Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Ապրիլ 1968)

Ապրիլ 24, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Եւ Այսօր

Երգ Յաղթութեան

ԵՐԷԿ` յիսուներեք տարի առաջ.

– Ճղակոտոր ժողովուրդ, «փոշի՜ ազգ» էինք. գաղթական եւ որբ բազմութիւն` քառասուն ափերու վրայ.

– Արցո՛ւնք էր աչքերու մէջ, վրէժ` հոգիներու մէջ, գալարում` աղիքներու մէջ, անստուգութիւն եւ շփոթ` միտքերու մէջ:

– Ջարդարարը կը հաատար, որ հինգ հարիւր տարուան համար ջնջած է հայ անունը մարդկային պատմութեան էջերէն ու մեզ վերածած է «լեմոն վաճառողներու»:

– Իր շէն ու ծաղկուն քաղաքներէն դէպի Միջագետք քշուած էր հայութիւնը. Տարօն-Տուրուբերանէն 350.000, Կարինէն 300.000, Սեբաստիա-Խարբերդ-Մալաթիայէն 340.000, Տրապիզոն-Բաբերդէն 260.000, Տիգրանակերտ-Մարտինէն 140.000, Փոքր Ասիոյ եւ Կիլիկիոյ գօտիներէն 350.000:

– Մէկ միլիոնէն աւելի թիւ տուինք աննախընթաց սպանդին. անգերեզման եւ անանուն բիւրաւորներու հետ տուինք որա՛կը մտաւորական փաղանգին, ու հայ կեանքը համատարած ամայութեան մատնուեցաւ:

– Ազգային եւ քաղաքական դատ մը դամբանելու իր հիմնական նպատակին մէջ թուրքը շնական արհամարհանք ցոյց տուաւ արհամարհանք ցոյց տուաւ մարդկային բարոյականի դէմ, իսկ Արեւմուտքը մեղսակից դարձաւ Կայէնին.

– Չարիքը վէրքեր բացաւ մեր մարմնին վրայ ու հոգիին մէջ. վէրքեր, որոնք մինչեւ այսօ՛ր ալ սպիացած չեն տակաւին, որոնք կոտտանքը կը զգանք այսօր ալ, երբ մեր կթոտումին ու կաղացումներուն պատճառները կ՛ուզենք վերլուծել:

– Սպանդը դարձաւ խզումի պատճառ` նահատակ սերունդին ու եկուորներու միջեւ. կորսնցուցինք սահմանադրութեան յաջորդող հնգամեակի մշակութային եւ գաղափարական մթնոլորտը, կորսնցուցինք աւանդութիւններ եւ բարքեր, կորսնցուցինք իմացական, ընկերային եւ քաղաքական հասուն գաղափարներ…

Դուք կրնա՜ք շարունակել 1915-ի աւերածութեան եւ սուգին անդրադարձը` հայ ժողովուրդի անմիջական պատմութեան մէջ, կեանքի բոլոր ճակատներուն վրայ. սակայն չէք կրնար ժխտել, որ զրկանքի ու տառապանքի մէջ մկրտուած հայութիւնը, այսօր վերընձիւղ ու վերանորոգ կ՛ապրի հայրենիքի մէ՛ջ թէ հայրենիքէ դո՛ւրս, եւ թէ, հետեւաբար, մեզմէ ամէն մէկը պարտաւոր է սրբել արցունքը եւ հրաժարիլ զգացական ստրկամտութենէ` հպարտութեամբ արձանագրելու համար, որ ճակատամարտ մը կորսնցուցինք, սակայն չէ վերջացած պատերազմը, ու 1915-ի մնացորդացը դէպի յաղթանակ խիզախելու բոլոր տուեալները ունի ներկայիս:

ԱՅՍՕՐ` յիսուներեք տարի ետք.

– Մեր մեռելներուն յիշատակով մեր արե՜ւն է, որ կը կերտենք: Անոնց երազը մեր նպատա՛կն է: Անոնց անփակ կոպերուն տակ սառած իտէալները ազգային եւ քաղաքական կենդանի համոզումներու վերածուած են ապրող սերունդներու մտքին մէջ: Եթէ փիւնիկներ կա՜ն իսկապէս, հայ ժողովուրդը փիւնի՛կ-ազգն է, Եզեկիէլի մարգարէաշունչ տեսիլքով վերապրելու սահմանուած ազգը, որուն համար, շատ աւելի ուշ, Նազովրեցի վարդապետ պատգամեց. «Մի՛ երկնչիք յայնցանէ, որք ըսպանանեն զմարմին եւ ոչ այլ ինչ գտանեն զի սպանիցեն»:

Աւազներէն, ժայռերու անտես ծերպերէն, անդունդներէն ու Եփրատի ափունքներէն բնաջինջ դարձած ժողովուրդի մը վերյայտնութիւնը կերտեցինք աղիւս առ աղիւս. վերջին յիսունէ աւելի տարիներու ընթացքին, ու` միլիոնէ մը աւելի նահատակներու փոսերը վերածեցին լոյսի ու կեանքի շատրուաններու: Միջին Արեւելքի հողերուն ու ջուրերուն շաղախուած հայ աճիւնը` Տէր Զօրէն քիչ հեռու, եւ անսահման այդ գերեզմանատան տարածութեան վրա՛յ իսկ, մեր վէրքերը վերածած է երգի՜, մեր սուգը վերափոխած է խնդութեա՜ն, մեր խաւարը` լոյսի, ու մեր մահը` կեանքի եւ անմահութեան: Կէս միլիոնէ աւելի հայեր կ՛ապրին այսօր, մէկուկէս միլիոն հայ զոհերու հաւաքական փոսերու կողքին` որակով ու ոգիով բազմապատկուած, խիզախելու եւ յաղթելու վճռական կամքով:

– Տեղահան եւ աքսորական բեկորները, հեռաւոր Պարսկաստանէն մինչեւ Արժանթին, Պոսթընէն մինչեւ Իրաք, Ծայրագոյն Արեւելքէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւմուտք, աշխարհի չորս ծագերուն, ազգային իրենց տենչերուն եւ քաղաքական գիտակցութեան մէջ միացած, աւելի քան 1.300.000` իբրեւ թիւ, դադրած են «փոշի ազգ» ըլլալէ եւ դարձած են կազմակերպ հաւաքական ո՛ւժ, միտք, տնտեսութիւն եւ ընկերային կառոյց, փոյթ չէ՜ թէ ներքին ու արտաքին ժխտական նոր ազդակներու ենթակայ, նոր պայքարի եւ նոր ճիգերու կարօտ:

Որբեր չունինք այսօր, փոյթ չէ՜ թէ ունենանք չքաւորներ:

Նուաստ, արգահատանքի արժանի խլեակներ չունինք այսօր, փոյթ չէ՜ թէ ունենանք տակաւին անկարներ, հիւանդներ, մեր հաւաքական գուրգուրանքին կարօտ բազմութիւններ:

Ազգային արժանապատուութեան վիրաւորանք չունինք այսօր, փոյթ չէ՜ թէ ունենանք, տակաւին, այդ զգացումէն զուրկ մարդիկ: Ո՛չ իսկ տարի մըն էր թաւալած նախճիրի թուականէն ետք, երբ մեր ժողովուրդը սրբեց իր ազգային արժանապատուութեան հասցուած արատը, հերոսական խիզախումներով, Ո՛ւրֆայէն, ապա, սահմանէ սահման, Այնթապէ՛ն, Շապին Գարահիսարէ՛ն, Վանէ՛ն, Մուսա Տաղէ՛ն…

Աւերակներ չունինք այսօր, փոյթ չէ՜ թէ ունենանք հիւղաւաններ, իբրեւ յիշատակ` աննախընթաց տարտղնումէն.

