը: Լիբանանի բնակիչները եթէ բաժնենք այլեւայլ դասերու եւ դասակարգերու ու քննութեան առնենք, թէ որոնց շահուն համար ամէն ինչ կը սղի, պիտի տեսնենք, թէ շատ չնչին թիւով մարդիկ կան, որոնք իրենց...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Դեկտեմբեր 1969)

Խմբագրական Խաբուած Մարդիկ Խորհրդային Ռուսիոյ մտածող տարրը, յատկապէս` մայրաքաղաքի երիտասարդ մտաւորականութիւնը, բաւական տագնապալի շրջան մը կը բոլորէ` տագնապի մատնելով նոյն ատեն տիրող խաւը: Երիտասարդութիւնը կ՛ուզէ արժանաւոր կեանք մը վարել, մինչ իշխանութիւնները յայտնուած ամէն բաղձանք վարչակարգին եւ իրենց տիրապետութեան դէմ ուղղուած կը համարեն եւ կը խոժոռին յանկարծ, եւ կը խոժոռին իրե՛նց ձեւով, ստալինեան դաստիարակութեամբ սնած մարդոց դաժան ոճով: Բայց սեղմումները, արգելափակումները, դատավարութիւններն ու աքսորները հին օրերուն չափ չեն ահաբեկեր նոր երիտասարդութիւնը, որ մակընթացութեան մէջ է եւ շարունակ հաշուետուութեան կը կանչէ իր տարրական իրաւունքները ոտնակոխ ընող դիւանակալ դասը: Ռուս մտաւորականութեան երիտասարդ այս ներկայացուցիչները, բառին լայն առումով, ըմբոստներ չեն եւ ոչ ալ վարչակարգը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Դեկտեմբեր 1969)

«Բագին»-ի Բացառիկը  Ը. Տարի, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր, Թիւ 11-12 Եթէ հարիւրամեակ մը առաջ «Մայր Հայաստանի արգանդը եղաւ սրբօրէն բեղուն» 1869 թուին, երբեք չափազանցութիւն պիտի չըլլայ հաստատել այն, որ իր լրումին հասնող այս տարին եղաւ այդ թուի «բեղուն արգանդին» անկրկնելի ծնունդները իրենց վերջնական արժեւորումին պատուանդանին վրայ բարձրացնող տարեթիւը: Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ արտերկրի հայութիւնը 1969 թուին ամբողջ նեարդով տէր կանգնեցաւ այս ծնունդներուն եւ մամուլով ու գիրքերով, հրապարակային հանդիսութիւններով ու ելոյթներով արձանագրեց անոնց հարիւրամեայ յոբելեանը` համազգայինը գլող ու անցնող միջազգային տարողութեամբ մը: Այս երեւոյթին վերջին վկայութիւնը ընթերցողին սեփականութեան յանձնուեցաւ նոր լոյս տեսած «Բագին» ամսագրի այս տարուան վերջին համարով, որ նոյեմբեր ու դեկտեմբեր ամիսներու միացեալ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Դեկտեմբեր 1969)

Խաչիկ Պապիկեան Կամ` Անիրաւուած Նախարարութիւններու Մղիչ Ուժը Մարդիկ կան, որոնք պարկեշտօրէն եւ հմտութեամբ կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը: Ուրիշներ` կ՛աշխատին արագ կերպով անցնիլ այդ հանգրուանը, արժեւորել աշխատանքը, գործին տալ իր լրիւ իմաստը, եւ զայն օգտագործել իր կարելիութիւններուն ամբողջութեանը մէջ: Պր. Խաչիկ Պապիկեան այս վերջիններէն է: Առողջապահական նախարարութեան մէջ  եղած շրջանին, իր գործունէութեամբ ապացոյցը տուաւ այդ իրողութեան, հակառակ անոր որ գործի գլուխ կանչուած էր քաղաքական, տնտեսական եւ վարչական դժուարին պայմաններու մէջ: Օդակայանի իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով, երկիրը բարոյական եւ հոգեբանական մեծ ցնցումի մը ենթարկուած էր: Ժողովուրդը մեծ յոյսերով կը դիմաւորէր նոր կառավարութիւնը, որ գործի կը սկսէր 1969-ի յունուար 15-ին եւ որուն նշանաբանը պէտք...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (21 Դեկտեմբեր 1969)

