Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Ապրիլ 1968)

Ապրիլ 17, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ եւ Ն. Փալանճեան ճեմարանի տնօրէն ընկ. Սիմոն Վրացեան վիրաբուժական բարդ գործողութեան մը ենթարկուեցաւ կիրակի, 14 ապրիլին, Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ: Գործողութեան առիթ տուողը բարձոսկրի (fémur) բեկում մըն էր, պատահած` ուրբաթ առաւօտ, անկման մը պատճառով: Գործողութիւնը կատարեց վիրաբուժ տոքթ. Նսուլի:

Գործողութիւնը անցած է յաջող, եւ բժշկական անձնակազմը լաւատես է ընկ. Ս. Վրացեանի վիճակի բարւոքման նկատմամբ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆ. ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Մեր Վաստակը

«Բագին»-ի այս տարուան առաջին թիւին մէջ Արամ Գառոնէ սփիւռքի մեր իրականութենէն ներշնչուած ընդարձակ պոէմ մը ունի եւ պոէմը կը դառնայ հետեւեալ առանցքին շուրջ.

Մեր վաստակը հաց չէր միայն,
Էր` նաեւ լոյս.
Մեր դժուարը ցաւ չէր միայն,
Էր` նաեւ յոյս:

Մեր կեանքին մօտէն հետեւող մարդը առարկայական քիչ փաստեր չունի հաստատելու համար վերի քառեակին մէջ խտացուած լոյսի եւ յոյսի ճշմարտութիւնը: Հացը բնաւ չմուրացինք, չդաւաճանեցինք նոյնպէս լոյսին, ու յոյսը միշտ վառ մնաց ցեղին սրտին մէջ: Ամէնէն հրաշալին այն է տակաւին, որ մեր ժողովուրդին զաւակները հացի ապահովութեան համար դիզած իրենց վաստակը զոհաբերեցին իմացական հացին, աղօթքի տուներուն, մտքի օճախներուն, գիրքին, գրականութեան, արուեստին:

Դեռ քանի մը օր առաջ ընթերցողը կարդաց «Գ. Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի դատական կազմին նոր հաղորդագրութիւնը, որ անգամ մը եւս կը հաստատէր, որ` «մեր վաստակը հաց չէր միայն, էր նաեւ` լոյս»:

50 հազար տոլար է Գ. Մելիտինեցիի յատկացուցած հիմնադրամը, որուն բերած տոկոսին մէկ մասը ամէն տարի պիտի տրուի մէկ կամ երկու արժանաւորներու եւ միւս մասով լոյս պիտի ընծայուին անոնց գործերը:

50 հազար տոլար` ի սպաս հայ գրականութեան:

Տարիներու, տասնամեակներու վրայ, յաւիտեանս յաւիտենից:

Երեւոյթին առջեւ մարդ չի կրնար անտարբեր մնալ: Չի կրնար հպարտ չզգալ ինքզինք իր ժողովուրդին հաշուոյն, նման շռայլութիւններու ընդունակ խառնուածքներ շաղախող ազնիւ արիւնին համար չի կրնար չխոնարհել իր գլուխը:

Իրենց նախաձեռնութեամբ ու ճիգերով մեծ վաստակ կուտակած բոլոր մարդերը նոյն հպարտութիւնը չեն առթեր հարկաւ, հարստութիւն դիզած ամէն հարուստի սիրտ նոյն մաքրութեամբ ու համեմատութեամբ չի տրոփեր. գձուձ ու եսակեդրոն արարածներ չեն պակսիր հոս-հոն, բայց ատոնք հայ մարդուն հետ ընդհանուր ոչինչ ունին, բուն հայ մարդը իր տաղանդը, իր վաստակը, իր ուրախութիւնն ու վիշտը ուրիշին հետ բաժնելու անյետաձգելի պահանջը զգացո՛ղ մարդն է, այն, որ հաւաքական տագնապի մը տագնա՛պը կ՛ապրի եւ գիտէ իր լաւագոյնը ընծայաբերել ընդհանրական իտէալներու:

Դժուար եղած է մեր պատմութիւնը, մեր ճամբան, կեանքը, բայց կրցած ենք տոկալ, աճիլ, բարգաւաճիլ, որովհետեւ այս վերջին տիպարը չէ պակսած մեզի, անոր համար մանաւանդ որ`

Մեր վաստակը հաց չէր միայն,
էր` նաեւ լոյս:

50 հազար տոլար` ի սպաս հայ գրականութեան:

Սխրալի է Գ. Մելիտինեցիի մասնակցութիւնը, յուզիչ, վսեմ: Խթան մը` հայ գրագէտին համար, յոյս մը` նաեւ:

Պ. Ս.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դրան Առջեւ Պատրաստ Հիւրեր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?