Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Մայիս 1968)

Մայիս 3, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապրի՛ք, Տղա՛ք

Պէյրութի համալսարաններու հայ ուսանողութիւնը ապրիլ 24-ի առիթով իր կազմակերպած ձեռնարկներով` Ցեղասպանութեան նուիրուած արուեստի նկարահանդէս, արաբերէնով, ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով հրապարակային դասախօսութիւններ, հայ ուսանողներու կողմէ հայերէնով դասախօսութիւն, ամբողջ շաբաթ մը դարձան ունկնդիր, իրենցմէ իւրաքանչիւրին երակներէն հոսող արեան ձայնին եւ իրենց պապերուն հողմածեծ ոսկորներէն բարձրացող հրամայականին:

Բոլոր հոսանքներուն պատկանող տղաք ու աղջիկներ էին անոնք, միակամ, ինչպէս վայել է, որ ըլլան ինքզինք յարգող ազգի մը զաւակները:

Չլացին, չսգացին, չբողոքեցին, չաղաչեցին:

Այլեւս երբեք պիտի չլան, պիտի չսգան, պիտի չողբան, պիտի չաղաչեն:

Վայել լրջութեամբ, անոնք մատնացոյց ըրին բոլորին աշխարհի պատմութեան մէջ կանխամտածուած, ծրագրուած առաջին Ցեղասպանութիւնը, որ հայասպանութեան փորձն էր:

Մատնացոյց ըրին` որպէս արատ մարդկութեան:

Մատնացոյց ըրին` որպէս ապացոյց հայ ազգի ապրելու եւ կառուցելու կամքին:

Իրենց եղբայրները կա՛ն, կը քալեն Հայաստանի փողոցներէն, բարձրաճակատ, հպարտ` քարերէն կեանք հանելու կարողութեամբ ու առաքելութեամբ:

Իրե՛նք կը քալեն ահա սփիւռքի տարածքին վրայ, Ցեղասպանութեան որպէս հետեւանք աշխարհացրիւ դարձած ազգին զաւակները, հպարտ` աւազներէն կեանքին գալու իրենց կարողութեամբ ու առաքելութեամբ:

Իրե՛նք` կենդանի վկաները իրենց հայրերուն դէմ գործուած Ցեղասպանութեան: Իրե՛նք` կենդանի ապացոյցը հայուն ապրելու, ստեղծագործելու կարողութեան:

Իրենք կա՛ն, եւ Ցեղասպանութիւնը, որուն նպատակը ազգ մը անհետացնելն էր աշխարհին երեսէն, վերածուած է ահա արդարութեան զէնքի, որ պիտի ծառայէ հիմա վերականգնելու հայ ժողովուրդին բոլոր իրաւունքները:

Ցեղասպանութեամբ կ՛ուզէին կտրել թելը հայոց պատմութեան:

Ցեղասպանութիւնը կը դառնայ ահա, իր ահաւորութեան իսկ պատճառով, ազդու միջոցը`  ձաղկելու համար ոճիրն ու ոճրագործները, որոնց հեղինակներուն համար ժամանցում չկայ, մինչեւ քաւուի մեղքը, վերականգնի արդարութիւնը:

Ցեղասպանութիւն բառը ա՛յն ահաւոր բառն է, որմէ կը սարսափի այսօր ինքը` Ցեղասպանութիւն գործադրել փորձողը:

Ցեղասպանութիւնը ազգի մը պատմութեան մէջ արձանագրուած ա՛յն ահաւոր դրուագն է, զոր յղացողներն ու գործադրողները ճակատագրուած են, ուշ կամ կանուխ, աշխարհի կողմէ դատապարտութեան սիւնին գամուելու եւ զրկուելու այդ արարքով ձեռք բերուած ժամանակաւոր արդիւնքներէն:

Ապրի՛ք, տղա՛ք:

Յիշեցուցէք կատարուած ոճիրը բոլորին, բոլորի՛ն անխտիր, եւ ամէն տարի, ամէն առիթով:

Յիշեցուցէք ձեր եղբայրներուն ու քոյրերուն` որպէս դեռ չքաւուած մեղքը ձեր ցեղին ոճրագործներուն:

Յիշեցուցէք` որպէս պահանջատէրներ մարդկային արդարութեան, ազգերու ազատ ու անկախ, սեփական հայրենիքին մէջ ապրելու անկապտելի իրաւունքին:

Յիշեցուցէք այսպէս միակամ` որպէս երիտասարդ սերունդը ապրելու ատակ ազգի մը, որ կրնայ կուսակցական, յարանուանական, քաղաքական տարբեր ճամբաներու գոյութիւնը ըմբռնել, թոյլատրել, սակայն, կը գիտակցի, որ իր ազգին հանդէպ գործադրուած ոճիրին դիմաց չի կրնար մէկ չըլլալ ինք, իր պահանջներուն մէջ. չի կրնար միակամ չըլլալ ինք` Ցեղասպանութեան դէմ մղուող պայքարին մէջ, քանի որ հայասպանութիւնը ուղղուած էր բոլոր հայերուն դէմ` առանց կուսակցական, յարանուանական, կամ գաղափարական խտրութեանց:

Յիշեցուցէք շարունակ եւ եղէք տեւաբար միակամ` առանց դասակարգերու խտրութեան, կամ` զանազանումի, որովհետեւ ձեր հայրերուն ե՛ւ հարուստները կոտորուեցան, ե՛ւ աղքատները, որովհետեւ ազգ մը, որ դեռ չէ տիրացած իր բոլոր իրաւունքներուն, իր սեփական երկրին մէջ ազատ ու անկախ չ՛ապրիր, մէկ պայքար միայն ունի մղելիք, ձեռք ձեռքի, հարուստն ու աղքատը, բանուորն ու դրամատէրը, արհեստաւորն ու ազատ ասպարէզի տէրը` գոյութեան, եւ գոյութեան յարատեւումը թոյլատրող ու անհրաժեշտ բոլոր պայմաններուն հասնելու պայքարը:

Եթէ ձեր առօրեայ կեանքի ընթացքին, երիտասարդ համալսարանականներ եւ ոչ համալսարանական հայ երիտասարդներ, ձեր չորս կողմը, ոմանք չուզեն անկախութիւն եւ ազատութիւն բառը գործածել եւ յաւիտենական հայութենէն, եւ յաւիտենական Հայաստանէն միայն խօսիլ ուզեն, մի՛ դառնանաք, մի՛ ընդվզիք, որովհետեւ եթէ այսօր բառը կը մերժեն կուսակցական կամ քաղաքական այս կամ այն մտածելակերպով, էութիւնը չեն մերժեր:

Ինչպէ՞ս կրնայ ոեւէ հայ, իր հոգիի մենութեան եւ մեծութեան մէջ, մերժել իր ազգին, սեփական հայրենիքին մէջ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը:

Ինչպէ՞ս կրնայ յիշել, ոգեկոչել Ցեղասպանութեան նահատակները, եւ չանդրադառնալ, որ եթէ հայը դարեր շարունակ, տիրապետութեանց բոլոր տեսակներուն տակ, տեւաբար ձգտած չըլլար սեփական ազատ ու անկախ գոյութեան, վաղուց անհետացած կ՛ըլլար որպէս ինքնուրոյն ազգ, որով եւ կարիքը չէին ունենար հայասպանութեան ծրագիրը յղանալու, անոնք, որոնք բռնի ուժով տիրացած էին հայ հողերուն, սակայն ընկճել չէին կրցած ոգեղէնը, ներքին ձգտումը հայուն:

Յաւիտենական հայը, յաւիտենական Հայաստանը հայրենի ամբողջացած հողերուն վրայ ազատ ու անկախ ապրող հայ ժողովուրդով է յաւիտենական ու իրական, քաղաքական Հայաստան:

Աշխարհագրական կոչումները չեն, Արարատի Աւետարանին մէջ յիշատակութիւնը չէ, որ հայ ազգը կրնայ ապրեցնել որպէս այդ, հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը զարգացնել, ու թոյլ տալ, որ հայ երիտասարդն ու երիտասարդուհին աշխարհի փողոցներէն քալեն ինքնավստահութեամբ, որպէս հաւասարազօր մէկ անդամը մարդկութիւնը կազմող ազգերու բոլոր զաւակներուն:

Ազատ ու անկախ, ամբողջացած հայրենի հողը, ազատ ու անկախ, ամբողջին համար գործող հայրենի պետութիւնը, ազատ ու անկախ ամբողջական ազգը միայն կրնան տալ այդ ինքնավստահութիւնը. որպէս մարդ, բաց ճակատ, բարձրաճակատ ապրելու ու քալելու կարելիութիւնը:

Ցեղասպանութեան հակադրեցէք շարունակ ցեղակերտումը` իր դարերէն եկող ու դարերուն գացող կենսատենչ, ազատատենչ նկարագրով: Ու վաղը ձերն է, ձեր զաւակներունն է:

Վաղը նայիրեան «լուսապայծառ ապագան» է:

Բ. ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հպարտ Ենք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?