Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Ապրիլ 1968)

Ապրիլ 12, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Ժողովուրդին

Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութեանց առթիւ, ՀՅ Դաշնակցութեան հանդէպ հայ ժողովուրդի ցուցաբերած վստահութեան, հաւատարմութեան եւ անսակարկ զոհաբերութեան համար, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ ձեռք բերել ընտրական յաղթանակները, Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ բոլորին:

Կեդրոնական կոմիտէն եւ հայ ժողովուրդի ընտրած երեսփոխանները յառաջիկայ խորհրդարանական գործունէութեան համար ունին իրենց անկախ ուղեգիծը եւ միշտ առաջնորդուելով Լիբանանի գերագոյն շահերէն` հաւատարիմ պիտի մնան ազգային միութեան ամրապնդման եւ ընկերային արդարութեան հաստատման հիմնական քաղաքականութեան, ինչպէս` անցեալին, միաժամանակ ձգտելով ապահովել հայ համայնքին քաղաքացիական բոլոր իրաւունքները:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

10 ապրիլ 1968

 

Շարունակութիւնը…

Հաւաքական կամք մը արտայայտելու համար կեանքը զանազան առիթներ կ՛ընծայէ մարդոց, ու երեսփոխանական ընտրութիւնները զանցառելի փորձաքարեր չեն այդ ուղղութեամբ:

Ընտրութիւնները վերջացան ու վերջացան այնպէս, ինչպէս կը նախատեսուէր, եւ Դաշնակցութեան թեկնածուները, Դաշնակցութեան շնորհիւ, վերստին տիրացան յաղթանակի դափնիին:

Հայկական թաղամասերու մէջ ընտրական գործողութիւններուն նկարագրութիւնը ամէն մարդու ծանօթ է, ծանօթ է նոյնպէս այդ գործողութիւններուն առիթով յայտնուած անօրինակ, ինչո՛ւ անօրինակ, օրինակելի՛ թափը, որ պատասխանատուներէն իւրաքանչիւրին ու պաշտօն ստանձնած իւրաքանաչիւր անձի մէջ հաւասար չափով տեսանելի դարձաւ, վերածուեցաւ գործի: Արդիւնքը մէջտեղն է, ու արդիւնքը շնորհաւորելի է, շնորհաւորուեցաւ արդէն, հանդիսաւորապէս, սրտաբուխ ոգեւորութեամբ:

Շարունակութիւնը այդ մասին չէ:

Շարունակութիւնը… Պիտի ուզէինք, որ շարունակուի արդիւնաւոր այդ եռանդը, հաւաքական այդ ուժը ներկայ ըլլայ միշտ եւ կենսագործէ ուրիշ յաղթանակներ` հանուր հայութեան սիրտը թունդ հանող տարբեր երեւոյթներու առիթով եւս: Ու այդ երեւոյթները քիչ չեն: Հայկական դատ ունինք ամէնէն առաջ, որ նման պայթուցիկ խանդավառութիւններու կը կարօտի, Հայաստան կերտած ու անկախութիւն հռչակած նահատակներու թափօր ունինք, որոնց կտակները հաւաքական նոյն գուրգուրանքին պէտք ունին: Ունինք տակաւին գրականութիւն ու գրագէտներ, դպրոց եւ ուսուցիչ, ազգը կանգուն պահելու եւ ապահով հունի մէջ դնելու կոչուած բազում կեդրոններ, գործօններ, որոնց պէտք է շռայլուին ընտրութեանց առիթով իրենց գոյութեան փաստը վերստին հաստատած մեր ստեղծագործ արժանիքները. զոհողութեան, մասնակցութեան, սիրոյ, գուրգուրանքի ու կիրքի ողջ դրամագլուխը:

Չորս տարին անգամ մը, ամիս մը, երկու ամիս ընտրական եռուզեռի ու տենդի մէջ ապրիլը մեծապէս հետաքրքրական, ցնցիչ սնուցի՛չ նոյնիսկ, այլ ընտրութիւններու աւարտին, մինչ ընտրեալները կ՛երթան իրենց հանգամանքներուն համապատասխան մարզերու մէջ ժողովուրդին կամքը գործադրելու, ընտրողները հարկ է որ պահեն հաւաքական կեանքին մասնակցելու իրենց ցուցաբերած շահագրգռութիւնը, մտածեն վերոյիշեալ արիւնատար երակներուն մասին, նման պատնէշի վրայ, շարունակեն, ըլլան հետամուտ ուրիշ յաղթանակներու` վասն վաղուան երիտասարդին, հայ ժողովուրդին նորէն:

Պ. Ս.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխան Երաժշտութիւն Պէտք Է Լսէ Ծնած Օրէն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?