50 Տարի Առաջ

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր ընկերային կեանքը քիչ մը պիտի աշխուժանայ: Ձեր առեւտրական եւ անձնական յարաբերութիւնները պիտի բարեփոխուին: Յաջողութեամբ կրնաք պաշտպանել ձեր միտքերը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պիտի յաջողիք իրականացնել հաշտութիւն մը ճկուն ըլլալու պայմանով: Ձեր սիրելիներուն պայմանները նկատի առէք: Անոնց կողքին ուրախ եղէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք եւ բոլորին ուշադրութիւնը պիտի գրաւէք: Դրական շրջան մըն է, զայն օգտագործեցէք: Ձեր աշխուժութիւնը պիտի վերագտնէք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Թոյլ մի՛ տաք օգտագործել ձեզ եւ ձեր դրամները: Առարկայականութեամբ լուծեցէք խնդիրը: Պայմանագիր ստորագրելէ առաջ դիմեցէք մասնագէտներուն: Դժուար շրջան մըն է, բայց ուրախութեամբ պիտի աւարտի: ԱՌԻՒԾ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Յունիս 1968)

Անհնարին Է Երջանիկ ենք մենք, Որ ընկերական հաւաքոյթներում Աւելի շատ ենք Հի՜ն, հայրենական երգերը երգում: Ձուլուած գոյների վերաթարմացման Նո՛ր դար է եկել: Անհնարին է մի գոյնով ապրել... Ինչպէս բազմիցս նշուած է, վերջին երկու-երեք տարիներուն մեր հայրենիքին մէջ հոգեկան զգալի վերափոխում մը տեղի ունեցաւ: Ամէն ինչ կարմիր տեսնող եւ ուրիշ բան չտեսնելու վարդապետութեան ծառայող կարմի՛ր մտայնութիւնը իր տեղը, գոնէ՛ մասամբ, զիջած կը թուի աւելի մարդկային, բնական բխումներու, հակումներու: Հայրենական հողին ընդերքներէն բխած ամէն յուզում, հայրենի հողը երախտապարտ ձգող մարդոց ներքին վեհութիւնը բացայայտող ամէն բառ, ցեղային բոլոր երանգները ի պատուի են այսօր մեր երկրի ժողովուրդին ու մտաւորականութեան մօտ: Ու անբնական չէ այս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Յունիս 1968)

Հայաստանի Անկախութեան Յիսնամեակին Առիթով «Ասոշիէյթըտ Փրես»-ի Տեսակցութիւնը Ս. Վրացեանի Հետ Ինչպէս ծանօթ է մեր ընթերցողներուն, դժբախտ արկածի մը եւ վիրաբուժական գործողութեան մը պատճառով Ս. Վրացեան շուրջ մէկուկէս ամիսէ ի վեր կը գտնուի Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցը: Հայաստանի անկախութեան յիսնամեակին առթիւ, մայիս 27-ի յետմիջօրէին, «Ասոշիէյթըտ փրես»-ի Պէյրութի գրասենեակի պատասխանատուներէն լրագրող Տենիս Նիլտը եւ լուսանկարիչ- թղթակից Հերրի Գունտաքճեանը ներկայացած են Ս. Վրացեանին եւ, կէս ժամ տեւող տեսակցութիւն մը ունենալէ ետք, միջազգային մամուլին ղրկած են անոր հեռարձակ լուսանկարը (ռատիօ-ֆոթօ) եւ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը: ՊԷՅՐՈՒԹ, ԼԻԲԱՆԱՆ, 28 ՄԱՅԻՍ.- Սիմոն Վրացեան` հայկական կարճատեւ Հանրապետութեան վերջին վարչապետը, այսօր նշեց Հայաստանի անկախութեան 50-րդ տարեդարձը` իր ժողովուրդին համար անկախութիւն եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (2 Յունիս 1968)

Հայաստանի Հեռ. Գործակալութիւն Սարդարապատի Հերոսներուն Նուիրուած Յուշարձանին Բացումը «Սարդարապատի Ճակատամարտը Մեր Ժողովրդի Բազմադարեան Ազգային Ազատագրական Պայքարի Ամենափայլուն Էջը Հանդիսացաւ», Կը Յայտարարէ Կենտկոմի Ա. Քարտուղրար Ա. Քոչինեանը Մայիս 25-ին, Երեւանի Արարատեան դաշտավայրի եւ Շիրակի շրջանի մօտ հարիւր հազար աշխատաւորներ, բանուորներ, ծառայողներ, կոլտնտեսականներ, մտաւորականներ եկած էին Սարդարապատի բարձունքը` ներկայ գտնուելու 50 տարի առաջ տեղի ունեցած ճակատամարտի հերոսներուն նուիրուած զբօսայգի-յուշարձանի բացման: Անոնք եկած էին յարգանքի տուրք մատուցելու այն հերոս զաւակներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերեցին, մեր ժողովուրդի ազատութեան, խիզախութեան ու արիութեան փառաւոր էջեր գրեցին հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ: Սարդարապատի բարձունքին վրայ, ուրկէ կը բացուի Արարատի ու Արագածի համայնապատկերը, կերտուած է հոյակապ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (1 Յունիս 1968)

Կիպրահայ Կեանք Սուրբ Մակարայ Վանքի Ուխտագնացութիւնը Կիրակի, 5 մայիսին, Ս. Մակարայ վանքի ուխտագնացութեան առիթով, հարիւրաւոր ուխտաւորներ կղզիին բոլոր շրջաններէն փութացած էին հայկական վանքը: Առաւօտեան հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցուեցաւ վանքի մատրան մէջ` կիպրահայ թեմի նոր կաթողիկոսական փոխանորդ Արսէն ծ. վրդ. Աւետիքեանի կողմէ, որ նաեւ խօսեցաւ հոգեշունչ քարոզ մը: Այս առիթով կարդացուեցաւ Խորէն Ա. կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը` Արսէն ծ. վրդ. Աւետիքեանի կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակումը հաղորդելով Կիպրոսի թեմի հայութեան: Յաւարտ պատարագի հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ հայ ժողովուրդի հին եւ նոր ննջեցելոց համար, եւ ապա ուխտաւորներուն բաժնուեցաւ աւանդական հարիսան: Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, վանքի դարպասին մէջ, ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ, որուն ներկայ գտնուեցան կիպրահայ եկեղեցական դասը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Մայիս 1968)

Կիպրահայ Կեանք Սուրբ Մակարայ Վանքի Ուխտագնացութիւնը Կիրակի, 5 մայիսին, Ս. Մակարայ վանքի ուխտագնացութեան առիթով, հարիւրաւոր ուխտաւորներ կղզիին բոլոր շրջաններէն փութացած էին հայկական վանքը: Առաւօտեան հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցուեցաւ վանքի մատրան մէջ` կիպրահայ թեմի նոր կաթողիկոսական փոխանորդ Արսէն ծ. վրդ. Աւետիքեանի կողմէ, որ նաեւ խօսեցաւ հոգեշունչ քարոզ մը: Այս առիթով կարդացուեցաւ Խորէն Ա. կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը` Արսէն ծ. վրդ. Աւետիքեանի կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակումը հաղորդելով Կիպրոսի թեմի հայութեան: Յաւարտ պատարագի հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ հայ ժողովուրդի հին եւ նոր ննջեցելոց համար, եւ ապա ուխտաւորներուն բաժնուեցաւ աւանդական հարիսան: Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, վանքի դարպասին մէջ, ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ, որուն ներկայ գտնուեցան կիպրահայ եկեղեցական դասը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (25 Մայիս 1968)

