50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Փետրուար 1968)

Ունեցածդ Մարդու Սիրտ Կը Կարծէի Նուիրատուութիւն եւ հանգանակութիւն` նուիրատու եւ հանգանակիչ` յաճախ սիրալիր բարեկամութիւն մը կը ստեղծուի երկուստեք, ազնիւ նպատակի մը շուրջ համախումբ տրամադրութենէն իրար հանդիպած ըլլալու զօրացումով մը, ուր հարսանեկան պահի մը վայելքը կ՛ըմբոշխնեն մարդիկ, երբ նուիրաբերումի ներդաշնակ երգ մը կը հնչեցնեն կեանքի տաւիղին վրայ: «Տասանորդ»-ի արդար բաշխումով մը վաստակը կը դառնայ արժանի` իր Տիրոջը, դարերու օրէնքով սրբացած: Այս գիտակցութեամբ ապրողներ կը վայելեն կեանքը` իրենց շուրջ ստեղծելով համապատասխան ապրում... Նուիրատու եւ հանգանակիչ` երբեմն չենթարկուելու եւ ենթարկուելու ճիգով մրցորդներ են: Լուռ պայքար մը կը ստեղծուի առաջին ակնթարթէն. ներքին արագ վազք մը: Իրար հրմշտկող պայքարով կը պրկուին ջիղերը: Խաղաղ արտաքինով ծածկուած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Փետրուար 1968)

Համազգային Պուրճ Համուտ  Զրոյց Բագինի Շուրջ Եւ Ընթրիք-Հանդիպում Հետաքրքրական ու հաճելի ձեռնարկ մըն է Համազգային Պուրճ Համուտի ընթրիք-հանդիպումը, որ տեղի կ՛ունենայ երկու շաբաթը անգամ մը, չորեքշաբթի երեկոները, միութեան ակումբին մէջ, ի ներկայութեան անդամներու եւ համակիրներու: Այս ընթրիք-հանդիպումները առիթներ կը ստեղծեն ընկերային, մշակութային, նաեւ տոհմիկ մթնոլորտ մը ստեղծելու շրջանին մէջ, ինչ որ կենսական է եւ անհրաժեշտ: Ընթրիք-հանդիպումին վերջինը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 7 փետրուարին, յիշեալ ակումբին մէջ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ի ներկայութեան շրջանի մտաւորական դասակարգի անդամներուն եւ հիւրերուն: *** Զրոյց` «Բագին»-ի Շուրջ Այս հանդիպումին սկիզբի առաջին ժամուն տեղի ունեցաւ հետաքրքրական զրոյց մը «Բագին»-ի շուրջ: Զրոյցը բացաւ Գրիգոր Նգրուրեանը եւ վարեցին «Բագին»-ի խմբագիրներ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Փետրուար 1968)

Ազգային Կեանք  Ազգային Գաւառական Ժողովի Ա. Նստաշրջանը Լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի հրաւէրով եւ նախագահութեամբ, ուրբաթ, 9 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ գումարուեցաւ Ազգային Գաւառական Ժողովին Ա. նիստը: Նախորդ ատենագրութեան ընթերցումէն ետք ժողովը վաւերացուց վիճակով դադրած երեսփոխաններու տեղ նորընտիր երեսփոխաններու օրինական ընտրութիւնը: Ապա տեղի ունեցաւ նոր նստաշրջանի դիւանին ընտրութիւնը: Ա. ատենապետ վերընտրուեցաւ Յակոբ Տէր Մելքոնեան, Բ. ատենապետ Ներսէս Ներսէսեան: Ա. ատենադպիր ընտրուեցաւ մեթր Վարդգէս Շամլեան, Բ. ատենադպիր` Ռուբէն Հացագործեան: Այնուհետեւ կարդացուեցան Ազգային վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու երկամեայ գործունէութեանց տեղեկագիրները, ինչպէս նաեւ նախկին առաջնորդարանի եւ Ս. Նշան վարժարանի ազգային հողի շահագործման եւ շինութեան տեղեկագիրը: Ժողովը, իր նիստը փակեց...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Փետրուար 1968)

