Աժան Հայրենասիրութիւն
Գրիգոր Զոհրապ գտաւ աժան անմահութեան դեղատոմսը. հիմա արդէն գտնուած է աժան հայրենասիրութեան վիթամինն ալ: Բժիշկի երթալու եւ այցեգին վճարելու պէտք չկայ. կը բաւէ կարդալ հայրենիքէն սփիւռք եւ սփիւռքէն հայրենիք երթուդարձ ընող քանի մը թերթեր ու գիրքեր:
Այսպէս, 1968-ի վերջերը Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ հաստափոր գիրք մը` «Սփիւռքահայութիւնը սոցիալ-քաղաքական պայքարի ուղիներում» խորագրին տակ:
Հեղինակը` Հրաչիկ Սիմոնեան, այս զիկզակ ուղիներուն վրայ երկար ատեն դեգերելէ ետք, մեզի կը հրամցնէ վաւերական սուտեր` փոխանակ վաւերական փաստեր միայն ներկայացնելու: Կը հետեւի, որ իր գրածը ո՛չ թէ պատմութիւն է, այլ պարզ խարխափումներ են, հիւանդ մտքի դատողութիւններ կամ ենթադրութիւններ:
Ասկէ զատ` Սիմոնեան իր բոլոր տեղեկութիւնները քաղած է պղտոր, յամենայն դէպս ոչ վստահելի եւ ոչ յանձնարարելի աղբիւրներէ:
Այս տեսակ հրատարակութիւնները ոչ միայն բան մը չեն աւելցներ գրողին եւ գրել տուող իշխանութեանց վարկին վրայ, այլեւ բան մը կը պակսեցնեն անկասկած: Ընթերցողը, ուղղամիտ ընթերցողը անշուշտ, ներսը ըլլայ թէ դուրսը, կը տեսնէ հետապնդուած նպատակը եւ այլեւս հաւատք չ՛ընծայեր ո՛չ ըսուածին եւ ո՛չ ալ ըսել ուզուածին:
Ուրիշ ատեն ես առիթ ունեցայ քանի մը խօսք ընելու թէ՛ Հրաչիկին եւ թէ՛ իր ջատագոված պայքարի ուղիներուն մասին: Հիմա նորէն այն կարծիքին եմ, որ մէկ հատիկ ճիշդ բան ըսուած չէ շուրջ 700 էջնոց այս անպէտ յայսմաւուրքին մէջ, որ թերեւս վայել է սփիւռքի ծանօթ ու անծանօթ լոթիներուն, բայց վայել չէ Երեւանի ակադեմիկոսներուն եւ բանասիրական գիտութեանց թեկնածուներուն:
Դուրսը մենք շատոնց արդէն վարժուած ենք ամէն օր լսելու կամ կարդալու, որ դաշնակները «հնչուն վարձատրութիւն» կը ստանան. պէտք չունէինք նոյն բանը լսելու նաեւ ներսի պրոֆեսորներէն:
Արդարեւ, Հրաչիկ Սիմոնեանի գրքին մէջ կը կարդանք (էջ 524-543).
«Ահարոնեանն այսօր Փարիզում վիլլայի տէր է դարձել, Դաստակեանը Ռումինիայում խժռում է այնտեղ իբր թէ նաւթ գնելու յատկացուած հազարաւոր ֆրանկները, Պարլամենտի անդամները իւրացրել են մեծ քանակութեամբ հողաբաժիններ: Վրացեանը կողոպտել ու տարել է միլիոնաւոր կարողութիւն (ի՞նչ ըսել է «միլիոնաւոր կարողութիւն». Բ. Թ.) ոսկու հաշուով». այսպէս էր գրում Ալ. Միասնիկեանը նախկին դաշնակցական կառավարողների շահատակութիւնների մասին»:
Միայն այս վկայութիւնը կը բաւէ վերի վերոյ գաղափար մը կազմելու համար այն մասին, թէ Երեւանի պրոֆեսորները ինչպէ՛ս կը դատեն մեզ` դաշնակցականներս:
Միասնիկեանները գրեցին` առանց հաւատալու իրենց գրածին, իսկ Հրաչիկները նոյնութեամբ ընդօրինակեցին` նոյնպէս առանց հաւատալու իրենց ընդօրինակածին: Ի՞նչ էր այս մարդոց դիտումը. բայց միթէ պարզ չէ՞. վարկաբեկել, արատաւորել Դաշնակցութիւնը եւ դաշնակցականները` անոնց մասին հիւսելով այն առասպելը, թէ կողոպտած են Հայաստանի պետական գանձը եւ վիլլա ունին Փարիզի մէջ, իւրացուցած են ընդարձակ հողաբաժիններ, «խժռած» են հազարաւոր ֆրանկներ եւ տէր են «միլիոնաւոր կարողութեան» (ամբողջ Հայաստանի մէջ միլիոն ոսկի կա՞ր արդեօք):
Եւ ըսել, որ կողոպտիչները, 1919-ին, Հայաստանի մէջ, ուտելիք չունէին, վառելիք չունէին, հագնելիք չունէին, ու թէեւ… միլիոններ ունէին, բայց մեռան ու թաղուեցան չքաւորութեան մէջ:
Սուտ ըսածդ այսպէս պէտք է ըլլայ, եղջիւրաւոր:
Ի դէպ, 1934-ին հայ գրականութեան թուխ Արամազդը կաթուածահար ինկաւ բեմին վրայ եւ անդարման ու անօթի պիտի մեռնէր անկասկած, եթէ չըլլար կուսակցութեան հոգատար վերաբերումը: Ամբողջ տասնչորս տարի ընկերներու, բարեկամներու եւ Դաշնակցութեան նպաստովը ապրեցաւ ու դարմանուեցաւ «Փարիզում վիլլայի տէր» այս պուրժուան:
Միլիոններ կողոպտող Սիմոն Վրացեանը ստիպուեցաւ վարժապետի պաշտօն ստանձնել Փալանճեան Ճեմարանին մէջ` ճակտի քրտինքով ապրիլ կարենալու համար: Ինքն ալ աղէտահար ինկաւ Ահարոնեանին պէս եւ անգործութեան դատապարտուեցաւ ամբողջ տարի մը: Ատեն մը հիւանդանոցի մէջ դարմանուելէ ետք փոխադրուեցաւ Ճեմարան, ընկերներու եւ բարեկամներու հոգածու խնամքին ենթակայ: Համազգայինի պատասխանատու վարիչներէն մէկը վերջերս հաւաստեց, որ Կեդր. վարչութիւնը երեսուն հազար լիբ. ոսկի ծախսած է իր տնօրէնին համար:
Իբրեւ Պարլամենտի անդամ` մեծ քանակութեամբ հողաբաժին իւրացնողներէն մէկը` Վահան Նաւասարդեան կուրանալու վտանգին տակ կը գտնուէր իր մահէն 3-4 տարի առաջ: Այդ շրջանին կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի ամէնէն ազդեցիկ անդամն էր: Եւ սակայն աչքերը դարմանելու համար նիւթական միջոցներ չունէր: Ի վերջոյ Ամերիկայի ՀՕՄ-ը հազար տոլարի գումար մը տրամադրեց իրեն, որպէսզի կարենայ Եւրոպա երթալ եւ հոն գործողութեան ենթարկուիլ: Իր մահուան ատեն, 1956-ին, յուղարկաւորութեան ծախքն իսկ կուսակցութիւնը հոգաց, որովհետեւ ստացած թոշակը չէր բաւեր իր առօրեայ ապրուստին:
Լսած եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օրով վարչապետ ու նախարար գրեթէ ամէն օր լուբիա կ՛ուտէին եւ բրինձի երես իսկ չէին տեսներ:
Այդ շրջանին լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեան իմ մէկ հարցումիս պատասխանելով` ըսաւ, որ իբրեւ նախարար ամիսը կը ստանար չորս եգ. ոսկի կամ 12 տոլար (այն ատենուան ոսկիով): Եւ սակայն, երբ խօսք դառնայ այդ երանելի օրերուն մասին, ներսի եւ դուրսի ագիտատորները կ՛ըսեն ու կը կրկնեն, որ դաշնակ նախարարները իշխանակա՜ն թոշակներ կը ստանային:
Ստացածնին ո՛չ իսկ սովորական դռնապանի մը ամսաթոշակն էր սակայն:
Շատ դիւրին է բամբասանքի նիւթ գտնել. փնտռելու պէտք չկայ, պատրաստ նիւթեր կան արդէն, սկսած` Աղթամարի վանքին հաւերէն, Մօրենիկի ոսկի Աւետարանէն եւ… Ահարոնեանի վիլլայէն «Փարիզում»: Կրնային վիլլա մըն ալ Ռուբէնին բաժին հանել Ժընեւի մէջ:
Ռուբէն ըսի եւ միտքս ինկաւ ասկէ 48 տարի առաջ գրած իր մէկ նամակը: Արդարեւ, 1922 օգոստոս 12-ին, Ժընեւէն, ուր կ՛ապրէր 1922-23 տարեշրջանին, կը գրէր Ռ. Դարբինեանին, Պոսթըն.
«Ինձ թւում է, երկար պիտի տեւէ մեր թափառական կեանքը: Ուստի առ այժմ մտածում եմ, թէ ինչպէ՞ս անել, որ ոչ փողոցների մէջ ողորմութիւն խնդրող դառնամ եւ ոչ ալ ծանրացած լինեմ ուրիշների վրայ: Երկուսն էլ խիստ ծանր լինելով` կ՛որոնեմ մի գործ: Այժմ յոյսս մնացել է գիւղացիութիւն անելը, քանի որ արհեստ չունեմ:
«Արդէն գրած էի թէ՛ քեզ եւ թէ՛ ուրիշներին, որ չկա՞ն աշխատանքներ այդ կողմերը, ո՛չ հասարակական, այլ` մասնաւոր: Եթէ կարողանաս գտնել, պիտի փրկած լինեմ իմ հպարտութիւնը, որը նոյնքան թանկ է ինձ համար, որքան իմ գոյութիւնը: Թող այդ աշխատանքը լինի սեւ, թող լինի հեռուն, թէկուզ Պրազիլիա»:
Նամակը հրատարակուած է «Հայրենիք» ամսագրի 1963 նոյեմբերի թիւով: Այդ թուականներուն հրատարակուեցան նաեւ բազմաթիւ այլ նամակներ, գրուած` մեր ականաւոր ու պատասխանատու ընկերներուն կողմէ: Կը յիշեմ Միք. Վարանդեանի մէկ նամակը, որով կը յայտնէր, թէ հիւանդ պառկած է, եւ թէ ամիսը քսան տոլարով պիտի կրնայ ապրիլ, եթէ անշուշտ այդ գումարը տուող մը ըլլար իրեն:
Ահա՛ այսպէս կ՛ապրէին մեր մեծ ընկերները արտասահմանի մէջ, բայց Հրաչիկները եւ պրակտիկ օժանդակութիւն ստացող անոնց համհարզները բերնի ծամոց դարձուցած են ըսել ու կրկնել ամէն տեղ, ամէն ատեն ու ամէն առիթով.
– Դաշնակները հնչուն վարձատրութիւն կը ստանան…
Բ. ԹԱՇԵԱՆ
