Հայ Համալսարանական Ուսանողներ
Յուշահանդէսներ`
Ապրիլեան Նահատակներու
Լիբանանի հայ համալսարանական ուսանողներ այս տարի գովելի գաղափարը ունեցան միասնաբար եւ մեծ շուքով ոգեկոչելու ապրիլեան Եղեռնի 53-րդ տարելիցը:
Վեց համալսարանական միութիւններ` ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւն, Ռակ Փորթուգալեան ուսանողաց միութիւն, ՀՄՄ համալսարանական ուսանողաց միութիւն, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողաց միութիւն, Հայկազեան քոլեճի Հայկական ակումբ եւ ՀԵԸ-ի Համալսարանական ուսանողաց միութիւն կազմեցին միացեալ Կեդրոնական վարչութիւն` կազմակերպելու եւ գործադրելու համար նպատակադրուած որոշումը:
Կեդր. վարչութիւնը հրատարակեց չորս ձեռնարկներու ապրիլեան յայտագիր մը:
Առաջին Ձեռնարկ
Բացում` նկարչական ցուցահանդէսի.- Տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի 24 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ամերիկեան համալսարանի «Ուեսթ Հոլ»-ի «Գամըն ռում»-ին մէջ:
Ցուցադրուած դրուած էին Մեծ եղեռնին հայ ժողովուրդի նահատակութիւնը ներկայացնող 42 նկար, բոլորն ալ ստեղծագործութիւն հայ նկարիչներու:
Ձեռնարկը արժանացաւ անվերապահ գնահատանքի եւ մեծ ընդունելութիւն գտաւ: Ցարդ ոչ մէկ ցուցահանդէս իր բացումին այսքան խուռներամ, հայ թէ օտար, այցելուներ ունեցած էր: Ցուցահանդէսը երկարաձգուեցաւ մինչեւ շաբաթ, 27 ապրիլի երեկոյեան:
Երկրորդ Ձեռնարկ
Յուշահանդէս.- Տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 25 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայկազեան քոլեճի հանդիսասրահին մէջ: Հայ երկսեռ ուսանողներ ծայրէ ծայր լեցուցած էր սրահը:
Օրուան նշանաբանն էր`
Զի մենք յանուն սերին, սերմին,
Յանուն փառքիդ մարմարէն կոյս,
Մենք` զաւակներդ օգոստափառ
Պիտի կերտենք նոր Արշալոյս…
Եղեռնի զոհ, անմահանուն բանաստեղծին` Դանիէլ Վարուժանի այս տողերը արձանագրուած էին բեմի պաստառին վրայ:
Օրուան բանախօսները ուսանողներ էին:
Բացման խօսքը ըրաւ Արիս Գրիգորեանը:
«Համալսարանական ուսանողներու համախմբումը պարզ պատահականութեան մը արդիւնքը չէր,- ըսաւ Արիս Գրիգորեան, այլ արդիւնքն էր հայ ուսանողին տածած այն խորունկ մտածումին, փափաքին ու հաւատքին, հայ կեանքի մէջ գտնելու գէթ մէկ թուական, ուր կարելի է ուսանողական գետնի վրայ միասնականութիւն ձեռք բերել եւ ուժերը համախմբել ի խնդիր մեր նուիրական Հայ դատին:
«Մեր այսօրուան յուշահանդէսը կը կրէ զուտ ուսանողական բնոյթ, ուր կարելի պիտի ըլլայ ուղղել ուսանողի մեր խօսքը, պարզել ուսանողի մեր խօսքը, պարզել ուսանողի մեր միտքը եւ շեշտել մեր վճռակամութիւնը` գործօն դեր ստանձնելու ազգային մեր կեանքին մէջ»:
Առաջին բանախօսն էր Տիգրան Ճինպաշեանը: Նիւթ` Եղեռնի հետեւանքները:
«Եղեռնը կը քալէ մեզի հետ, մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ,- ըսաւ երիտասարդ բանախօսը: Ապա տուաւ ամփոփ պատկերը հայութեան ապրած արհաւիրքին եւ եզրակացուց, որ Եղեռնը եղաւ մարդկային կոտորածին հետ նաեւ հայ մշակոյթի կոտորածը:
