Հայաստան
Ամանորեան Խոհեր
Մեր ժողովուրդին նկարագրին փայլուն յատկանիշներէն եղած են հաւատքն ու յոյսը:
Արդարեւ, հաւատքով եւ յոյսով մաքառեր ենք ազգովին, դարեր շարունակ, մեզի վիճակուած ապաբախտ ճակատագրին դէմ: Տոկացեր ենք ապագայի լաւագոյն հեռանկարներով` կործանարար փորձութիւններու դէմ դնելով: Գոյատեւեր ենք նոյնիսկ ամէնէն անբարենպաստ պայմաններու մէջ: Եւ գրեթէ միշտ սանձեր ենք աւերիչ փոթորիկները:
Հաւատքով եւ յոյսով ապրող եւ ներշնչուող սերունդներն էին, որ վառ պահեցին մեր ազգային ինքնագիտակցութեան հուրը: Եւ, վերջապէս, անլուր զոհողութիւններու գնով յաջողեցան ստեղծել մեր այսօրուան փոքր խարիսխը, որուն վրայ պիտի բարձրանայ անտարակոյս մեր երազներուն լուսապսակը եղող ամբողջական եւ ազատ հայրենիքը:
Հաւատքով եւ յոյսով է մի՛շտ, որ հայրենազուրկ բազմութիւնները ահա՛ աւելի քան յիսուն տարիներէ ի վեր կ՛ապրին ու կը պայքարին Արարատով ու Արարատի համար:
Քաղաքական այժմու կացութեան մէջ, անշուշտ, ինքնախաբէութիւն պիտի ըլլար լաւատեսութեան անուրջներուն մէջ օրօրուիլը: Միեւնոյն ատեն հիմնովին սխալ պիտի ըլլար յուսաբեկումի ամէն տրամադրութիւն, մասնաւորապէս այսօր, երբ խարիսխը, որուն վրայ պիտի բարձրանայ վաղուան մեր շքեղ ապարանքը, օր ըստ օրէ աւելի եւս կ՛ամրացնէ իր հիմերը հայրենի հողին վրայ: Եւ, մանաւանդ, երբ մեր ազգային հանգանակը այժմ դարձած է համազգային գաղափարաբանութիւն մը:
Չկա՛յ աւելի մեծ յաղթանակ, քան` ազգային դաւանանքի այս բիւրեղացումը ազգի մը համար, որուն մէկ հատուածին տասնամեակներ շարունակ պարտադրուեցան այլամերժ վարդապետութեան մը սկզբունքները: Պարտադրուեցաւ ուրացումը հայրենի հողին եւ ժխտումը պատմութեան ձայնին:
Քաղաքական կեանքը միշտ ենթակայ է վերիվայրումներու: Յեղաշրջումներու: Անկարելին վաղը կը դառնայ կարելի: Այս է պատմութեան ուսուցանած մեծ դասը:
Մինչ այդ, նոր տարեշրջանի սեմին, մեր նշանախօսքը պիտի շարունակէ ըլլալ` տոկալ: Իսկ աշխատանքի ուղեգիծը` մտրակել նորահաս սերունդին մէջ ազգային զգացումը, զայն դարձնել արթուն պահակը հայկական իրաւունքներու:
Բեթղեհէմի Պատմականը
Հաղորդած էինք, որ շաբաթ, յունուար 6-ին Բեթղեհէմի Ծննդեան եկեղեցիին մէջ կռիւ մը ծագած էր հայերու եւ եգիպտացի ղպտիներու միջեւ: Ղպտիները փորձած են խնկարկել հայկական խորանին առջեւ խախտելով 18-րդ դարուն` սուլթան Մահմուտի հրովարտակով հաստատուած «գոյավիճակը»:
Ստորեւ` Բեթղեհէմ քաղաքի պատմականը:
