Յ. Գեղարդ
Պատմուածքներու հատոր մը, հատոր մը բանաստեղծութիւն, առակներու գիրք մը եւ պատմուածքներու նոր հատոր մը` «Ուռկանը»:
Արձակ, բանաստեղծութիւն, առակագրութիւն: Գրական այս երեք սեռերուն ձեռք զարնելէ զատ, Յ. Գեղարդ ստորագրած է նաեւ հրապարակագրական յօդուածներ եւ գրախօսականներ: Կատարած է նոյնպէս խմբագրական աշխատանքներ:
Յ. Գեղարդի բոլոր գործերը ունին մեր անմիջական շրջապատին ու առօրեայ կեանքին դրդիչ մէկ մղումը, եւ ամէնքն ալ կը կրեն նուրբ, ազնիւ, դրական խառնուածքի մը դրոշմը: Իր գործածած լեզուն, բառամթերքը, պատկերները, գոյները, ձայները, նոյնիսկ իրականութեան եւ երազին բախումը աչքի կը զարնեն դարձեալ իրենց նրբութեամբ, քնքուշ երանգներով: Գրականութիւնը դասական ու ազնուական ըմբռնումի մը արդիւնքն է Յ. Գեղարդի մօտ եւ իր էջերը, ամէն պարագայի, կը պահեն անհրաժեշտ օրինաչափութիւնները, առաւել անկեղծութեան շեշտ մը, առաւել` ընթերցողը բռնող մթնոլորտ մը:
Այսուհանդերձ, պէտք է նշել, որ Յ. Գեղարդի գործերը տարերային յղացումներու պտուղներ չեն, չեն բխիր սանձաբեկ այն վիճակներէն, որոնք բացարձակ նուաճումներու առիթ կու տան եւ կը կազմեն գրողի մը վճռական դիմագիծը:
Ու միայն խառնուածքային գիծի հարց մը չէ ասիկա: Ատոր բուն պատճառը իր ունեցած քիչ ժամանակն է եւ շատ տարածուելու փաստը: Գողցուած ժամերով միայն գրականութիւն ընելու ստիպումը ապրող մարդ մը, երբ այսքան կը տարածուի, արձակէն մինչեւ բանաստեղծութիւն, առակագրութենէն մինչեւ հրապարակագրութիւն` անպայման վտանգ մը կ՛ընկերանայ իրեն: Յ. Գեղարդի մօտ մեծ թափերու եւ լայն շունչի պակասին բուն պատճառը ընդգծուած այս իրողութեամբ կը բացատրուի: Կը թուի, թէ նոյն նիւթին մէջ, նոյն նիւթը իր ջիղերուն ու հոգիին մէջ խորացնելու, աճեցնելու, պայթեցնելու հնարաւորութիւնները միշտ պակսած են իրեն: Ծաւալի մասին չէ խօսքը: Ուժականութեան մասին է, այն արժանիքին, որ ուղղահայեաց սուզումներէն կ՛առնէ իր սնունդը:
«Ուռկանը» հատորին համանուն պատմուածքը իր անմիջականութեամբ, թափով, շունչով ու շահագրգռութիւններով նախաճաշակ մը կարելի է համարել ի հաշիւ ա՛յն ցնցող իրագործումին, որ Յ. Գեղարդի պարտքն է այլեւս եւ մեր բաղձանքը:
Պ. Ս.
Դիրքերը Կը Յստականան
Շուտով ճամբու կը դրուի շրջանաւարտ խորհրդարանը, որուն անդամներէն 43-ը երեսփոխան չեն այլեւս, իսկ երկուքը` մահացած:
Նախնիներէն 54-ը կը վերադառնան 45 նորերու հետ:
Նոր խորհրդարանին առաջին նիստը պիտի գումարուի մայիսի առաջին տասնօրեակին` ընտրելու համար երեսփոխանական ժողովին նախագահը եւ դիւանի անդամները:
Ու ով ընտրութիւն կ՛ըսէ, ըսած կ՛ըլլայ` պայքար:
Պայքարը սկսած է արդէն: Պատրուակը խորհրդարանի նախագահին ընտրութիւնն է, բայց խորքին մէջ կռուախնձորը կը հանդիսանայ նորընտիրին հակակշիռը: Ինչպէ՞ս պիտի կազմուի խորհրդարանական մեծամասնութիւնը:
Դիրքերը սկսած են յստականալ: Պէյրութի նախկին համախմբումին անդամները, բացի Սաէպ Սալամէն, քանի մը օր առաջ հանդիպում ունեցան Ատնան Հաքիմի բնակարանը եւ նոր համախմբում մը կազմեցին:
Յաջորդ օրն իսկ Սալամ հակազդեց` համախմբելով 15 երեսփոխան` զանազան շրջաններէ, պաշտօնապէս յայտարարելու համար, որ թիկունք կը կանգնի Քամել Ասաատի թեկնածութեան: Չորս այլ երեսփոխաններ, որոնք ճամբորդութեան մէջ են, պիտի միանան այս նոր համախմբումին, որ Սաէպ Սալամի համար կարեւոր ուժ մըն է վարչապետութեան պայքարին համար:
Նոյն օրը, երբ Քամալ Ժոմպլաթի ամբաստանութիւններուն արձագանգը տակաւին կը հնչէր ականջներու մէջ, Ժողովրդավարական խորհրդարանական ճակատին ղեկավարը` Ռաշիտ Քարամէ տեսակցեցաւ տիւրզի ղեկավարին հետ` հաշտուելու եւ միացեալ ճակատ յարդարելու համար:
Շատ որոշ է, որ ներկայիս գոյութիւն ունին երկու բեւեռներ` Երրեակ զինակցութիւնը եւ Ժողովրդավարական ճակատը: Երկուքն ալ կ՛աշխատին վարանողները սիրաշահիլ: Սաէպ Սալամ իր 19 «անկախներ»-ով կը թեքի Երրեակ զինակցութեան կողմը, որովհետեւ միայն այդ զինակցութիւնը կրնայ յաջողեցնել իր վարչապետութիւնը: Ռաշիտ Քարամէ պատրաստ է տակաւին ժամանակ մը հեռու մնալ վարչապետութենէն` ի նպաստ Ապտալլա Եաֆիին, այն միակ մտահոգութեամբ, որ Սալամ չյաջողի:
Վարանողները շատ ժամանակ չունին… վարանելու համար: Դիրքերը այնքան յստակացած են, որ սկսած է տիրել հետեւեալ հոգեբանութիւնը. «Ով որ մեզի հետ չէ, մեզի դէմ է»:
Այս պայմաններուն մէջ ո՞ւր կը մնայ իրերհասկացողութիւնը, որ Լիբանանի ներքին քաղաքականութեան հիմքը կը կազմէ:
Տ. Ո.