«Ապրիլեան եղեռնին ամենատեսանելի, շօշափելի արդիւնքը հայկական սփիւռքն է, որ հիմնականօրէն ժխտական երեւոյթ մը կը պարզէ: Սփիւռքը այն ահաւոր խառնարանն է, ուր եթէ այսօր հաշտուած ենք հայ լեզուի կոտորածին հետ, բնաւ չենք կրնար հաշտուիլ հայութեան նկարագրային, հոգեբանական եւ գաղափարական տարտղնումին հետ:
«… Հայ ժողովուրդը իր բնածին ընդունակութիւններու արտայայտութեան լրումին կրնայ հասնիլ միայն հայրենի հողին վրայ: Ո՛չ մէկ տարագրութիւն, ո՛չ մէկ գրաւում կրնայ փոխել մեր պապերու քրտինքով ու արիւնով շաղախուած, ոգեղինացած հողին պատկանելիութիւնը, որովհետեւ Հայաստանը կը պատկանի անոնց, որ զայն ժառանգած են իրենց հոգիներուն մէջ:
«Մեզի՛` ուսման ու գիտութեան արդիական կարելիութիւններով զինուած նորերուս վիճակուած է Հայ դատի հետապնդման հրամայական պահանջը: Մեր յարափոփոխ աշխարհին մէջ մենք պիտի գիտնանք ներկա՛յ պատասխանել, երբ բախտորոշ օրեր կը հասնին: Ու մեր Դատին լուծման նախապայմաններու ստեղծումին մէջ արհամարհելի պիտի չըլլայ մեր դերը»:
Երկրորդ բանախօսն էր Հրաչ Գումրուեանը: Նիւթ` Հայ եղեռնը իբրեւ ցեղասպանութիւնը:
«Գործուած ոճիրը կը մնայ անպատիժ, մեր հողերը կը մնան բռնագրաւուած: Թուրքը կը մերժէ իր ոճիրը, կը մերժէ նաեւ տալ մեր հողային իրաւունքները», ըսաւ Հրաչ Գումրուեանը:
Այնուհետեւ ան անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի ուխտին: Մէջբերումներ կատարեց ցեղասպանութեան յօդուածներէն եւ ըսաւ ի միջի այլոց.
«Ազգ մը որքան ալ զօրաւոր ըլլայ, չի կրնար սանձարձակ գործել: Համաշխարհային ատեանին առջեւ պէտք է բերել եւ փաստել, որ գործուած ոճիրը ցեղասպանութիւն է եւ պահանջել հատուցում:
«Թուրքը ցեղասպան որակելու համար մեզի փաստաթուղթեր չեն պակսիր: Փաստ` Թալէաթի եւ իր գործակիցներուն որոշումը: Միջազգային օրէնքը կը փաստէ թուրքին ցեղասպանութիւնը եւ կը պահանջէ մեր իրաւունքը:
«Թուրքը այսօր կ՛ըսէ, որ եղածը անցեալին կը պատկանի: Պէտք է մոռնալ եւ մօտենալ եղբայրօրէն: Մինչդեռ իրողութիւն այն է, որ թուրքին ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի նաեւ այսօր, այլազան կերպերով. հայ անուններու թրքացում, կաշկանդում հայ լեզուի, Ազգային սահմանադրութեան ջնջում, հայ մշակոյթի հետքերու բնաջնջում: Այսօրուան թուրքն ալ կը գտնուի բնաջնջումի յանցանքին մէջ:
«Յարատեւ հետապնդում: Որքան կրնանք, պահենք մեր ազգային նկարագիրը եւ ինքնութիւնը: Լաւատես եղած է մեր ժողովուրդը միշտ: Չենք յուսահատած եւ չենք կրնար յուսահատիլ: Որքան ատեն մեր հաւատքը կը պահենք հանդէպ մեր հայրենիքին, միշտ կը վերանորոգենք մեր ուխտը, թէ տէր պիտի կանգնինք մեր անժամանցելի դատին: Մաղթենք, որ ազգերու սերտակցութիւնը աւելի զարգանայ, որպէսզի այնքան աւելի ճիշդ լուծուի մեր դատը»:
Երրորդ բանախօսն էր Սամուէլ Սարգիսեանը: Նիւթ` Հայ վերածնունդը:
Ընդհանուր գիծերու մէջ, հետեւեալ միտքերը յայտնեց երիտասարդ բանախօսը.
