Վեհափառ Խորէն Ա.ի Հայրապետական Պատգամը
Մոնթեպելլոյի Հայ Նահատակաց Յուշարձանի Բացման Առիթով
Կիրակի, 21 ապրիլ, Լոս Անճելըսի մօտ, Մոնթեպելլոյի Պիքնել փարք վայրին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր բացումը Հայ նահատակաց յուշարձանին: Այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոս պատգամ մը ուղղած էր հայ ժողովուրդին: Պատգամը տեղւոյն վրայ կարդացած է ամերիկահայոց առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեանը, ապա յանձնած է յուշարձանի յանձնախումբի նախագահ Վազգէն Մինասեանին: Ստորեւ` վեհափառ հայրապետին պատգամը.
Ա՛զգ իմ սիրելի, ժողովո՛ւրդ հայոց,
Հոգեկան բացառիկ գոհունակութեամբ եւ հայրական ջերմ սիրով ու գնահատանքով կ՛ողջունենք զձեզ բոլորդ, երբ համայնաբար, եղբայրօրէն եւ անխտրական ոգիով ու միասնական հայավայել կեցուածքով բոլորուած էք Մոնթեպելլոյի մեր պաշտելի եւ անմոռանալի նահատակաց նորակառոյց յուշարձանին շուրջը, որուն բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը մեր հոգին կը համակէ ամենախոր հրճուանքով եւ անպատմելի բերկրանքով:
Որքա՜ն քաղցր է եւ որքա՜ն սրտապնդիչ` տեսնել մեր ժողովուրդը ի մի համախմբուած իր սիրելի նահատակներու անթառամ յիշատակին կենարար ներգործութեան ուժովը, որ ամէնէն նուիրական եւ ամէնէն անդիմադրելիօրէն ազդու ուժն է մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ այդ յիշատակը պերճաբարբառ վկայութիւնն է հայ հոգիի անմահութեան եւ հայ ժողովուրդի յաւերժութեան: Այդ յիշատակը հայ կեանքի ամէնէն պայծառ ճշմարտութիւնը կը բանայ գիտակցութեան մէջ, թէ` այնքան ատեն որ ողջ է եւ կենսախայտ հայ մարդուն մէջ հայութեան հաւատարմութեան զգացումը այնքան ատեն եւ ողջ է ու կենսալից հայութիւնը` ինք:
Մեր նահատակները հաւատարմութեան ասպետներն են հայոց պատմութեան.
– Հաւատարմութիւն` մեր սրբազնասուրբ հաւատքին,
– Հաւատարմութիւն` մեր մեծասքանչ լեզուին,
– Հաւատարմութիւն` մեր հազարագանձ մշակոյթին,
– Հաւատարմութիւն` մեր ազգային դաւանանքին` ազատութեան անխախտելի սկզբունքին:
Մեր նահատակները իրենց մահով ազգին մահը խափանեցին, որովհետեւ խորապէս հաւատացին այդ ազգը կերտող առաքինութեանց եւ ոգեղէն արժէքներուն: Անոնք մեռան, բայց անոնց առաքինութիւններն ու արժէքները ապրեցան…
Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,
Թանկագին է մարդկային կեանքը, եւ ոչ ոք կրնայ մարդկօրէն հաշտուիլ ժողովուրդի մը հաւաքական սպանդին հետ: Եւ սակայն կան հոգեկան ու բարոյական այնպիսի վսեմ ու նուիրական արժէքներ, որոնք գերազանցօրէն բարձր կը գնահատուին քան մարդկային կեանքը. Հաւատքի, հայրենիքի, ազատութեան, պատիւի եւ իրաւունքի գաղափարներն ու զգացումներն են այդ արժէքները. գաղափար ու զգացումներ, որոնք մարդուն մէջ կը ծնին, մարդուն մէջ կը մեծնան եւ կը մեծցնեն մարդը: Մեծ են արդարեւ այն ազգերն ու ժողովուրդները, որոնք իրենց ֆիզիքական կեանքէն դուրս, կը տեսնեն ու կը գնահատեն գաղափարական ու հոգեկան այս արժէքները իրենց կեանքին իսկ գնովը: Հայ ժողովուրդը, դարերու ընթացքին, խոր գիտակցութիւնը ունեցած է այս սրբութեանց եւ նուիրականութեանց եւ գիտցած է անոնց պաշտպանութեան համար ծովերով արիւն թափել եւ անցնիլ վիշտի ու տառապանքի ովկիաններու ընդմէջէն: Եւ մէկուկէս միլիոնի հայ նահատակութիւնը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` մեր կողմէ արագօրէն յիշատակուած այս սրբազան գաղափարներուն եւ նուիրական զգացումներուն անեղծ եւ անվթար պահպանման համար գիտակից եւ իմացեալ զոհաբերութիւն մը:
Փոքր է թիւով հայ ժողովուրդը, սակայն մեծ է ան իր որակով, մեծ է իր հերոսական խիզախումներով, մեծ է իր ստեղծագործութիւններով, մեծ է իր պայքարներով եւ մեծ է իր տառապանքներով:
Ապրիլեան նահատակութեամբ կորսնցուցինք մեր մարմինը, բայց շահեցանք մեր հոգին, հայու յաւերժական հոգին, որ միշտ մնաց անպարտելի եւ անկողոպտելի, նոյնիսկ` ամէնէն մռայլ եւ դժնդակ օրերուն:
Յուշարձանի Բացման Առիթով
Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,
Այս հանդիսաւոր պահուն կ՛օրհնենք յիշատակը անմահանուն մեր նահատակներուն, որոնք զոհ գացին ծրագրուած ահաւոր եւ աննախընթաց ցեղասպանութեան մը, եւ ի բոլոր սրտէ կ՛աղօթենք անոնց հոգիներուն խաղաղութեան համար: Մեր պաշտելի նահատակները իրենց ողջակիզումովը վկայեցին հանուր մարդկութեան, թէ ամէն բանէ վեր կը նկատէին իրենց սուրբ հաւատքը, իրենց ազատութիւնն ու պատիւը եւ իրենց մարդկային ու ազգային արդար իրաւունքները:
Ապրիլեան Եղեռնի համազգային այս ոգեկոչումը թող ծաղկեցնէ հայ ժողովուրդի կեանքը, թող զօրացնէ ու ջերմացնէ անոր հոգին եւ թող սկզբնաւորութիւն մը ըլլայ հայ ժողովուրդի ազգային ձգտումներուն եւ պատմական իրաւունքներուն հետապնդման եւ իրագործման ճամբուն վրայ: Պէտք է հետապնդել մեր արդար եւ սուրբ Դատը միասնական ճիգերով եւ ներդաշնակ գործակցութեամբ:
Միութեան մէջն է, որ մեր ուժերը կը բազմապատկուին, եւ մեր ձայնը կը դառնայ զօրաւոր ու լսելի աշխարհին համար: Եկած է ահա ժամանակը, որ մոռնանք մեր ներքին դաւանական կամ գաղափարական վէճերը եւ ժամանակաւոր տարակարծութիւնները, որոնք խորթ են եւ վնասակար մեր ազգային գերագոյն շահերուն, եւ աշխատինք մնայուն ու յարաճուն կեանքի եւ գործի վերածել համազգային ու միասնական այս գործակցութիւնը:
Հա՛յ ժողովուրդ,
Այս պահուս, երբ կը գտնուիս քու նահատակներուդ ոգեկան ու բարոյական ներկայութեան, վերանորոգէ ուխտդ` անաղարտ պահելու քրիստոնէական սուրբ հաւատքդ, ազատատենչ ոգիդ, մեծասքանչ լեզուդ, պանծալի պատմութիւնդ, անկորնչելի մշակոյթդ եւ ընտանեկան սրբութիւններդ ու ազգային աւանդութիւններդ:
Այս է ահա գերագոյն պատգամը քու նահատակներուդ:
Յիշել նահատակները` կը նշանակէ չմոռնալ անոնց իտէալը` հայ ազգին անմահութիւնը:
Կանգնել յուշարձան` կը նշանակէ գծել ճամբան դէպի հայոց լուսաւոր ապագան:
Քալիֆորնիոյ Մոնթեպելլոյի յուշարձանը այս պատգամին մշտավառ ջահն է այժմ: Ամէն անգամ երբ անոր հանդիպին ձեր աչքերը, թող ծաղկի հայութեան սուրբ ապրումը ձեր հոգիներուն մէջ:
Հայ նահատակաց յուշարձանը թող մշտադալար գարուն դառնայ ամերիկահայ կեանքին մէջ:
Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,
Գիտցի՛ր միշտ եւ մի՛ մոռնար, որ ազգեր կան, որոնք կը ծնին մեռնելու համար, եւ ազգեր ալ կան, որոնք կը մեռնին ծնելու համար. հայ ազգը անոնցմէ է, որ գիտէ մեռնիլ ծնելու համար. մեր նահատակները մեռան, որպէսզի մենք ծնինք, եւ հայութիւնը ապրի յաւիտեան:
Փա՜ռք մեր նահատակներուն,
Փա՜ռք մեր վերածնած հայ ժողովուրդին:
ԽՈՐԷՆ Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
7 ապրիլ 1968
Անթիլիաս, Լիբանան