Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Յունուար 1967)

January 18, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տոմս

 Քիչ Մը Խնայենք

Դժգոհութիւնները յաճախ ծնունդ կ՛առնեն ո՛չ միայն թիւրիմացութիւններէ, այլ նաեւ` որոշ բարեմտութիւններէ:

Մարդ ենք, կրնանք դժուարութիւններ ունենալ զանազան ձեւի, կարիքը ունենալ մարդոց, բարեկամներու օժանդակութեան` կարգադրելու համար մեծ ու պզտիկ ինչ-ինչ հարցեր:

Կը դիմենք ասոր, կ՛երթանք միւսին ու կը սպասենք, որ բարեկամութեան օրէնքով մեր գործերը կարգի մտնեն:

Ձեր տան ջուրը կտրուած է: Կրնայ պատահիլ, որ չէք գիտեր, թէ որո՞ւ պէտք է դիմէք, որպէսզի ձեր ջուրը կրկին ու շուտ հոսի:

Ձեր թաղի թաղապետին կ՛երթաք: Կը խնդրէք, որ կարգադրէ՛ ձեր ջուրին հարցը:

Թաղապետը ձեզի կու տայ հեռաձայնի թիւ, կը բացատրէ ջուրի կեդրոնական շէնք-գրասենեակը:

Թաղապետը գոհ է, որ օգտակար եղած է ձեզի:

Դուք հեռաձայնը կը բանաք` զբաղած է: Կ՛երթաք ջուրի գրասենեակը, չէք յաջողիր ձեր դժուարութիւնը բացատրել, կարգադրել:

Կը մեղադրէք թաղապետը:

Կը մտածէք դիմել աւելի մեծին:

Ձեր մէկ բարեկամը կը ճանչնայ պետական երեսփոխանը: Թերեւս` նոյնիսկ այսինչ եպիսկոպոսը: Հապա անգամ մը անո՞նց օժանդակութիւնը խնդրէիք:

Ու` կը փորձէք:

Ձեր ջուրի խնդիրը կը հասնի երեսփոխանին, կը հասնի եպիսկոպոսին, չըսելու համար` նոյնիսկ կաթողիկոսին: Ու ձեր ջուրը միշտ կրնայ ուշանալ: Անհրաժեշտ վճարում չէք ըրած ժամանակին, չունիք ձեր թիւը, պակաս բան մը կայ:

Ջուրը կ՛ուշանայ` հակառակ երեսփոխանին ու եպիսկոպոսին գիտակցութեան:

Չ՛ա՞րժեր արդեօք թերթի խմբագրին հեռաձայնել ու խօսիլ այս ջուրի գայթակղութեան մասին:

Ու այս մասին, արդար է անշուշտ ձեր կողմէ, ձեզի հանդիպած բարեկամին յայտնել ձեր դժգոհութիւնը երեսփոխանին, եպիսկոպոսին, խմբագրին, ազգի՛ն, ու շատերու մասին:

Ամէն հարց ամէ՛ն մարդու պէտք չէ տանիլ, որպէսզի ամէն մարդ մնայ ի՛ր գործին մէջ:

Երբ երեսփոխանէն սպասուի տան մը ջուրի կարգադրութիւնը, երբ դրացիի մասին բողոքելու երթաք եպիսկոպոսին, վա՜յ է եկեր լուրջ գործերու դասաւորումին:

Ամէ՛ն փորի ցաւի համար բժիշկի չեն երթար, մանաւանդ` հիւանդանո՛ց չեն մտներ: Բժշկապետ չե՛ն փնտռեր:

Խնդիրներ, հարցեր կան, որոնք պարզ անձնական ուշիմութեամբ ալ կը վերջանան:

Թաղապետին տարուելիք գործերը նախարարին չտանի՛լ. այս է հիմնականը, որպէսզի զուր թիւրիմացութիւններ չստեղծուին…

ԱՍԻԱՑԻ

 

Հայ Դատ

 ՄԱԿ-ը Պաշտօնապէս Կ՛արձանագրէ Հայ Դատի Յուշագիրը

 «Նախայարձակում» Բառին Սահմանումին Շուրջ

(Մասնաւոր Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)

ՄԱԿ-ը պաշտօնապէս արձանագրեց Հայ դատի յանձնախումբին յուշագիրը` «Նախայարձակում» բառին սահմանումին շուրջ:

Ընդհանուր ժողովի 22-րդ շրջանի պաշտօնական մէկ փաստաթուղթը` A/INF/ /122/Add 15 դեկտեմբեր 1967, կը յիշէ Հայ դատի յուշագիրը: Այս փաստաթուղթը կը յիշատակէ նաեւ ինը զանազան յուշագիր-նամակներ` ընդհանուր ժողովի հարցերու շուրջ.-

ՀԱՐՑ 95, ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԲԱՌԻ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄ
Թիւ. 9
Թուական. 4 դեկտեմբեր 1967
Տեսակ. Յուշագիր
Հեղինակ ու աշխարհագրական կեդրոն. Հայ ազգային յանձնախումբ Ամերիկայի (Հայ դատի յանձնախումբի անգլերէն անունը), Պոսթըն, Միացեալ Նահանգներ:

***

Առաջին անգամ է, որ հայկական յուշագիր մը կը յիշատակուի ՄԱԿ-ի կողմէ:

ԼԵՒՈՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

 

Նախորդը

Գնաճի Մասին…

Յաջորդը

Ինչպէ՞ս Օգնել Քննութեան Պատրաստուող Երեխային

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.