Բեթղեհէմ 845 մեթր բարձր է Միջերկրական ծովէն: Կը գտնուի Երուսաղէմի հարաւակողմը, 12 հազար մեթր հեռաւորութեան վրայ: Կառուցուած է լերան մը վրայ: Չորս կողմը` ձորեր:
Բեթղեհէմի մէջ ծնաւ քրիստոնէութեան հիմնադիր Յիսուս Քրիստոս: Այնուհետեւ Բեթղեհէմ դարձաւ հռչակաւոր եւ ուխտատեղի` քրիստոնեաներու:
Հայոց Աբգար թագաւորին կինը` բարեպաշտ թագուհի Հեղինէ, մաքրել տուաւ Սուրբ այրը, պատով մը շրջապատել տուաւ եւ որոշեց երկրպագութեան տեղը:
Տարիներ ետք ուրիշ քրիստոնեաներ աղօթատեղի մը շինեցին: 135-ին Ատրիանոս կայսրը քանդել տուաւ աղօթատեղին, անտառով մը շրջապատել տուաւ եւ Մսուրին վրայ կանգնեց Աֆրոտիթի արձանը` նուիրելով Ատոնիս չաստուծոյն:
Ըստ աւանդութեան, Մեծն Կոստանդիանոսի մայրը` Հեղինէ, կամ նոյնինքն` Կոստանդիանոս, կրկին մաքրել տուաւ սրբազան տեղը եւ ձեռնարկեց եկեղեցիի մը շինութեան: Մեր ազգային աւանդութիւնը կը հաստատէ, որ Տրդատ թագաւոր ամբողջացուց շինութիւնը` փառաւոր ու հոյակապ եկեղեցի մը կանգնել տալով:
Ըստ մեր պատմիչներուն, 7-րդ դարուն եկեղեցին հաստատուած էր 90 մարմարեայ սիւներու վրայ, քարակիր կամարներով: Երկարութիւնը երկու հազար եւ լայնութիւնը հազար կանգուն էր:
Սակայն, անկէ ետք, զանազան վտանգներու եւ դէպքերու պատճառով, եկեղեցին կորսնցուցած էր իր նախկին մեծութիւնը եւ շքեղութիւնը:
Լատին պատմիչներու համաձայն, խաչակիրներու Ս. Երկրէն հեռանալէն ետք եկեղեցին մնացած է անտէր ու` քայքայուած: Արաբներ եկեղեցիի տանիքին կապարներով շինած են հրացանի գնդակներ:
Իսկ զանազան յիշատակարաններ կը հաստատեն, որ հայերը միշտ պահած ու պահպանած են եկեղեցին: Օրինակ, 1127-ին, Տ. Աբրահամ եւ Տ. Առաքել հայ եկեղեցականները, իբրեւ տէր եւ իշխող եկեղեցիին, տախտակէ պատուական քանդակագործութեամբ զարդարուած եւ յատուկ յիշատակագրով կամ արձանագրութեամբ, շինել տուած են ներքին դուռը:
Ներկայիս, Ս. Ծննդեան եկեղեցին, սիւնազարդ գաւիթէն որմով բաժնուած, բաղկացած է երեք դասէ: Հարաւային կողմը եւ միջին Աւագ սեղանը, որուն տակն է Սուրբ այրը, սեփականութիւնն են յոյներու, իսկ հիւսիսային դասը, 1813-էն ի վեր, սուլթան Մահմուտի հրովարտակով, սեփականութիւնն է հայերու:
Դարերու ընթացքին հայերը շատ անգամ վէճեր ունեցած են թէ՛ յոյներու եւ թէ՛ լատիններու հետ եւ բաւական կորսնցուցած են իրենց իրաւունքներէն: Սակայն վերոյիշեալ թուականէն ասդին, բարձրագոյն հրովարտակի զօրութեամբ, կրցած են դարձեալ ամէնօրեայ պատարագ մատուցել Ս. այրի սեղանին վրայ եւ յոյներու ու լատիններու ունեցածներուն համեմատ կանթեղներ կախել եւ պատկերներ հաստատել: