Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Ապրիլ 1968)

Ապրիլ 21, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

Սթերլին, Տոլար, Ոսկի

Անգլիան իր դրամը արժեզրկելէն ետքը քանի մը հայ ելեւմտագէտներ յայտնեցին իրենց կուռ կարծիքները, որոնք` ահաւասիկ.

– Դրամի մը արժեզրկումը սնանկութիւն մըն է մասնակի:

– Արժեզրկումին մէջ իջնել մը կայ, որ նշան է խոնարհութեան եւ խոստովանութեան:

– Աղքատացածի մը խոնարհութիւնը կամաւոր չէ:

– Անգլիական դրամը կը կոչուի «իվրը», որ կը նշանակէ «գիրք»: Եւ ամբողջ աշխարհի մէջ գիրքը անկումի մէջ է, երբ մանաւանդ չէ արժանացած մրցանակի: Անգլիական գիրքը չէր կրնար բացառութիւն ըլլալ, քանի որ ստորագրուած չէ Շէյքսփիրէ, Տիքընզէ, Օսքար Ուայլտէ կամ Պեռնար Շոյէ: Այդ գիրքը ինկաւ, էջք մը եւս ունեցաւ, ուր էջ մը բացուեցաւ, ուր մարդիկ կարդացին եւ հասկցան, որ գիրքին հեղինակը մնացած է անկուտի:

– Աշխարհի բոլոր դրամները հետեւելու են սթերլինի անկումին: Ո՛չ մէկ դրամ կ՛արժէ իր վրայ նշանակուած գինին չափ: Եւ արդէն ի՞նչ է այսօրուան դրամը. թուղթ: Իսկ ի՞նչ է թուղթ ըսուածը. տոպրակ սուտի: Բոլոր թուղթերը ամբողջովին կամ մասամբ ստախօս են. թերթը, նամակը, հաշուեցոյց, ծանուցումը եւ այլն: Մէկ թուղթի միայն կը հաւատամ մահազդի:

– Սթերլինը Ստալինի պէս ինկաւ, բայց իր անկումին մէջ իր բուն տեղը չկեցաւ: Աւելի վար իյնալու էր: Ասիկա իր երրորդ անկումն է: Չորրորդ անկում մը անհրաժեշտ է: Առածը կ՛ըսէ. «Ամէն բանի համար տեղ մը ու ամէն բան` իր տեղը»: Սթերլինը գրպանս իյնալու էր:

– Սթերլինի անկումի օրերուն Լոնտոնի սակարանին մէջ անանկ մարդկային խճողում մը կայ եղեր, որ եթէ մէկը վերէն գնդասեղ մը ձգէր, գետին չէր իյնար, կ՛ըսեն: Մանաւանդ եթէ ձգուածը ոսկի զարդասեղ մը ըլլար եւ` գոհարագլուխ: Վերջ ի վերջոյ անգլիացիները պէտք ունէին ճանչնալու անկումները: Իրենց երբեմնի կայսրութեան մէջ արեւը մարը չէր մտներ, իսկ հիմա սթերլինը անգամ մաս առ մաս կը խաւարի:

– Ես քրիստոնեայ ելեւմտագէտ մը ըլլալով` կը սիրեմ անկեալները, վիրաւորները: Ես պատրաստ եմ հիւրընկալելու անկեալ սթերլինը: Զինքը կը խնամեմ ու կը մխիթարեմ: Ան ալ զիս կը խնամէ ու կը մխիթարէ: Կը բուժեմ իր վէրքը, ան ալ կը բուժէ իմ վէրքս:

– Եղբա՛րք պատուականք, սթերլինը իջեր է, վերիջեր է, մեզի ի՞նչ… Մենք տոլարի նայինք: Մեր գործը տոլարի հետ է:

– Տոլարը տոկուն է, որովհետեւ կանաչ է: Կենսանիւթերով լեցուն է: Մշտադալար դրամ է: Զօրութեա՛նը ապրիմ: Ամէն ամիս, մէյ մէկ տոլարչէքով ծոցւոր երկու նամակ կը ստանամ: Մէկը եղբօրմէս, միւսը` մանչէս: Այսուհետեւ մեծ աղջիկս ալ պիտի հետեւի չեք ղրկողներու օրինակին: Տոլա՜ր, տոլարն ալ թուղթ է, բայց շինուած է մետաքսով ու մեղրով:

– Ես ալ տոլարատու հօրեղբայր մը ունիմ, որ տարին չորս չեք կը ղրկէ: Կիրակի ժամ երթամ ու Աստուածամօր առջեւ մոմիկ մը վառեմ` խնդրելով, որ տոլարը բարձրացնէ: Տոլարը արդար ու անարատ դրամ է, որով սուրբ է եւ անդենականին մէջ անգամ կը վայելէ վստահութիւն: Տոլարատէրը կը տիրէ:

– Տոլարիդ դիրքն ալ խախուտ է: Ան ալ կրնայ իյնալ: Չէ՞ որ թուղթ է: Դրամին իրականը ոսկին է: Ան է դրամին թագաւորը: Անոր տիրապետութիւնը տեւական է: Ապագան փայլուն է: Ոսկին որքան ալ իյնայ, ո՛ւր ալ իյնայ, նոյնիսկ եթէ ցեխի մէջ մխրճուի, դարձեալ ոսկին ոսկի է: Ես ելեւմտագէտ չեմ, բայց բաւական ոսկեգէտ եմ:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մերձաւոր Արեւելքն Ու Առաջացած Երկբեւեռ Միջազգային Համակարգը (Մաս 1)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?