Ժեմայել Զգուշութեան Հրաւէր Կ՛ուղղէ Փաղանգաւորներու պետը` Փիեռ Ժեմայել երէկ յայտարարեց. «Խորհրդարան ներկայանալու կառավարութեան որոշումը գրգռիչ բնոյթ ունի: Այդ չէ ժողովուրդին ուզածը»: Պէյրութի երեսփոխանը շարունակեց. «Մինչ համայն աշխարհ կ՛աշխատի լուծում գտնել քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային խնդիրներուն, Լիբանանի մէջ մեր ժամանակը կը կորսնցնենք Սապրի Համատէի եւ Քամել Ասաատի, Ռաշիտ Քարամէի եւ Սաէպ Սալամի, Փիեռ Ժեմայելի եւ ռեմոն Էտտէի, Քամալ Ժոմպլաթի եւ էմիր Մեժիտ Արսանի միջեւ: Տակաւին պիտի ընդունէի, եթէ մեր ճղճիմ վէճերուն բնոյթը գաղափարական խնդիրներ ըլլային»: «Ինչ որ ժողովուրդին հետ կը պահանջենք, անդորրութիւնն է: Պէտք է անմիջապէս վերջ տալ այն անդոհանքին, որուն մատնուած է ժողովուրդը, մասնաւորաբար` աշխատաւոր դասակարգը, որ պէտք է փրկել...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Մայիս 1968)

Աղեքսանդրիոյ Հին Մատենադարանը Պտղոմէոսեաններու շրջանին Աղեքսանդրիա քաղաքակիրթ աշխարհի եդեմն էր` շնորհիւ իր համալսարանին եւ մատենադարանին, որոնց հռչակը տարածուած էր ամբողջ աշխարհի մէջ: Համալսարանը մատենադարանին կու տար գիտնականներ, իսկ այս վերջինը, իր կարգին, համալսարանին կը հայթայթէր գիտական եւ վարդապետական գիրքեր: Աղեքսանդրիոյ մատենադարանէն առաջ ծանօթ էին Պղատոնի ակադեմիային գրադարանը եւ յոյն իմաստասէրներու խմբակցութեանց մատենադարանները: Աղեքսանդրիոյ մատենադարանը միւս բոլորէն գերազանց էր թէ՛ իր կարեւորութեամբ եւ թէ՛ համբաւով, տրուած ըլլալով, որ հին աշխարհի առաջին պետական մատենադարանն էր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ առաջին անգամ ըլլալով պետութիւնը կ՛օժանդակէր գիտութեան եւ մշակոյթի տարածումին: Նոյնիսկ Աթէնք, որ գիտական եւ իմացական ճաճանչաւորումի աղբիւր մըն էր այդ միջոցին, հանրային...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Մայիս 1968)

ՀՄԸՄ-ի Գայլիկներու Դպրոց-Բանակումը ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի կազմակերպուած դպրոց-բանակումը` գայլիկ աստիճանաւորներու պատրաստութեան յատուկ, տեղի ունեցաւ 4, 5, 6  մայիս, շաբաթ, կիրակի եւ երկուշաբթի օրերը, Ատոնիսի բանակավայրին մէջ: Շատ օգտակար այս բանակումին կը մասնակցէին Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի շրջաններէն 36 գայլիկ աստիճանաւորներ, որոնք բոլոր դասախօսութիւններուն եւ գործնական աշխատանքներուն հետեւեցան գնահատելի կարգապահութեամբ եւ գիտակից հետեւողականութեամբ: Բոլոր գայլիկները դասախօսուած նիւթերը արձանագրեցին մասնաւոր տետրակներու մէջ, որոնք ենթարկուեցան պատասխանատուներու քննութեան: Դպրոց-բանակումը կը ղեկավարէր աքելլա Միհրան Շիմշիրեանը` օգնականներ ունենալով եղբայրներ Ալեքսան Մելքոնեանը, Միհրան Զէնեանը, Հրայր Սողոմոնեանը, Սարգիս Սաղըրեանը եւ Խաչիկ Խաչատուրեանը: Շնորհիւ վերոյիշեալ պատասխանատուներու տքնաջան աշխատանքին` եռօրեայ դպրոց-բանակումը արձանագրեց մեծ յաջողութիւն եւ բոլոր մասնակցողները վերադարձան զոհ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (22 Մայիս 1968)

Թատերական Լեւոն Շանթի «Կայսր»-ը Թատրերգութեան Բեմադրութիւնը Պաղտատի Մէջ Պաղտատի ՀԵԵ միութեան թատերախումբը աննախընթաց պատրաստութեամբ բեմադրեց Լեւոն Շանթի «Կայսրը» թատրերգութիւնը: Բեմադրութիւն` դերասան-դերուսոյց Արտաշէս Պալասանեանի: Բեմայարդարում` ճարտարապետ Խաժակ Մարաշլեանի: Անահիտ Զատիկեանը առաջին անգամ ըլլալով կ՛անձնաւորէր Թէոֆանօ կայսրուհիի պատասխանատու դերը: Դրսեւորեց փառատենչ թագուհիի հարազատ նկարագիրը: Արաքսի Տէր Պօղոսեանը հարազատօրէն կրցաւ դրսեւորել Հաննայի անաղարտ կերպարը: Հայկազ Պալթայեանը կայսրի հոգեբանական բարդ մեկնաբանութիւնը դրսեւորեց հարազատ խաղարկութեամբ: Անուշաւան Գասպարեանը իր անկարելին ըրաւ հարազատօրէն անձնաւորելու համար Օհան Գուրգէնի կերպարը: Սեդա Վահանեանը կրցաւ տալ սապատաւոր կնոջ կերպարը հարազատութեամբ: Օգսէն Սիմոնեանը զինուորական երէցի կերպարը անձնաւորեց կատարողական ներելի հնարաւորութեամբ: Ճորճ Գրիգորեանը Վասիլ Լեկապենի դերին մէջ, թէեւ քիչ մը վարանոտ, կրցաւ տալ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (21 Մայիս 1968)

Ահաւոր Հրդեհ Քարանթինայի Մէջ  250 Խրճիթ, Որոնց 150-ը` Հայերու, Հրոյ Ճարակ Դարձան - Նիւթական Մեծ Վնասներ - Ոչ Մէկ Զոհ Երէկ` երկուշաբթի, 20 մայիս, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, ի բացակայութեան, հաւրանցի ընտանիքի մը խրճիթէն ծագած հրդեհը մէկուկէս ժամուան մէջ հրոյ ճարակ դարձուց Քարանթինայի 250 ընտանիքներու խրճիթները, որոնց մօտ 150-ը կը պատկանէին հայերու: Առաջին իսկ վայրկեանին հրդեհը արագընթաց կը տարածուի: Կը ստեղծուի սրտաճմլիկ տեսարան: Իրարու ետեւէ կը պայթին պիւթակազներու շիշեր, լաց ու կոծ, սիրելիներու փնտռտուք, գոյքերու ազատագրում: Բնակիչներէն շատեր, ընդհանրապէս այրեր, բացակայ են` մեկնած ըլլալով գործի: Թաղին մէջ գտնուող երիտասարդներ գերմարդկային ճիգ ի գործ կը դնեն անմիջական օգնութեան փութալու համար հրկիզեալ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Մայիս 1968)

Անընդհատ Եւ Անվհատ Հայաստանի անկախութեան հռչակման յիսնամեակը նոր առիթ մը կ՛ընծայէ ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայութեան` վերստին արծարծելու Հայ դատը: Բարեբախտութիւն մըն է, որ անկախութեան յիսնամեակը կը զուգադիպի ՄԱԿ-ի կողմէ Մարդկային իրաւանց տիեզերական յայտարարութեան քսանամեակին: Ինչպէս գրեցինք, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 1968-ը յայտարարած է Մարդկային իրաւանց միջազգային տարի: Հայերուս համար ալ 1968-ը յիսնամեակն է Հայաստանի անկախութեան: Պուէնոս Այրեսի մեր պաշտօնակիցը` «Արմենիա» տարեգլխէն ի վեր ամէն օր իր առաջին էջի ճակատը, վեց սիւնակի վրայ, խորհրդանշական զարդերով շրջանակուած վերտառութեամբ մը կը յիշեցնէ այս պարագան: Ստեղծագործութենէն մինչեւ այսօր արդարութիւնը խաչուած է միշտ: Ահա՛ թէ ինչու կ՛ըսենք` «անիրաւ աշխարհ»: Քրիստոնէութիւնն ու միւս կրօնները դարերէ ի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Մայիս 1968)

Խմբագրական Պատմութեան Նօտարը Ժամանակէ ի վեր երկու երկիրներուն նմանութիւնը ակներեւ է: Ֆրանսա Արեւմուտքի Ռումանիան է, Ռումանիա` Արեւելքի Ֆրանսան: Այսօր երկու երկիրները կը հանդիպին իրարու` չափելու համար կտրտուած ճամբան: Ֆրանսայի նախագահը մեծ պատիւներով ընդունուեցաւ Պուքրէշի մէջ: Պատճառը պէտք է փնտռել վերը մատնանշուած նմանութեան մէջ: Ռումէն ժողովուրդը զօրավար տը Կոլի անձին ընդմէջէն կը մեծարէր պետական այն մարդը, որ գիտցած էր իր երկրին անկախութիւնը արժեւորել հանդէպ պլոքի մը, ինչպէս իր նոր ղեկավարները կրցած էին նոյնը ընել հանդէպ հակադիր պլոքին: Այլ խօսքով, ռումէն ժողովուրդը անկախութեան վկայութիւն մը կու տար իր խանդավառ ընդունելութեամբ: Միայն ժողովո՞ւրդը: Ղեկավարութիւնը ետ չմնաց: Կը բաւէ կարդալ Ռումանիոյ նախագահին ճառը` հաստատելու...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Մայիս 1968)

«Ենի Կազեթ»-ի Ուշագրաւ Յօդուածը Արտասահմանի Հայերը Ամբողջական Հայաստան Կ՛ուզեն Թրքական Թերթը Կ՛անդրադառնայ Հայ Դատին Ի Նպաստ Կատարուած Աշխատանքներուն - «Սեւրի Դաշնագրին Յիսնամեակին Առթիւ Պիտի Ներկայացնեն Իրենց Պահանջը: Արդէն Իսկ ՄԱԿ-ին Դիմած Են Պոլսոյ «Ենի Կազեթ» թերթը 10 մայիսին իր համարին մէջ հրատարակած է հետեւեալ ուշագրաւ յօդուածը, որ խուճապային տրամադրութեան մը տարտամ արտայայտութիւնն է` ի տես ժողովուրդի մը, որ հատուցում կը պահանջէ: Սեւրի դաշնագրին յիսնամեակին առիթով շատ հաւանական է, որ արտասահմանի հայերը կարգ մը լուրջ պահանջներ ներկայացնեն 1970-ին: Փարիզի եւ Պէյրութի մէջ խմբուած հայ ղեկավարներ մասնաւոր ծրագրի մը համաձայն կը գործեն եւ լրջօրէն կ՛աշխատին ի խնդիր «Անկախ Հայաստան»-ի մը: Ամերիկայի հայոց...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Մայիս 1968)

