50 Տարի Առաջ (5 Մայիս 1968)
Խմբագրական Անոնց Պատգամը (Մայիս 6-ի Առիթով) Լիբանան այսօր կ՛ոգեկոչէ իր նահատակները, ընտիր զաւակները այս երկրին, քաղաքական գործիչ, մտաւորական, գրագէտ, որոնք առաջին ընդհանուր պատերազմի մռայլ օրերուն սուրիացի իրենց եղբայրներուն հետ զոհ գացին օսմանեան վայրագութեան: Այն օրերուն, երբ ժողովուրդ մը կը տեղահանուէր իր հայրենական հողերէն` նետուելու համար մահուան ճամբաներուն վրայ, հոս, նոյն բռնատէր իշխանութիւնը բանտերը կը լեցնէր հայրենասէրներով: Շատ չանցած` Պուրճի եւ Մերժէի հրապարակներուն վրայ բարձրացան կախաղաններ, եւ բանտարկեալները յաջորդական շարքերով քաջաբար դիմակալեցին մահը, վստահ, որ պիտի գայ հատուցման պահը, երբ հայրենիքը պիտի ազատագրուի օսմանեան տիրապետութենէն: Ա. Աշխարհամարտի դաշնակից յաղթանակը եղաւ նաեւ յաղթանակը շատ մը փոքր ժողովուրդներու, որոնք վերջապէս ազատագրուեցան օսմանեան եւ...
Կարդալ ԱւելինDetails


