Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Յունուար 1970)

Յունուար 6, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

 Քսան Դար Ետք

Ծնաւ անշուք մսուրի մը մէջ:

Մարդացաւ աշխարհին խաղաղութիւն տալու եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն ստեղծելու վսեմ առաքելութեամբ: Կեանքը ամբողջ եղաւ խորհրդալի եւ կենդանի օրինակ մը խոնարհութեան եւ ազնուագոյն գաղափարներու, որոնք հետզհետէ տարածուեցան ու դարձան հաւատոյ հանգանակ` բազմամիլիոն մարդոց համար, ի սփիւռս աշխարհի:

Հակառակ այս իրողութեան, սակայն, խաղաղութիւնը մնաց անկարելի երազ մը, ու հաճութիւնը երբեք չտիրեց մարդոց միջեւ: Դարեր շարունակ աշխարհ եղաւ խռովքի դաշտ մը, ու այսօր եւս, աւելի քան երբեք, հեռու ենք այն ցանկալի կացութենէն, որուն մէջ պէտք էր գտնուէր Քրիստոսի վարդապետութեամբ սնած, անոր հաւատացող մարդկութիւնը:

Աստուածայայտնութեան օրէն քսան դար ետք, ներկայիս, սիրոյ եւ գութի փոխարէն, որոնք քրիստոնէական կրօնին հիմնական սկզբունքները կը հանդիսանան, ատելութիւնն ու դաժանութիւնը տիրական են ամէնուրեք, մանաւանդ հոն, ուր Որդին Աստուծոյ ծնաւ, ապրեցաւ, քարոզեց ու խաչուեցաւ վասն մեր փրկութեան:

Հոգեկան տագնապը, որ կ՛ապրի մարդկութիւնը, հետեւանք է մասնաւորաբար այն իրողութեան, որ Քրիստոսի Աւետարանը, որ քսան դարէ ի վեր բոլոր շրթներու վրայ է, կը շարունակէ մնալ գոց գիրք մը: Մարդիկ տակաւին չեն կրցած ծէսէն բարձրանալ էութեան ու հեթանոսական կիրքերը, որոնք նախքան Քրիստոս կը վարէին մարդիկը, այսօր նոյնքան ուժեղ են, նոյնքան կործանարար, որքան` հին դարերուն:

Եթէ կայ ժողովուրդ մը, որուն համար քրիստոնէութիւնը միայն ծէս չեղաւ, այլ մարդկօրէն ապրելու հանգանակ մը, այդ ալ հայ ժողովուրդն է, որ Մեծ Նազովրեցիին գաղափարներուն մէջ տեսաւ ու հաստատեց ներդաշնակութիւն մը` իր ազգային ապրումներուն եւ քաղաքակրթական առաքելութեան հետ:

Ինչպէս որ աստուածորդին չարչարուեցաւ ու խաչուեցաւ, որովհետեւ սէր եւ գութ կը քարոզէր, այնպէս ալ հայ ժողովուրդը հալածուեցաւ ու նահատակուեցաւ, որովհետեւ միշտ հաւատաց յաւիտենական արժէքներուն, լոյսի առաքեալ մը հանդիսացաւ խաւարակուռ դարերուն` շրջապատուած գերիվեր ուժերով, որոնք կը հաւատային միայն բիրտ ուժին զօրութեան:

Դժգոհ չենք, որ այսպէս եղաւ ու այդպէս է նաեւ այսօր: Բիրտ ուժին երկրպագու այդ ժողովուրդները այսօր պատմութեան անցած են, բայց, թէեւ` հալածուած ու անիրաւուած, հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր քաղաքակրթական առաքելութիւնը` նոյն անխոնջ ուղեւորը անմահութեան ճամբաներուն:

Վաղը, երբ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զանգակները դարձեալ ղօղանջեն աւետելու համար աստուածորդւոյն յայտնութիւնը, իր հաւատքին մէջ զօրացած հայութիւն մը պիտի ամրապնդէ իր ուխտը` հաւատարիմ մնալու այն իտէալին, որուն աստուածաշնորհ քարոզիչը եղաւ մեսիան:

Այսպէս ապրեցանք դարեր: Կորսնցուցինք շատ բան: Բայց ամուր կառչած մնացինք մեր սրբութիւններուն, այն անկորնչելի արժէքներուն, որոնք ժողովուրդ մը կանգուն կը պահեն:

Տագնապալի այս օրերուն, երբ աշխարհ կ՛ապրի անձկութիւնը անորոշ գալիքին, հայութիւնը մէկ մաղթանք ունի. խաղաղութիւնը վերջապէս դադրի անկարելի երազ մը ըլլալէ, ժողովուրդները դադրին զիրար բզկտելէ, եւ իւրաքանչիւրին հնարաւորութիւն տրուի թափ տալու իր քաղաքակրթական կարողութիւններուն:

Աստղին Լոյսով

Հայոց քրիստոնէական կեանքի ըմբռնումին մէջ ազգային երանգ մը կայ անժխտելիօրէն: Եւ տարօրինակ չէ, որ այդպէս եղած ըլլայ, որովհետեւ կրօնական մեր զգացումները ապրում են մեզի համար եւ ոչ` սովորութիւն:

Մինչ ուրիշներ գրքերո՜ւն կառչած են կամ դարձած` աւանդութեան հաւատարիմ հետեւորդներ, մենք մեր հոգիի պրիսմակէն անցուցած ենք քրիստոնէական վարդապետութեան բոլոր իմացումներն ու ըմբռնումները` ազգային մեր ճակատագրին եւ բարոյական հասկացողութիւններուն հետ հաշտ գտնելով կեանքի այն հիմնական հանգանակները, որոնց տարածման համար «մարմնացաւ» աստուածորդին:

Ծնունդ է այսօր եւ օրուան խորհուրդը կ՛եղբայրանայ ազգային մեր երազներո՜ւն` իբրեւ անխախտ լաւատեսութեան դաւանանք: Մեր ամէնէն թանձր հիասթափութեան մէջ իսկ յուսալ գիտենք մենք: Աստղին հետ, որ մոգերը հասցուց ճշմարիտ Լոյսին, բարի ու արդար կեանքի մը ակունքին, մեր միտքերն ու հոգիները վերստին կ՛ամրանան գալոց պայծառ օրերու հաւատքին մէջ: Կը վերանորոգուին ու կը վերածնին:

Չե՜նք մոռնար անշուշտ, որ մեր կեանքը մագլցում մը եղաւ եւ Գողգոթաներ վերապահուեցան մեզի. թէ՛ միշտ առաջնորդուեցանք սիրոյ կարգախօսով, սակայն թշնամանք եւ ատելութիւն գտանք յաճախ. թէ՛ արդարութեան հաւատացինք, սակայն անիրաւութիւնը բաժին ինկաւ մեզի: Լո՜յս երգեցինք ու դէպի բարձունք ձգտեցանք, բայց Խաւարը պաշարեց մեզ եւ անդունդներ չափեցինք:

Այսուհանդարձ, այսօ՛ր ալ հրաժարած չենք Աստղին նայելէ եւ Ծննդեան խորհուրդը ընտանի նկատելէ մեր հոգիներուն:

Մահը չկրցաւ ընկճել մեզ: Այս փաստը, ինքնին, ապահովութի՛ւնն է արդէն մեր վերածնունդին: Տառապանքի ո՞ր ձեւը օտար մնաց հայուն, եւ աւելի ի՞նչ չարիք պէտք է հասցուցած ըլլար մեզի, որպէսզի հաւատայինք, թէ ոչ մէկ սարսափ կրնայ ընդմիշտ ամլացնել մեզ` մեր երազապաշտութեան թափին մէջ: Ահաւասիկ կանգուն ենք դարձեալ Արարատի շուքին տակ եւ կը շինե՛նք ու կ՛երգենք: Լոյսերու մէջ ողողուած են մեր տուները, մեր միտքերը, մեր հոգիները. մինչ մեզմէ քայլ մը անդին խաւարը, տգիտութիւնը եւ նոյն վայրագ բնազդները կ՛իշխեն:

Աստուածորդին «անկարելի» պատերազմ մը մղելու կոչումով եկաւ աշխարհ: Կեանքի այն ըմբռնումը, որով ցցուեցաւ իր օրերու հասկացողութեանց դէմ, «այս աշխարհէն չէր»: Բարոյական եւ ընկերային այն իմացումները, որոնց քարոզիչը դարձաւ, աստուածամերձ նկարագրով մը կը բնորոշուէին եւ ատո՛վ ալ անիրական էին եւ անիրագործելի: Նազովրեցի վարդապետը կը նուիրագործէր հի՜ն դարերու մարտիրոսներուն զարտուղի նկատուած մեծ իմացապաշտներու կեանքի հանգանակը. սիրել գիտնալ, երբ կ՛ատեն քեզ, ներել գիտնալ, երբ աններող են քեզի հանդէպ, բարութեամբ յաղթել չարին, զոհուիլ` ինքնուրաց նուիրումով եւ արհամարհել բիրտ ուժը: Մարդ էակին մէջ աստուածայի՛նը մշակել:

