Հայ Դատի Յանձնախումբի Մասին
Հայ դատի յանձնախումբի ձեռնարկներուն բուն իմաստն է, Ցեղասպանութեան խնդրի արծարծումով, մուտք գործել Միացեալ ազգերու ատեանները` Հայ դատը ներկայացնելու եւ մեր հողային եւ այլ ազգային իրաւունքները պաշտպանելու մտադրութեամբ: Որովհետեւ Հայ դատը` իբրեւ միջազգային քաղաքական հարց, ներկայ պայմաններու տակ, գրեթէ անկարելի է օրակարգի խնդիր դարձնել: Մինչդեռ երբ Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւումը կը ներկայանայ միայն թրքական յետին նպատակ` հայերու ցեղասպանութեամբ, անաչառ եւ արդարամիտ ազգերուն Հայ դատը կը դառնայ դիւրին մատչելի եւ հասկնալի:
Հայ դատի յանձնախումբը շարունակաբար եւ անխոնջ հետեւողականութեամբ կը տքնի ցեղասպանութեան խնդիրը, (որ ՄԱԿ-ի ուխտագիրը վաւերացուցած է իբրեւ միջազգային օրէնք) իր խոր քունէն, թմբիրէն սթափեցնել եւ վերածել գործուն եւ կենդանի իրականութեան: ՄԱԿ-ի ուխտագիրը մարդկութեան դէմ աններելի ոճրի կը նկատէ ցեղասպանութիւնը, սակայն գործնական որեւէ քայլ չ՛առներ կենսագործելու, կիրառումի ենթարկելու: Պատճառը այն է, որ գոյութիւն ունին ցեղասպանութեան անմիջօրէն յարակից եւ կցորդ բազմադէմ հարցեր, որոնք արգելք կը հանդիսանան եւ կը դժուարացնեն անոր անյապաղ կիրառումը:
Հայ դատի յանձնախումբը, իր յուշագիրներով եւ բացատրական գրութիւններով առանց զուտ ազգային, հայկական միջամտութեան նշան ցոյց տալու, մայր սկզբունքները ջատագովելով, մեծապէս դիւրացուց ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւունքներու յանձնաժողովներու դժուար աշխատանքը: Սա խոստովանութիւնն է յանձնաժողովի անդամներու եւ ՄԱԿ-ի այլ հետաքրքիրներու:
Սա դեռ չի նշանակեր, որ խնդիրը պարուրող մշուշը, զայն մթագնող վարանքն ու աղօտանքը վերջապէս փարատած են եւ չքուած: Տակաւին ահագին խութեր, խրթնութիւններ եւ բարդութիւններ կան, որ անհրաժեշտ է հետզհետէ բառնալ: Հայ դատի յանձնախումբի ցարդ ձեռք բերածը նշանակելի նուաճում է, որովհետեւ մեզ փոքր քայլերով կը մօտեցնէ մեր բուն նպատակին: Նաեւ մեզի համար խրախուսելի հանգամանք է, որ ցարդ ձեր ձեռնարկները ՄԱԿ-ի մօտ նահանջի կամ ձախողանքի չեն ենթարկուած:
Կարեւոր յաջողութիւններէն մէկն ալ, որ հետագային յոյժ արդիւնաւէտ ազդակ պիտի դառնայ այն է, որ Հայ դատի յանձնախումբի յուշագիրներու լեզուն, ոճը, բովանդակութիւնը, իր փաստալի անաչառութեամբ եւ առարկայական մօտեցումով, մեծապէս գնահատուած է ՄԱԿ-ի յանձնաժողովներուն կողմէ եւ անոնցմէ դուրս գտնուող շատ մը ազգերու ներկայացուցիչներէն: Աւելին եւս, մեր մատուցած մէկ յուշագիրը իբրեւ վաւերաթուղթ դասաւորուած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի համապատասխան թղթածրարներու մէջ, հետագային օգտագործելու համար:
Հայ դատի յանձնախումբի բարի համբաւով ճանաչումը եւ վստահութիւնը ՄԱԿ-ի անդամներու կողմէ մի լուրջ վկայական է, որմէ անպատճառ պիտի ջանանք օգտուիլ:
«Հայրենիք»
Հայասպանութեան Եւ Հայաստանասպանութեան Ոճրագործութիւնը` Միջազգային Օրէնքին Առջեւ
Պատմական իրողութիւններ, պատմական փաստեր եւ պաշտօնական վաւերագիրներ շատ կան ապացուցանելու համար թրքական ղեկավարութեան պատրաստած ու գործադրած հայասպանութեան բացարձակ եւ ցինիկ ոճրագործութիւնները:
Յիշատակենք միայն մէկ վաւերագիր, որ լիբանանցի Մուսա Փրենսը, իր «Un génocide impuni: L՛Arménocide» (Մի անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւն` հայասպանութիւնը) վերնագիրը կրող աշխատութեան մէջ, ներկայացրել է Փարիզում կայացած «Ոճրագործութեան դէմն առնող համագումարին»: Ահա՛ այդ պաշտօնական հրամանագիր-վաւերաթուղթը:
Հալէպի նահանգապետին, 1915:
«Ձեզ հաղորդուած է, որ կառավարութիւնը վճռած է ամբողջական ոչնչացման ենթարկել Թուրքիայի հայերին… Վերջ պէ՛տք է տրուի նրանց գոյութեան, որքան էլ, որ ոճրային լինեն ձեռնարկուած միջոցառումները, հաշուի պիտի չառնուեն, պիտի չխնայուեն ո՛չ տարիքը, ո՛չ սեռը եւ ոչ էլ խղճի վարանումներ պիտի ունենայ»:
Ներքին գործոց նախարար` ԹԱԼԷԱԹ
Սա հայասպանութեան ոճիրը, որ գործեցին օսմանեան Թուրքիոյ ղեկավարները: Սա առաջին յանցանքը, որի համար պատասխանատու են թուրք ղեկավարները:
Լիակատար եւ ամբողջական դարձնելու համար մարդկութեան դէմ գործած ոճիրը, քեմալական Թուրքիոյ ղեկավարները ծրագրեցին նաեւ իրաւազրկել հայութիւնը, կարենալ ոչնչացնելու համար ամբողջ հայութիւնը:
Եւ ահա՛, 1920-ին թրքական բանակները ներխուժեցին Հայաստան եւ ջնջեցին Հայաստանի ազգային ազատ եւ անկախ պետականութիւնը:
Սա էլ հայաստանասպանութեան ոճիրը, որ գործեցին քեմալական Թուրքիոյ ղեկավարները: Սա էլ երկրորդ յանցանքը, որի համար պատասխանատու են թուրք ղեկավարները:
Մենք համոզուած ենք, որ ի վերջոյ Արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ, եւ թուրք հին ու նոր ղեկավարները պիտի կանգնեն Արդարութեան ատեանի առջեւ, կարենալ քաւելու համար իրենց մեղքերն ու յանցանքները:
«Ալիք»
