Մեր Տեսակցութիւնները
Ֆանարի Շրջանին Մէջ Քարանթինայի Հայերուն Համար
210 Ժողովրդային Բնակարաններու Շինութեան Աշխատանքները Կը Շարունակուին Մեծ Թափով
1969 Մարտին Պատրաստ Պիտի Ըլլայ 110 Բնակարան
ծանօթ է մեր ընթերցողներուն, որ Քարանթինայի շրջանին մէջ հակաառողջապահական եւ խղճալի պայմաններու մէջ բնակող հայ ընտանիքներու համար, ժողովրդային բնակարաններ կառուցելու ծրագիրը գործնական դարձաւ` շնորհիւ Խորէն Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնութեան եւ կառուցելու առաքինութեան:
Ծանօթ է նաեւ, որ ժողովրդային բնակարաններու շինութեան ոգին` «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկութեան նախագահ, ամերիկահայ ազգային բարերար Լէյլա Գարակէօզեան, 450 հազար տոլար դրաւ վեհափառ հօր տրամադրութեան տակ` ծրագրի իրագործման համար:
Այնուհետեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկութեան միջեւ կնքուեցաւ պայմանագրութիւն մը, որուն համաձայն, վեհափառ հօր նախագահութեամբ կազմուեցաւ գործավար եռանդամ յանձնախումբ մը` բաղկացած պետական երեսփոխան մեթր Խաչիկ Պապիկեանէ, կաթողիկոսարանի պատուոյ ճարտարապետ փրոֆ. Խոսրով Երամեանէ եւ Հաուըրտ Գարակէօզեան հիմնարկութեան Սուրիոյ եւ Լիբանանի ներկայացուիչ Նուպար Դաւիթեանէ:
Հետեւողական լուրջ աշխատանքներէ ետք եռանդամ յանձնախումբը 17.000 քառակուսի մեթր տարածութեամբ հողամաս մը գնեց Պէյրութի արուարձաններէն Ֆանարի շրջանին մէջ, Ժտէյտէի սերայէն դէպի հարաւ, «Շալէ Սուիս»-ին մօտերը, մայրիներու անտառի մը կողքին եւ արձանագրեց կաթողիկոսարանի անունին:
Հովանաւորութեամբ վեհափառ հօր եւ նախագահութեամբ աշխատանքի եւ ընկերային գործերու նախարար Սուլէյման Զէյնի, 16 նոյեմբեր 1967-ին տեղի ունեցաւ ժողովրդային բնակարաններու հիմնարկէքի պաշտօնական արարողութիւնը: Այժմ շինութեան աշխատանքները առաջ կը տարուին փութաջանութեամբ:
Ժողովրդային բնակարաններու առնչութեամբ յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տալու համար մեր ընթերցողներուն, մանաւանդ` շահագրգռուողներուն, վերջերս տեսակցութիւն մը ունեցանք վեհափառ հօր հետ, կաթողիկոսարանի իր գրասենեակին մէջ, ներկայութեամբ մեթր Խաչիկ Պապիկեանի:
Ստորեւ մեր հարցազրոյցը.
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հիմնարկէքի արարողութենէն ետք ժողովրդային բնակարաններու շինութեան գործը ի՞նչ նուաճումներ արձանագրեց:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Հիմնարկէքի արարողութիւնը կատարեցինք այն ատեն միայն, երբ վերջապէս ապահով զգացինք մենք մեզի, որ ժողովրդային բնակարաններու շինութեան գործը պիտի ընթանայ լաւագոյն միջոցառումներով:
Շինութեան ամբողջ գործը աճուրդով յանձնեցինք լաւագոյն պայմանները տուողին: Կաթողիկոսարանին եւ կապալառուին միջեւ կնքուեցաւ աւելի քան 200 էջերէ բաղկացած համաձայնագիր մը, որուն մէջ նախատեսուած են ոչ միայն գործին ծաւալը, որակը, քանակը, պայմանաժամը, այլեւ մինչեւ անգամ գործածուելիք նիւթերուն տեսակը, նաեւ` այլ մանրամասնութիւններ, որոնք կրնան ներկայանալ շինութեան ընթացքին: Կրնանք ըսել, որ ժողովրդային բնակարաններու շինութիւնը գիտականօրէն ծրագրուած եւ մեթոտիկ կերպով կազմակերպուած գործ է: Շինութեան աւարտին համար նշանակուած պայմանաժամը 14 ամիս է: Պիտի աւարտի 1969-ի մարտին:
Հ.- 1969-ի մարտին, առաջին առիթով, քանի՞ բնակարաններ պատրաստ պիտի ըլլան:
Պ.- 1969-ի մարտին, առաջին առիթով, ընտանիքի մը բնակութեան բոլոր յարմարութիւններով պատրաստ պիտի ըլլայ 110 բնակարան: Սակայն նախատեսուած ծրագրով պիտի կառուցուին 210 ընտանիքի բնակարան:
Բնակարանները պիտի տրուին առաւելագոյն դիւրութիւններով, դիւրամատչելի պայմաններով եւ մասնավճարներով: Եթէ Տէրը յաջողութիւն տայ, կը յուսացուի գործը շարունակել յառաջիկային` նորանոր շինութիւններով:
Հ.- Բացի բնակարաններէ` ուրիշ ի՞նչ շինութիւններ նախատեսուած են:
Պ.- Բացի բնակարաններէ` պիտի կառուցուին եկեղեցի ու դպրոց, հանդիսասրահ, արհեստանոց, խանութներ, պարտէզ ու ցայտաղբիւր:
Հ.- Առաջին իսկ առիթով յանձնուելիք բնակարաններու համար արդ որեւէ կարգադրութիւն կամ ընտանիքներու անուանացանկ պատրաստուա՞ծ է:
Պ.- Կաթողիկոսարանի եւ Հաուըրտ Գարակէօզեան հիմնարկութեան միջեւ կնքուած պայմանագրութեամբ, ժողովրդային բնակարանները պիտի տրուին գլխաւորաբար Քարանթինայի շրջանին մէջ թիթեղածածկ տուներու մէջ բնակող հայ ընտանիքներու:
Մինչեւ հիմա որեւէ ցանկ պատրաստուած չէ: Ո՛չ մէկ արձանագրութիւն: Ո՛չ ալ եռանդամ յանձնախումբը որոշած է, է ի՛նչ հիման վրայ պիտի ըլլայ ընտրութիւնը ընտանիքներու: Անկասկած, բնակարանները պիտի տրուին թշուառ ու անօգնական ընտանիքներու:
Աւելցնենք նաեւ, որ Լէյլա Գարակէօզեանի ցանկութեամբ, քանի մը բնակարաններ, շատ սահմանափակ թիւով, գրեթէ ձրիաբար պիտի տրուին բոլորովին չքաւոր կամ այրի ընտանիքներու:
Մեկնելէ առաջ աջահամբոյրով շնորհակալութիւն կը յայտնենք վեհափառ հօր, նաեւ մեթր Խաչիկ Պապիկեանին` ժողովրդային բնակարաններու առնչութեամբ իրեն տուած շահեկան տեղեկութիւններուն համար:
ՀՐԱԶԴԱՆ