«Արի Այրերի Բանակ»-ը
Կարմիր պոէտը` Եղիշէ Չարենց իր «Մահուան տեսիլ»-ին մէջ Քրիստափորի կը վերագրէ պատմական մնալու սահմանուած սա՛ խօսքը.
«Մեր երկրի արի այրերից
կազմեցի ես մի բանակ
Եւ մեր սեւ դրօշի վրայ գրեցի
«Հայրենիք կամ մահ»:
Կը հասկցուի անշուշտ, որ «արի այրերու բանակ»-ը Դաշնակցութիւնն է, ուրեմն նաեւ դաշնակցականներ են այրերուն մէջ արիները:
Այս ըսել չէ, որ բոլոր դաշնակցականները արի են եւ բոլոր արիները դաշնակցական են: Բայց Դաշնակցութիւնը, առանձինն, աւելի շատ հերոսներ, նաեւ աւելի շատ նահատակներ տուաւ, քան` ազգին միւս մասերն ու հատուածները միասնաբար:
Կասկած չկայ` բոլոր հերոսները արի են, բայց առաւել արի են նահատակները, անոնք, որ մահէն չվախցան եւ «իմացեալ մահ»-ը գերադասեցին ոչ իմացեալէն:
Դաշնակցութեան ուժին, վարկին, հմայքին ակունքը իր հերոսներն են ու նահատակները: Ըսուած է իրաւամբ, որ Քրիստոս եթէ հրաշքներ չգործէր ու չխաչուէր, իր վարդապետութիւնը հաւանաբար տեսութիւն պիտի մնար եւ ոչ թէ` գործ, ծէս պիտի դառնար եւ ոչ թէ` կրօն:
Մօտաւորապէս նոյնն է մեր կուսակցութեան գաղափարաբանութիւնն ալ: Առանց հերոսներու, մանաւանդ` առանց նահատակներու, մեր գաղափարաբանութիւնը եւս դատապարտուած պիտի ըլլար տեսութիւն մնալու` առանց երբեք գործ դառնալու:
Հիմնականը վարդապետութիւնն է անշուշտ, ինչպէս գաղափարաբանութիւնն է կարեւորը կուսակցութեան մը համար. միւսները` հրաշք, հերոս, նահատակ, կը ծառայեն տեսութիւնը գործ դարձնելու եւ գործէն տեսութիւն մը հանելու:
Ութսունի հրուանդանին առջեւ Դաշնակցութիւնը կրնայ պարծիլ, որ իր պատմութեան ընթացքին գաղափարներ սերմանեց եւ գործեր հնձեց: Չգոհացաւ միայն գաղափարներով կամ միայն գործերով, այլ այս երկուքով պայմանաւորեց իր գոյութիւնը եւ գոյութեան իմաստը:
Գրեթէ ութսուն տարի շարունակ մեր կուսակցութիւնը վայրէջքներ ու վերելքներ, ձախողութիւններ ու յաջողութիւններ ունեցաւ, բայց անյողդողդ եւ անշեղ մնաց իր առաքելութեան ու կոչումին մէջ` հայրենիքին ու ազգին ծառայել միշտ: Այլ բացատրութեամբ` ծառայել եւ ոչ թէ իշխել:
Պիտի ըսենք նաեւ, որ գրով յիշատակուելու արժանի գործեր կատարեց, գրեթէ հրաշքներ, որոնք իր պատմութիւնը դարձուցին Մամիկոնեան սխրագործութիւններով հարուստ դիւցազներգութիւն:
Ո՛չ չէզոք եղաւ կեանքի մէջ, ո՛չ կրաւորական, ուստի սխալներ ալ գործեց: Սխալները իրեն տուին փորձառութիւն, իսկ փորձառութիւնը` իմաստութիւն: Եղան մարդիկ, որ սխալներ միայն տեսան ու մոռցան մատուցուած ծառայութիւնները:
Անուրանալի իրողութիւնն այն է, որ ձախողութիւնները չվհատեցուցին զինք: Չտկարացուցին իր կամքը, ինքնավստահութիւնը, հաւատքը` իր դերին ու կոչումին հանդէպ: Ուրիշ կուսակցութիւններ, աւելի հզօր ու գերակշիռ, քան` մեր կուսակցութիւնը, առաջին իսկ ձախողութեան խոստովանեցան իրենց պարտութիւնը եւ դրօշը վար առին ձողէն, այսինքն դադրեցան գոյութիւն ունենալէ:
Թուրքիոյ ամենազօր Իթթիհատը հազիւ տասը տարի միայն կրցաւ իշխել (1908-1918):
Իտալական ֆաշիզմը քսան տարիէն աւելի չդիմացաւ (1923-1943):
Գերմանական նացիզմը, տասներկու տարի միայն կրցաւ պահել իր տիրակալութիւնը երկրին ու ժողովուրդին վրայ (1993-1945):
Դաշնակցութիւնը Երկրին մէջ ու Երկրին համար ապրեցաւ եւ գործեց լման երեսուն տարի, իսկ Երկրէն դուրս բայց` միշտ Երկրին համար, կը պահէ իր գոյութիւնը ահա քառասուն տարիէ ի վեր` առանց տկարանալու, առանց դեդեւելու, առանց աջ կամ ձախ թեքելու, միշտ կենսունակ, միշտ առոյգ ու գործուն, որովհետեւ իր ուժը դուրսէն չի ստանար, այլ ինք իր մէջ ունի ապրելու եւ տեւելու ներգոյակ զօրութիւնը:
Ատեն մը, 1912-ին կամ 1913-ին, Ակնունի կը յայտարարէր Պոլսոյ մէջ, ի լուր բոլորին.
– Դաշնակցութիւնը միայն մի տեղում եւ մի ժամանակում իր շարքերի մէջ համրում էր աւելի քան վեց հարիւր մտաւորական: Սա կը նշանակի, որ Դաշնակցութիւնը կուսակցութիւն չէ, ազգ է:
Եօթը-ութ տարի աւելի ուշ, 1919-ին եւ 20-ին, բուն իսկ Երկրին մէջ, մեր կուսակցութիւնը ունէր քուէներուն իննսուներկու առ հարիւրը: Այս նոյնպէս կը նշանակէ, որ Դաշնակցութիւը իրաւամբ ազգ է, կուսակցութիւն չէ:
Իր ուժին գիտակցութիւնն է, որ այս կուսակցութիւնը կը դարձնէր ինքնավստահ, թերեւս նաեւ` յոխորտ, եւ իրաւունք կու տայ մեր օրերու Կատոններուն` իրենց ճառերը վերջացնել ճիշդ հռոմայեցի ծերակուտականին պէս. Պէտք է կործանել Կարթագէնը:
Կարթագէնը… Դաշնակցութիւնն է:
Բայց Դաշնակցութիւնը Կարթագէնը չէ ու պիտի չըլլայ երբեք:
Մենք յաճախ յիշատակած ենք ու յաճախ պիտի յիշատակենք նաեւ ասկէ ետք, մեր երէց ընկերներէն մէկուն սա՛ յատկանշական խօսքը.
– Ուտելիք չունէինք, հագնելիք չունէինք, վառելիք չունէինք, բնակարան չունէինք, բայց հայրենիք ստեղծեցինք:
Եւ այս է գերագոյն հերոսութիւնը. հայրենիք ստեղծել բոպիկ, մերկ ու անօթի:
Սարդարապատը մեր հայրերուն նուէրն է մեզի: Եւ Սարդարապատը կը կոչուի մայիս 28: Եւ մայիս 28-ը կը կոչուի Սարդարապատ:
Դաշնակցութիւնը փոքր ազգի մը փոքր կուսակցութիւնն է, թերեւս` «յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ», բայց որ մեծ է իր հաւատքով, ակնկալութիւններով, տենչերով ու երազներով, եւ որ ո՛չ թէ պատմութիւն գրեց, այլ պատմութիւն ստեղծեց (ըսինք արդէն, որ ո՛չ միայն հայրենիք երգեց, այլեւ հայրենիք ստեղծեց):
Իրաւատէրի իր գիտակցութիւնը ըսել ու ընել կու տայ իրեն բաներ, որոնք կրնային պարծուկ մարդու ինքնագովութիւն թուիլ, բայց որոնք ներելի են իրենց ըսածին ու ըրածին վրայ հաւատք եւ վստահութիւն ունեցողներուն:
Դաշնակցութիւնը կը մտածէ ո՛չ թէ իր ուժերուն, այլ իրաւունքներուն վրայ: Հաշուի չ՛առներ իր ուժերը, հաշուի կ՛առնէ միայն իր իրաւունքները: Եւ կը զարմանայ, որ իր այս գիտակցութիւնը, իրաւատէրի գիտակցութիւն, հասարակաց շուկային մէջ կը կոչուի սնապարծութիւն կամ ասոր մօտ բան մը:
Անոնք, որ յամառօրէն կը վազեն իտէալի մը ետեւէն` առանց ընկրկելու, ուշ կամ կանուխ պիտի հասնին անոր:
Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ այս իրողութեան, որ եթէ կանոն չէ, բացառութիւն է գոնէ:
Բ. ԹԱՇԵԱՆ