Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Յունուար 1968)

January 16, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սառնաշունչ Ձմեռ Լիբանանի Մէջ

Չերմաչափը Երէկ Պէյրութի Մէջ Իջաւ 4 Աստիճանի

Նաւահանգիստին Երրորդ Աւազանը Վնասուեցաւ,
Երեք Գաղթակայաններ Քանդուեցան 1 Մեռեալ Եւ
3
Վիրաւոր Աքքարի Մէջ 500 Բնակիչներ
Սայտայի Մէջ Հեռացուեցան Իրենց Տուներէն

Լիբանան այս տեւողութեամբ եւ սաստկութեամբ փոթորիկ տեսած չէր: Պետական բոլոր սպասարկութիւնները զօրաշարժի ենթարկուած են օգնութեան գործը կազմակերպելու, վնասները գնահատելու եւ դարմանելու համար: Նախագահն ու տիկին Հելու անձնապէս կը հետեւին օժանդակութեան կազմակերպման: Բայց հաղորդակցութեան դժուարութիւնը կ՛ուշացնեն կամ արգելք կ՛ըլլան թէ՛ օգնութեան գործին եւ թէ՛ աշխատանքներուն:

Անցեալ ուրբաթի եւ շաբաթի մրրիկին յաջորդեցին հեղեղային անձրեւներ` ծովեզերեայ շրջաններու մէջ, ձիւն` լեռներու վրայ եւ սաստիկ ցուրտ: Ջերմաչափը երէկ 4-ի իջաւ Պէյրութի մէջ, զերոյէն վար 11-ի` մայրիներու շրջանին եւ նուազ 7-ի` Պայտարի մէջ: Պայտարի կիրճին մէջ ձիւնի խաւին թանձրութիւնը երկու մեթրի հասած է: Ձիւնեց 200 մեթր բարձրութենէն սկսեալ: Ձիւնը հասաւ մինչեւ Ժամհուր: Պէյրութի մէջ եւս ձիւնի փաթիլներ ինկան, բայց հալեցան գետին հասնելէն առաջ: Օդաչափը գիշերուան համար ձիւն կը նախատեսէր Պէյրութի մէջ, բայց չեկաւ:

200 մեթր բարձրութենէն սկսեալ ցուրտը եւ ձիւնը մեկուսացուցած են ամէն կեանք:

Այսուհանդերձ, օդաչափը այսօրուընէ սկսեալ կը նախատեսէ մթնոլորտային պայմաններու մեղմացում մը: Ջերմաչափը մէկ կամ երկու աստիճան պիտի բարձրանայ, ու օդը երբեմն պիտի բացուի:

Նաւահանգիստը` Վնասուած

Փոթորիկին պատճառած վնասներուն առաջին տեղեկագիրները սկսած են հասնիլ կառավարութեան: Օրեր պէտք են տակաւին` վերջնական հաշուեկշիռը կազմելու համար: Բայց այժմէն իսկ յայտնի է, որ վնասները կը հասնին բազմատասնեակ միլիոններու:

Ստորեւ` վնասներու առաջին հաշուեկշիռը.

Ալիքները տարին Պէյրութի նաւահանգիստին երրորդ աւազանին ալիքարգելը: 30 մեթր լայնքով ճեղք մը բացուած է:

Պէյրութի ամբողջ ծովափը, Տորայէն մինչեւ Ուզահի աւերուած է: Ծովեզերեայ բազմաթիւ պողոտաներ եւ փողոցներ, ինչպէս Ուզահիի պողոտան եւ Փարիզ պողոտան, փակուած են շրջագայութեան առջեւ: Բազմաթիւ տուներ փուլ եկած կամ վտանգուած են: Բնակիչները հեռացուեցան: Ծովային բաղնիքները մեծ վնասներ կրեցին:

Երեք Գաղթակայան Աւերուած

Սայտայի մօտերը, Ապու Ասուատ շրջանին մէջ հաստատուած պաղեստինցի գաղթականներու կայանը ողողուեցաւ ծովուն ջուրերով: Ալիքները տարին 23 փայտաշէն տուն: Զոհ չկայ: Գաղթականները Սայտա փոխադրուեցան:

Սայտայի մէջ, ծովուն եզերքը գտնուող բազմաթիւ տուներ եւ խանութներ ողողուեցան: 500 բնակիչներ հեռացուեցան իրենց տուներէն:

Ժիւնիի մէջ եւս անպատսպարներուն թիւը բարձր է: Ծովեզերեայ ճամբան անգործածելի դարձած է:

Սուրի շրջանին մէջ երկու գաղթակայան ողողուած է:

Պեքաայի մէջ Լիթանիի ջուրերը յորդեցան ու ողողեցին Ֆերիտ Ժեմիլ Նաամէի ագարակը: Նահրի Քեպիրը եւս յորդեցաւ եւ ամբողջովին մեկուսացուց Աքքարի Հաքար գիւղը:

Նահր Պարետի պաղեստինցի գաղթականներու կայանին պատերէն մէկը փուլ եկաւ ու 4 երեխայ մնաց փլատակներու տակ: Մէկը մեռաւ, երեքը վիրաւորուեցան:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ի՞նչ Փոխեց Անցնող Տարին Սամցխէ-Ջաւախքի Մէջ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.