Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Յունուար 1968)

January 11, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծագոյն Ուաշինկթընի «Յակոբ Արապեան»
Հայ Մշակոյթի Կեդրոնին Բացման Հանդէսը

Ճաշկերոյթին Հանգանակուած Է 61 Հազար Տոլար
Տէր Եւ Տիկին Ընկ. Մարկոս Քէշիշեան Եւ Զաւակները
Նուիրած Են 10 Հազար Տոլար

Դեկտեմբեր 9-ին բարձր ու խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած է Մեծագոյն Ուաշինկթընի «Յակոբ Արապեան» հայ մշակոյթի կեդրոնի բացման ճաշկերոյթ-հանդէսը` նախագահութեամբ ամերիկահայոց առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեանի:

Բարի գալուստի խօսքը ուղղած է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Բալեանը: Յայտագիրը գործադրած է շինութեան յանձնախումբի ատենապետ փաստաբան Միլթըն Կելենեանը:

Կարդացուած է Խորէն Ա. կաթողիկոսին կոնդակը:

Յաջորդաբար խօսք առած են` առաջնորդ Հրանդ արքեպիսկոպոս, էջմիածնական թեմի հոգեւոր հովիւ Փառէն վրդ. Աւետիքեան, ՀՅԴ «Սեպուհ» կոմիտէի կողմէ Մկրտիչ Մարտիրոսեան, ՀՕՄ-ի մասնաճիւղին կողմէ երիցուհի Սիրարփի Խոյեան, ՀԵԴ «Անի» ուխտին կողմէ Գայեանէ Բալեան, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ կողմէ Երջանիկ Լուսարարեան եւ երեսփոխան Գ. Ղազիկեան:

Ապա ներկաները յոտնկայս յարգած են յիշատակը Հայ կեդրոնի հիմնադիր բարերար հանգուցեալ Յակոբ Արապեանի, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հիմնադիր անդամ եւ կնքահայր հանգուցեալ Խաչիկ Յարութիւնեանի եւ հանգուցեալ ազգային բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեանի:

Այնուհետեւ խօսք առած են Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Ովսաննա Շաւարշունի եւ յանուն ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին` տոքթ. Օշին Տէր Ստեփանեան, որուն կսկծալի մահը գուժեցինք մեր երէկուան թիւով:

Գործադրուած է գեղարուեստական յայտագիր մը: Ապա շինութեան յանձնախումբին գործօն անդամ Ժիրայր Յարութիւնեան ձեռնհասօրէն վարած է հանգանակութիւնը:

Տէր եւ տիկին ընկ. Մարտիրոս Քէշիշեան եւ զաւակները նուիրած են 10 հազար տոլար, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութիւնը` 6 հազար տոլար եւ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղը` 5 հազար տոլար: Ստեղծուած խանդավառ տրամադրութեան մէջ շարունակուած է հանգանակութիւնը եւ ընդհանուր գումարը հասած է 61 հազար տոլարի: Ճաշկերոյթը վերջ գտած յոտնկայս խմբերգուած «Կիլիկիա» երգով:

Յաջորդ օր` կիրակի, դեկտեմբեր 10-ին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. պատարագէն ետք տեղի ունեցած է օրհնութեան արարողութիւնը հիմնաքարին, որուն վրայ արձանագրուած է «Յակոբ Արապեան հայ կեդրոն Մեծագոյն Ուաշինկթընի»:

Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Համաստեղ» շաբաթօրեայ հայկական դպրոցի աշակերտութեան կողմէ գործադրուած է սրտայոյզ յայտագիր մը:

Վերջին խօսքը տրուած է Հայ կեդրոնի շրջանէն ծերակուտական Հուտի:

Հայ կեդրոնի բացման այս փառաւոր հանդիսութիւնը վերջ գտած է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կողմէ կատարուած հիւրասիրութեամբ:

Կոչ` Կոչի Մը Առիթով

Գրեթէ ամէն օր կոչ մը կը  կարդանք թերթերուն մէջ: Կոչ` աշխատանքի, կառուցման, օժանդակութեան: Տեւականացման կամ բարւոքման հեռանկարներով խմբագրուած կոչեր: Անոնցմէ ոմանք տեղական բնոյթ ունին եւ տեղական արձագանգներով կը բաւարարուին: Կան սակայն ուրիշներ, որոնք ամբողջ հաւաքականութեան մը խղճմտանքը շարժող ուժ մը ունին, կամքը լարող ձգողութիւն մը ունին, առնուազն պէտք է ունենան, արժանի՛ են:

Համազգային տարողութիւն ունեցող այդ կոչերէն մէկը Րաֆֆիի տունը վերակառուցելու առաջադրութեամբ կազմուած կոչն է անկասկած, զոր թաւրիզահայութեան մշակութային կեդրոններու ընտրանին յանձնեց մամուլին:

Հարիւր երեսուներեք տարի առաջ ծնաւ Րաֆֆի, ու հակառակ իր գիւղին վրայէն անցած աւերիչ փոթորիկներուն` տունը կը պահուի ցայսօր ու կը տրուի մեզի թանկագին գանձի մը պէս:

Տունը աւերակ վիճակի մէջ է, կ՛ըսէ կոչը, ու կորստեան վտանգէն եւ վերջնական մոռացումէն ազատագրելու համար զայն` կը դիմէ աշխարհի բոլոր հայերուն:

Մեր գրագէտներուն եւ մեծերուն ծննդավայր տուները պահելու հնարաւորութիւններ միշտ չեն տրուած մեզի, ու տրուածը, այս պարագային` Րաֆֆիի տունը, պէտք է կարենանք արժանաւորապէս պահել:

Հսկայական ձայն մըն էր Րաֆֆի, հսկայ տաղանդ մը, լոյս մը, որ մեր պատմութեան ամէնէն մութ օրերուն բացուեցաւ ողջ հայոց երկրին վրայ եւ ողողեց բոլոր հոգիները: Ինքզինք բացարձակապէս իրագործած գրագէտն է ան տակաւին, ամէնուն բաշխուած գեղեցկութիւն, ոգեղինացում: Ու ճիշդ այս պատճառով` իրեն կապուած նոյնիսկ իրե՛րը արժէք ունին, կեա՛նք ունին ժողովուրդի իմացումին մէջ, առաւել քան միւսները կեանք եւ արժէք ունի տո՛ւնը, ուր բանը մարմին առաւ եւ ճառագայթեց վասն ձեր եւ բազմաց:

Նոյն երեւոյթին նկատմամբ ճիշդ նոյն վերաբերումը, հոգածու նո՛յն խնամքը կը դրսեւորեն բոլոր ազգերը, մշակուած բոլոր ժողովուրդները: Կը պահեն իրենց մեծ զաւակներուն ծննդավայր-տուները եւ ծննդավայրը կը դարձնեն ուխտավայր: Անգլիա այցելող ամէն մշակուած միտք Շէյքսփիրի տունը այցելելու մղում մը կը զգայ իր մէջ: Մենք անձերու հանդիպած ենք, որոնք Ամերիկայէն Ֆրանսա եկած են Ժան Ժիրոտուի տան առջեւ հեղ մը ծունկի գալու կարօտին գոհացում տալու համար պարզապէս: Այսպէս է:

Հիմա Րաֆֆիի տունը վերակառուցելու հարցը դրուած է մեր առջեւ, ու Րաֆֆին նուազ մեծ չէ մեզի համար, քան` անգլիացիներուն Շէյքսփիրը կամ ֆրանսացիներուն Ժիրոտուն:

Ամբողջական հայութեան վիպագիրն է Րաֆֆի, ու ամբողջական հայութիւնը պարտք մը ունի այս հսկային փոքրիկ տան հանդէպ…

Պ. Ս.

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հացին Խորհուրդը` Հայերուս Մէջ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.