Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Դեկտեմբեր 1967)

Դեկտեմբեր 22, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռինկ – Փրկութեան Կամուրջը

Աշխատանքները Պիտի Աւարտին
1969
Դեկտեմբերին

Պէյրութ վերջապէս պիտի ունենայ իր բարձրադիր կամուրջը: Երկու տարիէն շրջագայութեան դժուարութիւնները վերջ պիտի գտնեն առեւտրական «ռինկ»-ին եւ մայրաքաղաքի կեդրոնական մասին մէջ:

Այս ուրախառիթ որոշումը տուաւ հանրապետութեան նախագահը` վերջակէտը դնելով նման կամուրջի մը անհրաժեշտութեան մասին ծագած երկար եւ ամուլ վէճերուն: Հինգշաբթի առտու Սին Էլ Ֆիլի պալատին մէջ տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին նախագահ Հելու Քաղաքաշինութեան գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ Միթրի Նամմարէն պահանջեց յառաջիկայ մարտէն առաջ պատրաստել աշխատանքներու նուազուրդի թղթածրարը:

Աշխատանքները կրնան սկսիլ մայիս 1968-ին եւ աւարտիլ 18 ամիս ետք, դեկտեմբեր 1969-ին:

Կամուրջը, որ պիտի շինուի սիւներու վրայ, պիտի ունենայ մօտ 100 մեթր երկարութիւն եւ Զոքաք Պլաթը պիտի կապէ Թապարիսին` անցնելով Մորիս Պարիս, Պասթա, Սուրիա, Պշարա Խուրի, Դամասկոս եւ Մոնօ փողոցներուն վրայէն:

Պասթա փողոցին մէջ ճամբան պիտի ըլլայ եռայարկ (Վերի գծանկարը), նկատի ունենալով մակերեսի տարբերութիւնը Պասթայի եւ Զոքաք Պլաթի մէջ: Այսպիսով, կամուրջին վարի յարկին վրայ եւս որ դանդաղ շրջագայութեան պիտի յատկացուի, կարելի պիտի ըլլայ խաչաձեւումէ խուսափիլ:

Մնացեալ մասին մէջ ճամբան պիտի ըլլայ երկյարկ:

 

Ազգակերտ Կուսակցութիւնը

Դաշնակցութեան պատմութիւնը կարելի չէ անջատել հայ ժողովուրդի հարազատ պատմութենէն:

Դաշնակցութիւնը պատմական դէպքերու հոլովոյթին ծնունդն էր անշուշտ, բայց հազիւ մարմին առած` դարձաւ Պատմակերտ ուժ մը եւ իր գործին ու նկարագրին կնիքը դրաւ հետագայ բոլոր դէպքերուն վրայ:

Ոչ միայն դէպքերուն, այլ նաեւ մեր ժողովուրդին վրայ կը տեսնենք Դաշնակցութեան շունչին, գաղափարաբանութեան եւ բարոյական նկարագրին խոր ազդեցութիւնը:

Այս իմաստով, Դաշնակցութիւնը հայութեան համար աւելի բան մը եղաւ, քան շարժումներ կառավարող եւ դէպքերու ծնունդ տուող կուսակցութիւն մը: Դարձաւ նոյն ատեն ազգակերտ ոգի մը, ազգային գիտակցութեան բարձրագոյն չափանիշ մը եւ ստեղծեց նոր հայութիւնը:

Այս իրողութիւնը զայն կը զատորոշէ բոլոր միւս կուսակցութիւններէն, որոնք ասպարէզ կ՛իջնեն քաղաքական որոշ ծրագիր մը իրագործելու առաջադրութեամբ եւ այդ ծրագրի ծիրին մէջ ալ կը սահմանափակեն իրենց դերն ու գոյութիւնը: Ձեռք բերուած յաջողութիւններուն չափն ու աստիճանն են, որ կը պայմանաւորեն նման կուսակցութիւններու կեանքի տեւողութիւնը: Մինչդեռ Դաշնակցութիւնը իր բուն կենսունակութիւնը կը պարտի ոչ այնքան շօշափելի եւ նիւթական նուաճումներու, որքան` այն ոգիին, զոր ինք ստեղծեց, եւ որուն դրօշակիրը կը հանդիսանայ երեք քառորդ դարէ ի վեր:

Դժուար է վերլուծել այդ ոգիին խորհուրդը,  որովհետեւ ան կը բխի մեր դարաւոր անցեալէն եւ կը մարմնանայ Դաշնակցութեան մէջ:

Բազմաթիւ ճակատներու վրայ պայքարող, արտաքին ու ներքին թշնամիներէ հալածուած այս զարմանալի կուսակցութեան վիճակուեցաւ ըլլալ հայ ժողովուրդի ընդհանրական իղձերուն եւ բարձրագոյն ձգտումներուն արտայայտիչը: Ոչ միայն բանիւ եւ գրչով, այլ նաեւ` գործքով եւ անհաշիւ զոհաբերութեամբ:

Վերածնող հայութիւնը կազմաւորուեցաւ Դաշնակցութեան պատկերին վրայ:

Ամէն բանէ առաջ` ՀՅ Դաշնակցութիւնը քաղաքական իտէալ եւ գիտակցութիւն տուաւ երկարատեւ ստրկութեան լուծին տակ գունաթափ ու կազմալոյծ մեր բազմութիւններուն: Հայութեան պառակտուած եւ իրարու անհաղորդ հատուածները միացուց նոյն սրբազան գաղափարին շուրջ, ինքնավստահութիւն եւ ինքնագիտակցութիւն ներշնչեց բոլորին: Բարոյական հազուագիւտ առաքինութիւններ մշակեց իր շարքերուն մէջ, ուր հայ գիւղացին, հայ բանուորը, հայ մտաւորականը սորվեցան եղբայրական սիրով գործակցիլ եւ դաւանական կամ տեղացիական ըմբռնումներէն վեր բարձրանալով` ազգային գերագոյն շահեր հետապնդեցին:

Դաշնակցութեան ծնունդէն ետք, հայութիւնը այլեւս եկեղեցիի փէշերուն տակ ծուարած կրօնական համայնք մը չէր, այլ ազատութեան եւ հայրենիքի ըմբռնումը ունեցող եւ իր մշակութային առաքելութեամբ հպարտ ազգ մըն էր:

Ֆետայիներու հերոսական մարտնչումներով եւ ընկերական առողջ կազմակերպութեամբ, Դաշնակցութիւնը կարճ ժամանակի ընթացքին մեր երիտասարդներու սրտին մէջ նետեց արիութեան եւ անշահախնդրութեան այնպիսի սերմեր, որոնք արգասաւորուեցան հրաշալի արդիւնքներով: Անձնազոհութիւնը հասցուց իր գերագոյն աստիճանին: Պատրաստեց սերունդներ, որոնց հաւատքին ուժը եւ նուիրումին աստիճանը անկարելի է կշռել սովորական մահկանացուներու չափանիշով:

Ահա թէ ինչպէ՛ս կերտուեցաւ նոր հայութիւնը, որ դիմագրաւեց մեր պատմութեան մեծագոյն աղէտները` անխորտակելի տոկունութեամբ:

Առանց այս իրողութիւնները աչքի առջեւ ունենալու` կարելի չէ ըմբռնել Դաշնակցութեան դերն ու զօրութիւնը: Անոր հակառակորդները սխալած են միշտ եւ կը սխալին այսօր ալ, երբ կը կարծեն, որ ֆիզիքական հալածանքով հնարաւոր է մահացնել կուսակցութիւն մը, որ գերազանցօրէն ոգի է եւ գաղափար:

Հայութեան մարմինէն անկարելի է անջատել Դաշնակցութեան ոգեղէն կենդանութիւնը:

Ա. ՄՇԱԿԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Եզակի Ժողովուրդին Եզակի Հայրենիքը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?