Պարզ Ու Պայծառ Պարտէզ Առածներ, Որոնց Համամիտ Չենք Չեխական առած մը կ՛ըսէ. - «Օրէնքին քիթը շինուած է մեղրամոմէ»: Օրէնքին միայն քի՞թը շինուած է մեղրամոմէ: Օրէնքները յոտից գլուխ մոմեղէն են: Ամէն օրէնք կակուղ է կաւի պէս ու կարծր է կապարի պէս: Ուզուած ձեւը կ՛առնէ ի նպաստ զօրաւորին: Դատական կազմին մատները մէջն են այդ խմորին, որուն ներքեւ չկայ հոգի: Շատ զօրաւոր անձնաւորութեան մը համար օրէնքին մեղրամոմը կը հալեցնեն ու կը մոմեն տախտակամածը, որպէսզի իրենց ուզած մարդոցը պարել տան ու անոնց ոտքերը սահեցնեն: Չեխոսլովաքիոյ մէջ Պենեշ մը բաւական եղաւ, որ ամբողջ երկիրը վերածուի մեղրամոմի ու հալի եւ հալեցնէ ժողովուրդը համայնավարութեան հուրերուն մէջ, սոցիալիստական...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Փետրուար 1968)

Արցախեան Աւանդութիւններ Պտղատու Ծառը Չեն Կտրեր Արցախի մէջ հազարաւոր տարիներ առաջ Սօս անունով գիւղացի մը կ՛ապրէր: Անոր տնամերձ այգիին մէջ մեծ խնձորենի մը կար, որուն պտուղները ընտանիքի ձմեռուան պաշարեղէնի զարդը կը կազմէին: Սակայն երեք տարի շարունակ այս խնձորենին ոչ մէկ անգամ չծաղկեցաւ: Հարեւանները ամէն աշնան լեցուն կողովներով պտուղ կը տանէին իրենց այգիներէն, իսկ Սօս տուն կը դառնար ձեռնունայն: Յաջորդ տարուան գարնան, երբ սովորականին պէս ծաղկած էին բոլոր ծառերը եւ առատ պտղատարուան նշաններ կ՛երեւէին, Սօս չհամբերեց եւ կացինով կտրեց իր չծաղկած խնձորենին: Քանի մը օր ետք սաստիկ ցուրտէն ծաղկաթափուեցան բոլոր ծառերը: Մարդիկ տարուեցան իրենց վար ու ցանքով եւ բոլորովին մոռցան պտուղը:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Փետրուար 1968)

Արամ Խաչատուրեան Նիւ Եորքի Մէջ «Գեղջուկ Ժողովուրդի Ծոցէն Ծնած Այս Մեծ Երաժշտագէտը Տակաւին Կապուած Կը Մնայ Իր Ժողովուրդին Հետ` Երաժշտութեան Ճամբով» «Նիւ Եորք» փոսթ»-ի դժուարահաճ քննադատը կը գրէ. «Խորհրդահայ համբաւաւոր երգահան-խմբավար Արամ Խաչատուրեան կիրակի, յունուար 28-ին Նիւ Եորքի մէջ տուաւ նոր ունկնդրութիւն մը եւ դիմաւորուեցաւ այնպիսի ջերմ ընդունելութեամբ մը, որուն սովորաբար կ՛արժանանան ժողովուրդներու կողմէ կուռքերու վերածուած փրիմատոննաները միայն: «Խաչատուրեան խելայեղօրէն ծափահարուեցաւ Նիւ Եորքի «Ֆիլհարմոնիք հոլ»-ի մէջ յորդող բազմութեան մը կողմէ, որ զինք դիմաւորեց հին բարեկամի մը նման: Երգահանը ասկէ առաջ, 1960-ին, Հարաւային Ամերիկայէն դէպի Ռուսիա իր վերադարձի ճամբուն վրայ անգամ մը միայն հանդիպած էր Միացեալ Նահանգներ եւ Նիւ Եորքի «Ֆիլհարմոնիք...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Փետրուար 1968)

Գիրքերու Հետ Այլապէս օգտաշատ մատենաշար մըն է, զոր հաստատած է Համազգային հայ մշակութային ընկերակցութիւնը Պէյրութի մէջ: Սեփական եւ արդիական տպարանի մը ընձեռած կարելիութիւններու լայն օգտագործումով ահա հրապարակի վրայ են շահեկան հատորներ, շատեր արդիւնք` տքնաջան պրպտումներու եւ հաւաքումներու: Հրապարակ ելած հատորներէն իւրաքանչիւրը կը կրէ արդի ճաշակի եւ թեքնիքի լաւագոյն յատկանիշները, ինչ որ իրաւունք կու տայ գոհունակութեամբ հաստատելու, որ Պէյրութի մէջ Համազգայինի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած հատորները գեղեցիկ նմուշներ են տպագրական արուեստի: Նիկոլ Աղբալեանի մահուան (1947 օգոստոս) տասնամեակին առիթով, 1957-ին Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղը նախաձեռնեց հմուտ բանասէրին, գրական եւ հանրային գործիչին երկերու հաւաքման եւ հրատարակութեան` քանի մը հատորներու մէջ: Այս առաջադրութեամբ կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Փետրուար 1968)

