Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Դեկտեմբեր 1967)

Դեկտեմբեր 23, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Ազգային Պարտականութիւն

(Գաւառական Ժողովի Լրացուցիչ
Ընտրութիւններուն Առթիւ)

Վաղը, կիրակի, 24 դեկտեմբեր, ըստ Ազգային սահմանադրութեան, Լիբանանի զանազան ընտրաշրջաններուն մէջ պիտի կատարուին Ազգային գաւառական ժողովի լրացուցիչ ընտրութիւնները` ընտրելու համար նոր ազգայիններ վիճակով դադրած կամ մահացած երեսփոխաններու տեղ:

Ընտրելու իրաւունքը մեր Ազգային սահմանադրութեան կողմէ ճանչցուած բոլոր իրաւունքներուն մէջ ամէնէն նուիրականն ու թանկագինն է, որով իւրաքանչիւր ազգային ինքզինք իրաւասու կը զգայ գործօն մասնակցութիւն բերելու ազգային կեանքին:

Շնորհիւ սահմանադրութեան այս տրամադրութեան` ազգին գործերը կը ղեկավարուին ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ազգայիններով, որոնք ժողովական կեանքի մէջ հարազատօրէն կը ներկայացնեն զիրենք ընտրող զանգուածները:

Վերջին քսանամեակի ընթացքին մանաւանդ, եթէ Լիբանանի մեր թեմին ազգային կեանքը յարատեւ վերելք արձանագրած է զանազան մարզերու մէջ, ատիկա առաւելաբար կը պարտինք ազգային-վարչական մեքենային բարւոք աշխատանքին ու նաեւ իրենց մէջ հանրանուէր ծառայութեան կոչում զգացող մեր հայրենակիցներուն բոլորանուէր աշխատանքին:

Ազգային գաւառական ժողովը, իր Քաղաքական ժողովով, ազգային գործերու վերին հսկիչի իր դերին մէջ եղաւ շարունակ, եւ շնորհիւ անոր բոլոր օրկաններուն յարատեւ աշխատանքին` կարելի եղաւ կարգ ու կանոն մտցնել հանրային կեանքէն ներս` համապատասխան արդիւնքներու հասնելով:

Վեց տարի առաջ, 1961-ի նոյեմբերին, Լիբանանի մեր ժողովուրդին թիւին թուական աճին պատճառով, Գաւառական ժողովը արդարօրէն անհրաժեշտ նկատեց աւելցնել նաեւ իր անդամներուն թիւը: Այսպիսով, աւելի ծաւալ ստացաւ իր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` իրմէ բխած օրկաններու աշխատանքը:

Այս գիտակցութիւնը կը մղէ մեզ, կը մղէ բոլոր ազգասէր տարրերը` լրջօրէն մօտենալու հարցին եւ լաւագոյնս արժեցնելու քուէի մեր իրաւունքը:

Այս իրաւունքը նոյն ատեն պարտականութիւն մըն է, որմէ ոչ ոք պէտք է խուսափի: Ազգային սահմանադրութեան տրամադրութեանց պայմանները լրացնող ոչ մէկ հայրենակից պէտք է անմասն մնայ ազգային գործերու յանձնառումէն, ու ատիկա կ՛ըլլայ միայն քուէարկութեան մասնակցելով, առաւելագոյն ձայները կեդրոնացնելով այն անձերուն վրայ, որոնք մեզ պիտի ներկայացնեն լիբանանահայ թեմի ազգային ժողովականութեան մէջ:

Ոչ ոք իրաւունք ունի թերանալու այս նուիրական պարտականութեան մէջ: Իւրաքանչիւր քուէ իր արժէքն ունի, իւրաքանչիւր ձայն կ՛անդրադառնայ ընտրութեանց եթէ ոչ արդիւնքին, բայց անպայմանօրէն` արժէքին վրայ:

Հետեւաբար վաղը մեր բոլոր հայրենակիցները կարգապահ շարքերով պէտք է դիմեն քուէարկութեան կեդրոնները` կատարելու համար իրենց պարտականութիւնը:

Թերացումը ազգին հանդէպ պարտազանցութիւն է, գիտակից մասնակցութիւնը քուէարկութեան` պարտաճանաչութիւն:

Մեր հայրենակիցները վաղը պիտի գիտնան պարտաճանաչ ըլլալ, ինչպէս եղած են միշտ:

Այդպիսով, անգամ մը եւս պիտի գան հաստատելու իրենց վառ հետաքրքրութիւնը ազգային գործերուն հանդէպ, որոնց բարւոք յանձանձումը կախում ունի կենսունակ ժողովականութենէ մը:

Պէտք չէ մոռնալ մանաւանդ այն իրողութիւնը, որ պահանջատէր ըլլալու համար պէտք է ըլլալ պարտաճանաչ: Պարտի ու պահանջի համակարգութիւնը միայն կրնայ ներդաշնակութիւն ստեղծել մեր կեանքէն ներս:

Վստահ ենք, որ այս մօտեցումը պիտի ունենայ վաղը իւրաքանչիւր ազգային, երբ նուիրական պարտականութիւն մը կատարելու համար պիտի տայ իր քուէն` ազգին գործերը վստահելով ձեռնհաս եւ աշխատունակ տարրերու:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Սուփըր» Կաղանդ Պապան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?