Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Յունուար 1968)

Յունուար 10, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայր Սոֆիա Յակոբեանի
Կտակին Բացումը

Դեկտեմբեր 26-ին (19637), երեքշաբթի առաւօտ, Ֆրեզնոյի դատարանին կողմէ, ըստ նախօրօք եղած հրաւէրի, Ֆրեզնոյի նորակառոյց «Քորթ Հաուս» ներկայացան Ֆրեզնոյի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի ատենապետուհին, իր վարչական կազմով, Եկեղեցասէր տիկնանց ատենապետուհին, «Ասպարէզ»-ի խմբագիրն ու վարիչը, եւ կտակը բացուեցաւ ի տես եւ ի լուր բոլորի:

Մինչեւ իր ողբերգական մահը մեծ բարերարուհին մօտ 700.000 տոլարի բարեգործութիւններ ըրած էր:

Իր այս ներկայ կտակով, նախ` կտակակատարներ նշանակած է իր քոյրը` տիկին Վերգին Գազեան եւ բարեկամուհին` տիկին Մարթա Էնշըր, որոնք, ըստ կտակին պիտի գործադրեն, պատկան իշխանութիւններու միջոցով, կտակին հետեւեալ յատկացումները:

1.- Աթէնքի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան դպրոցին 30.000 տոլար, 10 տարուան ընթացքին վճարելի` ամէն տարի 3000 տոլարի հաշուով:
2.- Ֆրեզնոյի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղին` 10.000 տոլար:
3.- Ֆրեզնոյի ՀՕՄ-ի Կրտսերաց «Սոֆիա» մասնաճիւղին` 2000 տոլար:
4.- «Ասպարէզ» թերթին` 6000 տոլար:
5.- «Հայրենիք» թերթին (Պոսթըն) 4000 տոլար:
6.- ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին` 2000 տոլար:
7.- Ֆրեզնոյի Առաջին երիցական եկեղեցւոյ  400 տոլար:
8.- Ֆրեզնոյի Հայ պանդխտաց եկեղեցւոյ 200 տոլար:
9.- Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդ. Մայր եկեղեցւոյ 200 տոլար:
10.- Իր տան ամբողջ ստացուածքը եւ խոշոր գումար մը իր քրոջը:

Բացի այս գումարներէն, շատ խոշոր գումար մը, որ պիտի ճշդուի հետագային, որովհետեւ «Սթաք»-ներ, «Շէր»-եր, եւ «Պոնտ»-եր են, 20 տարիով աւանդ կը տրուի «Լեւոն եւ Սոֆիա ֆոնտ» անունով, որմէ գումարներ կը հանուին, ՀՕՄ-ի կողմէ, միմիայն այն պարագային, երբ դպրոց, բուժարան, ծերանոց կամ նման մարդասիրական կառուցումներու կարիք զգացուի: 20 տարի ետք այդ գումարին մնացորդը կը դառնայ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան իբրեւ սեփականութիւն:

Այս գումարներուն մէջ չի մտներ` Ֆրեզնոյի Լեւոն  Յակոբեան դաշտավայրին ֆոնտը, որ, կը կարծենք, մինչեւ 95.000 տոլարի հասցուցած է մեծ բարերարուհին եւ կը պատկանի Ֆրեզնոյի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղին:

Ներկայ իր կտակով, կրնանք ըսել, որ մեծ բարերարուհին ԱՌՆՈՒԱԶՆ ՄԷԿ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ կտակած է ազգային մշակութային նպատակներու:

Օրհնեալ ըլլայ իր պայծառ եւ անմոռանալի յիշատակը:

Հայ ունեւորներ, հայ մարդիկ օրինակ պիտի առնեն մեծ բարերարուհի ՄԱՅՐ ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆի ազգօգուտ կեանքէն:

«Ասպարէզ»

Նշմար

 «Հսկայ Նուէր Մը»

1967-ին Նոպէլեան գրական մրցանակը տրուեցաւ կուաթեմալացի գրագէտ Միկէլ Անժէլ Ասթիւրիասին: Ակնարկելով այս «հսկայ նուէրին»` Ասթիւրիաս կ՛ըսէ.

«Աշխարհը մեզի կը նայի իբրեւ թերաճ ժողովուրդ մը: Ահաւասիկ ապացոյց մը, որ մենք, առնուազն իմացապէս, թերաճ չենք»:

Առաջին անգամ է, որ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն վիպասան մը Նոպէլեան մրցանակով կը պսակուի, եւ իրաւամբ պզտիկ պարգեւ մը չէ համաշխարհային տարողութիւն ունեցող այս մրցանակը փոքր ժողովուրդի մը համար:

Վերջին տասնամեակներուն իր ազատութեան համար տագնապող երկիրներէն մէկը եղաւ Կուաթեմալա եւ իր ընտրանին պայքարի առաջին գիծերուն վրայ գտնուեցաւ միշտ: Նոպէլեան վերջին մրցանակաւոր այս գրագէտը այդ պայքարին դրօշակիրներէն կը համարուի: Արդէն միշտ երկու մարդ ապրած է Արթիւրասին մէջ: Երիտասարդութեան` գրագէտ էր ու յեղափոխական: Հասունութեան, հիմա՛, գրագէտ է դարձեալ եւ քաղաքական գործիչ: Ներկայիս ի պաշտօնէ, իր երկրին Փարիզի դեսպանն է: Բայց բոլորովին դեսպանական չէ իր ժամանակացոյցը, առաւօտեան ժամը վեցէն ինը գրագէտի սեղանին առջեւ է, իննէն մինչեւ երեկոյեան ժամը վեց` քաղաքական գործերու յատկացուած գրասենեակին մէջ, գիշերը` դարձեալ գրագէտ:

Գրագէտը պէտք չէ զբաղի քաղաքականութեամբ, կ՛ըսեն կարգ մը գրագէտներ ու կը մեկուսանան: Քաղաքական գործիչները պէտք չունին գրական երկունքի ու սնունդի, կ՛ըսեն քաղաքական կարգ մը գործիչներ ու կը մեկնին: Առողջ ըմբռնումներու արդիւնք չեն սակայն այդ կեցուածքները: Ե՛ւ գրականութիւնը, ե՛ւ քաղաքականութիւնը ծառայութեան ձեւեր են, եւ մարդիկ, մանաւա՛նդ փոքր ժողովուրդներու կարկառուն դէմքերը, հաւասարապէս պէտք է զարգացնեն այդ երկու կարողութիւնները, որպէսզի իրենց հայրենիքին ու ժողովուրդին համար մէկը կարենայ իրագործել ա՛յն, որ տուեալ պահու ի զօրու չէ ընել միւսը: Մենք չենք գիտեր, թէ Ասթիւրիաս անուն դեսպանը ինչպէ՛ս կը վարէ իր քաղաքական գործը, բայց իր շահած մրցանակը «հսկայ նուէր մը եղաւ իր երկրին ու գրականութեան»:

Կը նշանակէ, թէ երբ տաղանդ կայ, հաւատք կայ ու հաւատարմութիւն, կարելի է հաշտեցնել քաղաքական ասպարէզն ու գրականը եւ «հսկայ նուէր մը» ընդունիլ եւ ընծայել զայն սեփական ժողովուրդին:

Պ. Ս.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?