Խմբագրական
Յաղթանակին Արժէքը
Պայքարէն ետք` յաղթանակ:
Լիբանանի բոլոր ընտրութիւններուն ա՛յս եղած է անխախտ օրէնքը մեր կազմակերպութեան:
Եւ որովհետե՛ւ այդպէս է, որովհետե՛ւ յաղթանակը միշտ ժպտած է մեզի, ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը եղած են մեր բաժինը, բայց երբեք` յաղթանակին գինովութիւնը, որ անծանօթ է ՀՅ Դաշնակցութեան, կուսակցութեան մը, որ նկատի ունի համայն հայութիւնը եւ ոչ թէ միայն անոր մէկ հատուածը:
Այս գիտակցութիւնը ունին մեր բոլոր ընկերները, որոնք պայքարի տաք փուլ մը ապրելէ ետք, այսօր, վաղը, մինչեւ յաջորդ պայքար, մեր յաղթանակին արժեւորման հետամուտ պիտի ըլլան աւելի, քան` անոր երկրորդական երեսներուն դրսեւորման:
Այնքա՛ն ամբողջական է մեր յաղթանակը, այնքա՛ն գեղեցիկ եւ առինքնող, որ անոր վեհութենէն բան մը պիտի պակսէր անպայման, եթէ փորձէինք պահ մը ժամավաճառ ըլլալ` ուրիշներուն հասկնալի դառնութեամբ:
Պայքարի մէջ` վճռական, յաղթանակի մէջ` վեհանձն: Այս կ՛ուսուցանէ մեզի ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հոն կը տեսնենք մենք մեծութիւնը կազմակերպութեան մը, մեծ` հոգիով ու սրտով, նախանձախնդիր` հայութեան գերագոյն շահերուն:
Կիրակիի մեր յաղթանակին առաջին պատիւը կ՛երթայ հայ ժողովուրդին, մասնաւորաբար` անոր Պուրճ Համուտի հատուածին, որ մէկ հոգի, մէկ սիրտ` չխնայեց իր ուժը, չսակարկեց երբեք, կեցաւ յաղթահասակ իր հարազատ կազմակերպութեան կողքին, անոր յաջողութիւնը նկատեց իրը, եղաւ բարձրօրէն գիտակից իր դերին ու կոչումին` համաձայն իր ստացած դաստիարակութեան, շունչին, որ Դաշնակցութեան շունչն էր, հայկականութեա՛ն շունչը:
Երկրորդը` մեր ընկերներուն, սքանչելի տղոց, որոնց քրտինքին արդիւնքն է կիրակիի յաղթանակը: Աշխարհի մէջ ոչ մէկ ուժ, բացի` գաղափարի զօրութենէն, կրնայ այդպիսի պայքարի, ինքնամոռաց աշխատանքի մղել զանգուածները: Մեր ընկերները այդ զօրութիւնը գտան, իւրաքանչիւրը` իր էութեան մէջ, բոլորը միասին` իրենց կազմակերպութեան, որուն համար մէկ չափանիշ գոյութիւն ունի անանձնական կեցուածք` ի խնդիր հաւաքականութեան:
Յաղթանակը մէկ էր, բայց բաժնուեցաւ բոլորին` մնալով անբաժան: Անիկա եղաւ բաժինը բոլորին` ղեկավարէն սկսած մինչեւ նորագիր պատանին, մէկ ու միակ նպատակի մը բոլոր նուիրեալներուն:
Ինչ որ, սակայն, ամէնէն կարեւորն է, Պուրճ Համուտի զուտ հայկական քուէները միանուագ կեդրոնացան մեր ցանկին հինգ թեկնածուներուն վրայ, աւելի` մե՛ր ցանկակիցներու՛ն, քան մեր սեփական թեկնածուին:
Այդ քանի մը տասնեակ ձայները դոյզն չափով իսկ ազդեցութիւն չունեցան ամբողջական յաղթանակին վրայ մեր թեկնածուին, որ ինը հազար ձայն աւելի ստացած է իր մրցակիցէն, բայց անպայման որ մեծ բան աւելցուցին ՀՅ Դաշնակցութեան համբաւին վրայ, գործակցութեան եւ տրուած խօսքին հանդէպ անոր ունեցած յարգանքին վրայ, անգամ մը եւս Դաշնակցութեան անունը պանծացնելով Մեթնի մէկ ծայրէն միւսը` թէ՛ դաշնակիցին համար եւ թէ՛ մրցակիցին:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը հպարտութեամբ կ՛արձանագրէ այս պարագան, որուն աւելի՛ արժէք կ՛ընծայէ, քան` բուն յաղթանակին, որովհետեւ յաղթանակները արժէք են ու կը գնահատուին, երբ անոնց պատուանդանը բարոյական հիմեր ունի:
Այդպէս եղաւ կիրակիի մեր յաղթանակը եւ ուրախ ենք անոր համար: Քաղաքական կեանքին մէջ, որ փոփոխական է, յարաշարժ է, ուր զանազան վիճակներ կը կազմուին ու կը քակուին, միակ անշարժ, անփոփոխելի ու մնայուն արժէքը բարոյական կեցուածքն է, վերջին խօսքը անոր կը պատկանի, որքան ալ երբեմն խաբուսիկ ըլլան երեւոյթները:
Ընտրութիւնները հանգրուան մըն էին: Անցան: Կը սկսի շինարար աշխատանքի շրջանը: Հայութիւնը, որ կ՛ապրի այս սքանչելի երկրին մէջ, ազատ ու ժողովրդավար կարգերու տակ, նոյնիրաւ եւ հաւասար քաղաքացի, եղբայր բոլորին, գործակից բոլորին, պիտի շարունակէ ծառայել իր լիբանանեան առաքելութեան` ի խնդիր Լիբանանի առողջ եւ պայծառ ապագային:
Այս առաքելութեան կատարումին մէջ, գիտենք, որ աւելի մեծ պիտի ըլլայ մեր դերը, որովհետեւ յաւիտենական է ճշմարտութիւնը:
Մեզմէ աւելի՛ պիտի պահանջուի, որովհետեւ շատ տրուեցաւ մեզի:
Ճգնութեան Շրջան
Յիսուն օր ետք հայութիւնը պիտի տօնէ Հայաստանի անկախութեան յիսնամեակը:
Մեր վերջին վեց-եօթը դարերու պատմութեան մէջ դժուար է յիշել թուական մը, որ այնքան սփոփարար ըլլար մեռելներուն եւ հպարտառիթ ողջերուն, որոնք եղաւ յիսուն տարի առաջ մայիս 28-ին հռչակուած անկախութիւնը:
Այսօր, հայութեան բոլոր խաւերը, անգա՛մ յառաջդիմական յորջորջուած յապաղածները, խանդավառութեամբ կը յիշեն այդ դիւցազներգական իրագործումը, որ անկիւնադարձային եղաւ ու վերականգնեց իր երկրին մէջ իբրեւ տանուտէր ապրելու հայ մարդուն մերժուած իրաւունքը:
Դարերով երազուած էր Հայաստանի անկախութիւնը, մեր ժողովուրդին ընտիրները, սերունդ առ սերունդ, ողջակիզուած էին անոր տեսիլքին, այլ հրաշագործ նոր սերունդի մը, դղրդալից յեղափոխութեան մը դժոխքներուն մէջ թրծուած կտրիճներո՛ւն վիճակուեցաւ անոր մարմին տալու փառքը:
Յիսուն տարի առաջ էր:
Իսկ յիսունէն երե՛ք տարի առաջ: Յիսունէն երեք տարի առաջ արեւը արեւային լոյս ու ջերմութիւն չէր թափեր հայոց երկրին ու հայ մարդուն վերեւ, այն ատեն բոլորովին տարբեր էր կեանքը, եթէ կեանք էր, յիսունէն երեք տարի առաջ արիւն էր, համատարած սուգ ու յուսահատութիւն եւ հրաշք մը կրնար միայն մարդակերներու լայն երախէն փրկել հայրենի երկրին վերջին կտորը եւ վերջին հայը: Ու պատահեցաւ այդ հրաշքը, պատահեցաւ անո՛ր համար, որ անկէ առաջ ուրիշ հրաշք մը պատահած էր մեր իրականութեան մէջ, պայթա՛ծ էր յեղափոխութիւնը, որ յեղափոխիչ իր շունչով ազգը դրաւ նոր մակարդակի մը վրայ, ժողովուրդ ու հայրենիք հասկացողութիւններուն տուաւ իրական խորք մը, նոր որակ մը` հայ մարդուն, որ ինքն իր մէջ բազմապատկուած, հազարապատկուա՛ծ արութեամբ վերջին անգամ ու վերջի՛ն թափով ընդհարեցաւ թշնամի հորդաներուն եւ իր կարգին հրաշագործեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Յիսուն օր ետք մեր կտրիճներուն եւ մեզի ընծայած անոնց հսկայ պարգեւին` Հայաստանի Հանրապետութեան տօնն է, տօն յարութեան, տօն խնդութեան:
Հայրենասիրութիւնը, շնորհիւ մեր յեղափոխութեան դարձեալ եւ յեղափոխութեան հրաշագործ որդիներուն շռնդալից վաստակին, կրօն է մեզի համար, եւ այդ կրօնը, ըսուած է բազում անգամ, շաղախուած է Նազովրեցի լուսապայծառ վարդապետի անունին դիմաց արձանագրուած դրուագներուն յար եւ նման դրուագներու յաջորդականութեան մը մէջ` երկունքի, իրագործումներու, ճգնութեան, խաչելութեան ու հրաշափառ յարութեան առթած կեցուցիչ յուզումներով:
Յիսուն օր ետք պիտի տօնենք մեր հայրենիքի յարութեան ու հայ մարդուն վերահաստատուած արժանապատուութեան տօնը: Ըսել կ՛ուզենք, պահոց շրջան է հիմա, ճգնութեան, խոկումի, մեծ անդրադարձումներու եւ արժանաւոր արդիւնքներու տուն տուող տենդայոյզ շրջան, որուն մէջ պէտք է այժմէն մտնէ, զգա՛յ ինքզինք ամէն հայ, ամէն մտաւորական, ամէն հրապարակագիր, ուսուցիչ եւ աշակերտ, աշխատաւոր ու առեւտրական, ամէ՛նքը, ամէ՛նքը պէտք է մտածեն այդ մասին, պատրաստուին, պրպտեն, գրեն կարդան, խօսին, որովհետեւ այս տարի տարբեր տարի է, անկախութեան յիսնամեակ է այս տարի, ու յիսուն օրուան ճգնութիւնը հազի՛ւ կը բաւէ համապատասխան շուքով պանծացնելու համար հայութեան այդ անկրկնելի օրը, օրերո՛ւն օրը:
Պ. Ս.