Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ 15 Յունուար 1970)

Յունուար 15, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մեր Կորուստները 1969-ին

Վերջացող տարուան ընթացքին եւս մեզմէ առ յաւէտ բաժնուեցան որոշ թիւով մտաւորականներ, ազգային ու հանրային դէմքեր` սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ:

Անյեղլի է բնութեան օրէնքը: Մահկանացուներս ուշ կամ կանուխ մեր տուրքը պէտք է տանք:

Հայաստանի մէջ յունուար 13-ին 58 տարեկանին մեռաւ գրագէտ Գարեգին Սեւունց, ծանօթ արձակագիրը, որուն երկերը, որոնց շարքին յիշատակութեան արժանի է Թեհրան վէպը, թարգմանուած են 17 լեզուներու: Առջի տարի այցելած էր Սուրիա եւ Լիբանան: Ժամանակ չունեցաւ հրատարակելու իր տպաւորութիւնները: Քսան տարուան մէջ լոյս ընծայած է տասնէ աւելի գիրքեր:

Յունուար 31-ին Մոնմորանսիի հանգստեան տան մէջ մեռաւ փրոֆ. Մենտոր Բունիաթեան: Ծնած էր 1877 յունուար 21-ին Գողթան գաւառի (Նախիջեւան) Ցղնա գիւղը: Ռուսիոյ ու Գերմանիոյ համալսարաններուն մէջ տնտեսագիտութիւն ուսած` միջազգային համբաւ կը վայելէր: Մասնագէտ էր «Տնտեսական տագնապ»-ներու: Դասախօս` Մոսկուայի համալսարանին եւ Թիֆլիսի Բազմարուեստեան վարժարանին: 1918-ին ընկերացաւ թուրքերուն հետ հաշտութեան հայկական պատուիրակութեանց` փետրուար-մարտին Տրապիզոն, 11 մայիս-4 յունիսին Պաթում, յունիս 20-ին` Պոլիս, իբրեւ տնտեսական խորհրդական: 1920-ին Հայաստանի անկախ կառավարութեան կողմէ Եւրոպա ղրկուած` մասնաւոր առաքելութեամբ, խորհրդայնացումէն ետք հաստատուեցաւ Փարիզ: 1945-56 վարեց Գաղթականաց Ֆրանս. օֆիսի հայկական բաժնի տնօրէնի պաշտօնը:

Փետրուար 12-ին մեռաւ Արտաշէս Գմբէթեան: Ծնած էր 1900-ին, Ալեքսանդրապոլ, սեբաստացի ծնողքէ: Թատերական ասպարէզին նուիրուած էր Պոլսոյ մէջ զինադադարի շրջանին: 1923-ին Փարիզ հաստատուելով` դարձաւ հայ թատրոնի գլխաւոր սիւներէն մէկը: 1967-ին Փարիզի հայերը տօնեցին իր թատերական գործունէութեան յիսնամեայ յոբելեանը: Կ՛աշխատակցէր «Յառաջ»-ի «Թատերական դէմքեր»-ու մասին իր շահեկան յօդուածներով:

Միլանոյի մէջ փետրուար 13-ին իր մահկանացուն կնքեց տոքթ. Արամայիս (Վիչէն) Սրապեան: Ծնած էր Կէյվէյի Միջագիւղը, 1910-ին: Մեծ եղեռնին տարագրուած` նախնական կրթութիւնը ստացած էր Պոլսոյ եւ Քորֆուի որբանոցներուն մէջ: 1923-ին անցած էր Վենետիկ, ուր 1929-ին աւարտելով Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը` մտած էր Միլանոյի բժշկական համալսարանը եւ վկայուած` իբրեւ բժիշկ, յետոյ մասնագիտացած ատամնաբուժութեան մէջ: Վաղեմի աշխատակիցն էր «Յառաջ»-ի, ուր հրատարակուած են գրական իր առաջին փորձերը: 1949-1956 լոյս ընծայած է կարգ մը հատորներ` «Հանդիպումներ մուսային հետ», «Ազոլոյէն Վենետիկ», «Զէնքի տակ», «Ալպեան ռազմիկներու հետ» եւ այլն: Նախագահն էր Իտալահայ մշակութային միութեան:

Փետրուար 25-ին Փարիզի մէջ մեռաւ Ռուբէն Խերումեան: Ծնած էր Կովկաս: Ուսած` ռուսական բարձրագոյն վարժարաններու մէջ, իբրեւ մասնագիտութիւն ընտրած էր մարդաբանութեան ճիւղը: Ռուսական յեղափոխութենէն ետք Փարիզ հաստատուած` կը զբաղէր տպագրական գործով: 1941-ին հրատարակեց ֆրանսերէն գիրք մը` հայոց մարդաբանական ծագումին մասին: Գերմանական գրաւման օրերուն հայ գաղթականաց մարմինները զինքը ղրկեցին Պերլին, ուր դիմումներ կատարեց ապացուցելու համար հայերու արիական ծագումը: Վերադարձին հրատարակեց աւելի ընդարձակ գիրք մը հայոց մասին:

Մարտ 4-ին Փարիզի իր բնակարանին մէջ յանկարծամահ եղաւ Արաքսի Թորոսեան: Ծնած էր Ատափազար, 1898-ին: Նախնական կրթութիւնը Ռումանիա եւ Պուլկարիա, երկրորդականը Պոլիս առնելէ ետք, 1921-ին Սորպոնի մէջ հետեւած էր Ֆրանսական քաղաքակրթութեան դասընթացքին: 1926-ին վկայուած` իբրեւ «Լիսանսիէ-էս-Լեթըր»: 1933-էն մինչեւ հանգստեան կոչուիլը եղած է Սորպոնի մատենադարանի վարիչ: Պահ մը աշխատակցած է «Յառաջ»-ի` գրական հարցերու շուրջ յօդուածներով:

Ապրիլ 9-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Մոնմորանսիի մէջ մեռաւ Ֆլորա Շէօհլայեան, գրական անունով` Ֆլորա-Անահիտ: Ծնած էր Պոլիս, աւելի քան 80 տարի առաջ: Կանուխէն մտած էր ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը, հանրային գործունէութեան նուիրուած է տարիներով` նախ Պոլիս, յետոյ Փարիզ: Ֆրանսահայ Կապոյտ խաչի Շրջանային վարչութեան անդամ եղած է տարիներով, պահ մըն ալ` նախագահ: Անկենի մէջ հիմնած է Կապոյտ խաչի սան-սանուհիներու համար հայերէնի դասընթացք: Աջակցած է յեղափոխական շարժումներուն: «Հայրենիք» ամսագրին մէջ հրատարակած է իր յուշերը եւ գրական էջեր:

Ապրիլ 14-ին Հեմիլթընի (Քանատա) մէջ մեռած վաստակաւոր ընկեր մը` Յակոբ (Ճէք) Մուրատեան: Ծնած էր Քղիի Առէք գիւղը, 1892-ին, յետոյ փոխադրուած` Կարին, ուր աւարտած էր Արծնեան վարժարանը եւ յաճախած` նաեւ Սանասարեան: 1908-էն ի վեր կ՛ապրէր Հեմիլթըն: Դաշնակցութեան շարքերը մտած էր 1910-ին եւ հանրային ու կուսակցական գործունէութեան լծուած էր կեանքի ամբողջ ընթացքին` մեծ նուիրումով: Օգտակար եղած է Քանատա գաղթող բազմաթիւ հայրենակիցներու: Մասնակցած է Դաշնակցութեան Ընդհ. ժողովներուն:

Մայիս 19-ին հայ գրականութիւնը կորսնցուց իր վաստակաւոր մշակներէն մէկը` Արսէն Երկաթ (Շամլեան) Մոնրէալի մէջ (Քանատա), ուր փոխադրուած էր քանի մը տարի առաջ: Ծնած էր Ամասիա, 1893-ին: Կեանքին մեծագոյն մասը ապրած է Եգիպտոս, ուր բժիշկ էր հայրը: Կանուխէն սկսած էր գրել եւ աւելի քան կէս դար ձեռքէն չէ ձգած գրիչը: 1922-ին իր բանաստեղծութիւնները հրատարակեց Գահիրէի մէջ, «Արեւի եւ մահուան երգեր» անունին տակ: Քանի մը տարի առաջ լոյս տեսաւ իր «Եգիպտականք»-ը: Վերջին տարիներուն «Յուսաբեր»-ի, «Հայրենիք»-ի եւ «Յառաջ»-ի մէջ հրատարակուեցան «Ընդհատ էջերը»-ը, իմաստասիրական մտածումներ` գեղարուեստական ձեւով ներկայացուած: Գրած է նաեւ ֆրանսերէն լեզուով եւ իր գրութիւնները մրցանակի արժանացած են Եգիպտոսի մէջ: 1920-21 Փարիզի դաշնակցական Կոմիտէին գործօն անդամներէն էր: Կը հետեւէր Սորպոնի գրականութեան դասընթացքին:

1969-ի մեր մեծագոյն կորուստն եղաւ Սիմոն Վրացեան, որ տարիներով անկողին գամուելէ ետք, մայիս 21-ին աչքերը փակեց յաւիտենութեան: Ծնած էր Նոր Նախիջեւանի Մեծ Սալա գիւղը: Նախնական կրթութիւնը իր ծննդավայրի մէջ առնելէ ետք, 1900-ին մտած էր Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, զոր աւարտած էր 1906-ին: Կանուխէն մտած էր Դաշնակցութեան շարքերը: Ճեմարանը աւարտելէ ետք նշանակուած է կուսակցական գործիչ Նալբանդի (Նոր Նախիջեւան) շրջանի: 1907-ին մասնակցած է Վիեննայի Դ. Ընդհ. ժողովին: Յետոյ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ մինչեւ 1910 հետեւած է իրաւաբանութեան եւ մանկավարժութեան:

1910-12 խմբագիր Կարնոյ «Յառաջ»-ին եւ ուսուցիչ Սանասարեանի, յետոյ` խմբագիր Պոսթընի «Հայրենիք»-ին մինչեւ 1914, երբ մասնակցեցաւ ՀՅԴ Ը. Ընդհ. ժողովին (Կարին): Ա. Աշխարհամարտին Կովկասի մէջ գործօն մասնակցութիւն բերաւ կամաւորական շարժումներուն: Անկախութեան շրջանին քանիցս նախարար` իրեն վիճակուեցաւ Հայաստանի իշխանութիւնը յանձնել պոլշեւիկներուն, իբրեւ վարչապետ: Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն` նախագահ Փրկութեան կոմիտէին, տարագրութեան մէջ նուիրուեցաւ հանրային գործունէութեան` Ֆրանսա, Ամերիկա, հուսկ ուրեմն` Լիբանան, ուր 1951-էն մինչեւ մահուան նախօրեակը վարեց Համազգայինի Ճեմարանին տեսուչի պաշտօնը: Կը թողու իր յիշատակը յաւերժացնող կոթողական գործեր` «Հայաստանի Հանրապետութիւն»-ը, «Կեանքի ուղիներով» վեց հատորները, «Վէմ»-ի հաւաքածոն, «Հայրենիք տարեգիրքեր»-ը եւ այլ երկեր: Քաղաքական գործիչ էր եւ հրապարակագիր: «Կեանքի ուղիներով»-ի շարքը երեւան հանեց նաեւ Վրացեան գրագէտը:

Յունիս 13-ին Երեւանի մէջ մեռաւ փրոֆ. Արա Սարգսեան` անուանի քանդակագործ, նկարիչ եւ արուեստաբան, անդամ` Խորհրդային Միութեան Գեղարուեստի ակադեմիային: Ծնած էր Պոլիս, 1902-ին: Պոլսոյ Գեղարուեստից վարժարանէն ետք ուսումը կատարելագործած էր Վիեննայի մէջ եւ վերջնապէս Հայաստան հաստատուած` 1925-ին: Արտադրած է արուեստի հրաշակերտներ եւ դաստիարակած` քանդակագործներու ամբողջ սերունդ մը:

Յուլիս 13-ին Երեւանի մէջ մեռաւ գրագէտ Նայիրի Զարեան: Ծնած էր 1900-ին Վանի Խառակոնիս գիւղը: 1915-ին` որբացած` անցած էր Երեւան եւ ուսած տեղւոյն թեմական վարժարանին մէջ: Բանաստեղծ եւ գրագէտ` հրատարակած է բազմաթիւ հատորներ: Պետհրատը քանի մը տարի առաջ լոյս ընծայեց իր երկերու ամբողջական հաւաքածոն: 1953-ին լոյս տեսաւ իր «Ուղեգրութիւններ»-ը:

ՀՐԱՆՏ – ՍԱՄՈՒԷԼ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?