Մեկենասներ, Գիրքեր
Գ. Մելիտինեցիի հաստատած գրական մրցանակին միջոցներով Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին տպարանը լոյս ընծայեց երեք հատոր գիրք` Մ. Իշխանի «Տառապանք»-ը, Հայկ Յովսէփեանի «Հարսին կոնդը» եւ Սոնա Զէյթլեանի «Հայ կինը հայ յեղափոխական շարժման մէջ» անուն աշխատասիրութիւնը: Առաջին երկուքը ընթերցողին տրամադրութեան տակ են արդէն, իսկ երրորդը ի մօտոյ կ՛իջնէ հրապարակ:
Սկսած` մեծ պատերազմը նախորդող տարիներէն, «Տուներու երգը»-էն ի վեր ընթերցողը ծանօթ է Մ. Իշխանին, իր կոչումին անդաւաճան մնացած այս երգիչին, որ հաւաքական ու անհատական ապրումները փոխանցիկ շունչով մը հաղորդեց թուղթին ու մնաց սփիւռքի բանաստեղծութեան սիրելի անուններէն մէկը. իսկ Հայկ Յովսէփեանը գրեթէ նոր անուն է, «Բագին»-ի միջոցով Իրանի սահմաններէն դուրս ելած եւ իր ինքնութիւնը հետզհետէ ամէնուն պարտադրելու ընդունակ խառնուածք: Բայց գրողներու մասին քննադատութիւնը կ՛ըսէ իր խօսքը: Այժմ խօսինք ուրիշ բանի մասին:
Երեք անուն գործ: Գիրք հրատարակելու ծանրագոյն մղձաւանջէն ազատած երեք հեղինակներ: Մխիթարական է երեւոյթը:
Սփիւռքի մէջ գիր ու գրականութիւն սիրող եւ իրենց ընծայած միջոցներով գիրն ու գրականութիւնը հովանաւորող անձնաւորութիւններ չպակսեցան, զանազան շրջաններու, առանձին անձեր առանձին գրողներու երկերը լոյս ընծայեցին, բայց վերջին տարիներուն տարբեր որակ մը ստացաւ հայ գրականութեան օժանդակելու այդ ապրումը, սրտերը լայն բացուեցան, ամէնո՛ւն առջեւ, ամէնուն համար տրոփեցին:
Հայ գրականութեան պատմութիւնը չի կրնար չարձանագրել, որ վաթսունական թուականներուն, Մեծ եղեռնի յիսնամեակէն ետք, մեր ունեւորներէն երեք-չորս հոգի, վրէժխնդրական գեղեցիկ արարքի մը պէս, մնայուն գումարներ յատկացուցին հայ գրականութեան` քաղաքակիրթ ժողովուրդներու զաւակներուն վայել ապրումի մը հաղորդակից դարձնելով մեզ:
Գ. Մելիտինեցիի, Հայկ Սէրէնկիւլեանի, Հայկաշէն Ուզունեանի եւ մասնաւորներու մասնակի յատկացումներով տարին վեց-եօթը հատոր գործ պիտի հրատարակուի սփիւռքի մէջ, վեց-եօթը գրագէտներ նուազ պիտի տաղտկանան, վեց-եօթը ուրիշներ նոր թափով մը պիտի շարունակեն իրենց ստեղծագործական երկունքը: Լաւ են այս բոլորը, բայց գործին ամբողջութիւնը չեն կազմեր տակաւին: Կատարուածը գործին երկու երրորդն է, կը մնայ մէկ երրորդը` ընթերցողին բաժինը, ընթերցողի՛ն, առանց որուն մասնակցութեան` այս շարժումը դատապարտուած է թերի մնալու: Տրուած գործին դիմաց, խօսքը, ուրեմն, կը պատկանի ընթերցողին…
Պ. Ս.
Աստղանաւորդին Երգը
Երկի՜ր հնամեայ, երկի՜ր պապենի,
Ո՛չ մէկ աստղ պայծառ եւ ո՛չ մէկ լուսին
Քու յաւերժական հմայքդ ունի.
Լեռներէդ անդին, ամպերէդ անդին
Որքան ալ արագ ես սուրամ հեռուն,
Որքան ալ դառնամ անկշիռ փետուր
Անհունութեան մէջ միջոցին թափուր,
Ես քեզ կ՛որոնեմ, հայրենի իմ տուն…
Ամպամած ձմեռ թէ պայծառ գարուն,
Արցունքի հովիտ կամ դրախտավայր,
Ես քե՛զ կը տենչամ, ես քեզ կը կանչեմ.
Տիեզերական այս մութ ձորերէն,
Այս ոչնչութեան անյոյս խորերէն…
Խօլական իմ չուն, միջոցը պարապ
Որքան ալ մեր մէջ խզեն ամէն կապ,
Դուն լոյսի բեւեռ, դուն հսկայ մագնիս`
Անվերջ դէպի քեզ կը քաշես հոգիս…
Երկի՜ր հնամեայ, երկի՜ր սիրական,
Ներէ՛ դուն խիզախ մեր թռիչքներուն,
Ներէ՛ քեզ զանցող մեր այս համբարձման,
Հրթիռասլաց մեր նաւակներուն,
Դուն առաջին սէր եւ վերջին կարօտ,
Յուշերու նուագ` ուրախ ու ցաւոտ,
Շրթներուս վրայ կը մնաս մի՛շտ դուն –
Մայրական համբոյր, սրբազան աղօթք…
Անջրպետին մէջ անհունատարած
Չկայ քեզ նման ուրիշ անուշ աստղ,
Ուրիշ հիւրընկալ եւ տաքուկ անկիւն.
Դուն կը թաւալիս նազանքով անհուն
Եւ դէմքդ աղուոր աչքերուս դիմաց
Կը մնայ կեանքի պատկերը ծաղկուն…
Երկի՜ր հնամեայ, երկի՜ր պապենի,
Քու կաւէդ շաղուած մարմին ու հոգի,
Քու կողէդ բուսած կեանքի բարունակ,
Ի՞նչ եմ առանց քեզ – տարանջատ փոշի,
Միջոցէն առկախ անանուն խլեակ…
Օ՜, ո՛չ մէկ աշխարհ, ո՛չ մէկ արբանեակ
Կրնայ քեզ բաժնել, դուն իմ օրօրան,
Դուն մահուան առջեւ յարութեան կայան,
Դուն կենաց աղբիւր, կենդանի մատեան,
Ուր ձայնն Աստուծոյ կը հնչէ յստակ…
Երկի՜ր իմ սիրուն, երկի՜ր հարազատ…
Մ. ԻՇԽԱՆ
Նախերգանք
Խռնւում են, մրըրկւում,
Կարծես զարթնել են ուզում,
Յոյզերը խենթ ու խելառ,
Յուշերը` ջինջ, մշտավառ:
Կարծես զարթնել են ուզում
Զմրուխտ հեքիաթի ծոցում,
Երազներն էն սիրուն –
Հեքիաթ դարձած մշուշում:
Ժպիտներով են կանչում,
Հեռուից իրար ճանաչում.
Մերթ թախծում են ու ժպտում`
Ծանօթ դէմքեր սիրասուն:
Ափսոսանքի կսկիծով
Արտորում են օրերով,
Կարծես ինձ են սպասում –
Իմ խոհերով օրօրւում:
Նրանց երգին ու կանչին,
Յաւէտ գերուած իմ հոգին,
Մորմոքւում է թախիծով –
Ամպշող երկնի կարօտով:
Է՜յ, դո՛ւք անգին ծանօթ,
Սիրոյ ճամբին կորածներ,
Ահա` եկել եմ հիմի.
Ձեզ եմ փնռտում մի առ մի –
Ձեզ եմ կանչում…
Կարօտում…
Թողած երազ ու անդոհ,
Նոր երգերով ծանրախոհ,
Ահա՛ եկել եմ հիմի,
Հեռաւորներ իմ անգին:
Ահա՛, եկել եմ կրկին,
Որ կարօտիս նժարով,
Ու երգերիս թեւերով
Ելնենք սարերը ծաղկած,
Ու շէները թողլքուած:
Կառչած յուշի ժանեակին,
Այցի գնանք մեր Մելիք
Նուրիջանի շիրիմին.
Ու կածանով ուղղաձիգ
Իջնենք Փարշիշ, Փարմիշահ,
Ուր մոռացուած ու լքուած
Շիրիմներ կան մամռոտած:
Ելնենք ծանօթ ճամբէքով,
Ու ծաղկավառ ձորերով,
Դէպի լեռներն այն հսկայ
Ու գիւղերը հնամեայ:
Գնանք փոշոտ ճամբէքով,
Ու լեռնահուպ ձորերով –
Դէպի մարգերը ծաղկած,
ՀԱՐՍԻ ԿՈՆԴԸ մոռացուած:
ՀԱՅԿ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