Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Դեկտեմբեր 1967)

Դեկտեմբեր 28, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբները Պոյքոթի Ենթարկեցին Բեթղեհէմի Ծննդեան Պատարագը

Թել Աւիւի մէջ հրատարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը կը յայտնէ, թէ Բեթղեհէմ կէս գիշերին աշխարհէն կտրուեցաւ` հեռաձայնային գիծերու խզման իբրեւ հետեւանք, խզում, որուն պատճառը խափանարարութիւնն է:

Խափանարարական այս արարքը գործուեցաւ Սուրբ Եկատերինէ եկեղեցիին մէջ գիշերային Ս. պատարագի սկսելէն երկու վայրկեան առաջ:

Գիծերը նորոգուեցան առաւօտուն:

Ուխտաւորներու Թիւը Կէսի Իջած Էր

Այս գիշեր ուխտաւորները սովորական տարիներէն երկու անգամ նուազ էին:

Ներկաներու նօսր թիւը կը հաստատէր մասնակի ձախողութիւնը իսրայէլացիներուն, որոնք Ծնունդի գիշերը կ՛ուզէին փաստել, որ կեանքը բնականոն է (նոյնիսկ առաջուընէ շատ աւելի լաւ):

Երբ զանգերը հնչեցին ժամը 12:00-ին, 300-էն նուազ այցելուներ կը գտնուէին մսուրին շուրջ:

Հազարամեայ եկեղեցիին մէջ 1500 հոգի հաւաքուած էին` ներկայ գտնուելու համար Երուսաղէմի լատին պատրիարքին մատուցած Ս. պատարագին:

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մարտական զգեստով իսրայէլացի զինուորներ միացած էին հաւատացեալներուն:

Արաբ կաթողիկէները պոյքոթի ենթարկեցին Ծնունդի տօնախմբութիւնը. նոյնիսկ Բեթղեհէմի մէջ ապրողները` բողոքելու համար իսրայէլեան գրաւման դէմ: Անոնք Ծնունդի ծառ չզարդարեցին` ընդառաջելով պաղեստինեան կազմակերպութեան մը փափաքին:

(ԱՖՓ)

Երեւան – Պէյրութ Հեռատիպային Կապի Պաշտօնական Բացումը

Երեւան – Պէյրութ հեռատիպային կապի հաստատման առիթով ԹԱՍՍ գործակալութեան Լիբանանի տնօրէն Փեթր Եկորով իր բնակարանին մէջ տուաւ ընդունելութիւն մը` ի պատիւ Հայաստանի հեռագրական գործակալութեան տնօրէն Արտաւազդ Խաչիկեանի:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընդունելութեան ներկայ եղան Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարարութեան տնօրէն էմիր Հարես Շեհապ եւ մամլոյ սենտիքայի վարչութեան նախագահ Ռիատ Թահա, ինչպէս նաեւ` «Արարատ», «Զարթօնք», «Այգ», «Սփիւռք» եւ «Ազդակ» թերթերու պատասխանատուները:

Յետ հիւրասիրութեան, հիւրերը հրաւիրուեցան կողքի սրահը, ուր դասաւորուած էին հեռատիպ մեքենաները:

Հեռատիպային կապի պաշտօնական բացումը կատարեց Արտաւազդ Խաչիկեան: Այնուհետեւ հեռատիպը սկսաւ հաղորդել լիբանանահայութեան ուղղուած ողջոյնի հեռագիրները Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի նախագահ Վիքտոր Համբարձումեանի, սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային յարաբերութիւններու կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանի եւ վաստակաւոր արուեստագէտներ նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի եւ երգչուհի Գոհար Գասպարեանի:

Ներկաները շնորհաւորեցին Խաչիկեանը` այս գեղեցիկ եւ օգտակար իրագործման համար:

Նոյն օրը, գիշերը ՀՄՄ-ի տան մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն` հայ մամուլի պատասխանատուներուն եւ հրաւիրեալներու ներկայութեան:

Վաստակաւոր Դերասան Վահրամ Փափազեան Հրաժեշտ Տուած Է Բեմին

Հայ բեմի փառապանծ վարպետ Վահրամ Փափազեան վերջնականապէս հրաժեշտ տուած է բեմին:

Նախավերջին անգամ, դեկտեմբերի կէսերուն, Երեւան, բեմ ելած է Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներում է» թատրերգութեան ներկայացման ընթացքին:

Հանդիսականներու մտքէն անգամ անցած չէ, որ սիրուած արուեստագէտին վերջին ելոյթն էր: Բուռն ծափահարած են, այնպէս` ինչպէս տարիներ առաջ, երբ ան Օթելլօ էր, Համլեթ, Մաքպեթ, Լիր Արքայ կամ Ռոմէօ:

– Այո, մի՛ զարմանաք,- յայտարարած է ան հարցազրոյցի մը ընթացքին,- կը թողում բեմը, մնացած է վերջին ներկայացումը, պիտի խաղամ ծննդեանս 80-ամեակի հանդէսին, որեւէ թատրերգութեան մէջ, կամ հատուածներ` քանի մը թատրերգութիւններէ:

Վահրամ Փափազեան բեմ բարձրացած է առաջին անգամ Պոլիս, 1908-ին: Բեմ բարձրացած է նաեւ` Եգիպտոսի, Թիֆլիսի, Պաքուի, Լոնտոնի, Փարիզի, Պերլինի, Թեհրանի եւ Պէյրութի մէջ: Իր խաղընկերները եղած են Սիրանուշ, Աբէլեան եւ ուրիշ մեծանուն դերասաններ:

– Սիրած եմ բոլոր հեղինակները, բայց` ո՛չ Շէյքսփիրի չափ: Ոմանք կը գտնեն, որ շարժանկարը, պատկերասփիւռը ասպարէզէն դուրս կը մղեն թատրոնը, ճիշդ չէ: Ես այդ կարծիքէն չեմ: Շարժանկարը չի կրնար թատրոն սպաննել, թէկուզ եւ` իր ունեցած աւելի լայն հնարաւորութիւններով: Բեմը կենդանի խօսք է, անմիջական, գրաւիչ, շօշափելի:

– Վարպե՛տ, քանի՜ լեզու գիտէք,- հարց տրուած է:

– Հինգ լրիւ` հայերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, հին յունարէն եւ իտալերէն: Այս լեզուներով կը գրեմ, կը կարդամ եւ կը մտածեմ: Սոֆոկլէսը, Էսքիլէսը բնագրով կը կարդամ:

– Ի՞նչ պիտի ընէք ձեր յոբելեանէն ետք:

– Պարապ պիտի չնստիմ: Իմ «Օթելլօ»-ն արդէն հրապարակի վրայ է: Շուտով լոյս կը տեսնեն «Համլեթ»-ը, «Արքայ Լիր»-ը: Յետոյ պիտի մեկնիմ Լենինկրատ` ամարանոցս: Պիտի աշխատիմ նովելներուս ստուար գիրքին վրայ: Գրած եմ Մոփասանի ազդեցութեամբ: Հերոսները միայն հայեր չեն, այլ` բազմաթիւ ազգերու ներկայացուցիչներ, որոնց հանդիպած եմ թափառական կեանքիս տարիներուն` քաղաքներու մէջ, բեմերու վրայ եւ քուլիսներու ետին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Փորձ-Հարցարան. Նուէրի Ընտրութիւնը Հաճո՞յք, Թէ՞ Տաղտուկ Է

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?