Երկու Հազար Թուական
Անցեալ շաբաթ նոյն խորագրին տակ տուած էինք շարք մը նախատեսութիւններ` ապագայ երեսուն տարիներուն վերաբերեալ: Ներկայ գրութեամբ պիտի ներկայացնենք հարցին տնտեսական-քաղաքական երեսը` հիմնուելով հարցազրոյցի մը վրայ, կատարուած` «ապագայի մասնագէտներ»-ու հետ. տրուած անունը թերեւս փոքր բացատրութեան մը կարօտի. այս մասնագէտները բառին իսկական առումով գիտնականներ են, որոնք տեղեկութիւններու հսկայ դէզերու վրայ աշխատելով` կը պատրաստեն ապագայի նախատեսութիւններ, կառավարութիւններու հաշուոյն: Ներկայ գրութիւնը, ուրեմն, կը ներկայացնէ այս աշխատանքին լծուած երկու մասնագէտներու կարծիքը:
***
– Մարդկութեան կեանքին մասին, ընդհանրապէս, ի՞նչ են ձեր նախատեսութիւնները:
– Աշխարհի բնակչութեան թիւը, նկատի առած ծննդաբերութեան վրայ դրուելիք արգելքները, մօտ եօթը միլիառի պիտի հասնի. ներկայիս թերզարգացած (sous-developpé) երկիրները կը ներկայացնեն բնակչութեան 65 առ հարիւրը. 2000 թուականին այս համեմատութիւնը 80 առ հարիւրի պիտի հասնի. զարգացած երկիրներու բաղդատած` այս երկիրներուն հարստութեան ներկայ բացը 50 առ հարիւրով պիտի աւելնայ: Անշուշտ կարելի է ենթադրել, որ այս մեծ տարբերութիւնը պատերազմներու դուռ պիտի բանայ. մի՛ մոռնաք սակայն, որ այս երկիրները 2000-ին տակաւին բաւականաչափ զինուած չեն կրնար ըլլալ մեծ տէրութիւններուն դիմադրելու համար:
Զարգացած երկիրներու մէջ անհատին տարեկան եկամուտը հինգէն քսան հազար տոլար պիտի ըլլայ. այս կարողութեան տէր մարդը բնականաբար պիտի մտածէ այլեւս չաշխատելու մասին. ընտանիքէն ներս մէկ հոգի պիտի աշխատի եւ այդ` դրամի պէտք զգացած միջոցին միայն. տարին թերեւս երեք ամիս արձակուրդ առնենք: Ծայրայեղ հակազդեցութիւններ պիտի ըլլան այս դրութեան դէմ, ինչպէս ցոյց կու տայ այսօրուան հիփփիներու օրինակը. մեքենացած կեանքի, ազատութիւններու կաշկանդումին դէմ զանազան ձեւի ուրիշ հակազդեցութիւններ ալ սպասելի են, եթէ կառավարութիւնները թոյլատրեն այդ, որովհետեւ պէտք է նկատի առնել, որ թեքնիքի ներկայ յառաջխաղացքով անոնց հսկողական ուժը սարսափելի պիտի դառնայ:
– Ո՞ր երկիրները, տնտեսապէս եւ զինուորական ուժով, պիտի ըլլան զօրաւորագոյնները 2000 թուականին:
– Զօրութեան կարգով` Մ. Նահանգները, Խորհրդային Միութիւնը, Ճափոնը, Արեւմտեան Գերմանիան, Ֆրանսան, Անգլիան եւ Չինաստանը: Անշուշտ մակարդակի հսկայ տարբերութիւններ պիտի ըլլան այս երկիրներուն միջեւ. Միացեալ Նահանգներու տարեկան պիւտճէն, օրինակ, Խորհրդային Միութեան պիւտճէին մօտ կրկինը պիտի ըլլայ հաւանաբար:
Ճափոնի իբրեւ երրորդ ուժ դասուիլը զարմանալի չթուի բնաւ. ինչպէս Անգլիան մօտ հարիւր տարի իշխեց Եւրոպային իր տնտեսական ուժով, քսան տարի ետք Ճափոնը պիտի ըլլայ Ասիոյ տիրական ուժը, որովհետեւ ճափոնցին կենսունակ, աշխատասէր եւ օրինապահ ժողովուրդ է: Մարդիկ թերեւս կը սխալին` Չինաստանի կարեւորութիւնը չափազանցելով. տասը տարուան ընթացքին Ճափոնը հիւլէական կարեւոր ուժի մը տէր պիտի դառնայ, դիւրութեամբ հակազդէ Չինաստանին եւ նոյնիսկ գերազանցէ անոր ուժը` իր յառաջացած ճարտարարուեստին շնորհիւ:
Հիւլէական ուժի տէր երկիրներուն թիւը մօտ տասնհինգի պիտի հասնի երեսուն տարի ետք. Ճափոնի օրինակին հետեւելով` գերմանացիները պիտի ուզեն իրենք ալ իրենց ուժը ունենալ, մանաւանդ ծայրայեղ աջերը եւ ձախերը այս նպատակը պիտի հետապնդեն, եւ այլեւս դժուար պիտի ըլլայ արգիլել միւս երկիրներուն հիւլէական ակումբէն ներս մուտքը: Գերմանիոյ պարագային, հաւանաբար մինչեւ 2000 թուական ստեղծուած ըլլան երկու անկախ պետութիւններ` արեւմտեան եւ արեւելեան, երաշխաւորուած` մեծ տէրութիւններու կողմէ. երիտասարդ գերմանացիները, երկու ճակատներուն վրայ, ազգայնական են, կենսունակ, իրենց անցեալ փառքերուն վրայ հիացող եւ դժուար թէ հանդուրժեն ներկայ գոյավիճակի երկարաձգումը:
Հիւլէական զէնքերու եւ մանաւանդ հրթիռներու գինը շատ պիտի նուազի, եւ երկիրներ, որոնք այսօր այս ուժով օժտուելու կարողութիւնը չունին, պիտի կրնան զինուիլ: Նաեւ մանր հիւլէական ռումբեր մէջտեղ պիտի գան, ներկայ ձեռնառումբերու մեծութեամբ, եւ կարելի է երեւակայել, որ թշնամի երկրին հաշուոյն աշխատող գործակալ մը պիտի կարենայ ամբողջ քաղաք մը կործանել ձեռքի մէկ շարժումով:
– Ուրեմն կարելի՞ է եզրակացնել, որ այս ձեւի արկածները յաճախակի երեւոյթ պիտի դառնան:
– Ո՛չ անպայման, որովհետեւ այս յառաջդիմութեան զուգընթաց, կառավարութիւնները իրենց հսկողութիւնը պիտի խստացնեն. համաշխարհային ոստիկանական ցանց մը պիտի ստեղծուի` հիւլէական զէնքերու ստեղծած հարցերով զբաղող, ինչպէս ներկայիս` թմրեցուցիչներու պարագային. այս ոստիկանութեան զօրաւորագոյն զէնքերը պիտի ըլլան ելեկտրոնային ուղեղները, որոնք շատ դիւրամատչելի ձեւի մը տակ պիտի ամբարեն ամբողջական տեղեկութիւններ մարդոց կեանքին մասին. այս ձեւը արդէն որդեգրուած է մեծ դրամատուներու կողմէ, որոնք իրենց յաճախորդներուն մասին ունին մանրամասն տեղեկութիւններ` մանկութենէն սկսած: Կը տեսնէք ուրեմն, որ կառավարական հսկողութեան խստացումով մարդու ազատութիւնը պիտի կաշկանդուի կեանքի զանազան երեսներուն վրայ` անձնական կեանք, ճամբորդութիւններ, զաւակներու դաստիարակութիւն եւ այլն:
Հիւլէական պատերազմի մը կարելիութիւնը անհաւանական է, որովհետեւ միջազգային տնտեսութիւնը եւ քաղաքականութիւնը հետզհետէ պիտի կայունանան: 1940-ին նախորդող տարիներուն դիւրին էր մօտալուտ պատերազմ մը նախատեսել. այսօր, սակայն, որեւէ կառավարութիւն չի համարձակիր իր երկիրը վտանգի ենթարկել` հիւլէական արկածախնդրութեան մը մէջ նետուելով. հինգ կամ տասը տարի առաջ, թշնամիին հիւլէական զէնքերը, թէեւ` հողին տակ պաշտպանուած, խոցելի էին. ներկայիս պայթումի դիմադրող նոր մետաղներ երեւան եկած են, որոնք հրթիռները կամ հիւլէական զէնքերը անձեռնմխելի կը դարձնեն. հետեւաբար յանկարծակի յարձակումի մը պարագային այս զէնքերը կարելի չէ փճացնել եւ հակազդեցութիւնը անխուսափելի է: Կարելի է եզրակացնել, որ 1945-էն ետք ստեղծուած անապահովութեան բարդոյթը օրէ օր կը չքանայ մարդկութեան համար:
Քաղաքական գետնի վրայ նոյնպէս մերձեցումի փորձերը պիտի շարունակուին եւ արդիւնաւորուին, ուրեմն ապագային խաղաղ գոյավիճակ մը կարելի է նախատեսել: Խորհրդային ղեկավարները վերջին շրջանին աւելի զգուշ դարձած են, եւ` պահպանողական, ու սպասելի է, որ այս գիծը աւելի շեշտուի անոնց մօտ. արկածախնդրութեան տանող շարժումներու կամ արիւնահեղ յեղափոխութեան հաւատացողները հետզհետէ գետին կը կորսնցնեն: Իրարու հակադրուող երկու խումբերը կը տեսնեն, որ գործակցութիւնը աւելի նպաստաւոր է թէ՛ իրենց եւ թէ՛ մարդկութեան համար:
Հսկայական հարստութիւնները, որոնք կը մսխուին զինուորական նպատակներու, պիտի յատկացուին գիտական նոր հետազօտութիւններու, մանաւանդ` տիեզերքի ծանօթութեան եւ երկրի բնակչութեան բարօրութեան համար: Այս նախատեսութիւնները հաւանաբար չափազանց լաւատես թուին, բայց իրերու ներկայ ընթացքը այս ճամբան ցոյց կու տայ:
– Որո՞նք են, ըստ ձեզի, յառաջիկայ երեսուն տարիներուն դրուելիք կարեւորագոյն հարցերը:
– Չորս գլխաւոր հարցեր պիտի դրուին մարդկութեան առջեւ. ելեկտրոնային ուղեղներու յառաջդիմութեան սահմանները, բնակչութեան աճը, թմրեցուցիչներու գործածութիւնը եւ, վերջապէս, մարդկային օրկաններու «տեղափոխութեան» հարցը:
Գրեթէ ամէն տարի նոր գիւտեր պիտի գան աւելցնել ելեկտրոնային ուղեղներու կարողութիւնը: Ո՞ւր կրնայ հասնիլ սակայն այս յառաջդիմութիւնը. ելեկտրոնային ուղեղը, կը կարծենք, մինչեւ երեսուն տարի պիտի գերազանցէ մարդը` անոր մտային կարողութիւններուն հետ «սորվելով» ունենալ նաեւ յուզումներ, զգացումներ, ստեղծագործական եւ գեղարուեստական ճաշակ. վէպերու կամ ժապաւէններու մէջ ներկայացուող «նոր մարդ»-երը թերեւս իրականութիւն դառնան մինչեւ 2000: Շատեր կրնան հակառակ կարծիքը ունենալ, բայց այն վայրկեանին, որ այս կարեւոր հարցին պատասխանը տրուի, մարդու մտային եւ կրօնական կեանքը մեծ անկիւնադարձի մը առջեւ պիտի ըլլայ:
Մարդկութեան աճին պարագային, կառավարական արգելքները պիտի բազմանան ծննդաբերութեան համար. տասը տարի ետք արդէն կարելի պիտի ըլլայ մանուկի մը սեռը որոշել նախապէս. ի՞նչ պիտի պատահի երկիրներու մէջ, ինչպէս` Ճափոնը, Գերմանիան եւ Հնդկաստանը, ուր արու զաւակը փնտռուած է. բոլոր մանուկները տղայ պիտի ծնին, եթէ կառավարութիւնը կտրուկ միջոցներու չդիմէ:
Թմրեցուցիչներու գործածութիւնը արդէն սկսած է մտահոգել կառավարութիւնները: Այս ախտը` իբրեւ հակազդեցութիւն կեանքի մեքենականացումին, վտանգաւոր համեմատութիւններու պիտի հասնի, եւ ընկերութեան մէկ մասը «անգործածելի» պիտի դառնայ:
Վերջապէս, օրկաններու տեղափոխութեան գործողութիւնները պիտի դիւրանան, եւ բարոյական նոր հարցեր առաջ պիտի գան. մահը որոշող յստակ չափանիշներու պէտքը պիտի զգացուի, որովհետեւ այլապէս մարդիկ մահուան պիտի դատապարտուին ուրիշներ փրկելու սիրոյն: Կարելի է, օրինակ, երեւակայել սրտի հիւանդութենէ տառապող ափրիկեցի ցեղապետ մը, որ երիտասարդ մը կը սպաննէ անոր առողջ սրտին տիրանալու համար…
Կը տեսնուի ուրեմն, որ կառավարական հսկողութիւնը պիտի խստանայ կեանքի բոլոր երեսներուն վրայ, մինչ միւս կողմէ մարդկութիւնը պիտի ապրի աւելի խաղաղ եւ բարգաւաճ կեանք մը:
ԲԵՆՕ ԹՈՆԴԵԱՆ