Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Յունուար 1970)

Յունուար 17, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

… Եւ Դուն, Հա՛յ Երիտասարդ

Երէց սերունդին կաշկանդումներուն, կաղապարներուն ու քմահաճոյքներուն դէմ բարձրացուցած երիտասարդներուն դժգոհութեան ալիքը` թէ՛ դրամատիրական երկիրներու մէջ եւ թէ՛ ամբողջատիրական կարգերու տակ, դեռ կը շարունակուի եւ հանդարտութեան որեւէ յոյս չի ներշնչեր: Ապարդիւն անցան երեւոյթին հանգոյցները հասկնալու եւ լուծելու միտող ընկերաբաններուն ու մտածողներուն բոլոր ճիգերը, եւ բացուած խրամատը գոցուելու փոխարէն` հետզհետէ աւելի ու աւելի կը լայննայ:

Դրամատիրական երկիրներուն մէջ առհասարակ մեքենային, գործատիրոջ ու գրքունակ փրոֆեսէօրին ճնշումներուն, բռնութեան ու կաղապարներուն դէմ է պայքարը, մինչ ամբողջատիրական կարգերուն տակ ան կը մղուի սահմանադրութիւնը բռնաբարող ոստիկանին դէմ` ոստիկան կառավարիչին, ոստիկան հսկիչին, ոստիկան գրաքննիչին դէմ:

Ամբողջատիրական երկիրներու երիտասարդութեան ապագան աւելի դժուար է հարկաւ, աւելի սրտառուչ ու հերոսական, քան` արեւմտեան երկիրներու մէջ շնչող երիտասարդին կացութիւնը: Այս վերջինը իր հոգին ամայացնող մեքենային, գործատիրոջ կամ գրքունակ փորֆեսէօրին ճնշող ու միապաղաղ աւանդներուն դէմ իր ողբը ճչալու համար դեռ ունի որոշ ազատութին մը` փողոցը, մամուլը, իր ժողովուրդին մէկ մասին գործօն մասնակցութիւնը, որոնցմէ բոլորովին զրկուած է սոցիալիզմի կառուցած դրախտին մէջ ապրող դժբախտը, որ անտեսուած իր իրաւունքները յիշեցնելու  համար երէկ իր կեանքովը կը վճարէր, իսկ այսօր կը վճարէ իր կեանքին ամէնէն թանկագին տարիները կեդրոնացման ճամբաներուն մէջ:

Առանց նոյն շարժառիթները ունենալու` երիտասարդ սերունդը մեր մէջ եւս ասպարէզ իջած է հիներուն դէմ: Մերինները մեքենային ու ոստիկանին փոխարէն` դժգոհութեան իբրեւ պատճառ ունին հիներուն հակամարտութիւնները, որոնք, իբր թէ, եղան անոնց հիմնական զբաղումները` պատճառ դառնալով կենսական գործերու անտեսումին:

Հիներուն ըրածը չընել, կ՛ըսեն երիտասարդներէն ոմանք, ընել անոնց չըրածը, կը պոռան բարձրաձայն: Ի՞նչ` սակայն:

Ինչը չկայ, յայտարարութիւնը կայ, որ ընդհանրապէս գործ ունեցող ու գործին հաւատացող մարդոց մասին չի վկայեր:

Հիները, գէշ աղէկ, ժառանգականութեան մը ապրումը տուին մեզի, ազգային գիտակցութեան մը տէր կացուցին մեզ, փոխանցեցին լեզուն, Հայ դատին նուիրուելու կիրքը, իբրեւ հաւաքականութիւն ապրելու ուրիշ բազմաթիւ միջոցներ, առանց որոնց` հաւանաբար գոյութիւն պիտի չունենար այն երիտասարդը, որ այսօր դժգոհութեան դրօշակ կը պարզէ: Մեր երիտասարդ տարրին ելոյթներուն խորամուխ մարդը զուր կը փնտռէ նախազգացուած վստահելի հեռանկար մը եւ գործունէութեան յստակ առաջադրանքներ, եւ յաճախ այն տպաւորութիւնը կը ստացուի, որ օտարներէն ետ չմնալու մարմաջի մը հետեւանք է դժուարութիւնը մեր մէջ, որով` ոչ արդիւնաւոր: Հիներու գործածած լեզուին, մշակած գրականութեան, հետապնդած դատին նոր որակ ու լուծում տալու փառասիրութիւնը հասկնալի փառասիրութիւն մըն է, պէտք է գոյութիւն ունենայ երիտասարդին մէջ նման կիրք մը, ժողովուրդի մը ժառանգութիւնը միշտ պէտք ունի երիտասարդ խաւին նոր նպաստին, ատոր անձկութեամբ կը սպասէ ամէն ոք` ցաւելով բառախաղային միւս բոլոր ելոյթներուն եւ դժգոհութեանց պերճանքներուն համար:

Մեր դրամագլուխը մեծ չէ, եւ ճիշդ ատոր համար պերճանքներուն չենք կրնար շատ ժամանակ յատկացնել: Ո՛չ հիներուն ճիգը կրնանք առ ոչինչ համարել եւ ո՛չ ալ երիտասարդներուն ներգոյակ ուժը անտես առնել: Ո՛չ ապերախտութեան կրնանք տուրք վճարել, ո՛չ թերահաւատութեան: Մեր գործերը խելացի ձեւով, իրեր հասկացողութեամբ, փոխադարձ զիջումներով, յարգանքով ու գորովով տնտեսելու հրամայականի մը առջեւ կը գտնուինք, որուն պարտաւոր են ընդառաջել ե՛ւ հիները ե՛ւ նորերը:

– Մարդոց մէջ,- կ՛ըսէր Ուիլիըմ Սարոյեան իր մէկ գրութեան մէջ,- ուր ալ ապրին անոնք, պէտք է գոյութիւն ունենան բարութիւնը, բարեկամութիւնը, հասկացողութիւնը, որոնց այնքան շատ պէտք ունինք բոլորս: Եւ դուն ալ, երիտասա՛րդ»:

Եւ դուն մանաւանդ` հայ երիտասարդ:

 

«Մեթրօ Կոլտուին Մէյըր»-ի Նոր Մէկ Քայլը`
«
Մուսա Տաղի 40 Օրերը»
Շարժանկարի Վերածելու Նպատակով

Մեր պաշտօնակիցը` «Հայրենիք», իր 7 յունուար 1970-ի թիւին մէջ կը գրէ.

Տարիներէ ի վեր պարբերաբար լուր կը շրջի, թէ շարժանկարային ծանօթ ընկերութիւնը «Մեթրօ Կոլտուին Մէյըր», պիտի ձեռնարկէ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Տաղի քառասուն օրերը» շարժանկարի վերածելու աշխատանքին:

Վերոյիշեալ ըներութեան փոխնախագահը վերջերս փրոֆ. Վահագն Տատրեանի յղած է նամակ մը, որով պաշտօնապէս կը յայտնէ, որ յիշեալ վէպին անգլերէն թարգմանութիւնը յանձնուած է արդէն անգլիացի թատերագիր Հաուըրտ Քլիւսի, որ փորձառու եւ ականաւոր մասնագէտ մըն է վէպերը շարժանկարի յատուկ ատաղձի փոխակերպելու արուեստին մէջ: Ուրեմն` նոր ժապաւէնագիր «մոշըն փիքչըր սքրիփթ) պիտի պատրաստուի:

Ինչպէս յայտնի է, փրոֆ. Վ. Տատրեան տարիներէ ի վեր յամառ կերպով կը հետապնդէր այս գործը: Ասկէ չորս տարի առաջ ան ընդարձակ նամակով մը դիմած էր նոյն ընկերութեան` մանրամասնօրէն շեշտելով վէպին ընդհանուր արժանիքները եւ «Մեթրօ Կոլտուինի»-ի բարոյական պարտականութիւնը: Նոյն նամակին պատճէնները ան ղրկած էր ամերիկեան դեսպան Մորկընթաուի թորան, որ նոյնպէս շարժանկարով կը զբաղի, եւ` «Ամերիկա, Ամերիկա» շարժանկարի յոյն հեղինակ Էլիա Քազանի: Այս վերջինը իր պատասխանին մէջ շեշտած էր, որ տասը տարիէ ի վեր զո՜ւր ճգնած է հեղինակի իրաւունք ձեռք ձգել Վերֆելի վէպին համար,  զոր շատ նպատակայարմար գտած է շարժանկարի վերածելու տեսակէտով:

Փրոֆ. Տատրեանի ուղարկուած նամակին մէջ կը շեշտուի, որ շարժանկարի աշխատանքին ձեռնարկելու վերջին որոշումը պիտի տրուի միայն այն ատեն, երբ Քլիւսի պատրաստած թատրերգութիւնը տնտեսական, թեքնիք եւ արտադրողական տեսակէտով նպատակայարմար նկատուի:

Վերջին նամակով մը փրոֆ. Տատրեան ընկերութեան ուշադրութեան յանձնած է մեր բազմավաստակ աշխատակից Հայկազն Ղազարեանի յօդուածը, որով ան թարգմանիչին կարգ մը թերացումները կը մատնանշէր` դիտել տալով, որ թարգմանիչը թուրք բարբարոսութիւնները մեղմացնելու միտում ցոյց տուած է: Այդ յօդուածի հայերէն բնագիրը հրատարակուած էր «Հայրենիք» ամսագրի 1951 յունիսի եւ «Արմինիըն Ռըվիւ»-ի 1963 սեպտեմբերի թիւերուն մէջ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կոմիտաս Եւ Առասպելագիտութիւն Գ. Բնագիր Եւ Թարգմանութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?