Հայը չէր կրնար մեռնիլ եւ չմեռաւ: Հայը չի կրնար ապրիլ առանց վրէժ լուծելու:
Վերածնաւ հայը: Փաստ` մեր նոր սերունդը եւ մասամբ իրականութիւն դարձաւ վրէժի լուծումը:
Մահը անիմաստ է հայուն համար: Սգատօնը այսօր վերածուած է կեանքի փառատօնի:
Կ՛ապրի հայը Հայաստանով, իր մշակոյթով, իր լեզուով, անցեալով: Կը վերապրի անցեալը, կը յառաջդիմէ ներկան:
Եւ սակայն ամբողջական յաղթանակը ցանկալի է բոլորին համար ալ:
Մեր նահատակներու կտակին ամբողջական յաջողութեան համար, Հայ դատի արդար լուծման համար, պէտք է ի գործ դնել մեր ներքին միութիւնը:
Միասնականութեամբ աշխատինք մեր Դատի արդար լուծման համար: Պայքարինք այս սուրբ նպատակին համար: Յաւերժ ապրի համագործակցութեան շինարար գործը:
Երրորդ Ձեռնարկ
Յուշահանդէս.- Տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 26 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հանդիսասրահին մէջ:
Ֆրանսական համալսարանի ուսանողներուն համար կազմակերպուած այս յուշահանդէսին բացումը կատարեց եւ օրուան բանախօսները ներկայացուց Սաթօ Երեւանեանը:
Ֆրանսերէնով բանախօսեց ֆրանսական համալսարանի դասախօս եւ հայագիտական դասախօս եւ հայագիտական ամպիոնի վարիչ-տնօրէն` հայր Մորիս Թալոնը: Ներկայացուց Եղեռնի պատմականը, հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարը եւ անկախանալու ձգտումը:
Արաբերէնով բանախօսեց ծանօթ իրաւաբան մեթր Մուսա Փրենսը: Ներկայացուծ Հայոց ցեղասպանութիւնը, հայ ժողովուրդի արդար Դատը եւ գոյատեւելու անխախտ կամքը:
Չորրորդ Ձեռնարկ
Յուշահանդէս.- Տեղի ունեցաւ կիրակի, 28 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի Աղջկանց վարժարանի «Իրուին» սրահին մէջ:
Ամերիկեան համալսարանի ուսանողներուն համար կազմակերպուած այս յուշահանդէսին բացումը կատարեց համալսարանի դասախօս, գրագէտ Վահէ Օշականը` անգլերէնով:
Առաջին բանախօսն էր Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն Զաւէն Մսըրլեանը: Անգլերէնով ներկայացուց Մեծ եղեռնի պատմականը: Իր բանախօսութիւնը վերջացուց հետեւեալ ազգայնաշունչ բառերով. եթէ նոյնիսկ հարիւր տարի, մինչեւ անգամ դար մը սպասել պէտք է, յաղթանակը մե՛րն է եւ պիտի ըլլայ անպայման:
Երկրորդ բանախօսն էր Հայոց ցեղասպանութեան դատին եռանդուն պաշտպան մեթր Մուսա Փրենսը: Անգամ մը եւս արաբերէնով ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իր բովանդակալից ճառը արժանացաւ բուռն ծափերու:
Վերջին երկու ձեռնարկներուն ներկայ եղան հայ եւ օտար երկսեռ ուսանողներ: Ներկաները ստացան նաեւ Եղեռնը եւ Հայ դատը ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնող թռուցիկներ:
Վերոյիշեալ չորս ձեռնարկներու յաջող գործադրումէն ետք, ամէնէն աւելի գնահատելին, անկասկած, այն միասնականութիւնն էր, որ ձեռք բերին համալսարանական մեր ուսանողները համախմբեցին իրենց ուժերը ոչ միայն յարգելու համար յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, այլեւ` հետապնդելու հայ ժողովուրդին արդար Դատը, զայն ծանօթացնելու օտար շրջանակներուն եւ ըսելու համալսարանականի իրենց խօսքը, ուր որ պէտք է:
Անվերապահ գնահատանքի եւ քաջալերանքի արժանի է նաեւ հրապարակային իրենց այն յայտարարութիւնը, որ` «մենք` հայ համալսարանականներս կը գիտակցինք մեր կարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ մեր պարտականութիւններուն` մեր ժողովուրդին հանդէպ» եւ «… խանդով ու վճռակամութեամբ կը լծուինք գործի: Կը մնանք հաւատարիմ հայու մեր աննկուն դիմագիծին եւ մեզի փոխանցուած դարաւոր մշակոյթին ու հողին»:
Ծափահարելի այս յայտարարութենէն ետք, վստահ ենք, որ համալսարանական մեր ուսանողները, իբրեւ առաջամարտիկներ, նաեւ այսուհետեւ պիտի շարունակեն սկսուած այս գեղեցիկ գործը` Հայ դատի հետապնդման եւ արդար լուծման բերելով իրենց դրական լայն մասնակցութիւնը:
ՀՐԱԶԴԱՆ