Գրական Առօրեայ Պարոյր Սեւակի թուական կազմող «Անլռելի զանգակատուն»-էն (1959) ետք տասը տարուան ընթացքին, Հայաստանի գրականութեան մէջ թիւով երկու անգամ տասը երիտասարդ բանաստեղծներ հրապարակ եկան եւ ստեղծեցին բաւական տարածուն եւ յամառ աղմուկ մը: Աւանդական կեղեւները խորտակելու եւ նոր ձեւով ու շունչով հանդէս գալու եղանակներ փորձուեցան նորերուն կողմէ, արեւելահայ բանաստեղծութեան բարեշրջական դանդաղութիւնը նկատի առած` կարելի է ըսել նոյնիսկ, որ յեղափոխութիւն մըն էր երիտասարդներուն փորձը, որ իրապէս օժտուածներուն համար բարիք մը եղաւ, իսկ որոշ թիւի մը համար հասաւ մոտայական ծայրայեղութիւններու: Ռազմիկ Դաւոյեան անվիճելիօրէն կը պատկանի առաջին դասուն: Հին ձեւերը թօթափելու իր ճիգը խառնուածքին հրամայականն էր, շնորհիւ խառնուածքին էր դարձեալ, որ չգայթակղեցաւ ուրիշին կեղեւով...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Դեկտեմբեր 1969)

ՀՅԴ Օրուան Տօնակատարութիւններ Միացեալ Նահանգներ Լին-Սէյլըմ.- Տօնակատարուած է ճաշկերոյթ-պարահանդէսով մը, դեկտեմբեր 6-ին, «Նայց աֆ Քըլըմպըս» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գ. Ղազարեան» կոմիտէի: Նախագահած է Յակոբ Տէր Պետրոսեան: Բանախօսած է Վահէ Սարաֆեան (Պոսթընէն): Ներկայացուցած է ՀՅ դաշնակցութեան հիմնադրութիւնը եւ անոր ուղեգիծը: Գործադրուած է նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը: Ճաշկերոյթը տեւած է մինչեւ ուշ գիշեր: Աննախընթաց յաջողութիւն մը արձանագրուած է: Ֆիլատելֆիա.- Տօնակատարուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ «Թերխանեան» սրահին մէջ, ճաշկերոյթով, դեկտեմբեր 7-ին, կազմակերպութեամբ շրջանի կոմիտէին: Սրահը լեցուած է ընկերներու եւ բարեկամ համակիրներու հոծ բազմութեամբ: ՀՕՄ-ի տեղական վարչութեան կողմէ ուղերձ կարդացած է Աղաւնի Յարութիւնեան, իսկ Հայ երիտ. դաշնակցութեան կողմէ` Արամ Քէյլի: Բանախօսած են Արամ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1969)

Արժանավայել Ոգեկոչում Գալուստ Կիւլպէնկեանի Յիշատակին Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Եւ Հոգեհանգիստ Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ Դեսպանը կը կարդայ իր շնորհակալութեան ճառը Նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի կիրակի, 14 դեկտեմբեր, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ արժանավայել հանդիսութեամբ ոգեկոչուեցաւ յիշատակը բազմերախտ եւ անմահանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի, ծննդեան հարիւրամեակին առիթով: Ներկայ էին` զբօսաշրջութեան նախարար մեթր Խաչիկ Պապիկեան, Փորթուգալի դեսպան Ռի Էտուարտօ Պարպոզա տէ Մետինա, պետական երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեան, Ազգային Ընդհանուր ժողովի դիւանը, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Լիբանանի կրթական յանձնախումբի բոլոր անդամները: Եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ մը: Ս. պատարագը մատուցեց եւ այս առիթով քարոզեց դրան եպիսկոպոս Գարեգին Սարգիսեան:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Դեկտեմբեր 1969)

