Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Ապրիլ 1968)

Ապրիլ 14, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Յարութեան Հրաշքը

Կեանքի ներկայ թոհուբոհին մէջ, երբ ջիղերու պայքարը հասած է գագաթնակէտին, խաղաղութեան եւ ներքին անդորրութեան ծարաւի հոգիներուն համար որքա՜ն սփոփարար է պահ մը կանգ առնել Աստուածորդւոյն յարութեան հրաշքին առջեւ եւ ունենալ ապրումը լաւագոյն կեանքի մը` քրիստոնէական բարութեամբ եւ առաքինութեամբ:

Քրիստոսի պատգամն է դարձեալ, որ կը հասնի Երկրի բոլոր մարդոց, կը լեցնէ հոգիներու սափորը դատարկ.

– Սիրեցէք զմիմեանս:

Անկարելի սէր մը չէ: Նազովրեցիին պատգամը: Ու մարդիկ, ճշմարտութեան գերագոյն վայրկեաններում, գիտցած են մօտենալ իրարու` հակառակ զիրենք հակադրող բոլոր երեւոյթներուն:

Բայց որքա՞ն կը տեւեն այդ վայրկեանները: Ասուպային կեանքով մը, իրենց կարճատեւ գոյութեամբ, որքա՛ն քիչ են անոնք` լեցնելու համար օրերը, ժամերը, որոնք ատելութեան եւ եսատենչ ապրումներու թանձրութիւնը կը բերեն իրենց հետ, բոլորովին հակառակը` սիրոյ ա՛յն պատգամին, որուն համար չարչարուեցաւ ու խաչուեցաւ մարդացեալ Աստուածը:

Քսան դար առաջ գերեզմանի խաւարէն լուսեղէն կերպարով մը յարութիւն առնողը միայն Քրիստոս չեղաւ, այլ իրեն հետ, նոյն ժայթքով, յարութիւն առին նաեւ անոր գաղափարները` հանուր մարդկութեան աւետելու համար իրենց անմահութիւնը:

Բայց քսան դարը բաւական չեղաւ բարբարոսութեան հետքերը ջնջելու համար մարդոց կեանքին մէջ: Ատելավառ կիրքերը շարունակ հրահրուեցան, մարդիկ շարունակեցին զիրար յօշոտել, մարդ մարդու գայլ դարձաւ կրկին: Ուժը շփոթուեցաւ իրաւունքին հետ, արդարութիւնը եղաւ անկարելի երազ: Ու այսպէս` դարեր ամբողջ, մինչեւ հիմա, հակառակ նիւթեղէն լոյսերուն, որոնք ողողեցին գիտութեան ճամբաները:

Հակառակ այս բոլորին, սակայն, մարդկութիւնը հաւատաց յարութեան հրաշքին: Ու եթէ գոյատեւեց, եթէ ապրելու ուժ եւ կամք գտաւ իր մէջ, ատիկա միայն ու միայն կը պարտի այդ հաւատքին, լաւագոյն կեանքի մը երազին, զոր չկրցան խորտակել ատելութեան բոլոր յորձանքները:

Վկա՛յ մեր ժողովուրդը: Առաջին քրիստոնեան, որ քրիստոնէութեան մէջ տեսաւ մարդկօրէն ապրելու եւ իր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը հաստատելու լաւագոյն եղանակը: Ալեկոծ պատմութիւն մը եղաւ մերը: Հուրի եւ արիւնի երկի՛ր մը եղաւ մեր հայրենիքը` իր հալածական, տառապակոծ ժողովուրդով: Բայց խաչելութեան անպայման հետեւեցաւ յարութիւնը: Ոչ մէկ գերեզման կրցաւ իր խաւարին մէջ բանտել հայու հոգին, որ յաղթական դուրս եկաւ բոլոր պայքարներէն:

Այսօր ալ նոյնն է: Եթէ կը պայքարինք, եթէ կանք ու կը ստեղծագործենք` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, անոր համար է, որ կը հաւատա՛նք մեր գաղափարներուն յաղթանակին: Տեսիլք ունինք, ու տեսիլք ունեցող ժողովուրդները չեն մեռնիր: Ժամանակաւոր դժբախտութիւնները չեն կրնար ընկճել զանոնք: Ընդհակառակն տառապանքը կը զօրացնէ, կը կռանէ անոնց կամքը` ի խնդիր վաղուան պայքարներուն:

Վաղը Զատիկ է դարձեալ: Քիչ մը աւելի մարդանալու պատեհութիւնը դարձեալ կը տրուի մարդոց որդիներուն:

Յիսունօրեայ ճգնումէն ետք լոյսը նորէն պիտի ճառագայթէ Աստուծոյ տաճարին մէջ: Սուգի սեւ քողը պիտի վերցուի ու յարութեան հրաշքով պիտի լեցուին հոգիները:

Հայ ժողովուրդը, որ ամէնէն դաժան օրերուն իսկ գիտցած է անառիկ բերդի վերածել իր հոգին, յարութեան հրաշքին մէջ պիտի տեսնէ նախապատկերը իր հրաշքին. արդարութեան մը, որ չի կրնար ուշանալ այլեւս. երազի մը, որուն իրականացումը մօտ է, որովհետեւ այդպէ՛ս կ՛ուզէ ամբողջ ժողովուրդ մը, զոհողութեան եւ գերագոյն պայքարներու տրամադիր ազգ մը:

Ա՛յս մեր հաւատքն է, ու անկէ կը ստանանք մեր ուժը:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Շաքարը` Լա՞ւ, Թէ Գէշ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In