Նժարէ Նժար «Նոր Ներկայացուցիչը Հին Մտայնութեան» Ապրիլեան նահատակներուն արդարութիւն ընող մեր արարողութիւններուն ու ոգեկոչումներուն վերջ դնելէ ետք, ամէն տարի թուրքերը հրապարակ կու գան եւ կը ջանան ուրանալ Ցեղասպանութեան արարքը` հակադրաբար դրուատելով իրենց առաքինութիւնները` թուրք արդարամտութի՜ւնը, ուրիշներուն իրաւունքը յարգելու իրենց բո՜ւխ տրամադրութիւնները, խղճամի՜տ վերաբերմունքը: Յիսնամեակի տօնակատարութենէն ասդին` այդ ճիգին լծուած մարդերէն ամէնէն աշխուժը կը համարուի «Ենի Կազեթ» թերթին մէջ ստորագրող Հիքմեթ Պիլը: Այս անգամ ամերիկեան համալսարանի մեր ուսանողներուն կազմակերպած հանդէսին լուրէն ահաբեկած է Պիլ: «Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ հայ ուսանողները ցուցադրած են լուսանկարներ, որոնք կ՛արտացոլացնեն իբր թէ թրքական խժդժութիւնը»: Իբր թէ ի՞նչ` այսինքն, իբր թէ խժդժութիւններ չե՞ն կատարուած, խժդժութիւններու անընդունա՞կ են...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Մայիս 1968)

Վարպետը Լեռնացած ներկայութիւն մը կը զգայիր, Արեւածագով` անտառածածկ կանաչով, ուր կեանքի զանազան շնչաւորներ իրենց երգը կը հիւսէին` ստեղծագործ կուռքի մը խորհուրդը սփռելով չորս դին: Ինք կ՛անցնէր` բազմերանգ արձագանգներով հոգիներու ծառաւն ու պարապը լեցնելով: Բոլորը զինք կը փնտռէին ու երգի արբեցումի մը մէջ երջանիկ` կը միախառնուէին դէպի յաղթանակը կեանքին: Ինչքա՛ն սրտեր լիացան իրմով, ու աղբերայորդ` լիացուցին բազմութիւններ, իսկ ինք ապրեցաւ համեստ կեանքով, հարուստ մշակը յաւերժափառ: Այն օրերուն, երբ հայոց համար ամէն ինչ գաղթ էր` անորոշութիւն, Հայ Արուեստի անսակարկ մշակը, ճպոտը ձեռքին մնաց մի՛շտ կանգուն, երգով ու կեանքով: Երբ ամէն ոք կ՛աշխատէր բան մը ծախել, շինել ու շահիլ, Կանաչեան հայ երգ կը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Մայիս 1968)

Խմբագրական Սեբաստացի Մուրատ (Մահուան 50-ամեակին Առիթով) Յիսուն եւ աւելի տարիներ առաջ անձնուրացներու բանակ մը կրակի մէջ նետուեցաւ հայրենիքի ազատագրութեան եւ հայ ժողովուրդի անկախութեան համար: Գրեթէ բոլորն ալ ինկան անհաւասար կռիւներու ընթացքին, ճակատէն շանթահար, ինչպէս վայել է ֆետայիին: Մեր նորագոյն պատմութիւնը, իր հերոսական դրուագներու շարքով, դիւցազնատիպ այդ հսկաներուն կեանքի պատմութիւնն է, կեանք, որ ամբողջովին նուիրուեցաւ յեղափոխութեան: Այդ հսկաներուն մէջ իր առանձին տեղն ու արժէքը ունի Սեբաստացի Մուրատը` խիզախ հրամանատար, մեծ ռազմավար, անձնուրաց ֆետայի, զինակիցը Չաւուշներու եւ Անդրանիկներու, անոնց հետ կռուած, աւելի քան քսան տարի կրակի մէջէն անցած, իյնալու համար վերջապէս այն օրերուն, երբ ազատութեան արշալոյսը կը բացուէր Հայաստան աշխարհին վերեւ: Մուրատ,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Մայիս 1968)

