Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Ապրիլ 1968)

April 13, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Վաղուան Լիբանանին Համար

Ընտրութիւնները վերջացան, ու հիմա առաջին եզրակացութիւնները կը հանուին եւ առաջնահերթ հաստատումները կ՛ըլլան լիբանանեան մամուլին մէջ:

Բոլորին միահամուռ բաղձանքն է գիծ քաշել ընտրական եւ այլ կարգի վէճերուն վրայէն ու նայիլ ապագային, կերտել վաղուան Լիբանանը` առանց բանադրանքներ արձակելու, ծայրայեղ դիրքեր բռնելու, այլ` լրջախոհութեամբ, լայնամտաբար, ազգային միութեան ուղիով, համերաշխութեամբ եւ հանդուրժողութեամբ, որ այս երկրին ընդհանուր նկարագիրն է:

Ընտրապայքարի ընթացքին, տաք վէճերու պահուն, ծայրայեղ խօսքեր կրնան ըսուած ըլլալ, վճռաշեշտ արտայայտութիւններ կրնան արտասանուիլ, բայց երբ պայքարը վերջ կը գտնէ, երբ ջուրերը կը հանդարտին, խօսքը կը պատկանի այլեւս շրջահայեաց ղեկավարութեան, անոր, որուն այս ժողովուրդը յանձնեց իր ճակատագիրը` լաւագոյն օրերու երազով:

Ծայրայեղականութիւնը տեղ չունի Լիբանանի մէջ, մարտահրաւէրներու երկիրը չէ Լիբանան: Անցեալի դառն փորձառութեամբ տեսանք, թէ ինչպիսի՛ արկածախնդրութիւններու դուռը գնաց այս երկիրը, երբ հակամարտ հոսանքներ փորձեցին պարտադրել իրենց կամքը: Ո՛չ այս, ո՛չ այն, այլ բոլորը միասին, բոլորը ձեռք ձեռքի, մէկ ու միակ Լիբանանի մը համար, մէկ ու միակ ժողովուրդի մը ապրումով:

Եթէ ազգին ներկայացուցիչները ընտրապայքարի մթնոլորտը փոխադրեն խորհրդարան, կը գոյանայ անկառավարելի ազգային ժողով մը, ուր ոչ մէկ գործադիր կրնայ անհրաժեշտ յենարանը գտնել` այս երկիրը ապահով ճամբով առաջնորդելու համար:

Մենք մտահոգ չենք: Հասկնալի դառնութիւններով ստեղծուած հոգեվիճակներու արտայայտութիւն կը նկատենք ոմանց մօտ նկատուող յոռետեսութիւնը: Լիբանան միջին ճամբաներու երկիրն է, ուր ամէնէն տագնապալի օրերուն իսկ գտնուած են անկեղծ, բարեացակամ մարդիկ, որոնք գիտցած են կողմերը իրարու մօտեցնել, հասկացողութեան եզրեր ստեղծել` ի խնդիր համերաշխ գործակցութեան:

Լիբանանցիներուն միջեւ տարբերութիւն չկայ: Չկայ նաեւ անոնց ներկայացուցիչներուն միջեւ: Ջուրի երկու կաթիլներու նման` կը նմանին իրարու, զիրար կ՛ամբողջացնեն` կազմելու համար հաւաքական կամքը ժողովուրդի մը, որ ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան մէջ ինք տէրն է իր ճակատագրին:

Դեռ շատ երկար ճամբայ ունինք կտրելիք` կերտելու համար այն Լիբանանը, որ կ՛ուզենք ըլլայ մեր երազին պատկերով. արդիական երկիր մը, որ քալէ իր դարուն հետ, առաւելագոյն չափով գործի մղէ բնական ուշիմութեամբ եւ ձեռներէցութեամբ օժտուած իր զաւակները, օգտուի ժամանակին նուաճումներէն` ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ թեքնիք բոլոր մարզերու մէջ:

Որպէսզի այդ ճամբան կտրուի առանց սայթաքումի, որպէսզի ցնցումներ խնայուին ճամբու ընթացքին, բոլորին գործակցութիւնը պէտք է: Ծայրերը պէտք է փնտռեն զիրար ու պիտի տեսնեն, թէ որքա՜ն մօտ եղած են իրարու` իրենց գաղափարներով եւ ազգային նպատակներով:

Հայութիւնը, որ կ՛ապրի այս երկրին մէջ` իբրեւ կենսունակ տարրերէն մէկը այս սքանչելի ժողովուրդին, ջերմ հաւատացողն է Լիբանանի բոլոր զաւակներուն գործակցութեան ոգիին: Պատրաստ է ամբողջական նուիրումով աշխատելու Լիբանանի վերելքին համար, բարօրութեան համար` այդ աշխատանքին մէջ դնելով բնատուր իր բոլոր ձիրքերն ու յատկութիւնները:

Նոր անկիւնադարձի մը առջեւ կը գտնուինք, ինչպէս ըսաւ ներքին գործոց նախարարը, երբ յաջողութեամբ կ՛աւարտէր ընտրութիւններու վերջին փուլը: Ներզօր աշխատանքի շրջան մը կը սկսի իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար, յատկապէս անոնց, որոնք ղեկավարելու առաքելութեամբ իջած են ասպարէզ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մորթային Լէիշմանախտ – Լէիշմանիա Մորթավէրք Cutaneous Leishmaniasis

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.