Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Դեկտեմբեր 1967)

Դեկտեմբեր 29, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

Ծննդավայր Յիսուսի

Խորապէս հաւատացեալ ֆրանսացի մը կ՛ըսէ.

– Երկար ատենէ ի վեր մտածած էի, բայց սա վերջերս մանաւանդ աւելի յաճախ խորհեցայ, թէ ինչո՛ւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ծննդավայր ընտրեց Բեթղեհէմը, որով մայրաքաղաք ընտրեց Երուսաղէմը ու իբրեւ հայրենիք նախընտրեց Պաղեստինը: Գիւղ մը, մայրոստան մը, հայրենիք մը, որոնք միշտ թատերաբեմ են կիրքերու, կռիւներու, պատերազմներու, պառակտումներու, ըլլալով հանդերձ սրբավայրերը երեք կրօններու: Ինչո՞ւ մեր Տէրը չնախընտրեց ծնիլ աւելի յարմար վայր մը…

Բայց կա՞յ աշխարհի վրայ տեղ մը, նոյնիսկ` ծով մը կամ լիճ մը, որ պղծուած չըլլայ պատերազմներով, ջարդերով, բռնութիւներով, կործանումներով, գրաւումներով, աւարառութիւններով, սադրանքներով:

Կա՞յ կէտ մը Եւրոպայի, Ասիոյ կամ Ափրիկէի մէջ, ուր տիրած ըլլայ խաղաղութիւնը, ուր մարդիկ ապրած ըլլան նման եղբայրներու:

Ուր գոյութիւն ունեցած չըլլան բռնակալութեան Բեհեղզեբուղները, Բէլերը, Բելիարները, Բահաղները, Բորեանները:

Երբ այս մասին խօսք կ՛ըլլար, հայաստանցի մը ըսաւ.

– Յիսուս թո՛ղ ծնած ըլլար Հայաստանի մէջ…

– Պատիւ մեծ ու պատիժ մեծ` կ՛ըլլար այդ հայոցս համար: Եթէ Քրիստոս մեզ` իբրեւ

առաջին քրիստոնեաներու, չպաշտպանեց, բայց գոնէ խնայած եղաւ մեզի` չծնելով Հայաստանի մէջ: Եթէ ծնած ըլլար մեր հայրենիքին մէջ, ըստ նախասահմանեալ որոշումին, պիտի մատնուէր  (այս անգամ հայու մը կողմէ) ու պիտի դատապարտուէր մահուան (հայոց որոշումով): Եւ այնուհետեւ մեր ողջ ժողովուրդը քաշելիք ունէր, հա՜… Բիւզանդացի մոլեռանդ քրիստոնեաները առաւելապէս պիտի հարուածէին ու հալածէին մեզ` իբրեւ քրիստոսասպաններու: Եւ պիտի ըսէին անբաւ բաւարարութեամբ. «Արժանի էք կոտորուելու, նզովի՜ց արմատներ, քանի որ աստուածորդի մեր Տէրը չարչարեցիք ու մարտիրոսացուցիք»: Ասիոյ այլազգի ու այլակրօն բազմութիւնները առաւելագոյն չափով պիտի հարստահարէին ու հուրի եւ սուրի պիտի մատնէին մեզ` ըսելով. «Սուրբ մը սպաննողը ա՛լ տեղ չունի երկրի վրայ»: Իսկ թուրքերը մեզ անդադար ջարդելով` պիտի ըսէին. «Մենք պարզապէս քրիստոնէից սուրբ վրէժը կը լուծենք` ջարդելով սա կեաւուր հայերը: Քրիստոնեաները երախտագիտութիւն կը պարտին մեզի»: Մենք իսկ մեզի համար պիտի ըսէինք. «Արդար, նոյնիսկ արդարագոյն են այս պատուհասներն ու պատիժները, քանի որ մեր նախնիքը սպաննեցին Յիսուսը»: Եւ այլեւս ի՞նչ երեսով Հայկական հարց հետապնդէինք պիտի …

Հայաստանցին կորովի կերպով ընդդիմախօսեց.