Քննադատը Եւ Հեղինակը Քննադատը եւ հեղինակը տեղ մը պէտք է հասկնան զիրար: Քննադատել` կը նշանակէ հեղինակի մը հրատարակած որեւէ մէկ գործին մասին ըսել իր տեսակէտը: Եթէ առաւելութիւններ ունի ան, ցոյց տալ, եթէ կան թերիներ` մոռացում, սխալ մեկնութիւններ, արուեստի դէմ մեղանչում, լեզուական շեղումներ եւ այլն, պէտք է մատնանշել, որպէսզի նոր հրատարակութեան պարագային նկատի առնուին անոնք, ու անթերիօրէն լոյս տեսնէ նոյն կամ անոր յաջորդող գործ մը: Եթէ նախքան մամուլի յանձնելը հեղինակ մը փորձէր ունենալ իր հրատարակելի գործին մասին տեսակէտը քննադատի մը կամ քննադատներու, աներկբայ պիտի խնայուէին իր ստեղծագործութեան` կարգ մը թերիներ: Հեղինակներու դիւրազգացութիւնը, սակայն, թոյլ չի տար իրենց, յաճախ, փնտռել օժանդակութիւնը քննադատներու...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Դեկտեմբեր 1969)

Մամլոյ Արձակուրդ

Նոթեր Ու Նետեր Քաղաքական Քաոսէն... Փոքրամասնութիւն Յայտարարուեցաւ, թէ Խորհրդային Միութեան մէջ ռուսերը փոքրամասնութիւն են: Որովհետեւ Խորհրդային Միութիւնը կը բաղկանայ աւելի քան հարիւր ազգերէ եւ ժողովուրդներէ, որոնք հետզհետէ կը բարձրացնեն իրենց ծննդեան տոկոսը` հաւաքաբար դառնալով շատ աւելի բազմամարդ մեծամասնութիւն եւ աւելի փոքրացնելով ռուսական փոքրամասնութիւնը, որ տիրապետողն է: Միթէ նոյնպէս փոքրամասնութիւն չե՞ն թուրքերը, որոնց մնացած հողերուն վրայ կ՛ապրին բազմաթիւ ազգեր եւ ժողովուրդներ` թիւրքմէն, քիւրտ, ալեւի, արաբ, ասորի, չերքեզ, լազ, զէյպեկ, պուլկար, ալպանացի, մակեդոնացի, հոռոմ, հելլէն, հրեայ եւ հայ: Տիրապետող թուրքերը փոքրամասնութիւն են: Եւ խէթ կը նային փոքրամասնութիւններուն: Պատճառը տիրապետող փոքրամասնութեան փոքրոգութիւնն է: Ինչպէս նաեւ ամէն մարզի ու ասպարէզի մէջ իրենց փոքր, չափազանց...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ

Համօ Սահեանի Մօտ «Արագիլ»-էն վերադարձի մեր ճամբուն վրայ ընկերներս ըսին, թէ Համօ Սահեանը արկածով կոտրեր է ոտքը ու ինկեր անկողին: Կ՛ուզե՞ս, որ հանդիպինք իրեն, կ՛ուրախանայ: - Ուզելն ալ խօ՞սք է... Անշուշտ կ՛ուզեմ: Արդէն իր անունը ցանկիս վրայ է: Յետոյ, քանի որ արկածեալ է, մեր պարտքն է տեսութեան երթալ: - Շատ պիտի ուրախանայ,- ըսաւ Թորանեան: - Կարծեմ` ես աւելի պիտի ուրախանամ զինքը տեսնելով,- ըսի,- մեծ, շա՛տ մեծ հաճոյքով կը կարդամ իր բանաստեղծութիւնները: Հոս գալէս առաջ նոյնիսկ անոնցմէ մէկը բազմագրեցի ու ղրկեցի բարեկամներուս, որ անոնք ալ կարդան, վայելք ունենան: - Այդ ո՞ր մէկն էր: Պատասխանելու տեղ սկսայ արտասանել. Իմ պապը տնկել է...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Դեկտեմբեր 1969)