– Արցունք չկայ աչքերու մէջ. ունեցողներն ալ պէտք է սրբե՛ն: Ողբալու պէտք չունինք, որովհետեւ յիսուն տարիներու արցունքն ու ողբը վերածեր ենք արդէն կեանքի նոր հանգանակի մը` հայուն ստեղծագործ տաղանդն ու ճիգը վերածելով շօշափելի կառուցումներու, հայրենիքի թէ արտասահմանի մէջ: Վաստա՛կն է, որ կը ցամքեցնէ արցունքի աղբիւրը. քրտինքն ու աշխատա՛նքն է, որոնք կը ցամքեցնեն ողբի ակունքները. յարատեւ վերե՛լքն է, որ կը բարձրացնէ մեզ վեր` կորուստի անդունդներէն. հետեւողական եւ ծրագրուած ճի՛գն է, որ կը յաղթահարէ ժամանակի ու պայմաններու դժուարութեանց:

Մեր նահատակները հերոսացնել` մեր պարտաւորութի՛ւնն է: Իսկ արցունքո՜վ եւ ողբով կարելի չէ հերոսներ կերտել: Մեր գործո՛վ պիտի հերոսանան մեր մարտիրոսները:

«Վրէ՞ժը»…

Բայց վրիժառութեան մեր կերպը յիսուն տարի առա՜ջ ալ թուրքինը չէր, չէ՛ եղած երբեւէ:

Վրէ՛ժ` նպատակի՛ն ճամբով, բայց երբե՛ք ցեղասպանութեան գծով: Վրէժ` ազգային եւ քաղաքական մեր իրաւունքներու անխափան արծարծումով:

Հայ արիւնը չորցած չէր տակաւին ու մեր գերեզմանները կ՛եռային անթաղելի մեր իրաւունքներու անդնդային արձագանգներով, երբ Մնացորդացը 1918-ի հրաշափառ իր Անկախութիւնը կերտեց, վրէժխնդրութեան ամէնէն յաւիտենական փաստը եւ ամէնէն անկորնչելի կոթողը կանգնելով:

Այսօ՛ր ալ, աւելի քան երբեք, վրէժխնդրութեան անծալ մեր Դրօշը հայ ժողովուրդի դատո՛վ է, որ կը փողփողի հայրենաբնակ ժողովուրդի թէ տարագիր բազմութիւններու հոգիին մէջ:

– Ջարդարարը ո՜չ իսկ… հինգ տարուան համար կրցաւ ջնջել մեզ` մարդկային պատմութեան էջերէն: 1918-ին, 1920-ին, 1925-ին, Ֆրանսայէն մինչեւ Սուրիա, աշխարհի բոլոր հիւրընկալ երկինքներուն տակ, վերապրող հայը իր բոյնը շինեց եւ իր աստղերը վառեց, իր հոգիին ու մտքին բերդերը կառուցելով կրկին, ապա նաեւ` բարօր ու ապահով կեցութեան կռուաններ հաստատելով:

– 1914-ին 3.800.000 կը հաշուըւէր հայութեան ընդհանուր թիւը. այսօր, կէս դար ետք 5 միլիոնի մօտ է այդ թիւը: Մէկ միլիոնէ աւելի զոհ տալէ ետք, մէկ միլիոնէ աւելի աճած ենք արդէն, ինչ որ կը նշանակէ, որ ճակատամարտը կորսնցնելէ ետք պատերազմը շահելու վրայ ենք հիմա:

– Ամայի ու աւերակ, մեռելական տափաստաններո՜ւ վերածուած են երբեմնի մեր քաղաքները` Թուրքիոյ մէջ: Հայը գնաց, Ցե՛խը մնաց: Շունչ, կեանք, ծիլ ու ծաղիկ ցամաքեցան: Համատարած գերեզմանատան վիճակ կը պարզեն այսօր, հայաբնակ այդ նահանգները, թուրքի՛ն իսկ խոստովանութեամբ: «Լեմոն վաճառողներու» վերածուեցան իրե՛նք: Արաքսէն անդին լուսափաղփ Հայաստան մը կը խլրտի. հայ տաղանդը գոյութեան նոր կամարնե՜ր կը հիւսէ, մինչ գետէն ասդին` խաւա՛րն ու տգիտութի՛ւնը կ՛իշխեն միայն:

Ապրիլեան ոգեկոչումը դադրած էր Ողբ մը ըլլալէ:

Ե՜րգ մըն է ան` Յարութեան: Ուխտ մըն է ան` գալոց վառ արշալոյսներու:

Նախերգանքն է հայ ժողովուրդի անստուեր Ազատութեան:

ՄԻՆԱՍ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նահատակներին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?