Ս. Ծնունդի Տօնը
Լիբանանահայութիւնը այս տարի եւս աւանդական սովորութիւններով եւ ջերմեռանդ հաւատքով տօնեց Աստուածորդւոյն Ս. Ծնունդը:
Ուրբաթ, 5 յունուար, խթման երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Համազգային մշակութային ընկերակցութեան, մասնաւոր հայկական յայտագիր մը ներկայացուեցաւ պատկերասփիւռի քանալ 7-ի բաժինէն:
Խորէն Ա. կաթողիկոս տուաւ իր պատգամը եւ օրհնութիւնը` Լիբանանի ժողովուրդին: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը` մասնակցութեամբ հայ արուեստագէտներու:
Շաբաթ, 6 յունուար, Ս. Ծննդեան հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցուեցաւ բոլոր եկեղեցիներու մէջ: Խօսուեցան հոգեշունչ քարոզներ: Հանդիսաւորապէս տեղի ունեցան նաեւ ջրօրհնէքի կարգն ու Ս. մկրտութիւնը: Հակառակ աննպաստ օդին եւ անձրեւին` հաւատացեալ հայ ժողովուրդը խուռներամ բազմութեամբ ներկայ գտնուեցաւ արարողութիւններուն: Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագը ձայնասփռուեցաւ Պէյրութի ռատիոկայանէն:
Վեհափառ հայրապետը կաթողիկոսարանի եպիսկոպոսարանի դահլիճին մէջ եւ Տաճատ արքեպիսկոպոս առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ընդունեցին պետական, հայ եւ օտար յարանուանութիւններու եւ ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն շնորհաւորական այցելութիւնները:
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղի կազմակերպած Ս. Ծնունդի աւանդական հանդիպումը տեղի ունեցաւ միութեան ակումբին մէջ: Ճեմարանի եւ Համազգայինի կողմէ խօսք առաւ Մ. Իշխան:
Երեկոյեան պատկերասփիւռի քանալ 11-էն ներկայացուեցաւ մասնաւոր հայկական ճոխ ու տպաւորիչ յայտագիր մը, որ տեւեց երկու ժամ: Առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս տուաւ իր պատգամը լիբանանահայութեան: Տեղի ունեցան` խմբերգ, խմբապար, մեներգ ու նուագ:
Դիտողութիւն մը յայտարարուած էր, որ քանալ 11-ի հայկական հաղորդումը պիտի սկսի ժամը 9:00-ին: Հարկ եղաւ մէկ ժամ քառորդ սպասել, մինչեւ 10:15, որպէսզի քանալը բարեհաճի նկատի ունենալ իր հայ հանդիսականները: Այս ուշացումը անհանդուրժելի է, չըսելու համար աւելին: Այս պատճառով ալ շատեր զրկուեցան նախապէս ժամադրուած ըլլալով զանազան հաւաքոյթներու համար
————————————-
10.000 Խանամիրեան Քոլեճին
Շաբաթ գիշեր, պանդոկ «Պրիսթոլ»-ի շքեղ սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի տարեկան մեծ պարահանդէսը, հովանաւորութեամբ պետական երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի: Ստեղծուած ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ, պարահանդէսը, նիւթապէս եւ բարոյապէս արձանագրեց մեծ յաջողութիւն:
Ասպետական ժեսթով մը, ծանօթ ազգային Հայկ Արսլանեան իր եւ իր եղբօր` Մելանքթոն Արսլանեանի կողմէ 10 հազար լիբ. ոսկի նուիրեց քոլեճին, իրենց հանգուցեալ հօր` Արմենակ Արսլանեանի յիշատակին:
————————————-
Կռիւ Հայերու Եւ Ղպտիներու Միջեւ
Բեթղեհէսի Եկեղեցիին Մէջ
Ղպտիները, Խախտելով Դարաւոր Գոյավիճակը,
Փորձած Են Խնկարկել Հայկական Խորանին Առջեւ
Իսրայէլեան Ոստիկանութիւնը Միջամտած Է`
Բաժնելու Համար Կռուողները
Շաբաթ օր իսրայէլեան ոստիկանութիւնը ստիպուեցաւ միջամտել` կարգը վերահաստատելու համար Ծննդեան եկեղեցիին մէջ, ուր կռիւ մը ծագած էր հայերու եւ եգիպտացի ղպտիներու միջեւ:
Միջադէպը պատահեցաւ այն պահուն, երբ ղպտիներ ընդմիջեցին պատարագը ու փորձեցին խնկարկել քանի մը մեթր անդին գտնուող հայկական խորանին առջեւ: Քանի մը երկվայրկեան չանցած` երկու եկեղեցիներու կղերական դասն ու հաւատացեալները կռիւի բռնուեցան:
Պատարագին ներկայ եղող անձերը, որոնց մէջ` որոշ թիւով իսրայէլացիներ, փութացին կռիւին վայրը, մինչ ընդհանուր թոհուբոհին մէջ, հայկական խորանէն քանի մը մեթր անդին, յոյն ուղղափառ պատարագը կը շարունակուէր, բայց` բոլորովին անլսելի:
Այդ պահուն է, որ ոստիկանութիւնը բաժնեց կռուողները:
Փորձելով խնկարկել հայկական խորանին առջեւ` ղպտիները խախտեցին 18-րդ դարուն թուրքերու հաստատած «գոյավիճակը», որով վերջ տրուած էր զանազան համայնքներու վէճերուն:
