Խմբագրական
Հայուն Ծնունդը
Անիմանալի խորհուրդ մարդեղութեան:
Զանգերը պիտի ղօղանջեն դարձեալ` տառապահար մարդկութեան աւետելու համար ծնունդը Փրկիչին, որ համեստ մսուրի մը նորածինը եղաւ եւ լեցուց ամբողջ աշխարհը իր վարդապետութեան լոյսով:
Աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ամէնէն աւելի կեղեքուածներն ու տկարներն են, որ լիովին կ՛ըմբռնեն խորհուրդը այս օրուան, որ իր պարզութեան մէջ` գեղեցիկ, կու գայ յուզելու մարդը, մարդուն մէջ արթնցնելով մարդկայինը:
Կեղեքուածներու առաջին շարքն վրայ կը գտնուի հայ ժողովուրդը, աստանդական, աշխարհի չորս կողմը ցանուցիր հայութիւնը, որ իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին ջերմեռանդօրէն հաւատաց քրիստոնէական վարդապետութեան պատուէրներուն` անոնց մէջ գտնելով մարդկայնօրէն ապրելու գերագոյն առաքինութիւնները:
«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» կ՛ըսէ շարականը, ու այս հոգեպարար երգեցողութեան ալիքները երբ կը բարձրանան դէպի կամարները եկեղեցիին, սարսուռ մը կ՛անցնի հաւատացեալներու հոգիէն, սարսուռը խորհուրդին, որ անըմբռնելի է, բայց ներկայ` իր բովանդակ շքեղութեամբ եւ մեծութեամբ:
Չկայ ժողովուրդ մը, որու՛ն համար Ծնունդը այնքան իմաստալի ըլլայ, որքան` հայ ժողովուրդը, որ իր բազմաչարչար գոյութեան ընթացքին, հակառակ բոլոր աւերներուն, որոնք եկան ու անցան մեր աշխարհէն, շարունակեց հաւատալ փրկութեան, որ պիտի գար անպայման, պիտի գար օր մը գեղեցիկ, անպայմա՛ն:
Այս հաւատքը յատկանշեց հայութիւնը: Չյուսահատեցանք, երբ կորսնցուցինք մեր պետականութիւնը: Չյուսահատեցանք, երբ ասիական տափաստաններէն խուժող հորդաները արիւնի եւ հուրի երկիր դարձուցին մեր հայրենիքը: Չյուսահատեցանք, մանաւանդ` յիսուն տարի առաջ, երբ պատմութեան բեմէն մեզ ի սպառ ջնջելու ահաւոր որոշումը տուաւ անագորոյն թշնամին:
Զարմանալի ժողովուրդ մը` մերը, որ կրցաւ ծով արիւններու մէջ լողալու պահուն վերածննդեան յոյսը չկորսնցնել: Պարտութեան մէջ յաղթանակի լուսաշող առաւօտներ երազեց ու օր մըն ալ հասաւ իր երազին:
Կրնանք անվարան ըսել, որ քրիստոնէական վարդապետութիւնը շատ քիչ ժողովուրդներու մէջ գտած է իր հիմնական սկզբունքներուն հարազատ արտայայտիչը այնքան, որքան` հայ ժողովուրդին մէջ: Հայութեան համար` քրիստոնէութիւնը կրօն չէ միայն, այլ` բնազանցութեան խնդիրները լուծող վարդապետութիւն մը, հաւատամք մը:
Հայկական Ծնո՜ւնդ:
Գերազանցապէս ինքնատիպ ժողովուրդ` հայը իւրայատուկ գոյն տուած է աստուածորդւոյն ծննդեան խորհուրդին: Անիկա իրեն համար եղած է փաստ մը, վկայութիւն մը, ապաւէն մը միանգամայն:
Այս հանդիսաւոր պահուն, երբ մարդիկ իրենց աղաչական հայեացքը երկինք ուղղած` խաղաղութիւն կը փնտռեն եւ` «ի մարդիկ հաճութիւն», հայը կարեյոյզ շեշտ մը կու տայ իր աղօթքներուն: Որովհետեւ, եթէ կայ ժողովուրդ մը, որ ամէնէն աւելի պահանջելիք բան մը ունի, արդար ու անվիճելի, մեր ժողովուրդն է:
Խաղաղութի՞ւն. կ՛ուզենք, բայց` ոչ առանց արդարութեան: Որովհետեւ այդպիսի խաղաղութիւն մը պիտի ըլլար յարատեւումը ստրկութեան, որուն ենթակայ են տկար ու անիրաւուած ժողովուրդները:
Ի մարդիկ հաճութի՞ւն. ինչո՞ւ չէ: Հայը այն ժողովուրդն է, որ գիտցած է ներել մինչեւ իսկ ամէնէն ոխերիմ թշնամիին: «Սիրեցէք զմիմեանս», ըսած է Քրիստոս: Հայը տուած է գերազանց օրինակը այլասիրութեան եւ անձնուրացութեան:
Իւրաքանչիւր ժողովուրդ պատմական առաքելութիւն մը ունի, որուն հետ պայմանաւորուած է, եւ որ չի կրնար դրժել` առանց ինքզինք ուրանալու:
Հայութիւնը չի կրնար ինքզինք ուրանալ: Պիտի մնայ նոյն հաւատաւոր ժողովուրդը, որ համատարած դժբախտութիւններու մէջ գիտէ յոյսին լարերը թրթռացնել:
Պիտի մնայ նոյն ժողովուրդը, որ կը հաւատայ արդարութեան յաղթանակին:
Ու վստահ եղէք, արդարութիւնը պիտի չկրնայ իր երեսը յաւիտենապէս ծածկել մեզմէ:
Նշմար
Ու Խարազանով
Աշխարհը անձկութեամբ կը սպասէր Իրեն. աշխարհի իմացումով պիտի յայտնուէր` փառքով, ամենազօր արքայի մը ծիրանիով ու մականով, բայց Ինք` ամենակարող Աստուծոյ Որդին, ընտրեց խոնարհութեան ճամբան, ծնաւ խոնարհագոյն անկիւն մը ու մսուրի մը մէջ ստացաւ իր առաջին խնամքը:
Ու խոնարհական այս սկիզբին հաւատարիմ մնաց մինչեւ վերջ: Ապրեցաւ խոնարհութեամբ, խոնարհներէն ընտրեց իր աշակերտները, հացի նստաւ խոնարհներուն հետ, այցի գնաց խոնարհներուն, հիւր ընդունեց խոնարհները:
Աստուծոյ Որդի էր, անվախճան լոյսի մը վարդապետը, որ լոյսի պէս պարզ ըրաւ իր կեանքը, խօսքը, ճակատագրին առեղծուածը:
Երկինքներէն կու գար ինք ու երկինքներէն բերած իր լուրերը այնքան հմայիչ էին, մարդերը դէպի վեր ու վերացում, դէպի լոյս ու երանական կայքեր տանելու իր կարողութիւնը այնքան մոգական, որ մէկ օրէն միւսը իր խօսքերը հրամայական պահանջ դարձան ու դարձան տիեզերական կրօն:
Հազար ինն հարիւր ու այսքան տարի առաջ իջաւ երկիր, ու անկէ ասդին, բոլո՛ր դարերուն, աշխարհը վարող բոլո՛ր մեծ հոգիներուն տիպարը եղաւ Ան իր անստուեր նկարագրով, պատարագեալ բաշխուելու շռնդալիծ տրամադրութեամբ, մարդկութեան կտակած լուսեղէն պատգամներով ու շաչեցուցած դաժան խարազանով:
Խարազանո՛վ:
Երկինքներէն կու գար, բայց երկինքներու ճամբան յարդարելու բացարձակ գաղափարով մը չէր մարմնացած, երկրային կեանքը բարենորոգելու միտքը տիրական էր իր առաքելութեան մէջ, շահագրգիռ էր մեր աշխարհով, ու աշխարհը աշխա՛րհ էր նաեւ այն ատեն, փղշտացիները շատ էին, փարիսեցիները դասակարգ, սադուկեցիները անհամար. մաքսաւորներ կային տակաւին Աստուծոյ տունը տուն վաճառի դարձուցած մանրավաճառ հոգիներ, իշխանատենչներ, ընչաքաղցներ, ապականութեան հազա՛ր գործիչ, որոնց դիմաց բարութիւնը ուժ չէր, աստուածային բարկութիւնը միայն կրնար ահաբեկել զանոնք ու Աստուածորդին մաքրագործող բարկութեամբ ձեռք առաւ խարազանը:
Կեանքը միշտ պէտք ունի աստուածընտիր հոգիներու, աստուածներու, բայց վա՜յ այն ընտրեալին, վա՜յ այն աստուծոյն, որուն ձեռքը վարժ չէ խարազանի գործածութեան…
Պ. Ս.