Նոթեր Ու Նետեր Աղջիկ Զաւակով Բախտաւորուածներուն Ուշադրութեան Բարեկամ մը եկած էր հիւանդանոց. ի միջի այլոց ըսաւ. - Բախտաւորուեցայ աղջիկ զաւակով մը: Շնորհաւորեցի ու ըրի մաղթանքներ: Բարեկամս աւելցուց. - Աղջկանս համար աղուոր, յաղթական անուն մը ըսէիր: Պատասխանեցի. - Դուն գրասէր ու գեղարուեստասէր ես ու անշուշտ կը փափաքիս, որ օր մը աղջիկդ ըլլայ համբաւեալ արուեստագիտուհի: - Օ՜, այո՛, բախտաւոր կը զգամ ինքզինքս, եթէ արժանանամ ատանկ տաղանդաւոր աղջիկ մը ունենալու: - Ուրեմն աղջկանդ անունը դնելու ես Ալիս կամ Ալիսիա, Ռոզ կամ Ռոզա եւ կամ Վարդ: - Մոգական ո՞ւժ մը ունին այդ անունները... - Բացարձակապէ՛ս: Այդ անուններուն փառքի շրջանն է հիմա: Յաղթաբեր ու բախտաբեր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1969)

50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1969)

Խմբագրական  Յեղափոխութեան Պսակը 1925-էն ասդին, մեր թերթերը, ամէն աշնան բացառիկ թիւեր կը նուիրեն «Դաշնակցութեան օր»-ուան եւ նուիրական պարտք մը կը համարեն ոգեկոչելու յիշատակը ազգին ու հայրենիքին համար ճգնած, երկնած եւ ինկած յայտնի եւ անյայտ բոլոր հերոսներուն: «Դաշնակցութեան օր»-ուան նուիրելու փոխարէն` մեր այս տարուան բացառիկը ամբողջութեամբ կը յատկացնենք Արամին` ի յուշ մեր նոր պատմութեան այդ վիթխարի դէմքին մահուան յիսնամեակին: Ու կասկած չունինք, որ նուիրագործուած աւանդութիւնը խախտելու մեր այս բացառութեան համար ներող պիտի ըլլան Դաշնակցութեան մեծանուն ու խոնարհ, ողջ կամ մեռած բոլոր հերոսները, մտաւորականներն ու գործիչները, վասնզի Արամ իր անձին մէջ իւրաքանչիւրէն բա՛ն մը կը ներկայացնէ, կը խտացնէ ընտիրներու փաղանգի մը տիրական...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Դեկտեմբեր 1969)

1969 Երիտասարդութեան Տարի Երիտասարդութեան կապուած հարցեր մեծ ուշադրութեան կ՛արժանանան այսօր, քիչ մը ամէն կողմ: Արեւմտեան երկիրներու մէջ հասակ առած է նոր սերունդ մը, որ ունի ապրելու, մտածելու ինքնուրոյն ձեւ, որ թերահաւատութեամբ կը նայի երէցներուն ստեղծած կեանքի օրէնքներուն եւ կ՛ուզէ շինել ու պարտադրել ի՛ր օրէնքները, կեանքի մասին ունեցած ի՛ր տեսութիւնները: Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ ընկերաբաններ մեծ աշխատանք կը տանին նախ հասկնալու նոր սերունդը եւ ապա` մտածելու երէցներու եւ անոնց միջեւ հետզհետէ լայնցող փոսը լեցնելու մասին: Ֆրանսայի մէջ կատարուած մեծ տարողութեամբ հարցազրոյցի մը արդիւնքները պիտի փորձենք ամփոփ կերպով ներկայացնել վարի տողերուն մէջ` որոշ գաղափար մը տալու համար հարցին էութեան եւ պատճառներուն մասին:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Դեկտեմբեր 1969)

 Մասնաւոր «Ազդակ»-ին Էրեբունի էրեբունի գացի՞ր, հարցուց ծանօթներէս տիկին մը, երբ Նիւ Եորք վերադառնալէս ետք Երեւանէն բերած բարեւ մը իրեն յանձնելու համար տուներնին գացած, ինծի մատուցուած սեւ սուրճը կը խմէի: - Գացի՛: - Ինչի՞ նման է: - Բարձր բլուրի մը գագաթին ամրոցի մը մնացորդներն են. յատակագծին վրայ, մօտ մէկ մեթր բարձրութեամբ, քարէ, առանց շաղախի, հաստ պատեր, կարմիր հող, մառանի բաժնին մէջ կոտրած կարասներու բեկորներ ու հողին մէջ թաղուած անոնց ստորին մասին շրջագիծները: Հոս ու հոն բուսած  թուփեր ու մեծղի, սեւ մրջիւններ, որոնք հոս ու հոն վազելով, կ՛երեւակայեմ, ձմրան պաշար կը հաւաքեն: Կը հաւատամ, թէ ամրոցի իրական տէրը, ժառանգորդները անոնք են հիմա,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Դեկտեմբեր 1969)

Ազգային-Կուսակցական Հայապահպանում Մեր գոյութեան հետ սկսած է հայապահպանման ճիգը եւ կը շարունակուի այդ գոյութեան համար: Հայոց պատմութեան ընթացքին յաճախ ճնշուած` մեր աչքերը յառած ենք լայն հորիզոններու, ստիպուած ենք լքել հայրենական օճախները` նորեր հաստատելու քիչ մը ամէն կողմ: Ու այսօր, երբ կ՛ուզենք ակնարկ մը նետել հայ սփիւռքին վրայ, տխրութեամբ կը հաստատենք, որ հայաշատ գաղութներուն մէկ մասը տեղատուութեան մէջ է` փոխարէն մեծ թափով կը կազմուին նոր գաղութներ: Հայ սփիւռքը կը մնայ իբրեւ դառն, բայց շօշափելի եւ անուրանալի իրողութիւն, եւ մենք, ծնած, մեծցած, սերունդներ ու աւանդութիւններ կազմած այստեղ` կը ձգտինք աւելի լաւ կազմակերպչական հիմերու վրայ դնել ազգային մեր դիմագծին պահպանումը, հաւասարապէս բոլոր մարզերէն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Դեկտեմբեր 1969)

Մեր Երկրորդական Վարժարաններէն  Հայագիտական Ուսումի Շուրջ Զրոյցի Մը Համար Ազգային վարժարաններու շուրջ կատարուած մեր հարցախոյզերով վերջերս առիթը ունեցանք, ուրիշ հարցերու կարգին, յուզելու նաեւ հայերէնի ուսուցման խնդիրը: Փաստերը առարկայական էին ու անողոք: Մեր հարցապնդումներէն ի յայտ կու գայ, որ, նախակրթարանի մակարդակին արդէն, մեր վարժարաններուն յաճախ կը պակսի անհրաժեշտ որակի տէր հայերէնի ուսուցիչ: Կը ստուգէինք, միւս կողմէ, որ դպրոցական եւ դասարանային գրադարանները կը գտնուին աննախանձելի վիճակի մէջ, եւ որ` աշակերտը շատ քիչ կը կարդայ հայերէն գիրք, ուսումի նիւթերու ոչ բանական դասաւորումին ու խճողումին պատճառով: Կը հաստատէինք ապա, որ այս թերիները, առնուազն` նոյնքան շեշտօրէն, կը դիտուին մեր միւս վարժարաններու գրեթէ բոլորի պարագային, ներառեալ`...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Դեկտեմբեր 1969)

Հայ Կաթողիկէ Ակումբ Յարգանքի Հանդէս` Գալուստ Կիւլպէնկեանի (Ծննդեան Հարիւրամեակին Առիթով) Մեծանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով Հայ կաթողիկէ ակումբի կազմակերպած յարգանքի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կաթողիկէ հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս. Եղիա եկեղեցիին մէջ: Ներկայ էին` Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Պէյրութի կրթական մարմինի անդամներ, եկեղեցականներ եւ երկսեռ հասարակութիւն մը: Կազմակերպիչ ակումբին կողմէ բացման խօսքը ըրաւ եւ օրուան բանախօսները բեմ հրաւիրեց Պարգեւ Գիրէջեան: Հրաչ Քաջարենց ներկայացուց Գալուստ Կիւլպէնկեանի դէմքը: Դասախօսը բազմակողմանի ուսումնասիրութիւն մը կատարած էր ներկայացնելու համար բարերարին ամբողջական դէմքը: Հաճելի ունկնդրութիւն մը եղաւ: Գալուստ Կիւլպէնկեան` ունեւոր ընտանիքի զաւակ, ճարտարագէտ վկայուած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Դեկտեմբեր 1969)

Ալեքսանդր Սոլժենիցին Ամառուընէ ասդին այս երկրորդ անգամն է, որ համաշխարհային մամուլը զարմանքով ու տագնապանքո՛վ նիւթ կը դարձնէ խորհրդային իշխանութիւններուն ու գրագէտներուն փոխյարաբերութիւնները: Քանի մը ամիս առաջ «ազատութիւնը ընտրած» Անաթոլի Կուզնեցովի պարագան եղաւ մելան հոսեցնողը, իսկ անցնող ամսոյն Ալեքսանդր Սոլժենիցինի խորհրդային Գրողներու միութենէն արտաքսումը, որ դժգոհութեան ահագին ալիք մը ստեղծեց Արեւմուտքի մէջ` ընդվզումի մղելով մինչեւ անգամ իրենց կուսակցական ուխտով համայնավար կամ քաղաքական կեցուածքներով համայնավարութեան մօտ մարդերը` Արակոնի ու Սարթրի պէս գրական մեծանուն դէմքեր: Ի՞նչ է այս մարդոց` Կուզնեցովի եւ Սոլժենիցինի ուզածը, եւ ի՞նչ է իշխանութիւններուն անոնցմէ պահանջածը: Գրագէտները գրչի խօսքի տարրական ազատութիւն մը կը պահանջեն, իսկ իշխանութիւնները հլու կամակատարութիւն մը` գրագէտներէն:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Դեկտեմբեր 1969)

Հաղորդագրութիւն  Վեհափառը Նախագահին Մօտ Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետը` Խորէն Ա. կաթողիկոս, 2 դեկտեմբեր 1969, երեքշաբթի, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուին, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, Դրան եպիսկոպոս Գարեգին եպիսկոպոսի, զբօսաշրջութեան նախարար մեթր Խաչիկ Պապիկեանի եւ պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեանի եւ Սուրէն Խանամիրեանի: Քառասուն վայրկեան տեւող սոյն ընդունելութիւնը անցաւ խիստ սիրալիր եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ: Վեհափառը նախագահական պալատ իր մուտքին եւ ելքին արժանացաւ զինուորական պատիւներու: ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ Գիրքերու Աշխարհ  «Մատենաշար Ապրիլեան Եղեռնի» Խմբագիր` Հայր Ներսէս Ծ. Վրդ. Բախտիկեան Վերջին քսան տարիներուն սփիւռքի մէջ ցրուած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Դեկտեմբեր 1969)

50 Տարի Առաջ (4 Դեկտեմբեր 1969)

Խմբագրական  Վերջին Սուրբը... Այս տարի հայ մամուլին եւ նոյն ակօսով իրականութեան անցուդարձերուն հետեւող մարդը ամէնէն աւելի տեսաւ Կոմիտասը, ամէնէն շատ լսեց Կոմիտասի մասին, իսկ նոյեմբեր ամսոյն ամէնուրեք ինքն էր եւ ի՛նքը, թերթերուն մէջ` Կոմիտաս, բեմերուն վրայ` Կոմիտաս, ամէն հոգիի մէջ, բոլոր շրթներուն` Կոմիտաս, կոմիտասեան երգ, յուշ, ցնծութիւն, հպարտութիւն: Ու այս թոհուբոհին մէջ, դիտուեցաւ հարկաւ, որ մասնագէտները Կոմիտասի ցայտուն մէկ կողմին վրայ չեն ծանրանար: Բազմակողմանի էր հանճարեղ վարդապետը եւ կը համարուի երաժշտութեան բոլոր ճիւղաւորումներուն մէջ բացառիկ շնորհներ յայտնաբերած անկրկնելի դէմք մը` երաժիշտ, երգիչ, խմբավար, ուսուցիչ, հաւաքող, տեսաբան, եւ դեռ` դասախօս եւ երաժշտական առաքեալ, որ ընդամէնը տասնհինգ տարիներու ընթացքին յաջողեցաւ ծաւալել հայ...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 4 of 69 1 3 4 5 69

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?