– Գլխիվայր սխալ ենթադրութիւն: Եթէ Յիսուս Քրիստոս ծնած ըլլար Հայաստանի մէջ, մենք այսօր կ՛ըլլայինք ամէնէն բախտաւոր ազգը: Պատմութեան վիճակահանութիւններուն մեծագոյն պարգեւը կ՛ըլլայինք շահած: Մենք Իր ճակատագիրը կը բարեփոխէինք, Ան ալ մե՛ր ճակատագիրը կը բարեփոխէր: Նախ` մենք Զինքը ո՛չ կը չարչարէինք, ո՛չ ալ մահուան կը դատապարտէինք: Ընդհակառակն, իր կեանքը կ՛երկարէինք երկրի վրայ: Կը դառնար հարիւրամեայ: Պէտք էր յարութի՞ւն առնէր. կ՛առնէր, աղբէ՛ր ջան, կ՛առնէր: Բնական մահուամբ մեռնելէն ետքը փառաւորապէս կը թաղուէր ու երեք օրէն ալ եօթն անգամ փառաւորապէս կ՛առնէր յարութիւն: Ան մեր մէջ քարոզած կ՛ըլլար, մենք ալ ազգովին Իրեն հետեւած կ՛ըլլայինք: Իր առաքեալները կ՛ըլլային հայեր, եւ` ի՛նչ հայեր, բոլորն ալ` տէրտէրի կամ եպիսկոպոսի զաւակներ, քանի որ այն շրջանին դեռ կուսակրօնութիւն չկար: Իր առաքեալները Իր վարդապետութիւնը կը տարածէին ի սփիւռս աշխարհի: Իր հրաշքնե՞րը կ՛արգիլէր հայոց գաղթերը: Հայրենիքի մէջ խումբ կը հաւաքէր հեռուները գտնուող հայերը: Կը յաղթէր մեր թշնամիներուն: Ներքին ճակատի վրայ ալ, կեդրոնախոյս նախարարները կը հնազանդեցնէր հայոց արքային: Իր քարոզներուն մէջ համարձակաձայն կը յայտարարէր. «Ո՛վ որ ժպրհի չարիք հասցնել հայոց, կը պատուհասուի Հօրս կողմէ: Ճշմարիտ կ՛ըսեմ, ո՛վ որ հայոց դէմ շարժի, ան չի կրնար մտնել Հօրս թագաւորութեան մէջ: Հայոց բարիք ընողները միայն մաս ունին արքայութենէն»: Եւ այսպէս, պիտի վայելէինք բոլոր թագաւորաց եւ հանրապետութեանց քրիստոնէից, ինչպէս նաեւ բոլոր դաւանութեանց իշխաններուն օժանդակութիւնները: Բոլոր ազգերը մեզի բարեկամ ըլլալու համար պիտի ելլէին մրցումի: Իսկ մենք համախումբ ու բախտաւորուած` պիտի ապրէինք մեր հայրենի հողերուն վրայ ու բնաւ երբեք պէտք պիտի չունենայինք հետապնդելու Հայկական հարց, որ գոյութիւն պիտի չունենար: Ընդհակառակն անիրաւուած ժողովուրդները, հայոց պիտի դիմէին` յանուն իրենց խնդիրներուն կարգադրութեան:

Այս ենթադրութիւնը փայլուն ու փափաքելի ըլլալով` արժանացաւ խանդավառութեան:

Եւ այսպէս, անգամ մը եւս հաստատուեցաւ հետեւեալ ճշմարտութիւնը.

– Հայը ամէն նիւթ կը կապէ Հայկական հարցին:

Երանի թէ Հայկական հարցն ալ կարենայ կապել ամէն խնդրի:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?