Մտածումներ Վաղուան Մասին
Նոր տարին, որ կը սկսի ահա թաւալիլ, յատուկ իմաստ մը կը պարունակէ, եւ սպասումներ` մարդկութիւնը բաղկացնող տարրերէն իւրաքանչիւրին համար:
Մարդկութիւնը համադրութիւն մըն է փոքր ու մեծ ազգերու, պետութիւններու, հաւատամքներու, քաղաքակրթութիւններու, տնտեսական կառոյցներու, կարելիութիւններու եւ անկարելիութիւններու:
Մարդկութեան անունով խօսելու համար, պէտք է նախ ընդունիլ իրաւունքի գոյութիւնը, զայն բաղկացնող տարրերուն իրաւունքները:
Եթէ թշուառութիւն կայ աշխարհի երեսին որեւէ անկիւն` թշուառ մարդկութիւն մըն է, որ կ՛ապրի շողշողուն բառերու եւ վարդապետութիւններու ետին:
Եթէ սեփական հայրենիքէ զրկուած ազգեր կան` կը նշանակէ ուրիշներու հայրենիքը բռնագրաւող ազգեր եւ պետութիւններ կան:
Եթէ ազատութենէ զրկուած ժողովուրդներ կան, լրիւ է ոչ մէկուն ազատութիւնը, եւ վաղուան լեղի հացն է մեծերուն համար` իրենց համեմատաբար աւելի մեծ ազատութիւնը:
Եթէ անկախ գոյութիւնը կը զլացուի այս կամ այն ազգին, այս կամ այն հաւասարակշռութիւնը չխախտելու մտահոգութեամբ, անխուսափելիօրէն կը ցանուին անկախութեան համար պայքարի սերմեր, որոնք այդ հաւասարակշռութեան պահպանման չեն նպաստեր, ընդհակառակն:
Եթէ անկախ պետականութեան իրաւունքը մենաշնորհը կը մնայ մեծերու, կամ իրենց հովանաւորած պետութիւններուն, այլ ազգերու անկախութեան անունով խօսիլը կը դառնայ կեղծիք:
Մարդկութեան անունով բոլոր խօսողները, գրագէտ թէ քաղաքագէտ, մեծ ազգերն ու մեծ պետութիւնները, պարտաւոր են այս տարրական ճշմարտութիւնները նկատի ունենալ, իրենց խօսքը աշխարհին եւ մարդկութեան ուղղած ժամանակ:
Կը գիտակցին ատոր ամէնքը: Սակայն միշտ եւ ամենուրեք, սեփական շահե՛րը միայն հիմ կը ծառայեն քաղաքականութեան ուղեգիծը սահմանելու համար: Եւ այդ շահերու ճշդումին ժամանակ, դժբախտաբար, միայն նիւթական, միա՛յն ուժերու համեմատութեան, միա՛յն անմիջական քաղաքական դասաւորումները նկատի կ՛առնուին, եւ տեւաբար կ՛անտեսուին բարոյական ըմբռնումները, իրաւունքներն ու միջազգային արդարութիւնը: Հեռաւոր շահերն անգամ նկատի չեն առնուիր ինչ որ կ՛առաջացնէ խախուտ հաւասարակշռութիւն մը միայն, եւ նոյնքան խախուտ, տեւաբար վտանգուած խաղաղութիւն մը:
Միայն ուժի ու շահի հիմնաւորումով մնայունը չի կառուցուիր:
Իրաւունքին մէջ յաւիտենականութիւն կայ:
Պէտք չէ մոռնան այս իրողութիւնը թէ՛ մեծ եւ թէ փոքր ազգերը: Պէտք չէ մոռնան մանաւանդ իրենց սեփական հայրենիքին ամբողջովին չտիրացած, քաղաքական ազատութիւնն ու պետական անկախութիւնը տակաւին ձեռք չբերած ազգերը: Անոնց կարգին նաեւ` հայոց ազգը:
Ոչ մէկ շնորհ պիտի գայ մեծ պետութիւններէն որպէս նուէր կամ հատուցում, որպէս արդարութիւն եւ իրաւունք: Հայրենի հողերու ամբողջացումն ու ազատութիւնը նուէր չեն տրուիր: Սեփական անկախ պետականութիւնը նուէր չի տրուիր:
Ազգ մը սակայն ամբողջական գոյութիւն չի կրնար ունենալ, իր քաղաքակրթական առաքելութիւնը չի կրնար իրականացնել, որքան ատեն որ չունի երեք հիմնական տուեալներ.- ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՀՈՂ եւ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ: Հողը` իր ամբողջութեան մէջ, ժողովուրդը` իր ամբողջութեամբ, իշխանութիւնը` ամբողջական ձեւով: Եթէ մասնակի ձեւով միայն կան այդ տուեալները, մասնակի է նաեւ ազգային գոյութիւնը, եւ տեւաբար` վտանգուած:
Դարերով հայը ապրեցաւ հայրենի հողին վրայ, իր ժողովուրդին գրեթէ ամբողջութեամբ սակայն չունեցաւ ամբողջական ազգային գոյութիւն, որովհետեւ կը պակսէր երրորդ տուեալը` սեփական անկախ իշխանութիւնը: Ու եղաւ արտագաղթ, եղաւ Լեհաստանի գաղութ, Խրիմի գաղութ, հունգարահայութիւն, ռումանահայութիւն, որոնք այսօր չկան: Չկան, որովհետեւ ամբողջական չէին ազգին գոյութեան եւ գոյատեւման տուեալները:
Դարեր ետք, մօտ վեց հարիւր տարի ետք, հայութիւնը կը վերագտնէր իր գոյութեան երեք հիմնական տարրերը. անկախ պետականութիւնը` յիսուն տարի առաջ 1918 մայիս 28-ին, իր հողերու ամբողջականութեան ճանաչումը` Սեւրի դաշնագրով, 1920 օգոստոս 10-ին ժողովուրդը` հո՛ն էր արդէն, հայրենի հողին վրայ, կամ անմիջականօրէն դրացի երկիրներուն մէջ, ուր նետուած էր ցեղասպանութեան ծրագրի գործադրութեան հետեւանքով, որպէս գաղթական, աքսորուած մնացորդացը կոտորուած ժողովուրդի մը:
Կը թուէր, թէ միջազգային խիղճը արթնցած էր եւ արդարութիւն պիտի ըլլար հայոց ազգին…
«Միջազգային խիղճ» բառերը խաբկանք բերող բառեր են միայն: Ապրելու եւ գոյատեւելու վճռականութիւնը ունեցող ազգ մը պէտք չէ կառչի այդ բառերուն: Կրնայ, եւ պէ՛տք է գործածէ զանոնք որպէս միջոց, առանց անոնցմէ սպասելու արդարութիւն, իրաւունքի վերահաստատում:
Հայ հողերու մեծ մասը անգամ մը եւս խլուեցաւ հայ ազգի ձեռքէն, զինու ուժով` ինչպէս կը խլուին բոլոր իրաւունքները, ոտնակոխ կ՛ըլլան բոլոր արդարութիւնները: Անկախութիւնը վերացուեցաւ զինու ուժով, ինչպէս վերացուած են պատմութեան ընթացքին բոլոր անկախութիւնները: Գաղթական ժողովուրդը մնաց գաղթական: Ատեն մը յետոյ, դարձաւ քաղաքացի նոր եւ բազմատեսակ պետութիւններու: Դարձաւ աշխարհացրիւ, Սփիւռք:
Ապրեցան այսպէս, քառասուն տարի շարունակ, իրարմէ հեռու, գրեթէ կտրուած սփիւռքի մէջ ապրող հայութիւնը ու հայրենի հողին մէկ մասին վրայ ապրող հայութիւնը:
Տառապեցան երկուքն ալ:
Հայրենիքը ու իր վրայ ապրող ժողովուրդը մաքառեցաւ, տառապեցաւ, կերտեց, կառուցեց, զոհաբերեց իր քրտինքն ու արիւնը` Խորհրդային Միութեան համամիութենական սահմաններուն մէջ, որպէս մէկ մասնիկը անոր, Քամչաթքայէն Խարքով, Մուրմանսքէն Երեւան որպէս հայրենիք ստացած ըլլալով Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեամբ եւ ներկայութեամբ իր հողին վրայ: Իր ղեկավարները տեւաբար պահանջեցին սփիւռքի հայութենէն, որ ա՛ն եւս իր հայրենիքը համարէ Վլատիվոսթոքէն Մինսք եւ Լենինկրատէն Արաքս տարածուող աշխարհամասը, եւ ինքզինք անկախ զգայ` Խորհրդային Միութեան անկախութեամբ, եւ ազատ` ազատութիւն բառին յարաբերականութիւնը ի մտի ունենալով:
Հայութեան մէկ երրորդը, սփիւռքի տարածքին վրայ, մաքառեցաւ, տառապեցաւ, կառուցեց, զոհաբերեց` կերտելու համար իր ազգային գոյութիւնն ու դիմագիծը` դպրոցով, եկեղեցիով, մամուլով, գրականութեամբ ու մշակոյթով, առանց հողի ու անկախ պետականութեան: Կերտեց զայն, ամենադժուարին ու դաժան պայմաններու տակ, առանց անհաւատարիմ ըլլալու իր նոր հայրենիքներուն:
Հայրենի հողին վրայ ապրող ժողովուրդը եւս կերտեց իր ազգային դիմագիծը, առանց անհաւատարիմ ըլլալու Խորհրդային Միութեան, ու անոր կարգ ու կանոնին:
Իւրաքանչիւր հայ, ո՛ր երկրին մէջ ալ գտնուի, ինչ ձեւի վարչակարգի տակ ալ ապրի, պարտաւոր է իր կարելին ընել, որպէսզի, առանց անհաւատարիմ ըլլալու զինք որդեգրած ազգերուն եւ պետութիւններուն, վառ պահէ իր եւ իր յաջորդներուն մէջ` հազարամեակներու կեանք ունեցող իր ազգին մշակոյթը, քաղաքակրթութիւնը եւ ազգային ամբողջական իրաւունքներով գոյութիւն ունենալու ձգտումը:
Այս մտասեւեռումով, սփիւռքի հայութիւնը, յիսուն տարի է ահա, բարձրաձայն կը յայտարարէ, թէ հայոց ազգի հայրենիքը չի սկսիր Ուրալներէն եւ չի վերջանար Խարքովի մէջ: Կը սկսի Ղարաբաղէն ու կը վերջանայ Սասնոյ լեռներու հարաւային ստորոտին վրայ: Կը յայտարարէ, թէ հայոց ազգը իր ամբողջութեանը մէջ կը ձգտի ատոր, առանց ուրիշ ազգերու իրաւունքները ոտքի տակ տալու, առանց այլ ժողովուրդներու հանդէպ թշնամական ապրումներու. սեփական հողի, սեփական, ամբողջական գոյութեան անկապտելի իրաւունքի պահանջովը միայն:
Ոչ մէկ ազգ եւ ոչ մէկ պետութիւն պէտք է սպասէ որ հայը, յիսուն տարուան մէջ ամբողջովին մոռնայ իր անցեալը, մշակոյթը, լեզուն, քաղաքակրթութիւնը եւ ազգային պահանջները: Եթէ երբեք հազար տարուան պատմութիւն ունեցող ազգ մը, սեփական քաղաքակրթութիւնն ու անցեալը յիսուն տարուան մէջ կարենայ ոտքի տակ տալ, այդ պարագային իր նոր հայրենիքներուն, նոր ազգերուն հանդէպ իր հաւատարմութիւնը յիսուն տարի ալ չի դիմանար:
Ոչ մէկ ազգ ու պետութիւն հակասութիւն պէտք չէ տեսնէ հայութեան դիմագծին պահպանմամբ, գոյութեան եւ իր հաւատարիմ քաղաքացիի հանգամանքին մէջ: Եթէ հայը իւրայատուկ արժէք է ու նպաստ որեւէ մարզի մէջ, իր ազգային մշակոյթէն ստացած յատկութիւններով է ատիկա: Ոչ մէկը կը ստորագնահատուի այս ձեւով, եւ ոչ միւսը կը գերգնահատուի: Իւրայատուկ արժէք ունին բոլոր ժողովուրդները:
Մարդկային ամենատարրական ապրումն անգամ պիտի պահանջէր ամէն մէկ հայ անհատէն, ուր որ ալ գտնուի ան` չմոռնալու իր ազգին նահատակութիւնը, իր հայրենիքին բզկտումը: Հաւատարմութիւնը նահատակներու յիշատակին` անհաւատարմութիւն մը չէ նոր հայրենիքներուն հանդէպ, ընդհակառակն:
Ծառայել մարդկութեան, չի՞ նշանակեր նաեւ ծառայել սեփական ժողովուրդին ու ազգին: Ինչպէ՞ս կարելի է սպասել, որ հայ ժողովուրդը, ուր որ ալ գտնուի ան, քաղաքական ինչպիսի պայմաններու տակ ալ ապրի, չմտածէ իր ազգին համար, չտառապի իր հայրենի հողերուն համար, չփափաքի, որ իր ազգն ալ, նման աշխարհի այլ փոքր ազգերուն, իրաւունքը ունենայ ապրելու իր ազատ ու անկախ կեանքը, իր սեփական ամբողջական հողերուն վրայ, բարեկամութեան ձեռք երկարած բոլորին, բոլորին անխտիր…
Նոր տարուան մաղթանքներ չեն ասոնք: Մտածման նիւթեր են, ներկայի եւ վաղուայ դժուարութեանց դիմաց:
Բ. ՓԱՓԱԶԵԱՆ