Մեր Մամուլը
Անձնական
Բարեկամութեան Մասին
Բարեկամութիւնը երկկողմանի ապրում, երկուստեք կազմուած կենսափորձ է: Բարեկամութիւնը, իրական, բիւրեղէ բարեկամութիւնը սրտակցութիւն է, որ շաղախուած է սիրոյ, անկեղծութեան եւ անվերապահ վստահութեան զգացումներով: Իրական, հարազատ բարեկամութիւնը հազուագիւտ առաքինութիւն է:
Զուտ եւ իրական բարեկամութիւնը տեւական կը դառնայ եւ հաստատուն կռուանի վրայ կը հաստատուի, եթէ անոր շարժակը դառնան ոչ թէ անցողիկ, ժամանակաւոր եւ պարագայական դրդապատճառները, այլ` յարակայուն հիմքեր ունեցող սկզբունքները: Անոնք են տիեզերային բարոյական սկզբունքները, որոնք ժամանակի տեւողութեամբ ո՛չ կը մաշին եւ ո՛չ ալ կ՛անհետին: Այդ վեհ սկզբունքները անհրաժեշտ ազդակներ են մարդու հոգին ազնուացնելու, գիտակցութիւնը պայծառացնելու եւ կամքը խթանելու: Իսկական բարեկամութիւնն է, որ մեր մտածողութիւնը արթուն կը պահէ եւ մեր մարդկայնութեան իմացումը կը սրէ: Առանց բարեկամութեան կենսափորձին` մարդ անհատը կ՛ուծանայ եւ կը մոռնայ իր մարդկայնութիւնը: Բուն բարեկամութիւնը հոգեւոր հաղորդում է, ընկերային ամէնէն ազնիւ յատկութիւններէն մէկն է: Ճշմարիտ բարեկամութեան հաճոյքը վայելող մարդը միայն կարող է իմանալ մարդկութեան ցաւերն ու խոցերը:
Խօսքով կարելի չէ անսասան բարեկամութիւն հաստատել. բարեկամութիւն մը, որ վստահութիւն ներշնչէ եւ նուիրումի առաջնորդէ մարդը: Ատոր միակ ստուգանիշը գործն է: Բարեկամութիւնը կը սերտանայ իրերօգնութիւնով, բարեգործութիւնով, որ մարդ էակի մէջ կ՛արթնցնէ երախտագիտութեան վսեմ եւ արդիւնաւէտ զգացումը:
Անհատը ինքն իրմով չի կրնար կեանքի էութիւնը ընկալել: Աշխարհէն մեկուսացած, ընկերութենէն առանձնացած մարդը տեղ մը չի հասնիր: Հասունութեան ծիրը թեւակոխելու համար ընկերութեան հրամայական պահանջ ունի: Կեանքը ապրելու եւ կենսափորձ հաւաքելու համար անհրաժեշտ կարիքն ունի իր նմաններու հետ կենցաղակցութեան, մանաւանդ` զինքը հասկցող անհատի մը բարեկամութեան, սրտակցութեան:
Կեանքի յարափոփոխ ելեւէջներուն եւ վայրիվերումներուն, խութերուն եւ խոչընդոտներուն ենթակայ անհատը կարօտն ունի իրական եւ սրտակից բարեկամի մը միջամտութեան, որուն ներգործութիւնը աւելի ազդու է եւ օգտաւէտ:
Իսկական բարեկամի քննադատութիւնը պէտք է ըլլայ խիստ եւ անվերապահ: Այլապէս իր բուն նպատակէն կը զառածի, կը խոտորի: Բարեկամի մը խորհուրդը, խրատը, քննադատութիւնը ընկերոջ օգտակար ըլլալն է: Եթէ վերապահութիւն մտնէ զանազան նկատումներով կամ հաշիւներով, ան այլեւս ոչ միայն իր նպատակին չի ծառայեր, այլ խորհրդատուն կը դադրի բարեկամ ըլլալէ: Անկեղծութիւնը անձնական բարեկամութեան առաջին պայմանն է: Ան, որ բարեկամի քննադատութենէն կ՛առնուի եւ կը վիրաւորուի, կը նշանակէ, թէ բարեկամ չէ:
Իրական բարեկամը անհրաժեշտութիւն չի զգար գովասանք շռայլելու իր մտերիմին, որովհետեւ երկուստեք զիրար կը ճանչնան: Միակ բանը, որ բարեկամէ մը կը սպասուի, այդ ալ գործուած սխալը եւ անոր դարմանը ցոյց տալն է: Գովքը եւ աւելորդ ներբողը կը տեղացուի, երբ յետին եւ ծածուկ նպատակ մը կը հետապնդուի:
Զգուշ եւ վերապահ պէտք է ըլլալ այն բարեկամներէն, որոնք ձեզ տեղի կամ անտեղի կը գովեն եւ կը փայփայեն: Անոնք բարեկամութեան կեղծարարներն են:
«Հայրենիք»
Հայ Կոյրերու Եւ Խուլ-Համրերու Հաստատութեան
Մտքով Թերաճ Մանուկներու Շէնքի
Նորակերտ Թեւին Պաշտօնական Բացումը
Խորէն Ա. կաթողիկոս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իշխանի եւ ասպետի շքանշաններով պարգեւատրեց Զուիցերիոյ հայասէրներու միութեան փոխնախագահ վեր. Ալֆրետ Քուփֆերշմիտը, հայ կոյրերու եւ խուլ-համրերու հաստատութեան տնօրէն Փիթըր Պրաունշուայկը եւ ծերանոցի տնօրէնուհի Հիլտա Վիցեմանը:
Երէկ` հինգշաբթի, 18 ապրիլ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Պուրճ Համուտի Հայ կոյրերու եւ խուլ-համրերու հաստատութեան մէջ տեղի ունեցաւ մտքով թերաճ մանուկներու շէնքի նորակերտ թեւին պաշտօնական բացումը: Ներկայ էին հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր ներկայացուցիչները եւ հրաւիրեալներ:
Խօսք առին Տաճատ արք. Ուրֆալեան, Մեսրոպ եպս. Թերզեան, վեր. Յ. Ահարոնեան: Ջերմօրէն գնահատուեցաւ Զուիցերիոյ հայասէրներու միութեան կատարած բարեսիրական գործը:
Գարեգին եպս. Սարգիսեան կարդաց Խորէն Ա. կաթողիկոսին երեք գնահատագրերը: Վեհափառ հայրապետը մեծապէս գնահատելով զուիցերիացի հայասէրներու կատարած բարեգործութիւնը` Զուիցերիոյ հայասէրներու միութեան փոխնախագահ վեր. Ալֆրետ Քուփֆերշմիտը պարգեւատրեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Իշխանի շքանշանով, իսկ Հայ կոյրերու եւ խուլ-համրերու հաստատութեան տնօրէն Փիթըր Պրաունշուայկը եւ ծերանոցի տնօրէնուհի Հիլտա Վիցեմանը` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ասպետի շքանշաններով: Շքանշաններու տուչութիւնը կատարեց Տաճատ արքեպիսկոպոսը:
Երեք պարգեւատրեալներու շնորհակալութեան խօսքէն ետք ներկաները այցելեցին նորակերտ շէնքը: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
՛