Նոթեր Ու Նետեր  Համբաւներ` Զանազան Երկիրներէ Անգլիա Անգլիական արքունիքին աւագ անդամուհիներն ու անդամները չարչարուած` պալատին աւանդական սեղմումներէն, տաղտկացած` խստութիւններէն ու խեղդուած` անհանդուրժելի փրոթոգոլէն, որոշած են հեռանալ ի մօտոյ: Կը տենչան դուրսի ազատ օդը շնչել: Վճռած են ընտրել ազատութիւնը: Որպէսզի հագուին, ուտեն, խմեն, խօսին, գործեն, շրջին, քնանան իրենց ուզած ատենը, իրենց ուզած տեղը, իրենց ուզածին հետ, իրենց ուզածին պէս, իրենց ուզածին չափ, այսինքն` մարդավարի: Այս ընթացքով ամայութիւնն ու լռութիւնը պիտի տիրեն անգլիական արքունիքին մէջ: Եւ սակայն կ՛ըսուի, թէ քանի մը ուրուականներ, քանի մը բուեր ու մլաւող կատուներ այդ ամայութիւնն ու լռութիւնը պիտի չընեն զգալի: Թուրքիա Վերջերս կատարուած պաշտօնական վիճակագրութեան մը համաձայն,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Փետրուար 1968)

Մեր Ընթերցողներուն

Գրական Առօրեան Հրանդ Մաթեւոսեան Նոր Պէյրութ հասաւ Հրանդ Մաթեւոսեանի գործը` «Օգոստոս» խորագրով: Հրանդ Մաթեւոսեանին անծանօթ չէ գրականութեան հետաքրքիր Պէյրութի մեր հասարակութիւնը: Կը ճանչնայ անոր «Ահնիձոր»-ը, առնուազ ծանօթ է «Ահնիձոր»-ի մասին տուած Բ. Փափազեանի դասախօսութեան, որ կրկնուեցաւ բոլոր շրջաններուն մէջ եւ ունկնդրուեցաւ մեծ հետաքրքրութեամբ: Հայաստանի գրականութեան մէջ վերջին տասնամեակին յայտնուած արձակագիրներէն է Հրանդ Մաթեւոսեան ու մեծ յոյսեր կապուած են իրեն, ինչպէս կապուած են այդ յոյսերը տարիքով իրմէ քիչ մը մեծ եւ քիչ մը պզտիկ ուրիշ նորերու Ռաֆայէլ Արամեանին, Բաղիշ Յովսէփեանին, Մկրտիչ Սարգսեանին, Վարդգէս Պետրոսեանին, Ադալեանին, Մելքոնեանին: Անկախաբար այն իրողութենէն, որ Հայաստանի ստեղծագործական մթնոլորտը համեմատաբար աւելի բարենպաստ է հիմա, յիշեալ երիտասարդները ունին...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (2 Փետրուար 1968)

Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայերը «Ցեղասպանութիւն» (Ժենոսիտ) բառը հրապարակ նետուեցաւ Բ. Աշխարհամարտէն ետք, որակելու համար ոճիրը, զոր գործած էր Հիթլերի Գերմանիան հրեաներու դէմ: Շնորհիւ հրէական զանազան կազմակերպութեանց գրաւոր ու բանաւոր քարոզչական բուռն աշխատանքին` միջազգային մամուլն ու հանրային կարծիքը աւելի քան քսան տարիէ ի վեր այն խոր համոզումն ունին, որ ցեղասպանութեան առաջին հեղինակն է նացի Գերմանիան եւ առաջին ու միակ զոհերն են Իսրայէլի զաւակները: Նման արտայայտութիւններ յաճախ կարդացած ենք ֆրանսական լուրջ թերթերու մէջ եւ լսած` տեղական ձայնասփիւռէն ու հերատեսիլէն: Շատ հազուադէպ է, որ ակնարկութիւն ըլլայ առաջին ցեղասպան թուրքերու եւ առաջին զոհ հայերու մասին: Մենք սփոփանք զգացինք յունուար 15-ի երկուշաբթի գիշերը, երբ տ՛Ասթիէ տը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (1 Փետրուար 1967)

Ի՜նչ Լաւ Կ՛ըլլար Շուրջ տասնհինգ օր առաջ «Գասպար Իփէկեան» խումբը Թեհրան մեկնեցաւ եւ, թատերական իր յայտագիրը կենսագործելէ ետք, առջի օր վերադարձաւ Պէյրութ: Թեհրանի «Ալիք»-էն կ՛իմանանք, որ խումբը ներկայացուցած է «Եսի մարդը», «Պատուի վայելքը» եւ «Փշածաղիկը»: Այս խաղերը անծանօթ չեն մեր գաղութին ու խօսքը այդ մասին չէ արդէն: Հրաւիրեալներուն մասին է խօսքը եւ հրաւիրողներու մասին: Ասիկա երրորդ անգամն է, որ «Գասպար Իփէկեան» խումբը Թեհրան կը հրաւիրուի: Պարզուած այս երեւոյթը ինքնին ուշագրաւ է: Առաջին հրաւէրին մղիչ ուժը, կրնանք ըսել, ենթադրել, որ ստեղծուած անունն էր, անունին յառաջացուցած հետաքրքրութիւնը, բայց երկրորդին մղիչ ուժը նոյնը չէր, երկրորդ հրաւէրին ատեն` թեհրանահայութեան համար «Գասպար Իփէկեան» խումբը իր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (31 Յունուար 1968)

Թրքական Յուշագրութիւն  Շատ Կը Ցաւիմ, Որ Զիս Ստիպեցիր Ոճրագործի Մը Ձեռքը Սեղմելու Թուրք հրապարակագիր Ֆալիհ Ռըֆքը Աթայ «Անցեալ» խորագրին ներքեւ, «ՏԻՒՆԻԱ» թերթին մէջ «Կիրակնօրեայ զրոյց»-ներ կու տայ: Վերջին զրոյցին մէջ ծանր ամբաստանութիւններ կան Պահաէտտին Շեքիրի մասին.- Հալիտէ Էտիպը Պոլսէն Սուրիա կը տանէի Պէյրութի վարժարանին մէջ իբրեւ տնօրէնուհի պաշտօնավարելու համար: Կայարանի մը մէջ Պահաէտտին Շեքիրի հանդիպեցանք, որ արեւելեան կողմերէն կու գար: Ներկայացուցի Հալիտէ Էտիպին եւ ծանօթացան իրարու: Երբ Հալիտէ հանըմ շոգեկառք մտաւ, Պահաէտտին Շեքիր ըսաւ ինծի. - Ուշադրութիւն ըրէ այս կնոջ, կրնայ նկարագիրդ խաթարել: Անոր այս ազդարարութենէն ետք շոգեկառքը ճամբայ ելաւ, եւ ես ալ մեր բաժնեակը վերադարձայ: Հալիտէ հանըմ ըսաւ ինծի....

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Յունուար 1968)

Հայասէր Բարերարուհի Էլիզապէթ (Մամա) Գիւնցլերի Մահուան Առիթով 13 օր առաջ, յունուար 17-ին, Շմլանի մէջ, 93 տարեկան խոր ծերութեան մէջ իր մահկանացուն կնքեց Էլիզապէթ (Մամա) Գիւնցլեր կողակիցը զուիցերիացի ծանօթ հայասէր, հանգուցեալ Եագուպ (Փափա) Գիւնցլերի: Տարագրութիւն տեսած ո՞ր հայուն ծանօթ չէր այս ազնուասիրտ ու բարեսէր կնոջ անունը, որ աւելի քան 50 երկար տարիներ (1912-էն սկսեալ, Ուրֆայի մէջ), իր ամուսնոյն հետ պահապանը եղաւ հայ որբերուն, այրիներուն եւ կարօտեալներուն, կերակրեց զանոնք, խնամեց, պաշտպանեց եւ, մանաւանդ, եռանդ ու քաջութիւն տուաւ անոնց հա՛յ ապրելու, հա՛յ մնալու: Կարելի՞ է միթէ մոռնալ Եագուպ եւ Էլիզապէթ Գիւնցլերի հայասէր ամոլին քաջարի յանդգնութեամբ կատարած գործը` 1918-ին, Ուրֆայէն, Խարբերդէն, Տիգրանակերտէն 8 հազար...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Յունուար 1968)