Եթէ իրեն վերապահուած կեանքին ու մեր դարաւոր պատմութեան միջեւ հասարակաց գիծեր կան, չենք զարմանար: Հաւանօրէն նուազ տառապէինք, եթէ կարենայինք տարբե՜ր ըլլալ ու տարբեր ձեւերով անցնիլ ճանապարհը, որ բացուած էր մեր առջեւ` ժողովուրդներու համակեցութեան եւ բարքերու ու մշակոյթներու այլազանութեան մը մէջ: Եթէ չկրցանք տարբեր ըլլալ եւ ընտրեցինք «նեղ դուռ»-ը, պատճառը հոգեկան մեր կերտուածքն էր` անկախ մեր կամքէն ու անկախ մեր նախասիրութիւններէն: Հեթանոսական դարերուն իսկ խորհրդազգած նո՛յն էութիւնն էր ազգային մեր խառնուածքը, եւ գաղափարապաշտութիւնը մորթ ու արիւն էր մեզի համար:

Տարբեր խօսքով, Քրիստոսով «վարդապետուած» դաւանանքը Քրիստոսէ առա՛ջ իսկ դրոշմ էր մեր ինքնութեան համար, ու մենք սահմանուած էինք կրօնին, որ մերը եղաւ մեր հոգեկան կառուցուածքին ճամբով:

Հի՜ն այս ճշմարտութեան նոր վկայութիւնն է կրօնի, եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական վարդապետութեան ազգային դիմագիծը` հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Ոչ մէկ ժողովուրդ մեզի չափ քրիստոնեայ է իր ազգային իմացումներուն մէջ, ու ազգային` քրիստոնէական իր ըմբռնումներուն մէջ:

Մեր Ծնունդը տարբե՜ր խորհուրդ ու տարբեր մթնոլորտ է: Մեր Զատիկը տարբե՜ր կլիմայ ու տարբեր ապրում է: Կրօնական եւ եկեղեցական մեր բոլոր տօները, ծիսական եւ դաւանական մեր բոլոր հաւատալիքները կը տարբերին ուրիշներու ունեցածէն` իբրեւ ձեւ թէ խորք, էութիւն թէ միջոց: Մեզմէ՛, մեր պատմութենէն, մեր մշակոյթէն, մեր երազներէն ու ձգտումներէն շունչ մը, ոգի մը, գոյն մը ու նկարագիր մը խառնուած է անոնց:

Վերցուցէ՛ք ինքնութեան այդ դրոշմը կրօնաշունչ մեր ապրումներէն, ու մենք կը վերածուինք սնոտիքներով կերակրուող ամբոխի: Կը մնան արտաքին ձեւերը, կեղեւները, գրքունակ եւ հետեւակօրէն ցամաք տարազները, բառերը, արարողական եւ բեմադրական մանրամասնութիւնները, սակայն կը տժգունին ու կ՛անհետին իմացումները, իմաստները, գաղափարները, ոգի՛ն ու աւիշը, որոնցմով միայն իսկապէս կ՛ապրի մարդը:

Կենսունակ են այն ժողովուրդները, որոնք հաւատքի գործով կը պայմանաւորեն եւ յանձնառու կը մնան այդ «գործ»-ին պարտադրած վերելքներուն, վայրէջքներուն, մաքառումին եւ զոհաբերութեանց: Իբրեւ հագուստ ու շապիկ չեն կրեր զայն, այլ` իբրեւ արիւն ու հոգի: Խաչ կը հանեն` խաչուելո՛ւ յօժարակամութեամբ մը, կը հաւատան յարութեան` տոկալու եւ տեւելու վճռակամութեամբ մը, եւ Քրիստոսի էութեամբ խորհրդանշուած կեանքի ծիրէն ներս կրնան գտնել եւ ըմբռնել մարդ էակին վերապահուած կոչում մը:

Մենք ազգովին հաւատացինք այդ կոչումին: Մեր կեանքը այդ կոչումով հիւսուեցաւ` իբրեւ գոհացում թէ զրկանք, իբրեւ յաղթանակ թէ պարտութիւն:

Ու հիմա, մեր բոլոր վէրքերուն եւ յուսախաբութեանց հակառակ, Աստղին լոյսը կրկին ողողած է մեզ: Հոգ չէ՜ տժգունած ըլլանք տեղ տեղ, ու հաւատքի թափը տկարացած ըլլայ ափէ ափ, Հայրենիքը եւ Պատմութիւնը կը մնան ներշնչումի անցամաք աղբիւր, եւ յաջորդական Ծնունդները` զանգեր յոյսի եւ հաւատքի, արթնութեան եւ սթափումի…

Մ. ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ

Նախորդը

Դահուկարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Աւստրիա

Յաջորդը

Թեհրան-Ուաշինկթըն Փոխադարձ Սպառնալիքներ, Գերլարուած Ու Սպասողական Մթնոլորտ. Միլիոնաւոր Իրանցիներ Մասնակցեցան Սիւլէյմանիի Յուղարկաւորութեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?