ՀՅ Դաշնակցութեան
Փառաւոր Յաղթանակը
7 ապրիլին Պուրճ Համուտի մէջ, շնորհիւ հայ ժողովուրդին արի կեցուածքին եւ քաղաքացիական խոր գիտակցութեան, ՀՅ դաշնակցութիւնը արձանագրեց նոր եւ փառաւոր յաղթանակ մը, որուն մէջ իրենց արդար բաժինը ունին բոլորը, մեր բոլոր ընկերները, որոնք մեր կազմակերպութեան հզօր կամքին արտայայտիչը եղան:
Պուրճ Համուտ երէկ եղաւ գերզօր աշխատանքի հրաշալի զանգուած մը: Պատանիէն սկսած մինչեւ ծերունին, ընկեր, համակիր ու բարեկամ, այր ու կին, բոլորը, բոլոր զաւակները մեր սքանչելի ժողովուրդին, անանձնական նուիրումով մը, որուն մէջ կը կայանայ մեր կուսակցութեան ուժին գաղտնիքը, առտուընէ մինչեւ իրիկուն, լարուած մեքենայի մը նման, հիացումի արժանի գործ կատարեցին ի փառս հայութեան եւ անոր հարազատին` ՀՅ դաշնակցութեան:
Յոգնատանջ օրուան մը վաղորդայնին, երբ տակաւին կանուխ է երէկուան մեր մեծ յաղթանակին բոլոր երեսներուն վրայ կանգ առնել, ՀՅ դաշնակցութիւնը ի՞նչ կրնայ ըսել իր ժողովուրդին, եթէ ոչ` շնորհակալութեան ազնիւ խօսք մը, որ կու գայ սրտէն, պարզ եւ յուզիչ, վեր` բոլոր տեսակի գնահատումներէն:
Շնորհակալութի՛ւն, ժողովո՛ւրդ հայոց:
Եղար Դաշնակցութեան հետ, անոր կողքին, ինչպէս եղած ես միշտ: Քու հաւաքական կամքիդ արտայայտութեամբ, իբրեւ միաձոյլ զանգուած, եղար մեծ, անանուն դարբինը շքեղ յաղթանակի մը, որ քուկդ է, ամբողջովին քուկդ:
Աննախընթաց պայքար մըն էր երէկուանը: Ու արդիւնքը եղաւ աննախընթաց: Քրտնաջան աշխատանքի, անսակարկ նուիրումի, անյողդողդ կամքի հրաշալի արտայայտութիւն մըն է մեր յաղթանակը, որ հպարտութեամբ կը լեցնէ իւրաքանչիւր հայու սիրտ, սփոփարար ալեկոծութեամբ մը:
Դեռ կ՛ունենանք առիթը, եւ` շատ, չափելու մեր յաղթանակին բոլոր տուեալները: Բայց ինչ որ առաջին հերթին կ՛ուզենք սեփականութիւնը դարձնել բոլորին, անխտի՛ր բոլորին, ատիկա թիւերու լեզուն է, յստակ եւ մեկին:
Պուրճ Համուտի 42 սնտուկներուն մէջ մեր թեկնածուն եւ իր չորս ցանկակիցները շատ աննշան տարբերութեամբ ստացան գրեթէ նոյն ձայները.
Անտրէ Թապուրեան | 5081 |
Սելիմ Լահուտ | 5029 |
Մորիս Ժեմայել | 4993 |
Էմիլ Սալհապ | 5011 |
Միշէլ Մըր | 5021 |
Ու հիմա` ընդդիմադիր ցանկին ձայները
Տիգրան Թոսպաթ | 961 |
Ժեմիլ Լահուտ | 971 |
Ժոզեֆ Խուրի | 864 |
Ալպեր Մուխայպեր | 1025 |
Վերի թիւերը ցոյց կու տան, որ ՀՅ դաշնակցութիւնը, իր ժողովուրդով, միաձոյլ զանգուածի նման քուէարկած է մեր ցանկին բոլոր անդամներուն, ինչ որ մեր յաղթանակին կու տայ բարոյական անկշռելի արժէք մը:
Յաղթանակէն Ետք
Խրախճանքի Արդար Բաժինը
7 ապրիլին հայ ժողովուրդին ժամադրավայրը Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տունն էր: Իրիկուան ժամը 5:00-ին, երբ քուէատուփերը փակուեցան, եւ սկսաւ քուէահամարը, մարդկային ծով մը կազմուեցաւ ակումբին մէջ, ակումբ տանող բոլոր ճամբաներուն վրայ: Բոլորը գունդ առ գունդ, անդադրում յորձանքով մը կը դիմէին կեդրոն` ակնդէտ սպասումովը աւետաբեր արդիւնքներուն:
Հետզհետէ երբ սկսան հասնիլ առաջին արդիւնքները, իբրեւ յայտարար նշանը մեր յաղթանակին, ժողովուրդին խանդավառութիւնը աստիճանաբար բարձրացաւ` հասնելու համար իր գագաթնակէտին, երբ ժամը 8:00-ին յայտնի եղաւ, որ Պուրճ Համուտի մէջ ՀՅ դաշնակցութիւնը աւելի քան 5000 ձայն ապահոված է իր ցանկակիցներուն:
Աննկարագրելի է այն ոգեւորութիւնը, որ ապրեցաւ ժողովուրդը այդ հոգեյոյզ պահերուն: Ծափահարութիւնները եւ հուռռաները օդը կը թնդացնէին, ժպիտ կար բոլոր դէմքերուն վրայ, արցունք` բոլոր աչքերուն: Լեցուած էին սիրտերը, ուռած կուրծքերը: Յաղթանակը մէկ էր, բայց հաւասարապէս կը բաժնուէր բոլորին` ընկերոջ ու համակիրին, մեծին ու պզտիկին:
Շատ չանցած` հասան նաեւ լեռնային շրջաններու արդիւնքները: Ամէն տեղ` նոյն յաղթանակը, նոյն ճզմող գլանը` մեր թեկնածուներուն, որոնք յաջողութենէ յաջողութիւն կը սուրային:
Խօսուեցան խանդավառ ճառեր: Յանուն ՀՅ դաշնակցութեան շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ հայ ժողովուրդին, որուն յաղթանակը տօնեցին մեր ընկերներն ու բարեկամները:
Գիշերուան ժամը 9:00-ին սկսաւ խրախճանքի բաժինը: Յեղափոխական երգերու շարքը քակուեցաւ, եւ երէկուան անկեղծ զինուորները, մեր պայքարին նուիրեալները մինչեւ առտուան ժամը 3:00 վայելեցին իրենց արդար յաղթանակը, իրենց հոգիին մէջ, իւրաքանչիւրը ինքն իր էութեան խորը, կատարելով ուխտը նոր յաղթանակներու: