Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Յունուար 1968)

Յունուար 3, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարդու Կամքով

Հաւաքականութեան դերը որքան ալ մեծ ըլլայ յառաջդիմութեան երթին ու պատմութեան կառուցումին մէջ, խորապէս համոզուած ենք, որ ժողովուրդի մը որակական արժէքին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ բացառիկ անձերու ուսերուն:

Մասնաւոր ասպարէզի մը բացառիկներուն չի վերաբերիր խօսքը, կը վերաբերի բոլորին, մշակութային, գիտական, քաղաքական, զինուորական կամ տնտեսական մարզերուն մէջ համբաւ շինած բոլոր կարկառուն դէմքերուն: Տարբեր արժեչափի մը կիրարկումը սոփեստութիւն պիտի ըլլար արդէն ու անհեթեթութիւն: Կեանքին վրայ իր կնիքը դրած ամէն վարդապետութիւն իր հիմնադիրը ունեցած է, ամէն շարժում` իր դրօշակիրը, միջոցին ու տարածութեան մէջ կատարուած ամէն նուաճում` իր լուսապայծառ ռահվիրան:

Ու բացառիկները Աստուծոյ համբոյրը ստացած են թէեւ անգամ մը, բայց թող ծանր չթուի, երբ «յանդգնինք ըսել», որ Աստուծոյ կամքով չեն կատարած անոնք իրենց գործերը, կատարած են սեփական ուժերով, մարդու կամքով, կամքին համազօր միւս առաքինութիւններով` հաւատքով, աշխատանքով:

Նոր մեծեր ու մեծութիւններ ու մեծագործութիւննե՛ր ունենալու կարօտին արձագանգելով` այդ առաքինութիւններու մասին քիչ բան չէ գրուած այս թերթին մէջ, մեծերու բնորոշ կենսագրականներէն ու հաւատամքէն քիչ օրինակներ չեն յիշատակուած: Առիթներ եղած են ու խօսուած է զանգուածեղ ժառանգութիւններ կտակած Օշականի զանգուածեղ ճիգին մասին, Չարենցի ջանքին «եւ ջանքին առընթեր» երգին մասին, ուրիշներու եւ նո՛յն առաքինութեան մասին:

Տարին նոր լրացաւ ու նոր սկսող Նոր տարուան հետ յիշենք նոր օրինակ մը` կեանքի մէջ բազմաթիւ նորութիւններ մուծած Սարթրէն այս անգամ, որ մեր մեծերուն պէս շեշտը կը դնէ դարձեալ աշխատանքին վրայ:

«Ինքզինքս երբեք չեմ համարած «տաղանդ»-ի մը երջանիկ տէրը: Իմ միակ փրկութիւնս եղած են աշխատանքը եւ հաւատքը»:

Աշխարհի բոլոր երկինքներուն տակ, բոլոր ժողովուրդներու մէջ բազմահազար երիտասարդներ կան, որոնք Սարթրի անունով կ՛երդնուն: Մեր մէջ եւս կան անոնցմէ, ուրա՛խ ենք, որ կան. պիտի ուզէինք միայն, որ իր վերջին գիրքին մէջ գրուած այս նո՛ր տողը, «աշխատանքի սուրբ ոգին», նոր թափ մը տար մերիններուն, արդիւնաւորելու, մեծնալու նոր եռանդով մը խռովէր անոնց արիւնը:

Կեանքը կարճ չէ, եթէ գիտնանք քրտինքին արժէքը, քրտինքէն ժայթքող լոյսին ապրումը ունենանք, եթէ սորվինք օրերուն յարգը գիտնալ գոնէ՛ այն չափով, որ ուրիշներ գիտեն վայրկեաններուն յարգը:

Պ. Ս.

 

«Թայմ»-ի Համար Տարուան Մարդը
Նախագահ Ճոնսընն Է Իր Բացասական Գիծերուն Մէջ

 Նախագահը «Ընդհանուր Դժգոհութեան
Գերագոյն Պատասխանատուն Է»

 

Միացեալ Նահանգներու նախագահը` Լինտըն Ճոնսըն «Թայմ»-ի կողմէ ընտրուած է 1967 տարուան մարը, որ` «տիրող դէմքը եղաւ այժմէութեան եւ անջնջելի հետք մը ձգեց անցնող տարուան պատմութեան մէջ»:

Երկրորդ անգամ է, որ ամերիկեան մեծ շաբաթաթերթը կ՛ընտրէ նախագահ Ճոնսընը` իբրեւ տարուան մարդը, բայց մինչեւ 1964-ին «Թայմ» զայն կը պանծացնէր իբրեւ նախագահ մը, որ ընտրութիւնը շահած էր մեծ յաջողութեամբ եւ նոյնքան փայլուն շրջան մը բոլորած էր, այս անգամ կ՛ըսէ, որ զայն ընտրած է «բոլորովին հակառակ» պատճառներով: Որովհետեւ Ճոնսըն կը ներկայացնէ «ընդհանուր դժգոհութեան աղբիւրը», որովհետեւ կը նկատուի «ընդհանուր դժգոհութեան գերագոյն պատասխանատուն», որովհետեւ անոր վարչութեան օրով է, որ վերջ գտաւ «Միացեալ Նահանգներու անմեղութեան դարաշրջանը», ամերիկացիք սկսան ուղղել հարցումներ, զորս նախապէս երբեք չէին ուղղած, որովհետեւ իրմէ առաջ ոչ մէկ վարչութիւն «այսպիսի դժգոհութիւն եւ գանգատ չէր յառաջացուցած բնակչութեան մէջ` զայն ապստամբութեան մղելով», որովհետեւ, վերջապէս, Ճոնսըն կը նկատուի Վիեթնամի պատերազմին շարունակման պատասխանատուն, ամէնէն անժողովրդական պատերազմը` Միացեալ Նահանգներու պատմութեան:

«Թայմ»-ի կողքին վրայ նախագահ Ճոնսըն կը ներկայացուի ծաղրանկարով մը` արքայ Լիրի կերպարանքով, խոժոռ ու շլմորուն, շրջապատուած` իր երեք «աղջիկներով», որոնցմէ երկուքը` ծերակուտական Ռապըրթ Քենետի եւ Արքանսասի դեմոկրատ ծերակուտական Ուիլպըր Միրզ, դէմ ըլլալով նախագահին հարկային քաղաքականութեան, աքացի կու տան անոր եւ ետ կը մղեն, մինչ երրորդ «աղջիկը»` փոխնախագահ Հիւպըրթ Համֆրի նախագահին ծունկերը կը համբուրէ:

Նախագահ Ճոնսըն «Թայմ»-ի 41-րդ տարուան մարդն է: Անցեալ տարի «Թայմ» ընտրած էր ամերիկեան երիտասարդութիւնը, իսկ 1965-ին` զօրավար Ուէսթ Մորըլենտը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մատենադարանի Ձեռագիրներուն 25 Տոկոսը Թուայնացուած Է

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?