Այո՛, Արամ Խաչատրեանը Հայ Է Թէ՛ արտաքուստ եւ թէ՛ ներքուստ: Այստեղ այլեւս առկայ չէ Անրի Թրուայաների կամ Մայքըլ Արլենների ազգային ինքնութեան թնճուկը: Եթէ ոչ` այլ ինչ, ապա անունն ինքնին աղաղակում է այդ փաստը: Արամ Խաչատրեան: Սակայն անուան հետ եւ առաւել խօսուն է իր հայի նկարագիրը: Եւ այս` ոչ միայն իր արուեստի, այլ նաեւ` իր կեանքի, կենցաղի ու յատկապէս իր առօրեայ ապրումների մէջ: Խօսում է մաքուր հայերէն: Եւ այս` չնայած այն հանգամանքին, որ գրեթէ յիսուն տարի ապրել է Մոսկուայում: Արամ Խաչատրեանի դէպքում այլեւս անհրաժեշտ չէ շեշտել, որ նա հպարտ է հայութեամբ, որ` իր երաժշտական ներշնչումները ստանում է հայ ժողովրդից, եւ որ`...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Մայիս 1968)

Դասախօսութիւն Նիւթ` Արեւմտեան Հայաստանի պատմական յուշարձաններու ներկայ վիճակը սլայտներու ցուցադրութեամբ: Դասախօս` Հրաչ Տասնապետեան Տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 2 մայիս, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Համազգային»-ի ակումբը: Հրաչ Տասնապետեան 270 լուսապատկերներով ներկայացուց Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կանգուն մնացած հայկական ճարտարապետութեան պատմական յուշարձաններու մնացորդները: Անոնց վիճակը ողբերգական է, ըսաւ Հ. Տասնապետեան: 1915-ի Եղեռնին յաջորդող տարիներուն, մինչեւ 1922, թուրքերը սիստեմաթիք քանդումի սկսան ենթարկել այն բոլոր յուշարձանները, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը վկայէին, թէ այդ հողերուն տէրերը ջարդուած են: Ճէվտէթ փաշան մեր պատմական յուշարձաններուն մէկ կարեւոր մասը թնդանօթի բռնեց, մասնաւորաբար Վասպուրականի եւ Տարօնի շրջանին մէջ: Մարդկային եղեռնին յաջորդեց ճարտարապետութեան, գեղարուեստի սպանդը: Արեւմտեան Հայաստանը, ներառեալ Անիի եւ Կարսի շրջանը, ըստ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Մայիս 1968)

Նահատակները Ոգեկոչուեցան Յուզիչ Արարողութեամբ Մը 6 մայիսի արարողութեան ընթացքին, Հանրապետութեան նախագահը շրջապատուած խորհրդարանի ի պաշտօնէ նախագահ ընկ. Մովսէս Տէր Գալուստեանի (նախագահի աջին) եւ վարչապետ պրն. Ապտալլա Եաֆիի կողմէ: Երկրորդ շարքին վրայ` նախարարներ ու երեսփոխաններ: Նահատակներու ոգեկոչմանաւանդական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ առտու, Նահատակաց հրապարակին վրայ, ի ներկայութեան Հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի, երեսփոխանական ժողովի երիցագոյն անդամի հանգամանքով` ի պաշտօնէ նախագահ Մովսէս Տ. Գալուստեանի, վարչապետ Ապտալլա Եաֆիի, նախարարներ Ռաշիտ Պայտունի, Ժան Ազիզի, Խալետ Ժոմպլաթի, Էտուար Հընէյնի եւ Օսման Տանայի, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ երեսփոխաններու, Պէյրութի քաղաքապետական յանձնախումբի նախագահին եւ քաղաքապետին, բարձրաստիճան դատ աւորներու եւ սպաներու: Ժամը 9:00-ին ժամանելով` նախագահ Հելու ընդունուեցաւ ազգային քայլերգով: Նախագահը...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 22 of 69 1 21 22 23 69

Արխիւներ