Հարցազրոյց` Սիմոն Վրացեանի Հետ 1917-18 Թուականներու Հայկական Իրադարձութեանց Մասին ԹՂԹԱԿԻՑ.- Մեծարգո՛յ պարոն Վրացեան, 1917 թուի ռուսական զոյգ յեղափոխութիւնների եւ նրանց հետ կապուած հայկական իրադարձութիւնների վերաբերեալ «ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ» ռատիոկայանի հայկական խմբագրութիւնը բազմաթիւ հաղորդումներ է տուել եւ շարունակում է տալ: Մենք այժմ, «ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑՆԵՐԸ 1917-18 ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՄԱՍԻՆ» հաղորդաշարքի շրջանակում, հարցազրոյցներ ենք կազմակերպում մեր ազգային-քաղաքական այն վեթերան գործիչներին հետ, որոնք ժամանակին ականատես եւ մասնակից են եղել յիշեալ իրադարձութիւններին: Դուք ձեր «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ» գրքում, «ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԻՆԵՐՈՎ» վեցհատորեայ յուշերի առանձին գրքերում, յօդուածներում ու այս կամ այն առիթով արդէն շատ բան էք ասել նաեւ 17-18 թուականների դէպքերի մասին: Բայց, քանի որ Հայաստանի մեր ունկնդիրները հնարաւորութիւն չունեն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Յունուար 1968)

«Աղբալեան» Ակումբի Բացման Հանդէսը Հայ ժողովուրդին ամէնէն հրատապ եւ մնայուն հարցը եղած է իր գոյութեան պահպանումը, որովհետեւ ճակատագրի անողոք տնօրինումով հայութեան մէկ խոշոր զանգուածը ստիպուած է միշտ հեռու ապրիլ մայր հողէն եւ հայրենի տունէն: Բայց ազգային գիծը մեր մէջ այնքան շեշտուած է, որ իբրեւ ազգ գոյատեւելու բուռն ձգտումը մեզի տուած է ճակատագրին դէմ պայքարելու ուժը: Մեր հաւաքականութիւնը ամբողջական եւ մեր դիմագիծը անխաթար պահելու լաւագոյն միջոցը փնտռած ու գտած ենք երեք ազդակներու մէջ` եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ: Արդարեւ, այս երեք հաստատութիւնները ձեռք ձեռքի, առաջին երկուքը դարեր երկար, իսկ վերջինը` յիսնամեակէ մը ի վեր մասնաւորաբար, զիրար լրացնող, մեր ժողովուրդին կենսունակութիւնը սնուցանող եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (26 Յունուար 1968)

Կարօտ` Երկու Գերեզմաններու ... Դու լսո՞ւմ ես ինձ, գանգրահեր տղայ, Մի փնտռի նրա շիրիմը ի զուր: Անմահութիւնը շիրիմ չի ուզում...: Գ. ԷՄԻՆ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն եւ սփիւռքի կազմութենէն ետք, մեր գրականութիւնը ունեցաւ խառնուածքային արտակարգ եռուզեռով օժտուած երկու դէմքեր, մէկը հոն` հայրենիքի մէջ, միւսը հոս` սփիւռքի մէջ: Եղիշէ Չարենց եւ Վազգէն Շուշանեան: Արու գեղեցկութիւններու տեսիլքը սաստկօրէն զգացող երկու բորբ տրամադրութիւն, հայոց հայրենիքը եւ ժողովուրդը լոյսի եւ ուժի մէջ տեսնելու իղձով այրող երկու սիրտ, հայ կեանքին մէջ շատ անկատար բաներ տեսնող զօրաւոր երկու աչք, երկու յեղափոխական, որոնք գրեթէ նոյն տարիներուն հրապարակ եկան, փթթեցան երեսնական թուականներուն ու մեռան նոյն տարիքին, կեանքի կէս ճանապարհին,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (25 Յունուար 1968)

Զրոյց Նիւթ` Սփիւռքահայ Վէպը Դասախօս` Վահէ Օշական Տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 18 յունուար երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի ակումբ: Վ. Օշական արագ ակնարկով մը ներկայացուց սփիւռքահայ վէպը: Ան այս նիւթով անցեալ տարի պատրաստած էր իր տոքթորայի թեզը եւ յաջողութեամբ ստացած` համապատասխան վկայական: Վ. Օշական իր զրոյցի ընթացքին նախ բացատրեց, թէ հայ ժողովուրդը ի՛նչ կարծիք ունի ինքն իր մասին, երկրորդ` եթէ մաղէ անցընենք մեր վէպերը համալսարանաւարտի մը չափանիշով, ի՞նչ կը մնայ եւ ինչո՞ւ: Եւ վերջապէս, վէպի կապակցութեամբ ի՞նչ հարցեր կարելի է դնել: - Ընդհանրապէս մենք մեր մասին լաւատես ենք, ունինք դպրոց, եկեղեցի, լաւ յատկութիւններով օժտուած ժողովուրդ ենք: Սակայն այդքան ալ լաւատես ըլլալու պատճառներ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Յունուար 1968)

