Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Յունուար 1968)

Յունուար 13, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

 Իրաւունքին Մէջ
Յաւիտենականութիւն Կայ

Ժողովուրդները, մանաւանդ` անիրաւուածները, կ՛ապրին ու կը գոյատեւեն այս ճշմարտութեան լրիւ գիտակցութեամբը միայն:

Այն ժողովուրդները, որոնք չունին այս գիտակցութիւնը, դատապարտուած են, ուշ կամ կանուխ, անհետանալու պատմութեան բեմէն կամ մատնուելու այնպիսի վիճակի, որ անկարելիութեան մէջ պիտի ըլլան կատարելու իրենց պատմական առաքելութիւնը:

Եթէ մնացած ենք, կանք ու պիտի ըլլանք` հակառակ բոլոր աննպաստ պայմաններուն, որոնք դարեր շարունակ դաւակից դաշնակցութեամբ մը գործեցին մեր ժողովուրդին դէմ, կը պարտինք այս գիտակցութեան:

Հայկական հրաշքին տարբեր բացատրութիւն փնտռել` կը նշանակէ չհասկնալ մեր գոյութեան նախատարրը, իրաւունքի յաւիտենականութեան իմացումը, կենսատու այն աւիշը, որ կանգուն պահեց մեզ, երբ մեր շուրջը փլած էր ամէն բան:

Հալածուեցանք ու մնացինք: Ջարդուեցանք ու մնացինք: Ինչե՜ր չտեսանք: Արիւնը հեղեղի պէս հոսեցաւ Հայաստան աշխարհին մէկ ծայրէն միւսը: Ասպատակներ հիմէն կործանեցին ամէն բան, գետնին հաւասար դարձուցին հայկական հանճարին ամէնէն հարազատ արտայայտիչները, մեր հայաշէն տաճարները լոյսի: Բայց չհասան, չկրցան վնասել այդ տաճարները հոյակերտող հայկական ոգիին, իբրեւ ազգ, իբրեւ ամբողջական հաւաքականութիւն ապրելու մեր իրաւունքին, այդ իրաւունքէն մազաչափ մը իսկ չզիջելու մեր կամքին:

Հասանք մեր օրերուն: Հայրենիք-սփիւռք լծորդ գոյութեան մը, անբնական կացութեան մը, որ իր նախընթացը չունի մեր պատմութեան մէջ:

Առաջ հայը կը տառապէր, բայց կը տառապէր իր հողին վրայ: Իր ապաւէնը հայրենի հողն էր: Ուժ կը ստանար անկէ, կ՛ապրէր հողին համար: Կը մեռնէր դարձեա՛լ հողին համար:

Ապրելու եւ մեռնելու այդ երջանկութենէն ալ զրկեցին մեզ: Ու կազմուեցաւ սփիւռք կոչուող պատմական անհեթեթութիւնը, մեր դիմացը ցցուեցաւ ձուլում կոչուող հրէշը, որ կը սպառնար հայութեան կէսին, մինչ միւս կէսը կ՛ապրէր ուրիշ գողգոթայ մը, սեփական հողի վրայ, բայց` օտար բռնակալութեան մը թաթին տակ:

Ո՞վ կրնայ ըսել, թէ անցնող յիսնամեակին, հայութեան ո՛ր կէսը միւսին նախանձելու իրաւունք ունեցաւ աւելի: Ո՞վ նուազ տառապեցաւ, ո՞վ աւելի: Մէկը տառապեցաւ միւսին համար, իւրայատուկ վիճակներու եւ պայմաններու մէջ: Տառապեցաւ, բայց գոյատեւեց, տառապանքով ազնուացաւ, ստեղծագործեց ու հարստացաւ ու ասպարէզ կարդաց ճակատագրին:

Յաղթե՛ց:

Յաղթական հայութիւն մը երկու տարի առաջ ոգեկոչեց իր պատմութեան ամէնէն սեւ թուականին յիսնամեակը: Շատեր մեզ ա՛յդ օրը միայն տեսան, մինչ մենք կայինք ամէն օր, յիսուն տարի ապրած էինք իրենց հետ` մեր ցաւով գօտեպնդուած, աւելի քան երբեք հաւատարիմ մեր անցեալին, նոյն ատեն` լրիւ կատարումովը բոլոր այն պարտականութիւններուն, որ սփիւռքը կը թելադրէր մեզի, կը թելադրէր մեր երախտագիտութիւնը` հանդէպ բոլոր այն երկիրներուն, որոնք ազատ կեանքի եւ ազատ գործի հնարաւորութիւններ ընծայած էին մեզի:

Ու ոչ ոք հակասութիւն տեսաւ մեր զոյգ հաւատարմութիւններուն միջեւ: Հաւատարմութիւն` անցեալին, հաւատարմութիւն` ներկային, այդ ներկան կարելի դարձուցած բոլոր ազդակներուն հանդէպ:

Այսպէս է ու այսպէս եղաւ, որովհետեւ խաղաղ էր մեր հոգին` հակառակ հայ կեանքը փոթորկող արհեստական պայքարներուն:

Ունէինք արդար Դատ մը, անկապտելի իրաւունք մը ու գիտակցութիւնը այդ իրաւունքին, անոր յաւիտենականութեան:

Ունինք նաեւ այսօր, երբ մթնոլորտը պայծառացած է քիչ մը: Պիտի ունենանք վաղը, երբ նոր պայքարներու, ազնիւ, ազգային պայքարներու ի խնդիր գայ, վերջապէս հասնի պատմական պահը, պայմաններու նպաստով, բայց` մեր սեփական միջոցներով, ստեղծելու ամբողջական հայրենիք, ամբողջական հայութեամբ:

 

Պերլինի Հայ Գաղութը

Պերլինի հայ գաղութը իրականութեան մէջ կազմուած է 1920-1922 թուականներուն, երբ կարգ մը մտաւորականներ, ուսանողներ եւ վաճառականներ ժամանակաւոր կամ տեւական ձեւով հաստատուած են Գերմանիոյ երբեմնի մայրաքաղաքին մէջ: Այժմ գաղութը ունի 120-130 անդամ: Դժբախտաբար միայն ասոր կէսը, 50-60 հոգի, այս կամ այն ձեւով կապուած է հայ կեանքին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ գաղութի ձեռնարկներուն:

Պերլինի հայ համայնքը ունի եօթը հոգինոց վարչութիւն մը, որ ամէն տարի կ՛ընտրուի գաղութային Ընդհանուր ժողովին կողմէ: Այս ժողովին իրաւունք ունին մասնակցելու բոլոր չափահասները, որոնք վճարած են իրենց ազգային տուրքը:

Կան տասնեակ մը ուսանողներ` Միջին Արեւելքի երկիրներէն: Ընդհանրապէս կ՛ուսանին համալսարաններու մէջ: Կը հետեւին ճարտարապետութեան, բժշկութեան եւ այլ ազատ ասպարէզներու ճիւղին: Մտադրութիւն կայ ի մօտոյ կազմելու երիտասարդաց միութիւն մը:

Գաղութային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, ամէն տարի կանոնաւոր կերպով կը յիշատակուին ապրիլեան Եղեռնի տարեդարձը, մայիս 28-ը, Խանասորի արշաւանքը, ՀՅԴ օրը, Մշակոյթի օրը եւ այլն:

Դասախօսութիւններ տեղի կ՛ունենան կարելիութեան սահմաններուն մէջ, մանաւանդ երբ օտար երկիրներէ մտաւորականներ կ՛այցելեն Պերլին: Ծրագրուած է կազմակերպել դասախօսական շարք մը` երկու շաբաթը անգամ մը:

Գաղութի ներքին կեանքը բնականոն է: Համերաշխ մթնոլորտ մը կը տիրէ: Դժբախտաբար ո՛չ ակումբ եւ ո՛չ ալ եկեղեցի գոյութիւն ունի:

Պերլինի համալսարանին կից հաստատուած է հայերէնագիտութեան ճիւղ մը, որուն պատասխանատու դասախօսն է պր. Ֆրունճեան: Դասախօսութեանց կը հետեւին 4-5 երիտասարդներ` հայ եւ գերմանացի:

ՎԱՆՓՈՒՇ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պուպրիկներու Հիւանդանոցը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?