Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Մայիս 1968)

Մայիս 5, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Անոնց Պատգամը

(Մայիս 6-ի Առիթով)

Լիբանան այսօր կ՛ոգեկոչէ իր նահատակները, ընտիր զաւակները այս երկրին, քաղաքական գործիչ, մտաւորական, գրագէտ, որոնք առաջին ընդհանուր պատերազմի մռայլ օրերուն սուրիացի իրենց եղբայրներուն հետ զոհ գացին օսմանեան վայրագութեան:

Այն օրերուն, երբ ժողովուրդ մը կը տեղահանուէր իր հայրենական հողերէն` նետուելու համար մահուան ճամբաներուն վրայ, հոս, նոյն բռնատէր իշխանութիւնը բանտերը կը լեցնէր հայրենասէրներով:

Շատ չանցած` Պուրճի եւ Մերժէի հրապարակներուն վրայ բարձրացան կախաղաններ, եւ բանտարկեալները յաջորդական շարքերով քաջաբար դիմակալեցին մահը, վստահ, որ պիտի գայ հատուցման պահը, երբ հայրենիքը պիտի ազատագրուի օսմանեան տիրապետութենէն:

Ա. Աշխարհամարտի դաշնակից յաղթանակը եղաւ նաեւ յաղթանակը շատ մը փոքր ժողովուրդներու, որոնք վերջապէս ազատագրուեցան օսմանեան եւ այլ լուծերէ` դառնալու համար ազատ ու անկախ պետութիւններ: Ոմանք քանի մը տասնեակ տարի ենթակայ եղան հոգատարութեան, բայց ի վերջոյ կրցան տիրանալ իրենց բացարձակ անկախութեան:

Լիբանան եղաւ այս երկիրներէն մէկը, որ ահա քսանեւհինգ տարիէ ի վեր իսկական անկախութեան մէջ կ՛ոգեկոչէ իր նահատակները, անոնք, որոնք իրենց մահով վճարեցին գինը հայրենիքին ազատութեան:

Թշնամին խտիր չդրաւ Լիբանանի զաւակներուն միջեւ. քրիստոնեայ, իսլամ, տիւրզի նոյն հրապարակին վրայ, նոյն չուանով կախաղան բարձրացան: Ու ինչ որ կեանքը դժուարացուցած էր, մահը դիւրացուց: Նահատակներուն եղբայրութիւնը` մահուան մէջ, փոխանցուեցաւ ողջերուն, անոնք, որոնք պիտի շարունակէին պայքարը, անոնք, որոնք պիտի քալէին նահատակներու ճամբէն` ողջունելու համար ազատութեան այգաբացը:

Լիբանանի անկախութեան պայքարը մղուեցաւ նահատակներու պատգամին ճամբով, եղբայրական գործակցութեամբ` այս երկրին բոլոր համայնքներուն, որոնք ձեռ ձեռքի, սիրտ սիրտի, մէկ մարդու պէս ծառացան, երբ 1943-ին հոգատար իշխանութիւնը փորձեց պարտադրել իր կամքը` հակառակ ժողովուրդին միահամուռ ցանկութեան:

Այդ օրէն ծնունդ առաւ անգիր օրէնքը ազգային միութեան, որ նուիրական ուխտի մը արժէքը ունի իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար:

Ազգային միութիւնը կը կազմէ հիմքը Լիբանանի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան, երկիր մը, ուր ծայրայեղականութիւնը տեղ չունի, ուր իրերհասկացողութիւնն ու հանդուրժողութիւնը հրամայական պահանջներ են:

Յարգել նահատակներուն յիշատակը` կը նշանակէ հաւատարիմ ըլլալ անոնց պատգամին:

Այսինքն, եղբայրական սերտ գործակցութեամբ, նուիրուիլ այս երկրին բարգաւաճման ու վերելքին` ընկերային արդարութեան ճամբով իրականացնելու համար այն լաւագոյն Լիբանանը, որ բոլորին երազն է, իր բոլոր զաւակներուն գերագոյն բաղձանքը:

Կենսագործուած Երազ

Երիտասարդ թուրքերու հրապարակ գալէն ետք Օսմանեան կայսրութեան ենթակայ ժողովուրդները աւելի խորութեամբ զգացին թրքութեան վտանգը եւ նոր թափ մը տուին ընդդիմադրութեան:

Մարդը իր լեզուէն, բարքերէն, գաղափարական հարստութենէն եւ ազատութենէն ամբողջովին զրկելու մռայլ միտք մը կ՛որոճային նոր թուրքերը,  Թուրքիան ու թուրքը մարդոց սեփական հայրենիքէն եւ միւս բոլոր մարդերէն վեր դասելու սեւ քաղաքականութիւն մը սկսած էին կիրարկել, համաթուրանականութեան գաղափարը, որ ցնցեց ու հակազդելու բուռն եռանդով մը լեցուց հայրենիքին արժէքը եւ մարդուն արժէքը կշռել գիտցող գրաւեալ երկիրներու ընտրանին:

Այդ հակազդեցութենէն զարհուրած` առաւել եւս թրքացաւ թուրքը եւ սկսաւ աքսորել, ջարդել, կախաղաններ բարձրացնել ամէն տեղ` Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներէն մինչեւ Լիբանան, Սուրիայէն մինչեւ Եգիպտոս:

Լիբանանի մէջ թրքացնելու պաշտօն ստանձնած էր Ճեմալ փաշան, որ լրիւ կատարեց իր առաքելութիւնը, սովահար ըրաւ, աքսորեց, մահագրեց:

Ճեմալի մահագրած մարդոց յիշատակին նուիրուած օր է այսօր Լիբանանի մէջ, նահատակաց տօն, բայց որ սգատօն չէ, մարգարէներու տօն է աւելի, ազատութեան տեսիլքը մահուան գնով հաստատած ընտիրները փառաւորող բերկրառիթ պահ:

Ազատութեան համար մարտնչող մարդոց պարագան այսպէս է միշտ. երկիրը իրենց կը մնայ ու պսակը իրենց կը տրուի:

Տարբեր է, սակայն, ուրիշներու հայրենիքին վրայ բռնացող արարածներու ճակատագիրը: Ուրիշներու երկիրը բռնակալին չի մնար, երբեմն նոյնիսկ սեփական հոգի՛ն իրեն չի մնար, արդարութիւնը արդարօրէն կը խլէ բռնակալին հոգին, ինչպէս եղաւ լիբանանցին իր հողին վրայ եւ մեր ժողովուրդը Տէր Զօրի մէջ սովի, սուրի ու կախաղանի դատապարտելու հեշտանքը թրքօրէն ապրած Ճեմալ փաշայի պարագային:

Ճեմալ փաշա՜… Ամէն ոք կը ճանչնայ անոր վախճանը: Ստեփան Ծաղիկեան եւ վրէժխնդիր իր երկու զինակիցները` Պետրոս Տէր Պօղոսեան եւ Արտաշէս Գէորգեան, Թիֆլիսի մէջ, օր ցերեկով, շան սատակ ըրին զինք:

Թուրքը եւ անոր դէմ` լիբանանցին եւ հայը: Բռնակալն ու արդարները: Թուրքին պատճառած տառապանքին եւ անոր տրուած հատուցման արդար հարուածին մէջ եղբայրացած ժողովուրդներ են լիբանանցին ու հայը, եւ երկուքն ալ կրնան այսօր հպարտանալ անոր դէմ տարած իրենց յաղթանակներով: Լիբանանը ազատ է արդէն, ու հայ ժողովուրդը կը մնա՛յ:

Ազատութեան մէջ ազատութեան զինուորներուն պանծացումը փառք է եւ Լիբանան այդ փառքը կ՛ապրի այսօր:

Պ. Ս.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?