Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Ապրիլ 1968)

Ապրիլ 18, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւելի Սերտօրէն Փարինք
Հայաստանի Հայութեան

Քանիցս դիտել տուինք, որ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն իր պաշտօնաթերթ «Հայրենիքի ձայն»-ով» եւ ամբողջ խորհրդահայ մամուլը արհամարհական վերաբերում կը ցուցաբերէ բոլոր այն արժէքներու եւ նուաճումներու հանդէպ, որ ՀՅ դաշնակցութիւնը եւ իր քոյր յարակից կազմակերպութիւնները եւ համակիր ուժերը ձեռք կը բերեն, կ՛իրացնեն: Նուաճումները, որոնք հայ մշակոյթի վերելքին եւ հայապահպանման գործին կը սատարեն եւ արթնութեան զարկ կու տան:

Մենք գանգատ չունինք, որ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնը մեզ կ՛անտեսէ, կ՛արհամարհէ: Մենք ամենեւին կարիք չունինք խորհրդային գնահատանքին եւ դարպասումին: Մենք կը գործենք միայն հայութեան ծառայելու պատրաստակամութեամբ: Մեր իրաւ եւ միակ դատաւորը հայութիւնն է, որուն սէրն ու գորովը մեծագոյն գնահատանքն ու խրախոյսն է մեզի:

Պոլշեւիզմը կը սարսափի ազգային շարժումէ, ազգասիրական նախանձայուզութենէ: Հայաստանի հայութեան ազգասիրական զեղումները, մշակութային ազգադրոշմ նուաճումները, Հայաստանի վերելքին եւ բարօրութեան համար անոր արտակարգ ճգնանքն ու տքնանքը պոլշեւիզմին կը յիշեցնեն ՀՅ դաշնակցութիւնը, որ իրեն աչքին խրտուիլակ մըն է եւ միաժամանակ` մշտատեւ մղձաւանջ մը:

Պոլշեւիզմը թող շարունակէ իր խելագար արշաւը մեզի դէմ: Մենք անկէ ընկճուողը չենք: Այդ հալածանքը մեզի աւելի կորով եւ թափ կու տայ` մեր ազգասիրաւան եւ հայրենասիրական գործերով եւ իրագործումներով ապացուցանելու, որ ՀՅ դաշնակցութիւնը ազգայնապէս եւ քաղաքականապէս գոյութեան իրաւունք ունի` իբրեւ հայութեան իրաւունքներու անյողդողդ ախոյեանը եւ ազգապահպանման անհրաժեշտ ազդակը:

Հայաստանը, Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութիւնը մէկութիւն է: Հոգիով, ապրումներով, ձգտումներով, երազներով, նպատակներով միեւնոյն հայութիւնն է, որ աշխարհագրութիւնը մեզ իրարմէ կը զատէ: Քաջածանօթ եւ լաւատեղեակ ենք, որ Հայաստանի բովանդակ հայութիւնը իր հայեացքը ակնապիշ մեզ է յառած, սրտի ներդաշնակ տրոփումով կը հետեւի մեր քայլերուն, մեր նուաճումներուն եւ մեր իրացումներուն: Իրազեկ ենք, թէ ինչպիսի՛ բերկրանքով կ՛ողջունէ սփիւռքահայութեան ազգակերտ աշխատանքները, հայը հայ պահելու անդուլ եւ յարատեւ նախանձախնդրութիւնը եւ Հայ դատի մեր հետապնդումները: Ազգաշունչ ապրումներ, որոնք անյայրիր են պոլշեւիզմի ջանքերուն եւ յաւակնութիւններուն:

Արդ, սփիւռքահայութեան աւագ պարտականութիւնն է հոգեկան այս շինիչ եւ ստեղծարար կապը անվթար պահել, եւ աւելի՛ն, սերտացնել մեր հոգեխառնումը նորանոր եղանակներով:

«Հայրենիք»

 

Ազնաւուր Հայերէն

Ես լքեցի կեանքս թշուառ
Երկրի խորքում սառն ու խաւար,
Որ աղօթքով գտնեմ երկար
Ճանապարհը յաւերժութեան:

– Ֆրանսերէն լեզուով գրող հայու մը համար ի՜նչ երջանկութիւն է իմանալ, որ իր երգերը թարգմանած են իր նախնիքներուն լեզուով: Մանաւանդ` ի՜նչ հպարտութիւն:

ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ

 

