Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Ապրիլ 1968)

Ապրիլ 23, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Թեհրանի Համաժողովը
Եւ Հայութեան Դատը

Երէկ, 22 ապրիլ, Թեհրանի մէջ կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը Մարդկային իրաւանց միջազգային համաժողովին:

Վաղը ապրիլ 24 է:

Զուգադիպութիւն` անշուշտ: Բայց անպայմանօրէն` թելադրական երեւոյթ, յատկապէս` մեր ժողովուրդին համար, որ յիսնամեակի անկիւնադարձէն ետք, Մեծ եղեռնի տարեդարձները սկսած է նշել իբրեւ առիթ` մեր անժխտելի եւ անժամանցելի իրաւունքներուն վերահաստատման համար:

Թեհրանի համաժողովը կը գումարուի հանդիսաւոր եւ համաշխարհային շեշտ մը տալու համար Մարդկային իրաւունքներու տիեզերական յայտարարութեան, որ ըստ ՄԱԿ-ի ուխտագրին, 1948-ին հրատարակուեցաւ միջազգային կազմակերպութեան անդամներուն մեծամասնութեան կողմէ: Այդ յայտարարութեան հիմքը կը կազմէ բոլոր ազգերու ազատութեան, անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքը, որ պէտք է յարգել` կարենալ արժեւորելու համար մարդկային իրաւունքները:

Նոյնն է նաեւ պահանջը հայ ժողովուրդին, որ լուծումի սպասող Դատ մը ունի, անվճար մնացած` արիւնագիր մուրհակ մը, որուն պահանջատէրը կը հանդիսանան զաւակները անոնց, որոնք յիսուն եւ երեք տարի առաջ ենթարկուեցան քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան:

Բ. Աշխարհամարտի վախճանէն ասդին, հակառակ բախումներու եւ վէճերու, ազգերու անկախութեան, ազատութեան եւ ինքնորոշման խնդիրները անդիմադրելի ընթացք մը առին: Քսան ու աւելի երկիրներ տիրացան իրենց անկախութեան եւ միջազգային ճանաչում ստացան: Խաղաղութիւնը, սակայն, մնաց թերաւարտ, որովհետեւ` մասնակի: Այդպէս ալ կրնայ մնալ, այնքան ատեն որ խաղաղութեան հիմքը չի կազմեր արդարութիւնը. արդարութիւն` բոլոր ժողովուրդներուն, իբրեւ անանջատելի երեւոյթ, ամբողջական իրականութիւն:

Պիտի ուզէինք, որ հայութեան ձայնը լսելի դառնար Թեհրանի համաժողովին` իբրեւ ձայնը ժողովուրդի մը, որ տակաւին  կը մնայ իրաւազուրկ, դեռ կը սպասէ հատուցման ժամուն, որ կ՛ուշանայ քաղաքական զանազան հաշիւներու պատճառով: Երախտապարտ պիտի ըլլայինք, եթէ կարգ մը պատուիրակութիւններ, որոնց երկրին մէջ հայութիւնը թիւ ու որակ է, ճանչցուած է իբրեւ շինարար տարր, արծարծէին մեր հարցը` իբրեւ միջազգային խնդիր, մարդկային իրաւունքներու հարց, անկախ` անոր քաղաքական հանգամանքէն եւ գործնական անդրադարձներէն:

Մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման առաւելագոյն աստիճանը ցեղասպանութիւնն է, ազգ մը իր ֆիզիքական, հոգեկան եւ մշակութային գոյութեամբ բնաջնջելու արարքը, որ յիսունեւերեք տարի առաջ գործուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ:

Այդ ոճիրը տակաւին կը մնայ անհատոյց: Կը մնայ մարդկութեան սեղանին վրայ, կարօտ` արդար լուծումի: Այդ լուծումը հայութիւնը կը սպասէ միջազգային ատեաններէն, որոնք իրենց օրակարգին վրայ դրած են ցեղային խտրականութեան եւ անիրաւութիւններու հարցերը` ի խնդիր լաւագոյն մարդկութեան մը, բարօր եւ երջանիկ ապագայի մը:

Թուրքիան պէտք է վճարէ իր ոճիրներուն համար: Ցեղասպանութեան յանցանքը ժամանցում չի ճանչնար, այնքան ատեն որ ցեղասպանութեան հետեւանքները կը շարունակէ կրել զոհը, հեռու` իր բնական միջավայրէն, իր հայրենական հողերէն, ենթակայ` ձուլումի, ազգային դիմագիծի կորստեան եւ մշակութային արժէքներու խաթարումին:

Թեհրանի համաժողովը միջազգային մեծակշիռ ժողով է: Կրնայ անկիւնադարձ հանդիսանալ եւ ուղղութիւն տալ Միացեալ ազգերու զանազան յանձնախումբերու աշխատանքներուն, եթէ յստակ եւ գործնական բանաձեւեր հանէ լուծումի կարօտ մարդկային խնդիրներու համար:

Հայութեան դատը, ցեղասպանութեան ենթակայ ժողովուրդի մը դատը մարդկային այդ խնդիրներէն մէկն է, ամէնէն արդարը, որովհետեւ կը վերաբերի ազգի մը, որ իր քաղաքակրթական եւ մշակութային վաստակով կը գտնուի առաջաւոր դիրքերու վրայ, կը հաւատայ իր առաքելութեան եւ ունի պատրաստակամութիւնը նոր նուաճումներու:

 

Հայ Դատի Յանձնախումբին Յայտարարութիւնը Մարդկային Իրաւունքներու Միջազգային Համաժողովին Առիթով

Ինչպէս ծանուցուած է հանրութեան, քանի մը ամիս առաջ Հայ դատի յանձնախումբը դիմում կատարեց Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան` խնդրելով բերել իր մասնակցութիւնը  Մարդկային իրաւունքներու միջազգային համաժողովին, որ պիտի բացուի 22 ապրիլ 1968, Թեհրանի մէջ, Իրան:

Համաժողովի նախապատրաստական յանձնախումբը, որ իրաւունք ունի նկատի առնելու եւ որոշում տալու 600-է աւելի միջազգային կազմակերպութեանց, ինչպէս մերինը, դիմումնագիրները Թեհրանի ժողովներուն մասնակցելու համար, կը տեղեկացնէ Հայ դատի յանձնախումբին, որ այս վերջինը «հաղորդակից» (communicant) նկատուած է համաժողովին, եւ այս հանգամանքով ան իրաւունք պիտի ունենայ իր տեսակէտները համաժողովին ներկայացնելու յուշագրի միջոցով: Աւելին ըլլալով, յիշեալ յանձնախումբը կը տեղեկացնէ մեզի, թէ որպէս հաղորդակից` Հայ դատի յանձնախումբը պիտի ստանայ համաժողովին վիճաբանութեանց լրիւ ատենագրութիւնը:

Ուրիշ ձեռնարկով մը ՄԱԿ-ի լրագրական սպասարկութիւնները եւ տեղեկատու պաշտօնասենեակը յայտարարած են Հայ դատի յանձնախումբին, որ իր թղթակիցները պիտի վայելեն, պաշտօնապէս, լրագրողի իրաւունքները համաժողովին մէջ, պայմանաւ որ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ դիմումը կատարուի:

Նախապատրաստական յանձնախումբին նամակը կ՛ըսէ սակայն, որ Թեհրանի մէջ «դիւրութեանց պակասին պատճառով» Հայ դատի յանձնախումբը պիտի չկարենայ ֆիզիքապէս մասնակցիլ համաժողովին:

Հայ դատի յանձնախումբի պաշտօնական դիտողը ներկայ էր նախապատրաստական յանձնախումբին մարտ 18-19 ժողովներուն, ուր պատրաստուեցաւ ցանկը բոլոր միջազգային, ոչ պետական կազմակերպութեանց, որոնք դիմում կատարած էին Թեհրանի ժողովին մասնակցելու համար: Ընդհանուր` 600 դիմումներէն 23-ը միայն արժանի նկատուեցան յաւելեալ նկատառումի: Հայ դատի յանձնախումբին դիմումնագիրը այս 23-էն մին էր:

Հետագայ վիճաբանութեանց ընթացքին, սակայն, եւ հիւրընկալ քաղաքին յաւելուածական դիմումին վրայ «սահմանափակ դիւրութեանց» մասին, յիշեալ 23-էն միայն 7 ընդունուեցան որպէս վերջնական դիմողներ: Հայ դատի յանձնախումբը այդ 7-էն մին չէր, սակայն շեշտակի պատուուեցաւ «հաղորդակից»-ի բացառիկ հանգամանքով, ինչպէս վերեւ բացատրուեցաւ:

Այսուհանդերձ, յանձնախումբիս իրաւունքը` մասնակցելու այս եւ նման ՄԱԿ-ի ժողովներուն, ճանչցուեցաւ նախապատրաստական յանձնախումբին կողմէ:

Թղթակիցի եւ լրագրական առանձնաշնորհները, որոնք ընծայուեցան Հայ դատի յանձնախումբին, աւելի կ՛ամրապնդեն վերոյիշեալ բացառիկ հանգամանքը` հաղորդակցի:

Այս տեղեկութիւնը կը յայտարարուի հանրութեան` տեղեակ պահելու զայն յանձնախումբիս աշխատանքներուն, նաեւ այն ծաւալուն հետաքրքրութեան, որ գոյութիւն ունի Թեհրանի համաժողովին հանդէպ:

Մենք անշուշտ ուժգնօրէն պիտի աշխատինք «հաղորդակցի» մեր հանգամանքով, համաժողովին մէջ, եւ յաւելուածական հաղորդագրութիւններ պիտի տանք հանրութեան, երբ վեհաժողովին աշխատանքները աւարտին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Երկիր»-ի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Մամուլի Եւ Հանրային Կապերի Կիպրոսի Ներկայացուցիչ Սիմոն Այնեճեանի Հետ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?