Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Յունուար 1970)

Յունուար 18, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծննդեան Հարիւրտասնամեակին Առիթիւ

Մեր Քրիստափորը

Դժուար, գոնէ` մեզի համար դժուար, թերեւս նոյնիսկ անկարելի է «դիմանկարել», այս  կաղոտն գիւղացին, որ հիմա դարձած է «Մեր քրիստափորը», բայց զոր իր ժամանակակիցները կոչեցին կախարդ, մարդակերտ, ցեղակերտ, հայրենակերտ:

Այս վերադիրներէն ո՞րն է իրականութեան ամէնէն մօտն ու ամէնէն յատկանշականը: Ո՛չ մէկը, ո՛չ միւսները առանձին, այլ` բոլորը միասին: Կախարդ էր իր խօսքին զօրութեամբը, մարդակերտ, ցեղակերտ եւ հայրենակերտ էր իր գործին կշիռովը:

Ագուլիսցի վարժապետը, ծագումով խոնարհ, կեանքով հարուստ, կամքով հզօր, առաջնորդ ծնած էր եւ ո՛չ թէ` առաջնորդ դարձած: Ի՛նքն էր, որ անձեւը ձեւի վերածեց եւ անկազմակերպը` կազմակերպեց:

Ամէն անգամ, որ հարկ ըլլայ քանի մը խօսք ըսել «Մեր Քրիստափորի» մասին, շփոթանքի ու վարանումի զգացում մը կ՛ունենանք յանկարծ: Ի՞նչ ըսել, որ եթէ յաւելում մը չըլլայ, նուազում մըն ալ չըլլայ: Մենք «լսողաց» ենք, «տեսողաց» չենք: Եւ չկայ արդէն վերջամնաց մը մեր ժամանակակիցներուն մէջ, նոյնիսկ` վեթերաններու փաղանգէն, որ ապրած ըլլայ մեծ Քուրմին հետ: Միակ բացառութիւնը տիկին Ռուբինան է, 1905-ին օրիորդ Ֆայնը: Առիթով մը, իմ մէկ հարցումիս պատասխանելով, Ռուբինա-Ֆայն ըսաւ ինծի. «Նա (Քրիստափորը) բարձր մարդ էր»: Եւ աչքերը լեցուեցան…

Սա՛ միայն գիտենք,- եւ ստուգապէս գիտենք, թէ Քրիստափորէն առաջ հայ յեղափոխութիւնը տեսութիւն էր միայն, Քրիստափորի հետ եւ Քրիստափորով դարձաւ գործ, կովկասեան բացատրութեամբ` պրակտիկա:

Յեղափոխութիւն քարոզեց, յեղափոխութեան սերմնացաններէն եղաւ, օրինակ, փայաջուկցի գեղջուկը` Րաֆֆի: Սերմնացնէն ետք եկաւ հնձուորը: Եւ ինչ որ ցանած էր Րաֆֆին, Քրիստափորը հնձեց:

Կրնանք ըսել տակաւին, թէ հայ յեղափոխականը, հայ ժողովուրդի ամենազգայուն տարրը, յաւելեալ արժէքի հարցը դարձուց յաւելեալ արեան հարց:

Քրիստափոր, «յաւելեալ արիւն»-ի գաղափարափախօսներէն, չորս միլիոն հայու սիրով կը սիրէր իր ժողովուրդը եւ չորս միլիոն հայու տառապանքով կը տառապէր իր ժողովուրդին համար: Այս կը նշանակէ, որ հայ մը չէր այս մարդը, այլ հայութիւնն էր: Ուստի ո՛չ է անձնական, այլ անանձնական էր իր տառապանքն ալ: Կեդրոնը ինք չէր, կեդրոնը ցեղ էր:

Երկրորդ հաստատումը, զոր կրնանք ընել անվարան, այն է, որ Դաշնակցութեան աւագ հիմնադիրը, Երրորդութեան մէջ եռամեծը, գրեթէ առանձինն, միս-մինակը կրցաւ մեր Դատը դուրս բերել իր նեղ շրջանակէն եւ դնել աւելի լայն շրջանակի մը մէջ: Բացառաբար իր անհատական նախաձեռնութեան շնորհիւ, հայկական հարցը, պահելով հանդերձ միշտ ազգային իր բնոյթը, դարձաւ եղաւ միջազգային հարց:

Եւ նորէն ի՛նքն էր, միշտ ի՛նքն էր, որ համակրութիւն ստեղծեց մեր Դատին ու ժողովուրդին հանդէպ` «Փրօ Արմենիա»-ն հիմնադրելով եւ անոր շուրջ համախմբելով իր ժամանակի օտար առաջաւոր դէմքերէն` Քլեմանսոն, Փրեսանսէն, Անաթոլ Ֆրանսը, Ժան Ժորեսը, Տընի Քոշենը, Փիեռ Քիյեարը եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Վերջինը` Փիեռ Քիյեար, գրեթէ «հայացաւ» մոգական ազդեցութեանը` տակ Քրիստափորի, զայն «մեր Քրիստափորը» կոչելով եւ անոր անձէն, վարկէն ու հմայքէն բաժին մը հանելով իր երկրին` Ֆրանսայի եւ իր ժողովուրդին` ֆրանսացիներուն: Ի՛նքն էր, այս «հայացած» ֆրանսացին, որ կը գրէր 1905-ին, Քրիստափորի մահուան վաղորդայնին.

«… Այնուհետեւ, մօտիկ լինէր նա թէ հեռու, ես ոչինչ չեմ ասել, ոչինչ չեմ գրել, ոչինչ չեմ արել` առանց հարցնելու ինքս ինձ, թէ կը մտածէր նա ա՛յս խօսքի, ա՛յս նախադասութեան, ա՛յս արարքի մասին»:

Ասիկա ուրիշ բան չէ, այլ եթէ` դրոշմ: Հայ Քրիստափորին դրոշմը` ֆրանսացի «Քրիստափոր»-ին վրայ:

Դրոշմ ունենալ նախ, դրոշմ փոխանցել` ապա: Այս է բարձրագոյն ստուգանիշը, արժէքի ստուգանիշ, կեանքի, ինչպէս գրականութեան մէջ: Դրոշմ ունեցող մա՛րդը միայն առաջնորդ է կեանքի մէջ, ինչպէս դրոշմ ունեցող մա՛րդը միայն արուեստագէտ է գրականութեան մէջ:

Դաշնակցութեան եռամեծ հիմնադիրը առանց համազգեստի զօրապետ մըն էր, ղեկավար մը, կազմակերպող մը` այս բառին լաւագոյն եւ լի-իրաւ իմաստով: Չունէր պերճ լեզու, արտաքին փայլ ու շուք, բայց կազմակերպող էր: Փայլուն մարդիկ շատ կան մեր մէջ, եղած են ու պիտի ըլլան, բայց կազմակերպող մարդիկ` քիչ:

Անկաշառ էր, ուղղամիտ, հզօր ու տիրապետող անհատականութեան տէր: Իր խօսքը պատգամ էր, իր գործը` ուղեցոյց: Հաւասարներու մէջ առաջիններէն էր, առաջիններուն մէջ` գերազանցներէն: Ունէր հաստատուն նկարագիր, անթեքելի կամք, անսխալ եւ անվրէպ դատողութիւն, բարոյական անկշռելի առաքինութիւններ:

Գիտէր կերպը հակամարտ ու կեդրոնախոյս տարրերը քով քովի բերելու, շաղախելու նոյն շաղախով եւ ստեղծելու ներդաշնակ միութիւն կամ միակամ ներդաշնակութիւն: Կ՛իշխէր մարդոց վրայ ո՛չ թէ իբրեւ պետ, այլ` իբրեւ սրտակից ընկեր, իր խօսքին կշիռքովը, անձին հմայքովը, գործին փայլովը: Կ՛իշխէր առանց հրամայելու, թելադրելով, աւելի ճիշդ` ներշնչելով:

Մարդ ճանչնալու, գործակիցներ ընտրելու, յարմար մարդը յարմար գործի վրայ դնելու ձիրք ունէր: Անաչառ, բայց հաշտարար ոգի ունէր: Վարուելու ուղիղ եւ արդար կերպ մը ունէր: Զինաթափ կ՛ընէր նոյնիսկ հակառակորդը` դիմելով ո՛չ այնքան անոր զգացումներուն, որքան` տրամաբանութեան ու դատողութեան:

Անյիշաչար էր, վեհանձն, անգլիական բարքերը յատկանշող ճենթըլմեններէն, բայց աններող էր կուսակցական էթիկայի դէմ գործողներուն հանդէպ: Իր մօտիկ ընկերներուն իսկ վկայութեամբ, ի՛նք ստեղծած էր այս էթիկան եւ ինքն ալ կը պահէր զայն բծախնդիր բարեխղճութեամբ:

Աստուած խիղճ մը դրած էր այս փխրուն անօթին մէջ, ինչպէս` Սիմոնին ու Ռոստոմին մէջ: Յաճախ խիղճն էր, որ կը վարէր զիրենք: Կ՛ըսուի, թէ Քրիստափոր կը մտածէր երբեմն, որ մի գուցէ իր կարծիքը համապատասխանած չըլլայ ճշմարտութեան: Սխալելու վախը ունէր, որովհետեւ գիտակից էր, լիովին գիտակից` իր պատասխանատու դերին ու կոչումին:

Այս դերին համար եւ այն դերին համար, ծանօթ թէ անծանօթ, զոր ուրիշներ յանձն պիտի չառնէին կատարել իշխանական թոշակներով, Քրիստափոր իր իսկ հիմնած կազմակերպութենէն կը ստանար ամսական հարիւր յիսուն ֆրանք: Եւ կ՛ապրէր համեստ, շատ համեստ պայմաններու մէջ:

Քրիստոսի առաքեալները ձկնորս էին կամ հովիւ, աւելի բան չէին Դաշնակցութեան «առաքեալ»ներն ալ:

Հռետոր չէր Քրիստափոր, նոյնիսկ դժուարաւ կը խօսէր, երբեմն` բառերը փնտռելով: Բայց ունէր բանականութեան պերճախօսութիւնը: «Հռետորութեան» արուեստին մէջ իրմէ աւելի խոնարհ, իրմէ աւելի անշուք էր Ռոստոմ, որ կը շուարէր ու կը շփոթէր, երբ հարկ ըլլար խօսիլ տասը հոգիի առջեւ: Կը թուի, թէ բաղդատաբար ամէնէն «պերճախօս»-ն էր Զաւարեան:

Քրիստափորի ճառերէն եւ զեկուցումներէն հետք չկայ այսօր: Կուսակցութեան, ընդհ. ժողովներուն մէջ խօսած, այսպէս ըսենք, իր «ճառ»-երն իսկ արձանագրուած չեն տեղ մը:

Խօսելու մէջ աշկերտ, գործելու մէջ վարպետ էր սակայն: Եւ եթէ իր խօսքէն շատ բան մնացած չէ, իր գործէն մնացած է Դաշնակցութիւնը:

Նիկոլ Աղբալեանի ըսածին պէս` դեմոկրատ էր իր կամքով, բայց արիստոկրատ էր իր գրականութեամբ, եթէ գրականութիւն պիտի համարենք այն փոքրածաւալ գրքոյկը, որ ծանօթ է «Ամբոխային տրամաբանութիւն» անունով:

Դէպքերը ճիշդ կ՛ըմբռնէր, եզրակացութիւններն ալ ճիշդ կը հանէր: Լաւապէս ըմբռնած էր նաեւ պետութիւնները վարող միակ մտահոգութիւնը` պետական շահեր: Ամէն բան օտարներէն չէր սպասեր: Ի՜նչ, կ՛ըսէ տեղ մը իր միակ գործին մէջ, կ՛ուզէիք, որ օտարնե՞րը վարէին մեր դատը եւ մեզի համար շագանակնե՞ր հանէին կրակէն: Կ՛ուզէիք, որ Հայաստանը գրաւէին եւ մեզի նուէ՞ր ընէին: Մենք ձեռնածալ նստած` մեր երկրի եւ ժողովուրդի ազատագրութիւնը օտարներէ՞ն սպասէինք ու յուսայինք:

Ինծի կը թուի, թէ այս հարցումներուն մէջ պէտք է փնտռենք մեր Դատին աքիլլէսեան կրունկը…

Բ. ԹԱՇԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Տարօրինակ Թուականներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?