Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Յունուար 1967)

Յունուար 5, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պարզ Ու Պայծառ Պարտէզ

 Մանուկ Արքայ

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ…

«Հովիւք երգեն ընդ հրեշտակս` տան աւետիս աշխարհի.- Ծնաւ Նոր Արքայն ի Բեթլեհեմ քաղաքի…»

Աւետարանը իր լուսեղէն պարզութեամբ ու պայծառութեամբ կը պատմէ եւ կը պատգամէ ամէնէն աւելի կատարելագործուած եւ տակաւին խորհրդանշական հրաշավէպերը, որոնցմէ մէկն է Ծնունդն Յիսուսի:

Կը բովանդակէ վարդապետութիւնը` հաւատքին, յոյսին ու սիրոյ:

Նոր Կտակարանը անսպառ հանք է լոյսի:

Մատեանին բոլոր դրուագները, մսուրէն մինչեւ մահ,  ու Յարութենէն մինչեւ Համբարձում, հոգեղէն նիւթեր են, նաեւ հում նիւթեր արուեստներու, յաւիտեան վերարտադրելի:

Իսկ իբրեւ դաս` յաւիտեան ուսանելի:

* * *

Բեթլեհեմի մէջ Մանուկ մը կը ծնի:

Հովիւներ ու հրեշտակներ կ՛երկրպագեն Մանուկին:

Մոգեր եւ մարդիկ Մանուկին առջեւ կու գան ծունկի:

Ծերեր կը ծռին:

Թագակիր գլուխներ կը խոնարհին:

Զի Մանուկը վարդապետաց Վարդապետն է ապագայ:

Ո՞վ է երեւակայած այսպիսի տեսիլ, ո՞վ լսած է դէպք այսպիսի…

Մանուկը իշխանն է Խաղաղութեան:

Թագաւորն է Սիրոյ:

Կայսրն է Լոյսի:

* * *

Յիսուս երբ Մանուկ էր, իր առջեւ խոնարհեցան ալեփառ գլուխներ:

Տեսիլ հիանալի:

Յիսուս եղաւ քարոզիչ, ունեցաւ աշակերտներ, ու լուաց ոտքերը իր աշակերտներուն, տալով խոնարհութեան դաս մը անգերազանցելի:

Տեսիլ սքանչելի:

Երկու հրաշալի հակադրութիւններ, զիրար լրացնող.- մանուկին մեծութիւնը ու խոնարհութիւնը վարդապետին:

Նախ մանուկ արքայ, ապա անձնուէր ծառայ:

Զի մեծը ան է, որ կը խոնարհի, ինչպէս պտղառատ ծառը, ինչպէս լոյսը, եւ Յիսուս, լոյս ի լուսոյ:

* * *

Աղօթենք յոտնկայս ու գլխահակ.

– Մանուկ արքայ, մարդկութեան մեծագործ ծառայ, պարգեւեա՜ անդորրութիւն հոգիներուն եւ տո՜ւր աշխարհիս խաղաղութիւն: Մի՜ լքաներ ամէն տեսակ հիւանդները եւ տառապողներն ու կարօտեալները ամէն կարգի: Հոգեղինէ մեզ, որպէսզի քաջաբար կրենք մեր խաչը մինչեւ գերեզման կամ գագաթ: Եւ եկեսցէ արքայութիւն քո, եկեսցէ արքայութիւն քո, եկեսցէ արքայութիւն քո: Եւ եղիցին կամք քո… Ծնունդդ ծիածան զուարթարար ու զմայլելի…

* * *

Վարդապե՛տը, խաչուեցար հրէից կողմէ, բայց առիր յարութիւն: Իսկ քրիստոնեաները քրիստոնէութիւնը խաչեցին: Ե՞րբ պիտի վերածնի վարդապետութիւնդ, ե՞րբ յարութիւն պիտի առնէ քրիստոնէութիւնը:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Յուշագրութիւններ

Դառն ճակատագիր մը վիճակուեցաւ հայութեան արեւմտեան հատուածին աւելի քան կէս դար առաջ: Թուրքը արմատախիլ ըրաւ մեզ մեր հայրենի դարաւոր բոյներէն: Քանդեց ու աւերեց մեր շէն ու բարգաւաճ քաղաքներն ու աւանները, վայրագօրէն ջարդեց մէկ ու կէս միլիոն անմեղ ու անպաշտպան մարդիկ:

Նպատակն էր ոչ միայն ի սպառ ոչնչացնել հայ ազգը ֆիզիքապէս, այլեւ` անհետ կորստեան մատնել մեր մշակութային ու քաղաքակրթական գանձերը, որոնք կենդանի վկաներն էին մեր անցեալի փառքին:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայութեան գոյութիւնն ու յարատեւելու կամքը անվիճելի փաստեր են ապացուցող, որ մեր դարաւոր թշնամին չէ յաջողած իր դիւային ծրագրին մէջ:

Տարագրութեան առաջին տարիներէն սկսեալ Մեծ եղեռնէն վերապրող բազմաթիւ հայրենակիցներ գրի առին իրենց յուշերը` մեր մամուլին, մասնաւորապէս պարբերաթերթերուն մէջ:

«Հայրենիք» ամսագիրը 1922 նոյեմբերէն սկսեալ հրատարակեց մեր պետական դէմքերու, մտաւորական ընկերներու, հանրային գործիչներու եւ հայդուկներու յուշերը, որոնք մեծ լոյս կը սփռեն մեր ազատագրական պայքարներուն եւ անկախ հայրենիք ստեղծելու ճիգերուն վրայ:

Անոնցմէ մաս մը հետագային հրատարակուեցան առանձին հատորներով, ինչպէս` Արմէն Գարոյի «Ապրուած օրեր»-ը, Սեպուհի «Էջեր իմ յուշերէն»-ը, Աբրահամ Գիւլխանդանեանի «Հայ-թաթարական ընդհարումները» եւ այլն:

Մասնաւոր յիշատակութեան արժանի են Ռուբէնի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», որոնք եօթը հատորներով լոյս ընծայուեցան Լոս Անճելըսի մէջ:

Մեր յեղափոխական վեթերան ընկերներէն Վահան Փափազեան (Կոմս) երեք ստուար հատորներով հրատարակեց իր «Յուշեր»-ը, չորս գրքոյկներ ալ յատկացուց «Խոնարհ հերոսներ»-ու կեանքին:

Նոյնպէս` վաղեմի հանրային գործիչ եւ Հայաստանի վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան Փարիզի մէջ լոյս ընծայեց իր հոյակապ գործը` «Հայաստանի Հանրապետութիւն»-ը: Իսկ վերջին տարիներուն հրապարակ հանեց «Կեանքի ուղիներով»-ի շարքը:

«Յուսաբեր»-ի տպարանէն լոյս տեսաւ դահճապետ Թալէաթը զգետնող ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի «Վերյիշումներ»-ը:

Առանձին հատորներով հրատարակուեցան նաեւ մեր միւս հերոսներու յուշերը. «Պաքուի հայերուն ջարդարար Ճիվանշիրը զգետնող Միսաք Թորլաքեանի «Օրերուս հետ»-ը, վարչապետ Սայիտ Հալիմ փաշան, Ճեմալ Ազմին եւ Պեհաէտտին Շաքիրը ահաբեկող Արշաւիր Շիրակեանի «Կտակն էր նահատակներուն»-ը, Արամ Երկանեանի «Գիրք հատուցման եւ մատուցման»-ը, եւ այլն:

Բազմաթիւ ուրիշ գիրքեր հրատարակուած են «Անդրանիկի (Վահան Թոթովենց եւ ուրիշներ), Մուրատի (Միքայէլ Վարանդեան եւ Զապէլ Եսայեան), Հրայրի, Գէորգ Չաւուշի եւ այլ հերոսներու մասին, որոնց բոլորին թուումը երկար պիտի ըլլար:

Այս բոլոր յուշագրութիւնները լոյս կը սփռեն մեր ժամանակակից պատմութեան, մասնաւորապէս մեր յեղափոխական շարժումներուն վրայ եւ կոչուած են ներշնչումի աղբիւր հանդիսանալու նոր սերունդին:

«ՅԱՌԱՋ»

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Դարձեալ Իրանը…

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?