Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Յունուար 1970)

Յունուար 23, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ա՛յս Է Լենինիզմը…

Հիմա, այս պահուն ալ, չարչարագին դառնութեամբ կը յիշեմ` ինչ որ ըսուեցաւ ու գրուեցաւ ատենին ի նպաստ բոլոր ժամանակներու մեծագոյն դահիճին` Իոսիֆ Վիսարիոնովիչ Ստալինի:

Սփիւռքի դաշնակցական թերթերը զայն կը ներկայացնէին իր իսկատիպ, այսինքն` դահիճի կերպարանքով (երբ դեռ ողջ էր): Յառաջդիմական եւ ուղեկից թերթերը, ընդհակառակն, հայ ժողովուրդի «փրկիչ»-ը կը տեսնէին անոր մէջ: Եւ երբ դադրեցաւ ապրելէ, կարգ մը մարդիկ հայե՜ր, հոս հոն սգահանդէս կազմակերպեցին «փրկիչ»-ին մահը ողբալու եւ անոր յիշատակը մեծարելու համար:

Որո՞ւ հետ էր երկրի ժողովուրդը եւ որո՛ւ դէմ:

Յառաջդիմականներուն հետ էր շրթունքով, բայց անոնց դէմ էր զգացումներով: Մենք կասկած չունէինք այս մասին:

Բանաստեղծները` իսահակեաններ, շիրազներ, կապուտիկեաններ, դահիճին գովքը կը հիւսէին բառերով, բայց կ՛անիծէին զայն իրենց ջիղերուն բոլոր թելերով: Մենք կասկած չունէինք նաեւ ա՛յս մասին:

Ստալինի արձանը, Երեւանի ամէնէն բանուկ պողոտային վրայ, մարմար չէր, այլ անէծք էր ու նզովք: Երախտիքի զգացումը չէր զայն կանգուն պահողը իր պատուանդանին վրայ, այլ վախն էր ու սարսափը:

Պատմութեան վճիռը այս է. վախ սերմանողը ատելութիւն կը հնձէ: Երկու հարիւր քսան միլիոն քաղաքացիներ, համայն Ռուսիոյ համայն բնակչութիւնը, բարձրաղաղակ կ՛աղօթէին երկար կեանք շնորհել «փրկիչ»-ին, բայց իրենց էութեան բոլոր կոտորակներով Աստուծմէ կը հայցէին կարճել հրէշին կեանքը:

Ասիկա գիտէինք մենք բոլորս, գիտէր անշուշտ հրէշը ինքն ալ: Չէին գիտեր միայն, իրա՞ւ արդեօք չէին գիտեր, քանի մը հարիւր խնդացողներ` քանի մը հարիւր միլիոն լացողներու հակառակ: Քանի մը տասնեակ ապառողջներ` քանի մը տասնեակ առողջներու հակառակ: Քանի մը հարիւր բղջախոհներ` «հարիւր հազար» ողջախոհներու հակառակ:

Ստալինի մանրանկարը` Ապտիւլ Համիտ երեք հարիւր հազար հայ ջարդեց մէկ տասնամեակի մէջ, իսկ ջարդուողներուն հայրերն ու զաւակները կը պոռային լիահագագ. «Փատիշահըմ չոգ եաշա»:

Ապտիւլ Համիտը հազար անգամ գերազանցող միւս արիւնարբուն` պեխաւոր սադայէլը,  միլիոններ սրածեց միայն մէկ հնգամեակի մէջ: Եւ այդ միլիոններուն հայրերն ու զաւակները, քոյրերն ու եղբայրները վախէն կարկամած եւ ատելութենէ դողացող շրթներով կ՛աղաղակէին լացակումած` երկար կեա՜նք ժողովուրդներու փրկիչին, հանճարեղ ու մեծ առաջնորդին…

Հրապարակներու վրայ սրբազան ոգեւորութեամբ կը հորդէր (*) Ռուսաստանի մէկ ծայրէն միւսը, երբ Ստալինի անունը տրուէր:

Հրապարակներէն հեռու, մենաւոր խուցերու մէջ, սրբազան կատաղութեամբ կը լեցուէր նոյն ժողովուրդը, երբ Ստալինի անունը տրուէր:

Ստալին, նոր օրերու այս ենիչէրին, դրօշ մըն էր փողոցներուն մէջ, գարշ ու պիղծ քուրջ մըն էր ուրիշ ամէն տեղ: Ազգային հպարտութիւն էր դուրսը, մինչ ազգային ողբերգութիւն էր ներսը:

Թիւ մէկ հերոսն էր պաշտօնապէս, թիւ մէկ սրիկան էր անպաշտօն կերպով: Սրբացուած

անուն մըն էր հողին վրայ, պժգալի որդ մը դարձաւ հողին տակ:

Ի՞նչպէս եղաւ, որ հայ մարդուն շրթները կրցան օրհնութիւն մրմնջել այս որդին համար: Եւ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ շամփուրի տեղ դափնեպսակ անցուցին անոր վիզը:

Իրաւունք ունէր նորոգ հանգուցեալ գրագէտը` Գուրգէն Մահարի, երբ իր յուշերուն մէջ տեղ մը կը գրէր.

– Ստալինը մեռաւ, ես պիտի ապրիմ:

Արդարեւ, գուրգէնմահարիները սկսան ապրիլ իրենց մահէն ետքն իսկ:

* * *

Մեր քաղաքական գործիչներէն մէկը իր յուշերուն մէջ կը գրէ. երբ Լենին ողջ էր, իսկ Հայաստան կ՛ապրէր տագնապալի շրջանի մը մէջ, խումբ մը հայ համայնավարներ կը դիմեն անոր եւ կը խնդրեն միջամտել ի նպաստ հայ բազմաչարչար ժողովուրդին:

Լենին, որ բառերը ծամծմել չէր սիրեր, կը պատասխանէ կարճ մը.

– Մենք երեսուն միլիոն ռուս կոտորեցինք, որպէսզի համայնավարութիւնը յաղթանակէ. ի հարկին կը կոտորենք երեսուն միլիոն եւս: Ի՞նչ է, այս պարագային, հայկական մէկ միլիոնին արժէքը: Եթէ համայնավարութեան շահը պահանջէ, այդ միլիոնն ալ կը կոտորենք:

Բայց համայնավարութեան շահը հայութեան շահը չէ, ինչպէս որ հայութեան շահը համայնավարութեան շահը չէ: Համայնավարութեան շահը ամէն բան թող պահանջէ, բացի այս միլիոնէն:

Ի՞նչ է պոլշեւիզմի դաւանանքը ազգային հարցին մէջ: Այս հարցումին Լենին ինք իսկ պատասխանած է.

«ա.- Բանուորական հարցին բաղդատմամբ,  ազգային հարցի ստորադաս արժէքը ենթակայ չէր ոչ մէկ կասկածի Մարքսի համար:

«բ.- Մենք կը վկայենք, որ համաշխարհային բանուորութեան շահերը բարձր են մեր ազգային շահերէն, բարձր են պետութեան շահերէն:

«գ.- Մեծ ու մեծագոյն ժողովուրդներու ազատագրումը պէտք է վեր դասել փոքր ազգութեանց ազատագրման շահերէն»:

Ա՛յս է լենինիզմը ահաւասիկ:

Այն «խումբ մը հայ համայնավարները», որոնք Լինինի միջամտութիւնը խնդրեցին ի նպաստ հայ ժողովուրդին, ետքէն, Ստալինի օրով, սրածուեցան իբրեւ «հայրենադաւ»:

Այս մէկն ալ կը կոչուի ստալինիզմ:

Ինչ որ ցանեց Լենին իբրեւ տեսութիւն, Ստալին հնձեց իբրեւ պրակտիկա: Ուրիշ խօսքով` առաջինին վարդապետութիւնը գործի վերածեց երկրորդը:

Լենինը Ստալին չէ անշուշտ, բայց Ստալինի ուսուցիչն է: Եւ հիմա իրաւամբ կրնանք հարցնել, թէ ինչո՞ւ պէտք է դատապարտենք աշակերտը եւ անմեղադիր ըլլանք ուսուցիչին հանդէպ:

Սուրբ Գիրքը կ՛ըսէ, թէ «ոչ է աշակերտ առաւել, քան զվարդապետ իւր» եւ թէ «շատ է աշակերտին, եթէ եղիցի զվարդապետ իւր»: Իրողութիւնն այն է, որ աշակերտը ի վերջոյ դարձաւ «առաւել, քան զվարդապետ իւր»:

Վարդապետը անպատեհութիւն մը չէր տեսներ մեր մէկ միլիոնը կոտորելու մէջ: Ասիկա տեսութիւն էր:

Աշակերտը այդ «անպատեհութիւն»-ը պատեհութեան վերածեց կամ վերածել ուզեց: Ասիկա գործ էր:

Ա՛յս է, իմ գիտցածս, վարդապետին եւ աշակերտին տարբերութիւնը:

Բայց, ասիկա այսպէս ըլլալով հանդերձ, մէկուն արձանը վար առնուեցաւ իր պատուանդանէն, իսկ միւսինը մնաց պատուանդանին վրայ: Մօտ տարի մըն է Երեւանի թերթերը ամէն օր Լենին կ՛ըսեն, Լենին կը հոլովեն, իր ծննդեան հարիւրամեակին առիթով:

Օր մը Լենինի համար ալ պիտի ըսե՞ն արդեօք, ինչ որ կ՛ըսեն հիմա Ստալինի համար:

Կասկած չունիմ, որ այո՛, պիտի ըսեն:

* * *

Երբ թերթերու մէջ կարդացի, որ «էդ սրիկայ»-ին` Ստալինի արձանը փշուր-փշուր ըրած են Երեւանի մէջ, ինծի համար պարզ դարձաւ, որ հայկական միլիոնը ո՛չ թէ մեզի հետ էր, այլ մենք այդ միլիոնին հետ էինք:

Թալէաթ, որ հայկական միլիոնին արժէքը ուրացաւ, աւելի դառն ճակատագրի չենթարկուեցաւ, քան Ստալինը: Տարբերութիւնը այն է, որ մէկուն դիակը փռուեցաւ մայթին վրայ, միւսին` արձանը:

Թալէաթի անձին մէջ մենք ոճրագո՛րծը պատժեցինք, իսկ վար առնուած արձանին մէջ` ոճի՛րը:

Թեհլիրեանները հերոս էին անկասկած, բայց Հայաստանի ժողովուրդը հերոսութիւնն էր:

Ես կը սիրեմ հերոսները, բայց առաւել եւս կը սիրեմ հերոսութիւնը:

Հայկական միլիոնը հիմա պարզ արժէք մը չէ մեզի համար, այլ գերարժէք է, այսինքն միլիոնին բազմապատկութիւնն է միլիոնով:

Եթէ սովորական բան մը չըլլար ըսելիքս, պիտի ըսէի. կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:

Բ. ԹԱՇԵԱՆ

(*) Հորդել կը նշանակէ տարածուիլ, խուժել: Այս բառը չշփոթել յորդել բային հետ, որ կը նշանակէ դուրս թափիլ, արտահոսիլ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?