Հայ ընթերցողին համար ի՜նչ հաճելի է իմանալ, որ Ազնաւուրի երգերը, Ա. Ալիքեանի թարգմանութեամբ, «Սէրը սրտի չափով» խորագրով լոյս ընծայած է «Հայաստան» հրատարակչութիւնը: Ազնաւուր երգիչ, Ազնաւուր բանաստեղծ: Երկու հաւասարազօր մարդիկ, զուլալ ջուր մը բաժնած երկու մասի, որոնց միացումը Ազնաւուրի տաղանդն է: Գրքոյկին մէջ տեղ գտած անոր բանաստեղծութիւնները, իր երգի նման, նոյնքան գերող ու հրաշալի են: Անոնցմով Ազնաւուր կրցած է բացայայտել մարդկային հոգիի սէրը, շոյել ամենանրբին զգացմունքները` անոր տալով յաւերժութիւն:

– Ես չեմ ուզեր մտածել, որ սէրը պատրանք է,- կ՛ըսէ Ազնաւուր:

Եթէ ատիկա այդպէս ըլլար, անիմաստ կ՛ըլլային կեանքի մէջ բարին ու մաքուրը, աշխարհի մէջ կ՛իշխէր անճաշակութիւնը, ստորնութիւնը, սպանութիւնը եւ թալանը: Ազնաւուր ունի իր երգի առանձնայատկութիւնը: Ան չկրկնեց ոեւէ մէկը, չազդուեցաւ ուրիշէն: Փարիզի խստապահանջ հանդիսատեսը սուլոցներով ընդունեց զինք, բայց համբոյրներով ուղեկցեցաւ տուն:

– Ու յանկարծ նոյն հասարակութեան առջեւ, նոյն երգով, նոյն զգեստով, նոյն ձայնով ես փայլուն յաջողութեան հասայ: Այն ալ այնտեղ, ուր օր մը, առաջինին, սուլած էին,- կը յիշէ Ազնաւուր:

Բայց օրը կու գայ, ցոյց կու տամ դեռ,
Որ մեծ տաղանդ ունեմ ես:

Ազնաւուր ցոյց տուաւ ու գերեց աշխարհը: Ան այն միտքը կ՛արտայայտէ, որ մարդուն ճանչնալու համար անհրաժեշտ է տեսնել առաւօտուն, ակռայի խոզանակը ձեռքին: Անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ առկայ է հայկական ոգին: Քուչակի նման, ան ալ. «քանց սէրն քաղցրիկ չկայ» երդուելով, կ՛երգէ այդ մեծ զգացումը եւ Քուչակի նման նոյնպէս անկեղծ է:

Անոր բանաստեղծութիւններուն մէջ արեւոտ արեւելքցին կը սիրէ, կը խորհրդածէ եւ կ՛առթէ: «Ես լեզուով եմ ֆրանսացի», կ՛ըսէ ան: Ազնաւուր չի սահմանափակուիր միայն սիրոյ շրջանակներով: Ան փիլիսոփայի աչքերով կը տեսնէ մարդու ներաշխարհը:

Ազնաւուրի բանաստեղծութիւնները ուշադրութեան արժանացած են եւ կ՛արժանանան: Ան ստեղծած է այնպիսի ինքնատիպ դպրոց մը, որ յաւերժ պիտի կոչուի Ազնաւուրեան:

– Կան պահեր, երբ ես անկեղծօրէն կ՛ուզեմ, որ զիս շնորհաւորեն ոչ թէ հիացական բացագանչութիւններով, այլ` լուռ հայեացքով մը, շարժումով մը, հեւոցով մը:

Երեւանի մէջ, իր համերգներէն մէկուն ատեն, աշխարհահռչակ արուեստագէտը ըսած է. «Ես հայերէն չեմ երգեր, որովհետեւ երգերս չեն թարգմանուած: Եթէ օր մը թարգմանուի մէկ երգ, կ՛երգեմ մէկը, տասը` տասը, քսան` քսանը»:

Այժմ թարգմանուած են, եւ անոր արուեստի հազարաւոր երկրպագուները կը սպասեն, որ սիրուած երգիչը կը կատարէ իր խոստումը:

Ապրիլ 8, Երեւան

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Քաթալոնիոյ Ինքնավարութիւնը, Դէպի Անկախութիւն Գործընթացը Եւ Միացեալ Սպանիոյ Տեսլականը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?