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները «ԼԸ ԺՈՒՐ» ֆրանսատառ թերթին խմբագրապետը` Էտուար Սաապ, որ ծանօթ անուն մըն է արաբական հրապարակագրութեան մէջ, վերջերս ստորագրեց յօդուածաշարք մը` Լիբանանի քաղաքական կուսակցութեանց մասին: Փաղանգաւորներու, Տեսթուրիներու, Ընկերվարական յառաջդիմականներու, Ազգային Ազատականներու, Ազգային պլոքի, համայնավարներու եւ կարգ մը այլ շարժումներու մասին արտայայտուելէ ետք, շաբաթ օրուան թիւով Էտուար Սաապ յօդուած մը յատկացուցած է հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն: Ստորեւ կու տանք այդ յօդուածը, ամբողջականօրէն: Լիբանանի հայ կուսակցութիւնները առանձինն արժանի են ամբողջ հատորի մը: Ամէնէն քիչ ճանչցուած են ու գուցէ` ամէնէն աւելի կազմակերպուածները, ամէնէն գաղափարապաշտներն ու ներգործօնները: Զուտ լիբանանեան գետնի վրայ անոնք կը բերեն այնպիսի մեծ նպաստ մը, որ վտանգաւոր է զանոնք անգիտանալ: Երեք...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Յունուար 1968)

Երաժշտագէտ Միշէլ Հոֆմանի Կարծիքը Հայ Երաժշտութեան Մասին Փարիզի երաժշտական շրջանակներուն խիստ ծանօթ դէմք մըն է Միշէլ Հոֆման` իբրեւ հեղինակաւոր երաժշտագէտ-քննադատ: Հեղինակն է շարք մը արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններու, որոնք իրենց տեղը ունին արդի երաժշտական գրականութեան մէջ: Վերջերս, դէպի Հայաստան իր կատարած այցելութենէն վերադարձին, Փարիզի երաժշտական ամսագրին` «Միւզիքա»-ի մէջ «Երաժշտութիւնը Հայաստանի մէջ» խորագրով շահեկան իր գրութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն առթած է: Միշէլ Հոֆման պատկերազարդ իր այս յօդուածին սկիզբը նախ տուած է հայ քաղաքական-ընկերային պատմութեան եւ միջնադարեան մշակոյթին վերաբերեալ կարգ մը տեղեկութիւններ: Պատմամշակութային փուլերուն շաղկապումը տուած է իրատես ու ճշգրիտ հայեացքով: Ապա, լաւատեղեակ հայ երաժշտութեան պատմութեան, հակիրճ ակնարկով մը դասաւորած է անոր զարգացման փուլերը` վեցերորդ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (22 Յունուար 1968)

Պէյրութի Նաւահանգիստը Այս օրերուն բաւական կը խօսուի Պէյրութի նաւահանգիստի ընդարձակման եւ անոր կանոնաւորման անհրաժեշտութեան մասին: Թէեւ երրորդ աւազանի աշխատանքները 1967-ին լրացան, կը մնան դեռ մթերանոցներու կառուցումները: Սուէզի անակնկալ փակումը յունիսին, Միջին Արեւելքի տարանցումները դարձան դէպի Պէյրութի նաւահանգիստը: Յատկապէս, Յորդանանի ներածումներն ու արտածումները, որոնք Աքահայի միջոցով տեղի կ՛ունենային, ներկայիս մեծ մասով Լիբանանէն կ՛անցնին: Միւս կողմէ` Սէուտական Արաբիոյ, Քուէյթի եւ Իրաքի տարանցումներէն մաս մը դարձեալ Պէյրութի միջոցով տեղի կ՛ունենայ: Յորդանանը, որ ամէն տարի 10.000 թոն ֆոսֆաթ կը ղրկէր, 1967-ին 30.000 թոն ղրկած է մեր նաւահանգիստէն: Առեւտրական գործառնութիւններու զարգացումով Պէյրութի նաւահանգիստը նեղ կու գայ նաւերը օրը օրին ընդունելու եւ անոնց ապրանքները պարպելու համար:...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 26 of 69 1 25 26 27 69

Արխիւներ