Խմբագրական
Խրախուսիչ Երեւոյթէ Մը Ետք
Կասկած չկայ այլեւս: Հայ կեանքը վերագտած է իր ներքին միասնականութիւնը, առ նուազն` մեր ժողովուրդին անվիճելի իրաւունքներուն շուրջ:
Ապրիլեան եղեռնի տարեդարձին առթիւ ցոյց տրուած ազգային գիտակցութեան ոգին, հետզհետէ աւելի ուժեղ եւ օրինակելի, տարբեր եզրակացութեան չի կրնար տանիլ ոչ միայն մեզ, այլ նաեւ` ուրիշներ, բարեկամ կամ ոչ, որոնք մօտէն կը հետեւին մեր կեանքին:
Ազգային գիտակցութեան մարզին մէջ շահուած այս յաղթանակը մենք կը նկատենք մեծագոյնը, որ մեր պայմաններուն մէջ գտնուող ժողովուրդ մը կրնայ տանիլ, նախ` իր ներքին վէճերուն վրայ, ապա` արտաքին աշխարհին հանդէպ:
Փոխուած են ժամանակները: Փառատօնի վերածած ենք երբեմնի մեր սգատօները: Ու այդպէս պէտք էր: Ժողովուրդ մը, որ Ցեղասպանութենէն յիսունեւերեք տարի ետք կ՛ապրի ու կը ստեղծագործէ, չի կրնար տարբեր վերաբերում ունենալ: Հասած ենք տեղ մը, ուր այլեւս ոչ ոքի համար ներելի է սուգն ու վիշտը շփոթել այն յարգանքին հետ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտական է մեր նահատակներուն: Այդ շփոթը չկայ այսօր: Փա՞ստ:
Կենդանի գործի այն արտայայտութիւնները, որոնք եղան ապրիլ 24-ի առթիւ` իբրեւ ուսանողական ելոյթ, մարզական եւ այլ միութիւններու գործունէութիւն, մէկ խօսքով` իբրեւ գործի վկայութիւն:
Հայութիւնը կը գտնուի նոր հորիզոններու առջեւ: Յառաջիկայ տասնամեակը մեզ կրնայ դնել նոր հրամայականներու տակ: Նոր ուղիներ կրնան բացուիլ, կը բացուին արդէն, ինչպէս բոլոր ժողովուրդներու, նաեւ մեր ժողովուրդին առջեւ: Կասկած չկայ, որ մարդկային իրաւունքներու գետնին վրայ, պայքարները, որոնք կը մղուին, պիտի արդիւնաւորուին օր մը: Հայութիւնը, որ այդ պայքարը կը տանի տասնամեակներէ ի վեր, անբաժին չի կրնար մնալ յաղթանակէն : Արդարութիւնը պիտի ըլլայ ամբողջական: Այս է դարուս մտածողութիւնը, որ բարեբախտաբար սկսած է տեղ գտնել նաեւ անոնց մօտ, որոնք մարդկութեան ապագային տեսակէտէն աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ ստանձնած են իրենց նիւթական ուժին եւ բարոյական հեղինակութեան բերումով:
Մարդկութեան օգտին համար մշակուած ծրագիրները, որոնք միջազգային ատեաններու սեղանին վրայ կը սպասեն տարիներէ ի վեր, անպայմանօրէն պիտի գտնեն իրենց գործադրութեան ճամբան: Երկար վարանումներէ եւ դեդեւումներէ ետք միջազգային ընտանիքը այս եզրակացութեան յանգած է: Անշուշտ որ հոս ու հոն այս հոլովոյթին ընթացքը խափանելու աշխատանքներ պիտի տարուին, դարաւոր դիրքերու խախտումին վախը որոշ ցնցումներ պիտի ստեղծէ, բայց բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ մարդկութեան բարեշրջական հոլովոյթին ընթացքը անշեղօրէն պիտի հետեւի իր ուղիին:
Հայ ժողովուրդը, իրերու ներկայ վիճակին մէջ, պատմական ծանր պատասխանատուութիւնը ունի իր պահանջներուն եւ իրաւունքներուն շուրջ միակամ ըլլալու: Ներկայիս այնպէս կ՛երեւի, որ այդ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը տեղ գտած է միտքերու մէջ ու ամէն յոյս կը ներշնչէ, որ հետզհետէ աւելի պիտի արմատանայ, որպէսզի երբ հաշուեյարդարի ժամը հնչէ, մէկ նպատակի շուրջ բոլորուինք բոլորս, նոյն գերագոյն ձգտումին համար, որ մեր Դատին արդար լուծումն է:
Նահատակներուն յիշատակը յարգելու տարբեր ձեւ չկայ ու միասնականութեան մեր բոլոր արտայայտութիւնները անիմաստ կը դառնան, եթէ գործնապէս չապացուցանենք, որ նոյն ազգին զաւակներն ենք, նոյն անցեալն ունինք եւ ճակատագրուած է, որ դիմենք նոյն ապագային:
Խրախուսիչ են այսօրուան երեւոյթները: Հաւատացած ենք, որ ոչ ոք այսուհետեւ ձախաւերութիւնը պիտի գործէ մանրամասնութիւններով զբաղելու, երբ մեր ժողովուրդին այսօրուան վիճակին պատճառ դարձած զանազան ազդակներուն շուրջ տարակարծութիւն չկայ:
Ինչպէս տարակարծութիւն չկայ նաեւ տիեզերականօրէն ընդունուած այն ճշմարտութեան շուրջ, որ ժողովուրդներու կենսագործման յարմարագոյն միջավայրը իրենց պապենական հողերն են, ազատութեան եւ անկախութեան մէջ, համախումբ աշխատանքով եւ միացեալ ճիգով: